Պաղ­տա­տի Հայ Երկ­սեռ Ե­րի­տա­սարդ Միու­թեան 90-ա­մեա­կին Ա­ռի­թով

Պաղ­տա­տի Հայ երկ­սեռ ե­րի­տա­սար­դաց միու­թիւ­նը (ՊՀԵԵ միու­թիւն) սփիւռ­քա­հայ հնա­գոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մին է:

Այ­սօր ա­նի­կա ար­դէն 90 տա­րե­կան ե­րի­տա­սարդն է: Հա­կա­ռակ ա­նոր որ երկ­րին մէջ տի­րող անն­պաստ պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով են­թա­կայ է բա­զում դժուա­րու­թիւն­նե­րու, սա­կայն տա­կա­ւին պատ­նէ­շին վրայ կան­գուն կը մնայ:

Մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման նպաս­տող ա­մենէն կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն էր այս, որ ի­րա­կա­նա­ցաւ յե­տե­ղեռ­նեան Ի­րա­քի մէջ կայք հաս­տա­տած գա­ղա­փա­րա­պաշտ հա­յոր­դի­նե­րու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ:

Հա­րուստ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող միու­թիւն մըն է ա­նի­կա, որ 90 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ե­ղաւ տի­րա­կան դէմ­քը ի­րա­քա­հայ պատ­մու­թեան մէջ՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով «Սա­տա­րել իր ան­դամ­նե­րուն եւ հայ հա­սա­րա­կու­թեան մտա­ւոր, մշա­կու­թա­յին, բա­րո­յա­կան եւ ֆի­զի­քա­կան զար­գաց­ման», ինչ­պէս իր կա­նո­նա­գիր-ծրա­գի­րը կ՚ը­սէ: Ա­նի­կա ան­շե­ղօ­րէն այդ նպա­տակ­նե­րը կրցաւ ի­րա­կա­նաց­նել իր ան­դամ­նե­րու ան­սա­կարկ նուի­րու­մով, տա­րի­նե­րու յա­մառ ճի­գե­րով ու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով:

1926-ին, երբ կը հիմ­նուէր ՊՀԵԵ միու­թիւ­նը, ամ­բողջ Ի­րա­քի տա­րած­քին գոր­ծող հայ­կա­կան ոչ մէկ պաշ­տօ­նա­կան միու­թիւն կար: Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) Ի­րա­քի մէջ ու­նէր գոր­ծող մաս­նա­ճիւղ մը, որ միայն բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէր: Կար նաեւ թա­տե­րա­սի­րա­ցի խում­բը, ո­րուն ան­դամ­նե­րը ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն միա­ցան նո­րա­կազմ ե­րի­տա­սար­դաց միու­թեան:

Ե­րի­տա­սար­դա­ցը ե­ղաւ մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ մար­զա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ եր­կար ժա­մա­նակ ա­ռան­ձինն գոր­ծեց, մին­չեւ որ գա­ղու­թը ա­ւե­լի զար­գա­նա­լով՝ յա­ջոր­դա­բար կազ­մուե­ցան բա­րե­սի­րա­կան, մար­զա­կան եւ այլ տե­սա­կի միու­թիւն­ներ: Սա­կայն ա­նի­կա իւ­րա­յա­տուկ իր դե­րով մնաց ու տա­կա­ւին կը մնայ կեդ­րո­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Ի­րա­քի մէջ: Իր ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեամբ մեծ բա­րիք մը ե­ղաւ ի­րա­քա­հայ կեան­քէն ներս:

Միու­թիւ­նը ե­ղաւ ա­մենէն կա­րե­ւոր մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը՝ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը խան­դա­վա­ռող եւ հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ազ­գա­յին ո­գիով ներշն­չող:

Բե­ղուն մար­զա­կան գոր­ծու­նէու­թեան կող­քին, ա­նի­կա ու­նե­ցած է թա­տե­րա­խում­բեր, երգ­չա­խում­բեր եւ պա­րա­խում­բեր: Ա­ռանց ա­նոր թա­տե­րա­խում­բե­րուն ու ներ­կա­յա­ցու­ցած բազ­մա­թիւ թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րուն՝ ի­րա­քա­հայ թա­տե­րա­կան պատ­մու­թիւ­նը չա­փա­զանց աղ­քատ պի­տի ըլ­լար:

Կա­րա­պետ Քիշ­մի­շեա­նի կազ­մած քա­ռա­ձայն երգ­չա­խում­բը, 1957-ին, միա­նա­լով միու­թեան, նոր թափ ստա­ցան թէ՛ միու­թիւ­նը եւ թէ նո­րա­կազմ խում­բը, հարս­տա­նա­լով՝ նոր խան­դա­վա­ռու­թիւն մը ստեղ­ծե­ցին: Երգ­չա­խում­բը 50 տա­րի շա­րու­նակ հայ եր­գը սիրց­նո­ղը, դաս­տիա­րա­կո­ղը եւ տա­րա­ծո­ղը ե­ղաւ: Դժբախ­տա­բար վեր­ջին 10 տա­րի­նե­րուն, ա­նի­կա ար­դէն դադ­րած է:

Կազ­մա­կեր­պուած են բազ­մա­թիւ գրա­կան-գե­ղա­րուես­տա­կան ե­րե­կո­ներ, դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քեր, վի­ճա­բա­նա­կան ե­րե­կո­ներ, գի­տա­կան հա­մա­գու­մար­ներ, հայ ու­սա­նող­նե­րու մաս­նա­ւոր դա­սըն­թացք­ներ, մա­նուկ­նե­րու հա­ւաք­ներ, կի­նե­րու եւ օ­րիորդ­նե­րու կա­րի եւ ձե­ւա­գի­տու­թեան, ձե­ռա­գոր­ծու­թեան դա­սըն­թացք­ներ ու ըն­կե­րա­յին զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ: Ի­րա­գոր­ծուած են նաեւ հայ հա­մալ­սա­րա­կան­նե­րու շա­բա­թա­կան հա­ւաք­ներ ու տա­րե­կան մեծ ե­րե­կոյ՝ նուի­րուած շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն:

Մաս­նա­ւո­րա­բար ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­մա-խըմ­բե­լու նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պուած են տար­բեր տե­սա­կի  ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց կար­գին՝ գրա­կան խմբակ­ներ: 1970-ա­կան թուա­կան­նե­րուն կազ­մուե­ցաւ գրա­կան խմբակ­նե­րու վեր­ջի­նը, որ բա­ւա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցաւ: Խմբա­կը վե­րա­ծուե­ցաւ պատ­մա­կան յանձ­նա­խում­բի, որ հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սըն­թացք­ներ կազ­մա­կեր­պեց. ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մախմ­բում մը, որ իր շուրջ հա­ւա­քած էր տաս­նեակ­նե­րով ե­րի­տա­սարդ­ներ:

Այս բո­լո­րին կող­քին, միու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած է բա­րե­սի­րա­կան ձեռ­նարկ­ներ: «Կո­մի­տաս» երգ­չա­խում­բի եր­գա­հան­դէս­նե­րէն գո­յա­ցած հա­սոյթ­նե­րը եւ տա­րե­կան պա­րա­հան­դէս­նե­րէն մաս­նա­ւոր բա­ժին մը մին­չեւ 1972 թուականը տրա­մադ­րուած են Ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին եւ հայ չքա­ւոր­նե­րուն:

Ա­զու­նիէի հի­ւան­դա­նո­ցին ի նպաստ տա­րե­կան պա­րա­հան­դէս­նե­րը շա­րու­նա­կուած են մին­չեւ 1970-ա­կան թուա­կան­նե­րը:

Միու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րը ե­ղած են՝ Ա­րամ Տիւ­զեան, Գա­րե­գին Սա­հա­կեան, Ար­տա­շէս Մկրտի­չեան, Յով­հան­նէս Ս. Յով­հան­նէ­սեան, Յով­հան­նէս Մ. Յով­հան­նէ­սեան եւ Խի­կար Մով­սէ­սեան: Իր ա­ռա­ջին հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած են Պաղ­տա­տի մէջ օ­րուան բո­լոր ծա­նօթ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը՝ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան:

Միու­թիւ­նը ու­նի իր սե­փա­կան մեծ կեդ­րո­նը՝ թա­տե­րաս­րա­հով, ժո­ղո­վաս­րա­հով, ճոխ գրա­դա­րա­նով, ճա­շա­րա­նով, լո­ղա­ւա­զա­նով եւ մեծ պար­տէ­զով: Հայ­կա­կան կեդ­րոն մը, ուր սփիւռ­քէն եւ Հա­յաս­տա­նէն այ­ցե­լած բո­լոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուած ու ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած են՝ խան­դա­վա­ռե­լով մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը:

Յայտ­նի պատ­ճառ­նե­րով, դժբախ­տա­բար, այ­սօր ան­ցեա­լի ե­ռու­զեռն ու մթնո­լոր­տը չկան, բայց միու­թիւ­նը կը գոր­ծէ մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րով. կեդ­րո­նը միշտ բաց է, եւ օ­րուան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ի գին մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու, կ՛աշ­խա­տին ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն ու ի­րենց կա­րո­ղու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ գոր­ծել:

Ան­կաս­կած, ա­ռանց ե­րի­տա­սար­դա­ցի գո­յու­թեան,  ի­րա­քա­հայ պատ­մու­թիւ­նը մեծ բաց մը պի­տի ու­նե­նար:

ՊԱ­ՐՈՅՐ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017