ԱԿՆԱՐԿ - 46 - ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼ…

Օրերս, երբ նախորդ անցնող տարիներուն գրածս գրութիւններէն գրութիւն մը կը փնտռէի, աչքիս զարկաւ «Մարդ ըլլալ…» վերնագիրը կրող գրութիւն մը, որ ստորագրած եմ 24 յունիս 2014-ին, երբ տակաւին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին անդամ չէի դարձած, հակառակ անոր որ յաճախ կը կարդայի զայն համացանցի վրայ: Գրութեան վերնագիրը գրաւեց զիս, որով կարդացի՝ իմանալու համար թէ շուրջ տաս տարիներ առաջ Մարդ ըլլալ-ու մասին ի՜նչ գրած եմ: Բաւական հետաքրքրական միտքեր կային: Այդ պատճառով այսօրուան սիւնակս՝ առանց որեւէ մէկ փոփոխութեան այդ գրութեան տրամադրեցի, զայն բաժին դարձնելով նաեւ մեր սիրելի ընթերցողներուն:

Մարդ ըլլալ…

Յաճախ երբ մեր մտորումներու գիրկը իյնանք, կը տարուինք մտածելու ու խորհելու, թէ արդեօք յաջողա՞ծ ենք մեր կոչումին տէր ըլլալ եւ մենք մեզ իրագործել, այլ խօսքով՝ մարդ ըլլալ։

Մարդ ըլլալը շատ դիւրին է եւ միաժամանակ՝ շատ դժուար։

Դիւրին, երբ որպէս անհատ կը հասկնանք ու կը գիտակցինք, թէ պատահականութեան մը արդիւնքը չենք, այլ՝ կանք պատճառի մը համար եւ նպատակի մը համար։ Պատճառը՝ գերմարդկային-աստուածային, Աւետարանական հաստատումով՝ «որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը» (Յհ 3.16)։ Այստեղ աշխարհ նկատի պէտք չէ առնենք որպէս սոսկ նիւթական գոյութիւն, այլ աշխարհ ըսելով այստեղ մարդիկը պէտք է հասկնալ, ու համարին շարունակութիւնն ալ արդէն այդ կ՚ըսէ. «…որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ՝ յաւիտենական կեանք ունենայ», ինչը մարդ արարածին կեանքի նպատակն է՝ «յաւիտենական կեանք ունենալ»։

Աւելի մանրամասնելով, պատճառը մեր գոյութեան՝ Աստուծոյ մեր նկատմամբ ունեցած սէրն է, իսկ մեր գոյութեան նպատակը, հաւատալ Աստուածորդիին՝ չկորսուելու եւ յաւիտենական կեանք ունենալու համար։ Յաւիտենական կեանք ունենալու համար ալ, պարտաւոր ենք նախ եւ առաջ հաւատալ յաւիտենականութեան եւ այդ յաւիտենականութիւնը Պարգեւողին։

Դժուար, երբ փիլիսոփայական եւ վարդապետական տարբեր-տարբեր հոսանքներու հետեւելով, ենթադրենք ու կարծենք, թէ կեանքը սահմանուած է այս աշխարհի վրայ ապրած ժամանակամիջոցով, եւ ապա՝ վերջ։ Եւ կամ, ինչպէս կարգ մը կրօնքներ կը հաւատան, փոխն ի փոխ յաւէտ մարմինէ՝ մարմին փոխուիլ եւ կամ վիճակէ՝ վիճակ։ Բնականաբար այս հոսանքներուն գերի դարձողներուն համար դժուար չի՛ կրնար թուիլ, որովհետեւ անոնց ուղեղները այդ կերպով դաստիարակուած են, եւ իրենց համար ճիշդը ա՛յդ է։ Դժուա՛ր է անով, որովհետեւ խաբկանք է պարզապէս այդ մէկը եւ ճշմարտութենէն հեռու։ Ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։ Միայն Ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 14.6)։ Ի՛նչ կրօնք, ի՛նչ փիլիսոփայական հոսանք, ի՛նչ վարդապետութիւն, որ այս ճշմարտութենէն դուրս բան կը քարոզէ իր հետեւորդ՝ մարդոց, զանոնք կ՚առաջնորդէ դժուար կեանքի, եւ ոչ թէ դիւրին։

Տեսանք մարդ ըլլալու պայմանները՝ դիւրին եւ դժուար։

Հիմա տեսնենք մարդ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը, թէ ինչո՞ւ պարտաւոր ենք մարդ ըլլալ։

