ՎԵՐՋ՝ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԵԱՆ

Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջին օրէն, ընդդիմադիր ուժեր Փաշինեանի կառավարութեան ծրագիրը քննադատելու առատ նիւթ ունեցան։ Յեղափոխական խանդավառութիւնը մարելով, նախկին իշխանութեան մնացորդացը ինքզինք վերագտաւ եւ ունենալով դրամագլուխ ու լրատուական միջոցներ՝ քարոզչական լայն արշաւ շղթայազերծեց, դատապարտելով կառավարութեան քաղաքական գործունէութիւնը՝ Արցախի հիմնախնդրին հանգուցալուծումէն՝ մինչեւ կաշառակերութեան դէմ պայքար, տնտեսութեան զարգացում, Մարտ 1-ի գործի վերաբացում, Սահմանադրական դատարանի նախագահի փոփոխութիւն, կամ պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքար։ Սակայն այս նիւթերէն որեւէ մէկը տեւական առաջնակարգ դիրքի վրայ չմնաց, միշտ օրը-օրին փոփոխուեցան, ըստ կառավարութեան հետապնդած օրակարգին։ 

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի սաստկացումին պատճառով՝ կառավարութեան հրաժարականը պահանջող հինգ ուժեր նոյնիսկ միասնական ճակատ կազմելու քայլի դիմեցին, ՀՅԴ-ին նախաձեռնութեամբ։ Սակայն, Գագիկ Ծառուկեանի դէմ քրէական գործի յարուցումը օրակարգը փոխեց։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) նախագահին անձեռնմխելիութենէ զրկումի եւ անոր կալանաւորումի պահանջին դէմ բողոքելու համար ԲՀԿ-ականները միայնակ մնացին Խորհրդարանին դիմաց։ Ինչո՞ւ ընդդիմադիր այլ ուժեր չհամարձակեցան միանալ «Բարգաւաճ»ի կուսակիցներուն։ Երեւոյթը խօսուն է՝ ինչո՞ւ ընդդիմադիր ուժերու ճակատ մը չկազմուեցաւ փրկելու համար Գագիկ Ծառուկեանը։ Նոյնն է պարագան Քոչարեանի դատավարութեան։ Թէեւ լրասփիւռներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ Քոչարեանի պաշտպանները, կողմնակիցները շատ են, սակայն դատարաններուն առջեւ անոնք կը մնան չնչին կամ թաքնուած։ Յստակ է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները չունին միասնական օրակարգ եւ չունին համակիր հանրութիւն։ Սակայն իւրաքանչիւրը ունի իր ուրոյն քաղաքական յաւակնութիւնները՝ ան ըլլա՛յ խորհրդարանական կամ՝ արտախորհրդարանական։ 

Այս բոլորով հանդերձ, Գագիկ Ծառուկեանի պարագան կը մնայ եզակի. իսկական օլիկարխի տիպարը խոտոր կը համեմատէր յեղափոխական Հայաստանի դաւանած արժէքներուն հետ։ Երկար ժամանակ է Գագիկ Ծառուկեանի եւ անոր շրջապատին վերաբերող զանազան քրէական թղթածրարներ խմորումի մէջ էին ԱԱԾ-ի կողմէ։ Վերջապէս պտուղը հասած է դատական հետապնդումը իրականացնելու համար։ Ցնցումը մեծ է, մասնաւորապէս խորհրդարանական ընդդիմութեան համար։ ԲՀԿ-ն կը գոյատեւէր շնորհիւ Գագիկ Ծառուկեանին։ Առանց Գագիկ Ծառուկեանի դրամական կարողութեան ու նեցուկին՝ չիք ԲՀԿ։ Իսկ Գագիկ Ծառուկեան կը հետապնդուի թէ՛ հարկային պարտաւորութիւններէ փախուստի, թէ՛ անօրէն կերպով գոյքի իւրացման, թէ՛ ալ,- ամենէն ծանրակշիռը,- մեծածաւալ ընտրակաշառքի բաշխման մեղադրանքով։ Այս տուեալները կրնան բացատրել, թէ ինչո՛ւ ընդդիմադիր ճակատի պաշտպանները կը նախընտրեն միայն խօսքով պաշտպանել զինք։

Անկասկած, Սերժ Սարգսեան շատ լաւ կը ճանչնար Գագիկ Ծառուկեանի բոլոր թերութիւնները։ Անոր թոյլ տուած էր կատարել ընտրական խախտումներ, պետական հարկերէն խուսափելու իրաւասութիւններ, ասոնց դիմաց իրմէ պահաջելով ձեւական ընդդիմադիրի դեր խաղալու պարտականութիւնը Ազգային ժողովէն ներս։ Եւ այն օրը երբ Ծառուկեան յանդգնեցաւ «Ընդդիմադիր քառեակ»ին միանալով կամ անկէ ետք՝ 2015-ին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կառավարութիւնը քննադատել, հազիւ թէ քանի մը օր տեւեց քաղաքական ասպարէզէն անոր հեռացումը։ 

Սակայն, այս անգամ պարագան այլ է։ Անոր դէմ յարուցուած քրէական գործերը երկար հետաքննութեան արդիւնք են։ Եւ սկիզբ մըն է միայն, ան կրնայ ներգրաւել ԲՀԿ-ի այլ խորհրդարանականներ ալ։ Արդէն երկու տարի է Փաշինեանի կառավարութիւնը կը պայքարի կաշառակերութեան դէմ։ Այս ընթացքին պետական գանձանակ մտաւ աւելի քան 1 միլիառ տոլար իբրեւ պետութեան հասցուած վնասի հատուցում ՝ անօրինական տնտեսական եւ իրաւական գործարքներու դիմաց։ Սակայն Գագիկ Ծառուկեանի պարագան եզակի է, այնքանով որ մասնակցած է յետյեղափոխական խորհրդարանական եւ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն եւ Խորհրդարանի մէջ մեծագոյն ընդդիմադիր խմբակցութիւնը կը ներկայացնէ։ Անոր հետապնդումը վերջ պիտի դնէ պետական մարմիններէն ներս՝ գործարար մարդոց քաղաքական դիրքեր գրաւելու բնատիպին։

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»ի,
Փարիզ

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020