ՀՈՒՍԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՑԻՆ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻՆ. ԿԱՄ ԵՄԷՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան վերջին օրերուն Եմէնի հակամարտութեան կապակցութեամբ։ Այսպէս, եօթ տարի առաջ սկիզբ առած Եմէնի հակամարտութիւնը կը շարունակէ համարուիլ տարածաշրջանի ամենէն տագնապալի խնդիրներէն մին։ Մէկ կողմէ իր հիմնական դրացիին հետ ոչ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունի երկիրը (խօսքը Եմէն-Սէուտական Արաբիա յարաբերութեանց մասին է), իսկ միւս կողմէ շրջանին մէջ այդ երկրին ներկայացուցած ռազմավարական-ճանապարհային կարեւորութիւնը Եմէնը դարձուցած են կռուածաղիկ։ Եմէն կը գտնուի մէկ կողմէ իր կռնակը Արեւմտեան պլոքին տուած Սէուտական Արաբիոյ եւ միւս կողմէ այդ պլոքին դէմ «բաց պայքար» յայտարարած Իրանին միջեւ։ Այստեղ բաց պայքարը չակերտեցի, որովհետեւ ինք՝ Իրան չէ, որ պայքար բացած է, այլ այդ երկիրը ստիպուած եղած է ու տակաւին ստիպուած է դիմակայել Արեւմուտքի նկրտումներուն։

Այս կէտին հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ Իրան այս պայքարին մէջ կարեւոր դեր կը վստահի իր երկու-երեք արտաքին թեւերուն, որոնց կարեւորներէն կը համարուին Եմէնի «Հուսի» զինեալները։ Հուսիները, որոնք դաւանանքով շիի են, այսօրուան կտրուածքով կը համարուին ոչ միայն իրանցիներու ձեռքին կարեւոր խաղաքարտ մը, այլ անոնք կը համարուին Եմէնի մեծ պայքարի հիմնական բաղկացուցիչներէն, չըսելու համար կարեւորագոյնը, որոնք մասնակից են երկրին մէջ գոյաւորուած վիճակին, նաեւ բախտորոշ դեր մըն ալ ունին։ Դեռ մինչեւ երէկ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «ահաբեկչական շարժում» համարուող Հուսիները, այսօր արդէն այդ կարգավիճակէն դուրս են ու բոլոր վերլուծաբաններու համար կը համարուին՝ Եմէնի ապագային առընթեր բախտորոշ դերով քաղաքական ուժ։ Ճիշդ է, որ անոնք կը համարուին ոխերիմ թշնամիները սիւննի հիմնարար պետութեանց՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ), սակայն միւս կողմէ անոնց դերը կամ ունենալիք դերակատարութիւնը անուրանալի է բոլոր առումներով։

Ամէն պարագայի այս բոլորին մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու ստիպուած եղայ, որովհետեւ արաբական աշխարհի ընդհանուր կտրուածքով վերջին օրերուն Եմէնի զինեալներուն օգտագործած զէնքերը եւ անոնց ԱՄԷ-ի Ապու Տապի քաղաքին դէմ կատարած հարուածները դարձան կիզակէտային։

Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ Եմէնը որպէս հակամարտութիւններու «հնոց»՝ երկար կենսագրութիւն ունի ու մեծ հաշուով անոր ունեցած մրցակցային (նաւթի եւ կազի առընթեր) պաշարները յաճախ կ՚արգիլեն, որ այդ երկիրը իր խաղաղ կեանքը շարունակէ։ Զանազան բաղկացուցիչներով այս հակամարտութիւնը վերջին տարիներուն իր վրայ հրաւիրեց միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը, իսկ Արաբական ծոցի երկիրները թիրախ դարձնելու այս նոր դրոյթը արդէն իսկ կրնայ փոխել խաղի ընդհանուր կանոնները՝ այն յոյսով, որ եօթ տարուան ընթացքին շուրջ 15 հազար զոհ տուած այդ բազմակողմանիօրէն հարուստ երկիրը կը մտնէ ընդհանուր լուծումներու նոր շրջափուլ մը։

