ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՈՒՍԱՓԻԼ ՏՕՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷ

«Կաղանդը կու գայ տարին մէկ անգամ, եւ երբ կու գայ, կ՚ուրախացնէ»:

Այո՛, ոմանց համար ատիկա ուրախ ժամանակ է, ուրիշներուն համար անիկա իսկապէս կրնայ թշուառ, հին ժամանակ մը ըլլալ:

ՏԽՈՒՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԸ

Կարեւոր խորհուրդներ՝ ոչ միայն անոնց համար, որոնք կը վախնան գալիք «տօնական» եղանակէն, այլ՝ նոյնպէս անոնց համար, որոնք ամէն տարի կը լսեն ընկերներու եւ հարազատներու տօնական օրերու տխուր պատմութիւնները:

ԱՀԱՒԱՍԻԿ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՁԵՐ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐԸ

- Ըրէք ճիշդ այնպէս, ինչպէս ըրիք նախորդ տարի:

- Տարբեր բան մը ըրէք:

ՏԱՐԲԵՐ ԲԱՆ ՄԸ ԸՐԷՔ

Ճիշդ է՝ ասիկա պարզ կը թուի: Իրականութիւնը այն է, որ եթէ այլ բան չընէք, իսկապէս կը կրկնէք նախորդ տարուան ձեր ըրածը:

Հակառակ անոր որ քիչ մը ուշ է, բայց դուք կրնաք չեղեալ յայտարարել ձեր սովորական Սուրբ Ծննդեան տօնը եւ ընթրել պանդոկի մը կամ ճաշարանի մը մէջ: Կան ընտանիքներ, որոնք այսպէս ըրած են վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին եւ բնաւ ետ չեն նայած:

Կարելի է նոյնիսկ ամէն բանէ եւ բոլորէն հեռու մնալ:

ԸՆՏԱՆԻՔՈՎ ՆՇԵԼ ՏՕՆԸ

Այդուհանդերձ, եթէ դուք անկեղծօրէն կ՚ուզէք ունենալ ընտանեկան Սուրբ Ծնունդ, ուրախ ու զուարթ մթնոլորտով, դուք բացարձակապէս պէտք է փոխէք այն, որ դուք ընդհանրապէս կ՚ընէք:

Զգուշացում. տարբեր բան մը ընելով՝ դուք կրնաք ձեր ուզած արդիւնքը չստանալ, բայց անպայման տարբեր բան մը կը պատահի:

ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամէն անգամ, երբ ընտանիքները հաւաքուին, ըլլայ ատիկա հաճելի ժամանակ, թէ տհաճ ժամանակ, բոլորը նոյն վերաբերմունքը կը դրսեւորեն:

Նախազգուշացումը կրնայ կանխել հարցերը:

Հիմա յարմար ժամանակն է ետ կանգնելու եւ լաւ նայելու այն սովորութիւններուն, որոնք կրնան այդքան ծանր դարձնել ձեր տօները:

Քանի տակաւին չէք կրցած յայտնաբերել հարցերուն աղբիւրը, դուք ոչինչ կրնաք ընել ատոնք փոխելու համար:

Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ իրականութեան մէջ, ամէն անգամ, երբ կը հաւաքուիք:

Աւելի ճիշդ, ի՞նչ սովորութիւններ կը վնասեն խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան:

Պահպանեցէք լաւ սովորութիւնները, ձերբազատուեցէք ժխտականներէն:

Ինչպէ՞ս ատիկա ընել:

Ընդունեցէք, որ ձեր նպատակը միայն ձեր վերաբերմունքը փոխելն է:

Դուք ոչ ոք ձեր հակաշիռին տակ առնելու իրաւունք ունիք:

ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐ

Երբ տհաճ սովորութիւնները կը բացայայտես, կարեւոր է, որ դրդապատճառները նաեւ յայտնաբերես: Սովորութիւնները կը պահպանուին միայն այն ատեն, եթէ դուք կառչած մնաք դրդապատճառներուն եւ կրկնէք ապակառուցողական, անառողջ վարքը:

Օրինակի համար, սովորութիւնը կրնայ ըլլալ հետեւեալը.

