ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԻՉ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹԵՆՊԵԼԵԱՆ. «ՄԵՐ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՆՈՐ ԱՒԻՇ ՄԸ ՏՈՒԱԾ Է ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ»

Միջին Արեւելքի մէջ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ Լիբանանը: Համայնքային դրութեամբ կառավարուող  այս երկիրը, եղած է ու կը շարունակէ մնալ հայութեան Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն գաղութներէն մին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն անցած են աւելի քան քսանեօթ տարիներ, բայց եւ այնպէս երկիրը  կը շարունակէ դիմագրաւել բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ: Այդ խնդիրներուն կարեւոր մէկ տոկոսը հետեւանք է շրջանին մէջ  երեւելի դարձած տարակարծութիւններուն, որոնք շատ յաճախ կը հասնին լուրջ բախումներու մակարդակին: Լիբանանի եւ առհասարակ լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերուն վերաբերեալ հեռակայ դրութեամբ հարցազրոյց մը ունեցանք լիբանանահայ հասարարական գործիչ, մտաւորական եւ խմբագիր՝ Վարուժան Թենպելեանին հետ:

*

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակը՝ նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի մէջ բաւական բարդ իրավիճակ կը տիրէ եւ Լիբանանը շրջապատող երկիրները՝ Իրաքը, Սուրիան, պատերազմական իրավիճակ կ՚ապրին, ուր փոքրամասնութիւնները յայտնուած են բաւական լուրջ սպառնալիքներու առջեւ: Այս բոլորի լոյսին տակ ինչպէ՞ս կը գնահատէք լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակը:

-Լիբանանահայութեան վիճակը բնականօրէն կապուած է Լիբանանի ընդհանուր կացութեան հետ: Այսօրուան տուեալներով կրնանք բարձրաձայն ըսել, որ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կը գտնուին բաւականին լաւ վիճակի մէջ, փաստ՝ Լիբանանէն գաղթած բազմահարիւր, եթէ ոչ հազարաւոր հայերու այցելութիւնը Լիբանան այս տարի՝ զբօսաշրջութեան նպատակով:

Եթէ Լիբանանի կացութիւնը ուղղակի կապուած ըլլար դրացի երկիրներուն մէջ պատահող դէպքերուն հետ, ապա առաջին մտածումով մտահոգութիւն պիտի արտայայտէինք, բայց այդպէս չէ իրականութիւնը: Լիբանան քաղաքականօրէն հրաբխային շրջաններու մօտ ըլլալով հանդերձ, ներկայիս ունի յատուկ կարգավիճակ մը, ուր կարծես արգիլուած է պայթումը: Միջազգային թէ շրջանային շահերու բախումներուն արձագանգները կը հասնին մինչեւ հոս, բնական է պիտի հասնին, բայց կարծէք բաց պատուհանի մը կարգավիճակ տրուած է այս երկրին, ուրկէ արագօրէն դուրս կը սպրդին շրջանային տագնապներու ծածանքները:

Ընդհակառակը, վերջին շրջանին, նոր նախագահի ընտրութիւնը, ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, լիբանանեան բանակի արձանագրած յաջողութիւնները, ներքին ապահովութեան ուժերու կանխարգիլող ուժականութիւնը ցոյց կու տան, որ Լիբանան այժմ կը գտնուի նժարին անդորրութեան կողմը: Թէ քաղաքական շահերու յարաբերութիւնը կրնայ փոխուիլ որեւէ ատեն, ճիշդ է, բայց առայժմ նման նշաններ չկան:

Ներքին հասկացողութեան եւ մանաւանդ վերջին տարիներուն լիբանանահայութեան ցուցաբերած համարկումի պատրաստակամութեան այս մթնոլորտին մէջ, Լիբանանի հայութիւնը կրնայ շատ աւելի իրաւունքներ ստանալ պետական մակարդակի վրայ: Իսկ միւս կողմէ, հայկական մակարդակի վրայ, աշխարհագրականօրէն Հայաստանի մօտ ըլլալու իրողութիւնը յաւելեալ ապահովութիւն կը ներշնչէ լիբանանահայութեան:

-Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, լիբանանահայութիւնը մեծ թիւ կը կազմէր, եւ Լիբանանը կը համարուէր Սփիւռքի սիրտը: Այսօր որքանո՞վ ճիշդ է այդ մօտեցումը, եւ ձեր ունեցած տուեալներուն համաձայն՝ արդեօք Լիբանանէն դէպի այլ երկիրներ արտագաղթը տակաւին կը շարունակուի՞:

-Լիբանանէն արտագաղթը գրեթէ դադրած է՝ եթէ արտագաղթ ըսելով պիտի հասկնանք դէպի արեւմտեան «ձուլարաններ» գաղթը: Այսօր տեղաշարժեր տեղի կ՚ունենան, այո, բայց իմ կարծիքով, բոլորը կ՚ընթանան ի նպաստ լիբանանահայութեան: Սուրիահայերու ժամանակաւոր ներկայութիւնը նոր աւիշ մը տուած է մեր գաղութին:

-Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով մեծ թիւով սուրիահայեր Լիբանան տեղափոխուեցան, նոյնքան ալ տեղափոխուեցան մայր հայրենիք՝ հաստատուելով այնտեղ: Արդեօք լիբանանահայութեան մէջ կա՞յ հետաքրքրութիւն Հայաստան տեղափոխուելու ու այնտեղ հաստատուելու հանդէպ: Եթէ այո, ապա ինչո՞ւ վերջին տարիներուն Լիբանանէն դէպի Հայաստան ներգաղթի նոր հոսք տեղի չունեցաւ. որո՞նք են պատճառները:

-Ըստ իս, ամենէն կարեւոր եւ հիմնական տեղաշարժը, որ երթ ու դարձի օղակով կ՚ընթանայ՝ լիբանանահայութեան կապն է Հայաստանի հետ: Մեծ թիւով լիբանանահայեր այսօր բնակարաններ եւ հողաշերտեր ունին Հայաստանի մէջ: Կրնայ առարկուիլ, որ Կիպրոսի մէջ ալ բնակարաններ գնող հայերուն թիւը սկսած է աւելնալ։ Ճիշդ է, բայց այս բոլորը միայն դրական կարելի է նկատել՝ տրուած ըլլալով, որ տեղաշարժը միայն տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի եւ Հայաստանի մերձակայ գաղութներուն միջեւ: Այս նեղ օղակին մէջ կարելի չէ արտագաղթի մասին խօսիլ:

Իսկ ինչո՞ւ ներգաղթ տեղի չ՚ունենար: Երկու պատճառով: Նախ, իմ կարծիքով, ժամանակը տակաւին չէ հասած կազմաքանդելու Հայաստանամերձ գաղութներու կառոյցները՝ մանաւանդ ի շահ Հայաստանի, իսկ երկրորդ՝ Հայաստան տակաւին չէ յառաջացուցած կազմակերպուած ներգաղթի ստորոգելիները:

Ներգաղթը ունի տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ մանաւանդ տըն-տեսական համարկումի բազմաթիւ ստորոգելիներ: Լիբանանահայութեան հետ առընչուած ներկայ տեղաշարժերը ունին անհատական բնոյթ եւ, իմ կարծիքով, այդպէս ալ կը մնան այնքան ատեն, երբ Հայաստան չէ մշակած եւ գրաւիչ չէ դարձուցած տնտեսական համարկումի օրէնքները: Հոս տեղը յարմար չենք նկատեր արծարծելու ժողովրդային այլ դժգոհութիւններ: Ատոնց մասին հնարաւոր է խօսիլ այլ առիթով:

-Ձեր կարծիքով, ի՞նչ կը սպասէ Լիբանանին՝ նկատի ունենալով, որ հակառակ այն հանգամանքին, թէ երկրին մէջ տիրող քաղաքական հաւասարակշռութիւնները եւ արտաքին ուժերուն կողմէ առկայ «վերահսկում»ի գործօնները, Լիբանանը ենթակայ է բազմաթիւ բաւական բարդ խնդիրներու, որոնցմէ ամենագլխաւորներէն է սուրիացի գաղթականներու, պաղեստինեան գաղթականներու խնդիրներն ու հարցերը, ապօրինի զէնքի հարցը եւ այլ շարք մը հարցեր, որոնք կը սպառնան հայութեան համար կարեւոր երկիր հանդիսացող Լիբանանի ընդհանուր անվտանգութեան: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս առումով:

-Բացի սուրիացի գաղթականներու երեւոյթէն, միւս բոլոր հարցերը հինէն կու գան: Սուրիացի գաղթականներու հարցը բաւականին մտահոգիչ է, բայց տրամաբանօրէն ժամանակաւոր: Գրեթէ բոլոր նշուած հարցերը կապուած են արտաքին ազդակներու: Դժբախտաբար, լիբանանեան մոզաիքը «մարյոնէթ»ի նման կապուած է արտաքին ուժերու քմահաճոյքին՝ ընդհանրապէս լիբանանցիներուն կամքով: Ինչպէս ըսինք, քաղաքականօրէն հրաբխային շրջաններու մօտ ըլլալով հանդերձ, Լիբանան ներկայիս ունի յատուկ կարգավիճակ մը, ուր արգիլուած է պայթումը: Կը մաղթենք, որ այս վիճակը կ՚երկարի այնքան մը, որ լիբանանցիք կ՚ունենան բաւարար ժամանակ դառնալու հասուն եւ ինքնաբաւ... քարիւղի եւ կազի արտահանման բարիքները վայելելու յոյսով նաեւ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018