ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ

Ի­րաւ քա­նի լե­զու գի­տես՝
Այն­քան մարդ ես՝ ի­րաւն ա­սին,
Բայց, որ քո հայ լե­զուն չու­նես,
Էլ ի՞նչ յոյս ես քո Մա­սի­սին

ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ ՇԻ­ՐԱԶ

Նոյեմբեր 1999-էն ի վեր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ 21 փետրուարը հռչակուած է մայրենի լեզուի միջազգային օր՝ նպատակ ունենալով քաջալերել լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը:

Բազմաթիւ լեզուներ գիտնալն ու անոնց տիրապետելը հարստութիւն է անկասկած, բայց այդ մէկը նպատակ ունենալով՝ յաճախ մարդոց նախընտրութիւնը կ՚երթայ օտար լեզուին՝ կարծելով, որ երբ օտար լեզուին կը տիրապետենք, աւելի փայլուն ապագայ մը կ՚ունենանք եւ՝ ուրիշ անհիմն պատճառաբանութիւններով:

Մինչդեռ չենք գիտեր, որ այդ մէկը ընելով՝ կը հեռանանք մեր նպատակէն, որովհետեւ փաստուած իրականութիւն է, որ երբ անձ մը լաւ գիտէ իր մայրենի լեզուն, աւելի դիւրութեամբ կ՚ընկալէ միւս լեզուները:

Առաջին հերթին ընդգծենք մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը երեխայի մը լեզուական հմտութիւններու զարգացման ընթացքին: Հոս ընտանիքն է, որ մեծ դեր պիտի խաղայ: Հետազօտութիւններ կը փաստեն, որ երեխան մօր արգանդին մէջ եղած ժամանակէն իսկ կը լսէ ու կ՚ընտելանայ մայրենի լեզուին:

Ծնունդէն առաջ հաստատուած այս կապը ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել ու ժխտել: Այս զգացական կապը, որ կը հաստատուի շատ փոքր տարիքին, հիմքն է խօսելու կարողութեան աճման:

Երբ մեր ծիները եւ մեր մայրերը մեզ կը պարգեւեն մայրենի լեզուն, ինչպէ՞ս կարելի է մերժել այդ իրաւունքը ու հակառակիլ բնութեան:

Երեխայ մը կարողութիւն ունի սորվելու տարբեր լեզուներ, զուգահեռ, եթէ իւրացուցած է մայրենի լեզուն: Արմատները, հիմքը պէտք է ըլլան ամուր: Ան-հըրաժեշտ է, որ ան կարենայ զանազանել տարբեր լեզուները իրարմէ:

Այս մէկը առաջին փուլին կ՚ըլլայ, երբ երեխան տարբեր անհատներու կը վերագրէ տարբեր լեզուներ: Ան դիւրութեամբ եւ շատ փոքր տարիքէն կը գիտակցի, որ մայրը, դրացին եւ ֆրանսերէնի ուսուցիչը կը խօսին տարբեր լեզուներ: Ան կը սկսի հասկնալ ու ժամանակի ընթացքին խօսիլ այդ տարբեր լեզուները՝ մայրենի լեզուն պահելով հիմնական հաղորդակցութեան միջոց:

Բայց եթէ յանկարծ որոշենք գործածել օտար լեզու մը, երեխային մէջ կը ստեղծուի շփոթ ու յաճախ նաեւ՝ լեզուական կարողութիւններու ուշացում: Աւելի վատ պիտի ըլլայ, երբ նոյն նախադասութեան մէջ գործածենք տարբեր լեզուներու պատկանող բառեր: Ինչո՞ւ պատժենք երեխան եւ թոյլ չտանք, որ բնականոն ձեւով դիմագրաւէ աճման փուլերը:

Բնաւ չենք ըսեր, որ երեխան պէտք է լսէ ու սորվի միայն մէկ լեզու: Ընդհակառա՛կը, բազմալեզու անձ ըլլալը խիստ քաջալերելի երեւոյթ է, երբ այդ մէկը կ՚իրականացնենք ճիշդ ձեւով եւ ոչ՝ ի վնաս մայրենի լեզուին:

Երկրորդ փուլին երեխան պիտի յաճախէ դպրոց, յուսալով՝ հայկական վարժարան: Մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը դպրոցին մէջ անհերքելի է: Երբ դպրոցին մէջ գործածուած լեզուն տարբեր է աշակերտին խօսած լեզուէն, ձախողութեան վտանգն ու համեմատութիւնը աւելի բարձր են:

Երբ օտար լեզուով կը դասաւանդենք, մանաւանդ՝ սկզբնական տարիներուն, աշակերտը կը դնենք յաւելեալ դժուարութեան առջեւ: Ան տակաւին չի տիրապետեր օտար լեզուին (շեշտը դնելով տակաւին բառին վրայ): Ան կը մտածէ, կը վերլուծէ, կը զգայ իր մայրենի լեզուով: Երբ օտար լեզուով կը փոխանցենք անոր նոր տեղեկութիւններ, կը բացատրենք օրէնքներ, հաւանական է, որ ան չկարենայ իւրացնել իրմէ ակըն-կալուած բոլոր հմտութիւնները, որովհետեւ իր ջանքը եւ կեդրոնացումը պիտի բաժնէ երկուքի, նախ պիտի հասկնայ ու ապա տիրապետէ տեղեկութեան:

Բնական է, որ զուգահեռ մայրենի լեզուի դասաւանդման եւ գիտական ու թուաբանական գիտելիքներու փոխանցման՝ մեծ աշխատանք պիտի տարուի նաեւ օտար երկու, երեք լեզուներու ամրապնդման նպատակով: Այս ձեւով աշակերտը տարիներու ընթացքին պիտի սորվի գրել-կարդալ ու արտայայտուիլ տարբեր լեզուներով եւ միեւնոյն ժամանակ ուսումնական ծրագիրը ամբողջութեամբ ընկալէ:

Մայրենի լեզուն մեծ դեր կը խաղայ նաեւ անհատի մը հոգեկան աշխարհի կերտման եւ անոր անհատականութեան կազմաւորման մէջ: Մայրենի լեզուն է, որ առիթը պիտի ընծայէ անհատի մը, որ լաւ ձեւով զարգացնէ, հաստատէ ու կատարելագործէ իր ինքնութիւնն ու նկարագիրը:

Կարելի չէ իրարմէ բաժնել լեզուն ու միտքը: Երբ երեխան կը սկսի խօսիլ, ան միաժամանակ կը սկսի մտածել: Լեզուն միայն ձայն, գիր կամ բառ չէ: Լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ նաեւ միջոց է, որ մեզի կ՚արտօնէ բանաձեւել մեր միտքն ու գաղափարները:

Իւրաքանչիւր լեզու ունի իր յատկութիւնները, մեր ամբողջ էութիւնը հիմնուած է մայրենի լեզուին վրայ, ահա թէ ինչո՛ւ երբ կը փոխարինենք զայն օտար լեզուով, կը տկարացնենք այդ անհատին արմատները:

Ուրեմն աւելցնենք օտար լեզուն կամ լեզուները՝ մայրենի լեզուի կողքին, բայց անոնց հետ չփոխարինենք մեր սրտի ու մտքի լեզուն:

Իբրեւ սփիւռքի մէջ ապրող հայեր, մեր պարտականութիւնը շատ աւելի մեծ ու կարեւոր է պահպանելու համար մեր լեզուն: Տարուած մեր առօրեայով՝ չենք անդրադառնար պատասխանատուութեան չափին, որ մեզմէ ամէն մէկը անգիտակցաբար կը շալկէ իր ուսերուն վրայ: Անտարբերութեամբ չմօտենանք հարցին եւ կամ սխալ որոշումներով ու հակումներու հետեւելով՝ չվտանգենք մեր լեզուին ապագան:

Չխլենք ապագայ սերունդին իրաւունքը՝ խօսելու իրենց մայրենի լեզուն: Եթէ առիթ տանք այս սխալ մտածելակերպի տարածման՝ մայրենի լեզուի կապակցութեամբ, հետեւանքները կրնան ըլլալ անշրջելի:

Միայն ազգային հոգիով ու մօտեցումով չէ, որ կը դիտենք մայրենի լեզուի կարեւորութեան հարցը, նոյնիսկ եթէ այդ մէկն է, որ մեզ կը մղէ գրելու այս տողերը, այլ՝ հիմնուելով գիտական փաստերու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ: Գիտակցինք մայրենի լեզուներու կարեւորութեան, որ հայուն համար հայերէնն է, նոյնիսկ եթէ կ՚ապրի սփիւռքի մէջ:

Մայրենի լեզուն հիմնական է նորածին մանուկի կեանքի առաջին օրերէն իսկ կ՚ընկերակցի անոր դպրոցական տարիներուն եւ մաս կը կազմէ անհատի մը ինքնութեան եւ կ՚ուղեկցի անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Հայերէնին ապահովենք իրեն արժանի տեղը մեր կեանքին մէջ ու ապա սորվինք այնքան լեզուներ, որքան որ կը փափաքինք, մօտէն ճանչնանք, սիրենք տարբեր մշակոյթներ, ըլլանք լայնամիտ ու գիտելիքներով հարուստ հայեր:

Սիրենք նախ մերինը, ապա՝ ուրիշինը:

ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019