«Ամէն անգամ որ հաւաքուինք, քրոջս հետ կը վիճիմ»:

Դրդապատճառը կրնայ ըլլալ հետեւեալը.

«Քոյրս միշտ կը քննադատէ իմ խօսած ձեւս զաւկիս հետ»:

Երբ առանձնացնես այս յատուկ վերաբերմունքը, որ վէճ կը յառաջացնէ, ապա կրնաս փոխել քու ընելիքդ:

Երբ քոյրդ նոյն դիտողութիւնը ընէ քեզի, կրնաս նիւթը փոխել, կրնաս իրմէ բան մը խնդրել՝ հազիւ բերանը բանայ, կրնաս համաձայնիլ անոր հետ, կամ անոր ըսես, որ այս նիւթը կարելի է ուրիշ օր քննարկել:

Իւրաքանչիւր պարագային, չես գիտեր, թէ ինք ինչպէ՛ս պիտի հակադարձէ: Կրնայ հանդարտիլ, կրնայ ջղայնանալ, կրնայ ձգել ու քալել: Պարզապէս չես գիտեր:

Տարբերութիւնը այն կ՚ըլլայ, որ դուն այս անգամ կը տիրես իրավիճակին՝ փոխելով ընելիքդ եւ մասնակից դառնալով կրկնուող սովորութեան փոխոխութեան:

Այդ տարբերակները արդիւնաւէտ կ՚ըլլան որեւէ դրդապատճառի համար. կեսուրդ կը քննադատէ գետնախնձոր եփած ձեւդ, ամուսինդ կը քամուի հեռատեսիլին առջեւ, հօրեղբայրդ կը գինովնայ եւ այլն:

Տօնական օրերը առանց խնդիրի անցընելը կը նշանակէ ձեր գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնել այն աստիճանի, որ դուք կրնաք աշխուժօրէն ընտրել վարուիլ այն ձեւերով, որոնք կը նպաստեն ձեր բարեկեցութեան, փոխանակ յաւերժացնելու ձեզի նեղութիւն պատճառող հին, անառողջ սովորութիւնները:

ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԷ ԽՈՒՍԱՓԵԼՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

Հանդուրժողականութիւնն ու բանակցութիւնները աւելի կարեւոր են տօնական օրերու ընթացքին:

Ընդհանրապէս աճած է թիւը այն զոյգերուն եւ անհատներուն, որոնք խորհուրդներ կը խնդրեն Ամանորի գիշերը բախումներէ զերծ մնալու համար:

Զոյգերու միջեւ յարաբերութիւնները երբեմն դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն ամենէն լաւ ժամանակներուն եւ տօնական եղանակին մէջ:

Ճնշումը հետեւանքն է ծանուցումներու գործակալութիւններու կողմէ անխնայ հանրային ռմբակոծումին՝ իրենց արտադրութիւնը վաճառելու պատկերաւոր ծանուցումներով, որոնց մէջ իւրաքանչիւր պահ կարծես լեցուած է նկարազարդ կատարեալ ընտանիքներով, որոնք միասնաբար կ՚ուտեն հեքիաթի կերակուրները:

Ասիկա յաճախ ցաւալի հակադրութիւնն է մեր առօրեային:

Կաղանդի տօնը հիմնականին մէջ երեխաներու համար է, կախարդանքի եւ զարմանքի ժամանակ, լեցուն նուէրներով:

Ծնողներուն համար ատիկա կրնայ ըլլալ տնային քրտնաջան աշխատանքի, դրամական մտահոգութեան, ճնշման զգացում, որպէսզի արդարացնեն իրենց երեխաներուն սպասումները, կրկին միանալ ընտանիքի հետ եւ համտեսել ճոխ ուտելիքներ եւ ոգելից ըմպելիներ:

Չափահասներուն համար նոյնպէս կայ յիշողութիւն՝ Կաղանդի անցեալի մասին, երբ անոնք նոյնպէս պատրաստ էին կախարդական հիւրասիրութիւններ եւ նուէրներ ստանալու:

«Կատարեալ Կաղանդի» այս սպասումը կրնայ անջնջելիօրէն դրոշմուիլ մեր անգիտակից վիճակին մէջ, եւ շատ յաճախ չափահասները կրնան վերադառնալ այդ սպասման տարուան այս ժամանակին մէջ՝ ունենալով անգիտակից, բայց կախարդանքի հզօր յոյս, եւ ատով նայելու տենչը չի կրնար բաւարարուիլ:

Այլ խօսքով, որքան դժուար ըլլայ տօնական շրջանը, այնքան աւելի շատ կրնայ գերակշռել կախարդական դրուագ մը, որ կրնայ սրբել բոլոր հիւանդութիւնները եւ բարւոքել ամենէն խոր վնասը:

Այն գաղափարը, որ Կաղանդը կրկին ամէն բան բնականոն կը դարձնէ յարաբերութիններու կամ ընտանիքի մեջ, ուժեղ է դիմադրելու համար, բայց երբ արձակուրդները աւարտին, եւ մենք արթննանք, որպէսզի կրկին յայտնաբերենք, որ մեր դժուարութիւնները չեն շոգիացած, ատիկա երբեմն կրնայ ամէն բան աւելի վատացնել:

Ուստի զարմանալի չէ, որ տօներէն ետք հոգեբանական օգնութեան դիմող մարդոց թիւը կ՚աճի՝ յաճախ տխուր եւ անհանգստացած վիճակի մէջ, մտահոգ եւ շփոթած այն բանի վերաբերեալ, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերին իրենց ընկերոջ, կամ ընկերուհիին եւ իրենց յարաբերութիւններուն:

Անոնք յաճախ կ՚ըսեն, որ ամէն բան լարուած է եւ բաւական անտանելի է, եւ անոնք կը վախնան, որ եթէ այսպէս ընթանայ, կա՛մ իրենց յարաբերութիւնները, կա՛մ սեփական յուզական կամ ֆիզիքական առողջութիւնը կրնան փուլ գալ:

ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՓՆՏՌԵԼ

Այսպէսով, եթէ այս տօներուն կ՚ուզէք միայն ընտանեկան խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն, ահաւասիկ՝ հինգ առաջարկուած եղանակներ, որոնք կ՚օգնեն նուազեցնել բախումը եւ տօնական եղանակը ուրախ պահել:

ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԻՒՆ

Տարբերութիւնը ընդունիլը եւ հանդուրժելը կարեւոր է իւրաքանչիւր յարաբերութեան մէջ: Զոյգի երկու կէսերն ալ պէտք է սորվին պարբերաբար ժամանակ տրամադրել՝ իրենք զիրենք ուրիշին տեղը դնելու, յարգելու անոնց տարբերութիւնները: Մտածելու, թէ՛ ինչ բան կ՚ուրախացնէ դիմացինը՝ յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար: Ասիկա կրնայ նոյնպէս հրաշքներ գործել ընտանիքի ընդարձակ անդամներու եւ խնամիներու հետ, նոյնիսկ եթէ խօսքը կը վերաբերի աւելի բարդ բնաբաններու քննարկման, ինչպիսիք են քաղաքականութիւնը եւ դաստիարակութեան ոճերը, եւ սիրալիր կ՚ընդունին անցանկալի նուէրներ, որոնք կրնան աղբաման նետուիլ:

ԳՏԷՔ ԵՐՐՈՐԴ ՈՒՂԻՆ

Զոյգերու համար չափազանց տարածուած է վիճաբանիլ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է անցընել տօնական օրերը՝ կապուած իրենց մանկութեան սեփական փորձին: Օրինակ՝ մէկուն համար անհրաժեշտ է, որ նուէրները բացուին Սուրբ Ծննդեան նախօրեակին, մինչ միւսին համար նուէրները կրնան փոխանակուիլ միայն կէս գիշերին՝ ժամը 12-էն ետք: Զոյգերը պէտք է խորհրդակցին այս ընտանիքներու մշակութային տարբերութիւններու մասին եւ, իտէալական պարագային, մշակեն Սուրբ Ծննդեան տօները նշելու իրենց «զոյգը»՝ ստեղծելով երրորդ ձեւ, որ կը վերաբերի իրենց յարաբերութիւններուն եւ նոր ընտանիքին:

ԽՄԲԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Իւրաքանչիւր նոր օր կ՚աւելցնէ մտահոգութիւնները, յատկապէս՝ տօնական օրերուն ընդառաջ, եւ մարդոց մեծամասնութիւնը անտեղեակ է իր մարմինի ծանրութենէն: Զոյգերուն համար կրնայ օգտակար ըլլալ գիտնալը ճնշուածութեան զգացողութիւնները, որոնք կ՚աճին իրենցմէ իւրաքանչիւրին մէջ: Նոյնիսկ տնային փոքր առաջադրանքներու մէջ իրարու օգնելը, ուրիշին պայքարը հասկնալու, մեղքը նուազագոյնի հասցնելու եւ հանգստանալու համար աւելի շատ ժամանակ ստեղծելու միջոց է՝ կատարուածին ընդհանուր զգացումով: Այնպէս որ, ուրախացէք Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան մեղեդիներով եւ միասին ժամանակ անցուցէք՝ ամանորեայ բացիկներ գրելով, նուէրներ փաթթելով, ծառը զարդարելով եւ տօնական շրջանը ծրագրելով:

ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ

Հակառակ անոր որ երկար ատենէ իրարու հետ կը յարաբերիք, «շնորհակալութիւն» ըսելը իսկապէս կարեւոր է: Որոշ զոյգեր կ՚ենթադրեն, թէ միւսը գիտէ, որ իրենք երախտապարտ են, բայց «շնորհակալութիւն»ը կախարդական արտայայտութիւն է, որ կրնայ բանալ կարեւոր զգացումները եւ կը կանխէ թիւրիմացութիւնը: Ատիկա զոյգերու միջեւ կը ստեղծէ նոր որակի յարաբերութիւն՝ խրախուսելով կրկնել առատաձեռն արարքը, նոյնիսկ եթէ ատիկա պարզապէս աման լուացող մեքենայ կը պարպէ կամ առաւօտեան գաւաթ մը թէյ կը պատրաստէ:

ՄԻԱՍԻՆ ԽԱՂԱԼԸ

Ծիծաղիլն ու «խաղալը» առողջութեան համար ունին բոլոր տեսակի օգուտները՝ սկսած ճնշուածութիւնը մեղմացնելէ, յաղթահարելէ եւ դրական տրամադրութիւնը բարձրացնելէ: Անոնք արեան շրջանը կը բարելաւեն՝ բարձրացնելով տրամադրութիւնը: Ուսումնասիրութիւնը կը պարզէ, որ մարդոց մեծ մասը հիւմըրի լաւ զգացողութիւն կը փնտռէ իր իտէալական ընկերոջ-ընկերուհիին մէջ եւ բաժնելով այն, որ զուարճալի է, կը հաստատէ մտերմիկ յարաբերութիւնները: Այնպէս որ, միասին դիտեցէք Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան զուարճալի շարժանկար եւ մաքրեցէք այդ երկար անտեսուած սեղանի խաղերը՝ տրամադրութիւնը թեթեւցնելու եւ բարձրացնելու, կեանքէն եւ իրարմէ հաճոյք առնելու համար:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020