ՆԻՒԹԱԿԱՆՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ, ԻՍԿ ՀՈԳԻՈ՞Վ…

Նիւթականով հարստանալ, դրամ դիզել, հարստութիւն ձեռք ձգել, կեանքը բարօր դարձնել, բարեկեցիկ, բայց զեղխ կեանք մը ապրիլ։ Ահա ներկայ դարուս հազիւ աշխարհը նոր ճանչցած երիտասարդին «մարմաջ»ը, որ տիւ ու ցայգ ոգի ի բռին ճիգ չի խնայեր վերոնշեալ հաճոյաձիգ «նպատակ»ներն ու «մոլուցք»ները իրականացնել։

Մերօրեայ կեանքը իր նոր պայմաններով, դրուածքով ու գետնաքարշ հրապոյրներով մարդկութիւնը տեսակ մը հեւքոտ վազքի մը մէջ դրած է՝ մարդուն կեանքը դարձնելով արագասոյր կեանքի մը։ Կեանք մը, որուն դէմ մաքառիլ, գօտեմարտիլ է պէտք։ Կեանք մը, որ լի է բազմապիսի նեղութիւններով, տուայտանքներով, հիւանդութիւններով։ Կեանք մը, որուն ահեղավազ ընթացքը ու նորանոր պահանջքները մարդս դէմ յանդիման կը դնեն անել վիճակի մը մէջ։ Կեանք մը, որուն միակ միջոցն ու դարմանը նկատուած է բոլորին կողմէ պահանջուած ու պաշտելի մամոնան՝ դրամը։

Դրամը առհասարակ ընդունուած է որպէս լուծումը կեանքի հանելուկին, բանալին՝ անոր ամենէն կնճռոտ դժուարութեանց։ Դրամին նկատմամբ մարդոց խորունկ սէրը հասարակաց զգացում մըն է բոլորին սրտերուն մէջ։ Դրամ՝ ամէն երազներու խորը, բոլոր ասպարէզներու ծայրը ու պատիւներու կատարը։ «Երանելի՜» ես՝ երբ ունիս զայն, եւ ոչինչ ես՝ երբ չունիս։ Հայր, մայր, ազգակից եւ հեռաւոր պարագա՛յ մը իսկ չունեցող անտէրունջ որբը՝ երբ դրամ, ստացուածք ունի, անառակ որդիին նման հեգնոտ զուարթութեամբ մը կը դիմակալէ կեանքի անագորոյն խաղերը։ Մինչ անդին, բազմանդամ ազգատոհմի մը երջանիկ շառաւիղը՝ գգուանքներու եւ համբոյրներու մէջ հասակ առած պատանին՝ որբի մը տխրութեամբ կը հիւծի, երբ չի տեսներ իր ապագան՝ ապահովուած դրամի ժառանգութեամբ։

Երբ աշխարհ կու գաս, ծնողներդ մայրանոցի ծախսերը դրամո՛վ կը փակեն, կեանքդ կ՚ապահովեն, ուսման եւ գրպանի ծախսերդ կը հոգան, զինուորական ծառայութեանդ ժամանակ նոյնպէս դրամով կը փորձեն քեզի օգտակար դառնալ, կ՚ամուսնացնեն քեզ, տունդ կը շտկեն…։ Սակայն ծնողներդ դրամո՛վ քեզի դաստիարակութիւն չեն կրնար ջամբել, խրատել, բարի ճամբան ցոյց տալ, յանդիմանել, զգուշացնել…։ Ծնողական դաստիարակութիւնը անժանգ գանձ է, որ ո՛չ մէկ հարստութիւն կամ նիւթական մեծ գումար կրնայ փոխարինել զայն։ Կրնայ ըլլալ դրամով ամէն ինչ ձեռք բերես եւ ուզած նպատակիդ հեշտութեամբ հասնիս, սակայն չե՛ս կրնար մարդ ըլլալու չափանիշներն ու արժէքները դրամովդ գնել։ Հաւանաբար դրամով կրնաս տուն գնել. բայց ոչ՝ ընտանեկան օճախ: Դրամով կրնաս ժամացոյց գնել, բայց ոչ՝ ժամանակ: Դրամով կրնաս անկողին գնել, բայց ոչ՝ անդորր քուն: Դրամով կրնաս գիրք գնել. բայց ոչ՝ գիտելիք եւ իմաստութիւն: Դրամով կրնաս դեղ գնել. բայց ոչ՝ առողջութիւն: Դրամով կրնաս դիրք գնել. բայց ոչ՝ յարգանք: Դրամով կրնաս արիւն գնել. բայց ոչ՝ կեանք։ Դրամո՛վ կրնաս գովաբանութիւններ գնել, բայց ո՛չ՝ անկեղծութիւն։ Դրամո՛վ կրնաս «լռութիւն» գնել, բայց ոչ՝ պատիւ։