ԱՐԱԲ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆԷՆ ՏԵՍԱԿԷՏ

Արաբական ցանցին վրայ յայտնի անուն մըն է լրագրող, վերլուծաբան Ապտըլ Պարի Աթուան։ Ան ունի հազարաւոր հետեւորդներ, իսկ անոր տեղադրած տեսանիւթերուն հետեւողներուն թիւը կը հասնի հարիւր հազարներու։ Վերջերս Աթուան հրապարակեց Եմէնի մասին կարճ տեսանիւթ մը, զոր կը ներկայացնեմ հայերէնի վերածելով։

*

Այս տարիին սկսանք աննախընթաց անակնկալներով, առաջինը՝ զէնքերով բեռցուած ԱՄԷ-ի նաւու առեւանգումն էր։ Երկրորդը՝ Եմէնի յարձակումն էր Ապու Տապիի վրայ ԱԹՍ-ներով, եւ հարուածի տակ առնելը ԱՄԷ-ի «Էտնոք» նաւթային ընկերութեան պահեստանոցները:

Նշեմ, որ «Էտնոք»ը կը համարուի ԱՄԷ-ի նաւթային մեծագոյն ընկերութիւններէն մին, յար եւ նման սէուտեան «Արամքօ» ընկերութեան, որուն դէմ ալ Եմէնի Հուսիները քանիցս հարուածներ տուած են։

Անակնկալ էր, որ Եմէնի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մահտի ալ Մըշաթ ելոյթ ունեցաւ եւ շնորհաւորեց այս գործողութիւնը. ան, որ նախապէս երբեք չէր շնորհաւորած որեւէ գործողութին: Այս կը նշանակէ, որ հարուածը մանրակրկիտ ձեւով հաշուի առնուած էր եւ իւրաքանչիւր քայլ ծրագրուած էր Եմէնի կողմէ:

Այստեղ կ՚ուզեմ յիշատակել, որ այս գրոհները տեղի ունեցան պարզ այն պատճառով, որ Էմիրութիւնները 2019 թուականին յայտարարած էր Եմէնի պատերազմէն ընդհանրապէս քաշուելու մասին եւ սակայն դրժած՝ իր խոստումը։

Իսկ անցնող օրերուն մենք նկատեցինք, որ Էմիրութիւնները ռազմական ներկայութիւն ունեցան Եմէնի երկու կարեւորագոյն քաղաքներու՝ Շապուայի եւ Մաարէպի մէջ, որոնք կը համարուին Եմէնի նաւթի ու կազի հարստութեան հիմնական քաղաքները։

Մօտիկ անցեալին բանաւոր պայմանաւորուածութիւն կար Էմիրութիւններու եւ Հուսիներու միջեւ: Եմէնի հարաւը յանձնուած էր Էմիրութիւններուն, իսկ հիւսիսը՝ Հուսիներուն, ուր Էմիրութիւններու ներկայութիւնը անբաղձալի էր: Ուրեմն ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս պայմանաւորուածութիւնը խախտուեցաւ:

Գաղտնաբառը Շապուա եւ Մաարէպ քաղաքներն են: Սէուտական Արաբիա իր գրոհներով չկրցաւ արգիլել «Անսար Ալլահ» (նոյն Հուսիներն են) շարժումի յառաջխաղացումը դէպի այս քաղաքները: Էմիրութիւնները փոխադրեց իր ուժերը հարաւային ծովափէն դէպի այս քաղաքները եւ ներքաշուեցաւ ուղղակիօրէն այս պատերազմին մէջ:

Էմիրութիւններու միջամտութիւնը խախտեց առկայ հաւասարակշռութիւնները։ Անոր ուժերը արձանագրեցին յառաջացում եւ փոխեցին ուժերու կշիռը՝ յօգուտ օրինաւոր ուժերուն, որոնք կրցան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել նշուած քաղաքները:

Ըստ Սէուտական Արաբիոյ տուեալներուն, Ապու Տապիի հարուածին զուգահեռ՝ ութ անօդաչու թռչող սարքեր ուղղուած են դէպի Սէուտական Արաբիա, սակայն վերջինս կրցած է վար առնել զանոնք:

Իմ կարծիքով՝ եղած հարուածները «պատգամ» էին Հուսի զինեալներէն ուղղուած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու՝ ըսելու համար, որ ուշքի եկէք եւ հեռու մնացէք Եմէնի զարգացումներէն։

Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, «Անսար Ալլահ»ի կողմնակիցները 2019-էն առաջ ուղարկած են անօդաչու թռչող սարքեր եւ նկարահանած են Ապու Տապիի եւ Տուպայիի օդակայանները եւ սոյն նկարները ուղարկած՝ Էմիրութիւններու կառավարութեան առ ի զգուշացում:

Կարեւոր է գիտնալ, թէ անոնք ինչպէս կրցած են անօդաչու թռչող սարքերը հասցնել մինչեւ Ապու Տապի եւ ճշգրիտ ձեւով թիրախ դարձնել նաւթային պահեստանոցները: Այդ կը նշանակէր, որ անոնք ունին թէ՛ բոլոր կէտերը եւ թէ աննախադէպ մշտադիտարկում: Ուրեմն, ներթափանցումը այնքան դիւրին է եւ պաշտպանական համակարգ գոյութիւն չունի: Այս կը նշանակէ, որ Էմիրութիւններու իշխանութիւնները մտածեն այս ուղղութեամբ:

Իսկ թէ անոնք ինչո՞ւ ընտրեցին Ապու Տապին եւ ոչ Տուպային։ Իմ կարծիքով՝ թերեւս պատճառը այն է, որ Հուսիներուն կ՚աջակցի Իրան, որ Տուպայիի հետ ունի հսկայական առեւտրական փոխգործակցութիւն, որու տարեկան ծաւալը կը հասնի աւելի քան 14 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Միւս կողմէ, Տուպայի կը նկատուի Իրանի գլխաւոր դռներէն մէկը՝ յատկապէս Իրանի վրայ ամերիկեան պատժամիջոցներու սահմանափակումներէն ետք անցնող 30-40 տարիներու ընթացքին: Անոնք նկատի առին նաեւ, որ Ապու Տապին ԱՄԷ-ի մայրաքաղաքն է, ուր կ՚առնուին քաղաքական որոշումները։ Այս պատճառով ընտրեցին մայրաքաղաքը, ուր ուզեցին հասցնել իրենց պատգամը:

Պէտք է ըսել, որ մարդկային 3 զոհի եւ 6 վիրաւորներու կողքին, նիւթական մեծ վնասներ չեղան։ Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ Էմիրութիւնները, որ հիմնուած է գլխաւորապէս արտաքին ներդրումներու վրայ, ուր կայունութիւնը ու անվտանգութիւնը կարեւոր ազդակներ են, նաւթային արդիւնաբերութիւնը բարեյաջող կերպով շարունակելու համար։

Իմ կարծիքով, ԱՄԷ-ն կը գտնուի Սէուտական Արաբիոյ ճնշումներու ներքոյ եւ Էմիրութիւնները այս քայլին դիմած էր եւ զօրք ուղարկած՝ Շապուա խափանելով Հուսիներու յառաջխաղացումը: Ինչպէս Սէուտական Արաբիան էր պատճառը, որ Էմիրութիւնները «Զսպումի փոթորիկ» անունով գործողութիւնը կատարեց Եմէնի դէմ 2015 թուականին։

Ես համոզուած եմ եւ բազմիցս յայտարարած, որ Սէուտեան դաշինքին հետեւանքով է, որ Իրան ստիպուած եղաւ մուտք գործել եմէնեան խաղին մէջ։ Կարդալով Եմէնի պատմութիւնը եւ ճանչնալով անոր ժողովուրդի դիմադրողական ուժը, արժանապատուութիւնը, մերժողականութիւնը օտար միջամտութեան, ակնյայտ էր, որ այս դաշինքը պարտութիւն պիտի կրէ այս պատերազմին մէջ:

Սէուտական Արաբիան ու Էմիրութիւնները ճիշդ չկարդալով պատմութեան տուեալները, ներքաշուեցան այսպիսի պատերազմի մը մէջ, նոյնիսկ ներքաշուեցան Իսրայէլի հետ համաձայնութեան:

Այստեղ հարկ կը համարեմ նշել, որ Արեւելքի մէջ կան երկու երկիրներ, որոնք ունին բաւարար ներուժ դիմադրելու որեւէ գրոհի կամ միջամտութեան։ Այդ երկիրներէն առաջինը Աֆղանիստանն է, ուր գիտենք ինչ տեղի ունեցաւ, իսկ երկրորդը՝ Եմէնն է։ Հետեւաբար հարկ է, որ այս շրջաններուն մէջ ազդեցիկ դեր ունենալ փորձող երկիրները ճիշդ կատարեն իրենց հաշուարկները եւ ըստ այնմ վարուին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022