ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (7)

Վիրաւորի անկողնին պառկած, անդիէն ձայն մը լսեր էր Զանան.

-Հոն, երրորդ շարքին...

-Այո՛, ի՛նքն է... Զանա՛

Գլուխը դէպի վրանի մուտք էր դարձուցեր։ Մէ՞կն եկած էր ետեւէն։

Վրանի սեմին կանգնած, խիտ յօնքերուն տակէն իրեն կը նայէր Ֆարզատ քեռին ապշահար։ Երբ հայեացքները հանդիպեցան, կարծես արդէն վստահ եղաւ, վերջապէս կրցաւ հաւատալ քեռին, եւ անգամ մը եւս անունը տալով, աղաղակելով գրեթէ - Զանա՛ - վազեց դէպի իրեն, երեխայի նման փաթթուեցաւ վզին, ու լալ սկսաւ։ Քեռիի յուզումէն ցնցուած ու շուարած, առանց լացի, միայն ցաւով, Զանան բռնեց գլուխը անոր։

Ֆարզատ քեռին ուղղեց մէջքը, բարձրացուց գլուխը, սրբեց աչքերը, հանգստացաւ, նայեցաւ Զանային։ Յետոյ աչքերը վար կախեց, եւ շշնջալու չափ ցած ձայնով արտաբերեց.

-Ձեր տունէն կու գամ...

-Մեր տունէ՞ն...

-Աւերակներէն...

Մնացածը գիտէր Զանան։ Մնացածը չէր ուզեր լսել։ Բայց ճար չունէր։ Մէկ անգամ հասկցեր էր ինքն իրեն, ըսեր էր ինքն իրեն.

-Ես որբ եմ…

Հիմա պիտի լսէր ուրիշին բերնէն, որ ամէն ինչ աւելի իրական դառնար։

-Աստուած բոլորն ալ առեր է, բոլորն ալ տարեր է Զանա՛...

Դուրս եկան բառերը բերնէն քեռիին, աղաւնիներուն պէս ճախրեցին, ելան երկինք, առին կրակն արեւուն, ինկան վար, զարկին Զանայի գլխուն ու սրտին։

Ֆարզատ քեռին աչքերը կամացուկ վեր հանեց, տարաւ Զանայիններուն. յանցաւորի պէս նայեցաւ, սարսափելով անոնց տալիք արձագանգէն։ Զանայի աչքերը մեռած էին այդ պահուն։ Դատարկ ամբողջովին։ Կանաչն անոնց գունաթափեր, մոխիրի էր վերածուեր կարծես։ Զանան փախեր գացեր էր անոնց ետեւէն, հոն չէր, չկար...

Մօտեցող բժիշկը փրկեց պահն իր անասելի լարումէն։ Ձեռքին վիրակապ եւ թաս մը ջուր, մօտեցաւ անկողնին, անհասկնալի բաներ մը ըսաւ եւ արթնցուց սգաւոր զոյգը այդ վիճակէն։ Զանան ոտքը յիշեց, այլընտրանք չունէր։ Բժիշկը բռներ էր զայն արդէն ու վերցուցեր։ Քեռիէն խնդրեց որ բռնէ զայն, մինչ ինք սկսաւ, աճապարանօք, թաթխել կապը ջուրին մէջ, թրջել փոշի գաճն անոր, եւ փաթաթել, զգուշօրէն, Զանայի ոտքին շուրջ։

-Թող վերջացնէ, երթանք իրենց քով... պէտք է տեսնես անգամ մը...

Որոշեր էր արդէն քեռին։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020