Հին ժամանակաշրջանին ապրող մարդիկը իրենց տնտեսական ու առեւտրական յարաբերութիւնները դիւրացնելու համար իրենց կեանքին մէջ ներմուծեցին դրամի գործածութիւնը։ Դրամը իր ծագման մէջ բարի էր, բայց եւ այնպէս յոռեշրջուեցաւ չարութեան գործիքի, երբ մարդիկ անտեսեցին անոր ընձեռած բարի յարմարութիւնները եւ ծառայեցուցին զայն իբրեւ գործիք իրենց փառատենչ ցանկութեանց։ Այսօր, բոլորին պաշտելի «կուռք»ը դարձած մամոնան մեծամեծները իր առջեւ կը խոնարհեցնէ, ազգերու մէջ յարաբերակցութեան, բարեկամութեան կամ ատելութեան սերմ ու որոմ կը ցանէ, ամենէն անհամաձայն ու յոխորտացող նկարագրի տէր անձերը մոգական զօրութեամբ իրարու կը մօտեցնէ։ Անոր առջեւ օրէնք, սկզբունք, համոզում, հաւատք եւ առաքինութիւն կը լուծուին, կը նուաղին ու կը տկարանան։ Սիրելի՛ բարեկամ, բարոյական պրիսմակէն դիտուած՝ դրամը չի կրնար բնաւ ըմբռնուիլ իբրեւ նպատակ, այլ պէտք է ան ծառայէ իբրեւ միջոց մը, ճամբայ մը՝ որեւէ բարի նպատակի մը առաջնորդող։ Ըսուած է, թէ «Դրամը չարիք մըն է, երբ նպատակ է, բայց կրնայ ըլլալ բարիք մը, երբ գործածուի իբր միջոց՝ բարի նպատակի համար»։

Դրամը երբեք քեզ երջանիկ չի՛ դարձներ։ Որքան դրամ շահիս, այնքան կը ձգտիս աւելի՛ն ունենալ։ Շոփէնհաուէր հարստութեան մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Հարստութիւնը ծովու ջուրի նման է. ինչքան շատ խմես, այնքան շատ կը ծարաւնաս»։ Երբ հարստութեան ծովափին մէջ կը լողաս՝ հաճոյապաշտութիւնը, մոլութիւնները, ցոփ կեանքը կը խեղեն քեզ, իսկ դուն այդ մոլուցքներով տարուելով՝ միայն հարուստներով կ՚ուզես շրջապատուիլ եւ անոնց հետ ընկերանալ։ Հարուստներ կան, որոնք իրենց նախկին աղքատ կեանքը կը մոռնան եւ նոյնիսկ իրենց անցեալը կը փորձեն ջնջել՝ իրենց շրջապատին մէջ «չխայտառակուելու» եւ ուրիշին խօսակցութեան «առարկան» չդառնալու համար։ Անցեալդ երբեք մի՛ մոռնար, որովհետեւ աղքատութեանդ ժամանակ ցաւերդ անկեղծ կիսողներ ունէիր եւ հարազատ ընկերներով շրջապատուած էիր։ Իսկ այսօր շողոքորթ, շահամոլ եւ դրամդ սիրող ընկերներէդ բացի՝ ուրիշ ոչ ոք ունիս։

Անցեալդ միշտ ներսիդիդ վառ պահէ, որպէսզի այդ համեստ հոգիդ չմրոտի։ Յիշէ՛, թէ ինչպէ՛ս աղքատութեանդ ժամանակ պայքարեցար, ձախողեցար, բայց չյուսահատուեցար, այլ դարձեալ փորձեցիր, արարեցիր եւ այսօր այս դիրքին ու հարստութեան հասար։ Մի՛ նմանիր այն հարուստ «աղքատ»ներուն, որոնք արտաքնապէս հարուստ են, բայց ներքնապէս՝ աղքատ։ Մարդը հարուստ կամ աղքատ է ո՛չ թէ իր ունեցուածքով, այլ՝ իր ներքին բովանդակութեամբ։ Եթէ նոյնիսկ թանկարժէք հագուստներ հագնիս, շքեղ ինքնաշարժներ քշես, պալատներու մէջ բնակիս, սա չի նշանակեր, որ հարուստ ես։ Երբ հոգւոյդ մէջ բարոյական արժէքները, մարդ կոչուելու առաքինութիւններն ու յատկութիւնները վերացած են, ահա այն ատեն իսկական աղքատ մըն ես։ Հարստութիւնը միայն նիւթական բարեկեցութիւն չէ՛։ 