Նախ, ինչպէս վերեւ ալ տեսանք, կանք նպատակի մը համար, հասնիլ յաւիտենականութեան։ Յաւիտենականութեան հասնելու համար սակայն ունինք անցնելիք երկար ճանապարհ, որը այդքան ալ դիւրին չէ՝ արտաքնապէս, բայց ներքնապէս՝ հոգեւոր աշխարհի օժանդակութեամբ կը դառնայ դիւրին։ Դժուար է այն առումով, որովհտեւ արտաքին աշխարհիկ այնպիսի դժուարութիւններ կան, որոնք մեր ուղին կը շեղեն այդ ընթացքէն, եւ պարտաւոր ենք յաղթահարել այդ դժուարութիւնները։ Այդ դժուարութիւններէն են, եսասիրութիւնը, հարստանալու տենչը, հաճոյքը, հպարտութիւնը, տմարդանալը, եւ այլն։ Այս դժուարութիւնները յաղթահարելու կերպը հակառակ ուղղութիւնը որդեգրելն է, խոնարհութիւն, մտապէս ու հոգեպէս հարուստ ըլլալ տենչալ, սին հաճոյքներէ հեռանալ ու փնտռել հոգեւոր հաճոյք, հեզութիւն, ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼ՝ մարդոց նկատմամբ, եւ այլն։ Առաջին այս կէտին միտ բանին՝ Աստուածահաճոյ կեանք ապրելուն մէջ կը կայանայ մարդանալու առաջին անհրաժեշտութիւնը։

Երկրորդ, մարդ իր էութեամբ ընկերային էակ մըն է եւ առանց մարդոց չի կրնար ինքզինք ըլլալ։ Վաղ փիլիսոփայական դպրոցէ մը եկած մարդկային խոր սկզբունք մը կ՚ըսէ. «Մարդը մարդով մարդ է»։ Շատերու համար կրնայ տարօրինակ թուալ այս սկզբունքը, բայց ճշմարտութիւն է։ Քրիստոնէական ակնոցով դիտած, քրիստոնէութեան Հիմնադիրը Ինք՝ Քրիստոս Ինքզինք տուաւ, որպէսզի մենք՝ մարդիկս ապրինք։ Ազգերու ու ժողովուրդներու պատմութիւնները եթէ լաւապէս կարդանք, այնտեղ եւս կը տեսնենք, թէ իւրաքանչիւր ազգ կամ ժողովուրդ իր հերոսները ունի, որոնք իրենց կեանքը տուած են, որպէսզի իրենց ազգակիցները ապրին ու գոյատեւեն։ Այս կը վերաբերի հաւաքականութեան։ Անհատական կեանքի մէջ ալ նոյնն է պարագան, անշուշտ՝ ոչ անպայման զոհել անձը, այլ փոխյարաբերական կեանքի եւ վարուելակերպի մէջ։ Ինչպէ՞ս կը վարուինք մեր շրջապատին հետ, ինչքան՞վ պատրաստ ենք օգնելու, նպաստելու մեր նմանի յաջողութեան ու բարօրութեան։ Մարդոցմով ապրելու մէջ կը կայանայ մարդանալու երկրորդ անհարժեշտութիւնը։

Երրորդ, եւ ի վերջոյ, բան մը տալու գիտակցութիւնը ունենալ։ Որպէս մարդիկ կ՚ապրինք ընկերութեան մը մէջ։ Այս աշխարհի վրայ յաւիտենական չենք, որոշ ժամանակ ետք այս աշխարհէն պիտի բաժնուինք, բացուելու համար յաւիտենական անմահութեան։ Սակայն, ժամանակմիջոցը որ այստեղ ըլլալու առիթ ունեցած ենք, պէտք է արժեւորենք ու այս աշխարհին համար յաւիտենականացնենք, եւ այդ մէկը կրնանք իրագործել բան մը տալով մեր հոգեկան ու իմացական աշխարհէն։ Ու տալը չէ պայմանաւորուած նշանաւոր դառնալու եւ անուն վաստկելու մէջ, այլ տալ՝ այն ինչ որ կրնանք եւ ուր որ կրնանք, այդ ըլլա՛յ մեր ընտանեկան սեղմ միջավայրը, ըլլա՛յ մեր միջավայրը, ըլլա՛յ ընկերութիւնը որու մէջ կ՚ապրինք, եւ ի վերջոյ ըլլա՛յ համայն մարդկութիւնը։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2023