Պօղոս առաքեալ իր աշակերտին՝ Տիմոթէոսին ուղղած նամակին մէջ կը թելադրէ ապրիլ ժուժկալ կեանք մը եւ մեր անձը հեռու պահել մամոնային ընծայած կեղծուպատիր ու սնամէջ «բարիք»ներէն. «Արդարեւ, մեզի հետ ոեւէ բան չբերինք աշխարհ, եւ ոեւէ բան պիտի չկարենանք տանիլ մեզի հետ։ Եթէ ուտելիք եւ հագնելիք ունինք՝ անոնցմով բաւարարուինք։ Իսկ անոնք որ հարստանալ կ՚ուզեն՝ փորձութեան եւ թակարդի մէջ կ՚իյնան։ Կը բռնուին շատ մը անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններով, որոնք մարդիկը մահուան եւ կորուստի անդունդը կը գլորեն։ Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է» (Ա.Տմ 6.7-10)։ Ով որ այս աշխարհին վաղանցուկ հարստութեան կը վստահի, որքան ալ հարուստ ըլլայ՝ իսկական աղքատ մըն է Աստուծոյ աչքին։ Իսկ ան որ հաւատքով Աստուծոյ կը վստահի, որքան ալ աղքատ ըլլայ՝ իսկական հարուստ մըն է Աստուծոյ աչքին։ Ինչպէս որ մարդուն մարմինը փտութեան ենթակայ տարր մըն է, որովհետեւ այս երկրին յատուկ է եւ անոր կը պատկանի, նոյնպէս ալ «հարստութիւնը փտութիւն է» (Յկ 5.2)։ Որքա՜ն խեղճ է այն մարդը, որ շարունակ փտող ու անցաւոր հարստութեան ետեւէն կը վազէ, որովհետեւ ի՛նքն ալ պիտի փտի ու տարրանայ։

Խաւարակուռ այս աշխարհին մէջ ունեցած հարստութիւնդ չե՛ս կրնար երկնքի մէջ գործածել կամ շահարկել։ Հարստութիւնդ դուն քեզի մի՛ պահեր, այլ ընդհակառակը, բարի՛ք ըրէ, որպէսզի երկնքի մէջ գա՛նձ դիզած ըլլաս։ Անթիւ ու անհամար հին հագուստներդ պահարանիդ մէջ մի՛ պահեր։ Պահ մը դուրս նայէ եւ պիտի տեսնես, թէ որքա՜ն աղքատներ ու կարօտեալներ կան, որոնք մերկ են ու ցուրտէն սառած են։ Որքա՛ն ալ հարուստ ըլլաս՝ հիւանդութիւնն ու մահը հաշիւ չեն ըներ, կը փտեցնեն քեզ։ Նոյնպէս ալ, որքան ալ ունեւոր ըլլաս՝ դժոխքի կրակը պիտի այրէ քեզ։ Ահա թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Քրիստոս մեզի. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկնքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ» (Մտ 6.19-20)։ Հողը՝ մահն է, պատը՝ մարմինդ, իսկ գանձը՝ հոգիդ։ Մի՛ ձգեր, որ մահը գողնայ ու դժոխք տանի քեզ, եւ կամ՝ իր ժանիքներն ու մագիլները վրադ արձակէ։ Եթէ նոյնիսկ փորձէ մարմինդ քանդել, ապա հոգիդ Աստուծոյ քով՝ դրախտ պիտի երթայ, որովհետեւ գանձդ հո՛ն դիզած ես, իսկ ո՛ւր որ է հարստութիւնդ՝ հո՛ն է նաեւ սիրտդ (Հմմտ. Մտ 6.21)։

Անյայտ օտար հեղինակ մը իր պարզ, բայց սրտախօսիկ «Աստուած պիտի չհարցնէ» խորագրեալ յօդուածին մէջ, հարցադրումներով մարդ արարածիս մտահորիզոնին առջեւ կ՚ուրուագծէ վերջին դատաստանի ընթացքին Աստուծոյ կողմէ մարդուն ուղղուած հարցումներուն մէկ պատկերը՝ ըսելով.

- «Աստուած դատաստանի օրը քեզի պիտի չհարցնէ, թէ ինչքա՞ն դրամ ունէիր, այլ պարզապէս հարց պիտի տայ, թէ ինչքա՞ն դրամ յատկացուցիր ունեցածէդ՝ քեզմէ աւելի նուազ բախտաւոր եղբայրդ ուրախացնելու համար։

- «Աստուած երբեք պիտի չհարցնէ, թէ քանի՞ ընկեր ունեցար, բայց անկասկած պիտի հարցնէ, թէ քանի՞ հոգիներու դուն լա՛ւ ընկեր եղար։

- «Աստուած այդ օր քեզի պիտի չհարցնէ, թէ որքա՞ն էր տանդ տարածութիւնը, քանի՞ սենեակներէ բաղկացած կամ ինչպէ՞ս յարդարուած էր, այլ պիտի հարցնէ՝ քանի՞ կեղեքեալ ու թշուառական ընդունեցիր ու հիւրընկալեցիր տանդ մէջ, երբ անոնք թախանձագին օգնութիւնդ հայցեցին»։

Մօտ 10 տարի ընդմիջումէ ետք, հին ընկերները դարձեալ իրարու կը հանդիպին։ Ընկերներէն մէկը հարստացած էր: Տեսնելով անոր պահուածքը. վերաբերմունքը եւ համեստութիւնը՝ շատեր իսկոյն կը զարմանային։ Միւս ընկերը նկատելով, որ իր հարուստ ընկերը չէ փոխուած՝ զարմացած հարց կու տայ.

-Ես կը կարծէի. որ հարստութիւնը շատ գէշ բան է. բայց քեզ տեսնելով՝ հասկցայ, որ դրամը այնքան ալ վտանգաւոր չէ: Այսքան հարստութեան տէր ես, բայց ինչպէ՞ս ան քեզ չէ փոխած ու կործանած։

Հարուստ ընկերը՝ ծիծաղելով կը պատասխանէ.

-Գիտե՞ս. ես ալ այլ հարուստներու նման կրնամ կործանիլ։ Դրամը բոլորիս անխտիր կը սպառնայ, բայց մէկ պայմանով՝ եթէ մենք անոր անձնատուր ըլլանք։ Երբ Աստուած ամէն բան ստեղծեց. երկիրը իր ողջ ունեցուածքով. հարստութիւնով մարդոց համար ստեղծեց եւ ոչ թէ մեզ հարստութեան համար ստեղծեց: Ուշադրութիւն դարձուր. մեծ տարբերութիւն մը կայ. թէ ով որո՞ւ համար է եւ ո՞վ՝ որո՛ւ պէտք է ծառայէ: Ծառան միշտ իր տիրոջ կամքը կը կատարէ։ Աստուած մեզ երկրի վրայ իշխան դրած է եւ հարստութիւնը պէտք է մեզի ծառայէ եւ մեր կամքը կատարէ։ Իսկ եթէ հակառակը տեղի ունենայ եւ դրամը մեզ իշխէ՝ այն ատեն դրամը մեզ կը գերեվարէ, իսկ մենք մարդ ըլլալէ կը դադրինք։

Սիրելի՛ ընթերցող, դրամին տեղը գրպանն է։ Ան պէտք չէ մտքիդ կամ սրտիդ մէջ պահուի, այլ՝ գրպանիդ մէջ։ Մտքովդ բարի, ճիշդ եւ հանճարեղ գաղափարներ յղացիր, իսկ գրպանիդ պարունակութեամբ՝ դրամով այդ լուսաւոր մտքերդ իրականացուր ու կեանքի կոչէ։ Ժան Ժագ Ռուսօ կ՚ըսէ. «Այն դրամը, որուն կը տիրես, ազատութեան գործիք է։ Իսկ այն դրամը, որուն ետեւէն ինկած ես՝ ստրկութեան գործիք է»։ Դրամը չար կամ բարի նպատակներու համար օգտագործողը դուն ես եւ ոչ թէ գրպանդ։ Դրամդ քո՛ւ ծառադ է եւ կամքէդ կախեալ է։ Անոր ստրուկը մի՛ դառնար եւ իր կամքը մի՛ կատարեր։ Միշտ մտաբերէ՛, որ նիւթական արժէքները նիւթին հետ կ՚անհետանան, բայց դիզած հոգեւոր արժէքներդ մնայուն ու յաւիտենական են, որոնց համապատասխան պիտի ստանաս քու վարձատրութիւնդ։ Տունդ, ստացուածքներդ, հարսութիւնդ, կալուածներդ այս աշխարհին կը պատկանին։ Փորձէ գանձ դիզել երկնքի մէջ եւ ո՛չ թէ երկրի վրայ։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2017