ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՄԱՍԻՆ

Յունիս ամսուն ընթացքին, առիթը ունեցանք այցելելու Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէն ու աւելի մօտէն ծանօթանալու տեղւոյն հայկական գաղութին, որ ունեցած է յիշատակելի եւ պատուական անցեալ մը:

Եգիպտահայ գաղութը կը նկատուի Միջին Արեւելքի հնագոյն եւ կարեւորագոյն հայկական գաղութներէն մէկը, որ արդէն լաւապէս կազմակերպուած էր Մեծ Եղեռնի նախօրեակին եւ իր նպաստներով ձեռք երկարած՝ նոր կազմակերպուող իր քոյր գաղութներուն:

Օրինակներով խօսելու համար՝ կ՚արժէ յիշել, թէ 1906-ին Գահիրէի մէջ է որ կը հիմնուի Սփիւռքի գլխաւոր կազմակերպութիւններէն՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), որ մեծապէս կը նպաստէ 1909-ի Կիլիկիոյ աղէտէն տառապած հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Նոյնպէս, Գահիրէի մէջ է որ կեանքի կը կոչուի ատենի հայկական քաղաքական կարեւոր կազմակերպութիւններէն Հայ սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութիւնը, 1908-ին: Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կը հիմնուի Գահիրէի մէջ 1928-ին ու ապա կ՚անցնի Լիբանան:

Այս բոլորին կողքին, եգիպտահայ գաղութը ունեցած է յիշատակելի դէմքերու շատ երկար շարք մը: Պատմութիւնը ասպարէզ ընտրած ըլլալով, մեծ հրճուանք էր այցելել այս մեծ դէմքերէն երկուքին շիրիմները, որոնք արժանի են ամէն յարգանքի:

Եգիպտահայ երեւելի դէմքերէն ոմանք ուղղակիօրէն մեծ ազդեցութիւն ունեցած են լիբանանահայ գաղութին կազմաւորման գործընթացին վրայ: Օրինակի համար, 1931-ին Միհրան Տամատեան եւ Ճանիկ Չաքըր այլ ազգայիններու կողքին կը դառնան Պէյրութի մէջ կազմաւորուող Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան հիմնադիրներէն: 1937-ին, Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը կը հիմնուի նաեւ Միհրան Տամատեանի ջանքերով:

Վերոյիշեալները մէկ փոքր մասն են, եգիպտահայ գաղութի անցեալին, սակայն պիտի բաւարարուինք այսքանով ու սկսինք խօսիլ անոր ներկային մասին:

Ներկայիս Գահիրէի Հելիոպոլիս կոչուող արուարձանը կը նկատուի եգիպտահայութեան սիրտը: Այդ շրջանը եղաւ մեր այցելութեան գլխաւոր վայրը: Հելիոպոլիսը հիմնուած է պեժիացի Պարոն Էմփէնի եւ եգիպտահայ Պօղոս Նուպար Փաշայի կողմէ: Հոն մինչեւ օրս կը հանդիպինք անոնց շքեղ պալատներուն: Անցեալին եղած են նաեւ մեծ թիւով հայեր Զակազիկի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ, սակայն առաջինին մէջ ներկայիս հայկական գաղութ գոյութիւն չունի իսկ վերջինիս հայութեան թիւը նուազած է:

Հելիոպոլիսի մէջ հաստատուած են հայկական զանազան մարզական ակումբներն ու մշակութային միութիւնները: Հոն կը գտնուի ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի շրջանային յանձնաժողովին կեդրոնատեղին, ՀԲԸՄ-ի «Չաքըր» մշակութային կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Բարեգործականի ՀՄԸՄ-Նուպար մարզական թեւը: Այդ շրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ ՀՄԸՄ-Արարատը, «Կոկանեան» սրահը: Եգիպտահայ գաղութը կը շարունակէ ունենալ իր զանազան թերթերը, ինչպէս՝ «Արեւ»ը, «Ջահակիր»ը, «Յուսաբեր»ը, «Տեղեկատու»ն եւ «Արեգ»ը:

Գահիրէի կեդրոնը կը գործէ նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանը, որ գոյութիւն ունեցած է Օսմանեան ժամանակաշրջանէն: Առաջնորդարանը կարեւոր դեր կը խաղայ հայ երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ կարիքաւորներուն նպաստելու գործընթացին մէջ: Ան կրթանպաստներ տալով, առիթը կ՚ընծայէ հայ ուսանողներուն, որպէսզի կարենան իրենց բարձրագոյն ուսումը ստանան երկրի տարբեր համալսարաններէ ներս:

Լիբանանահայ նման կազմակերպութիւններ աւելի նուազ ջանք կը թափեն այս առընչութեամբ, հետեւաբար լիբանանահայ երիտասարդները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ դժուարութիւններ՝ իրենց բարձրագոյն ուսումը ստանալու ճամբուն վրայ:

Առաջնորդարանին հովանիին տակ կը գործէ նաեւ Ազգային Նուպարեան-Գալուստեան վարժարանը (անցեալին անջատ վարժարաններ), որ ձրիաբար կ՚ընդունի հայ աշակերտներ: Միեւնոյն ժամանակ, այս վարժարանը կը մէկտեղէ գաղափարական տարբեր հակումներ ունեցող ընտանիքներու զաւակները եւ այս ձեւով վարժարանը կարեւոր դեր կը խաղայ եգիպտահայոց համախոհութեան եւ համերաշխութեան մէջ: Փափաքելի է, որ լիբանանահայ գաղութն ալ ազդուի այս երեւոյթէն:

Ի տարբերութիւն լիբանանահայ գաղութին, եգիպտահայութիւնը աւելի եւս համարկուած է տեղւոյն արաբական/իսլամական միջավայրին հետ: Օրինակի համար, Ռամազանի տօնին առթիւ ՀՄԸՄ-Արարատ ակումբը կազմակերպած էր «իֆթար» մը, ի պատիւ եգիպտացի բարձրաստիճան հիւրերու եւ լրագրողներու:

Հակառակ իր ունեցած բոլոր հպարատալի եւ պանծալի երեւոյթներուն՝ համեստութիւնը, ազնուութիւնը եւ պարկեշտութիւնը եգիպտահայութեան գլխաւոր իւրայատկութիւններէն են:

Հելիոպոլիս կեցութեանս ընթացքին, հանդիպումներ ունեցանք նաեւ եգիպտահայ գաղութի ղեկավար դէմքերու հետ. ինչպէս՝ տեարք Պերճ Թերզեանի, Օննիկ Պըլըքտանեանի, Տքթ. Վիգէն Ճիզմէճեանի, եւ անոնց ազնիւ տիկիններուն: Այցելութիւն մը տուինք նաեւ եգիպտահայ մեծանուն ու նշանաւոր երգիծանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի ընտանիքին, որ նոյնպէս կը բնակի Հելիոպոլիս: Այդտեղ ապրեցանք յիշատակելի պահեր եւ ունեցանք անբացատրելի զգացումներ՝ տեսնելով Սարուխանի գեղարուեստական գործերը կախուած տան պատերէն, որ կենդանի կը պահէր Սարուխանը թէեւ 40 տարիներ անցած են անոր մահէն:

Եգիպտահայ գաղութը ունի նաեւ խոստմնալից երիտասարդ ուժեր: Անոնցմէ մէկն է Միացեալ Թագաւորութեան Օքսֆորտ համալսարանի շրջանաւարտ եգիպտաբան Տքթ. Արթօ Պըլըքտանեանը, որուն առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ այցելեցինք Կիզէի հրաշալի բուրգերը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի Ազգային թանգարանը, ուր ծանօթացանք Եգիպտոսի հեռաւոր անցեալին: Տքթ. Պըլըքտանեանի շնորհիւ Փառաւոնական Եգիպտոսի մասին ընկալեցինք բազմաթիւ հետաքրքրական գիտելիքներ: 

Այդ օրերուն Եգիպտոս էր նաեւ Լիբանանէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որ Բարեգործականի «Չաքըր» մշակութային կեդրոնէն ներս զրոյց մը վարեց «Հայկական ինքնութեան» մասին: Իր շահեկան «բազմախօսութիւն»ը խորապէս հետաքրքրեց եգիպտահայ գաղութի անդամները:

Հայկական այլ գաղութներու նման, ներկայիս եգիպտահայ գաղութն ալ կը դիմագրաւէ իր գոյութիւնը պահելու դժուարութիւններ: Օրինակի համար՝ Ազգային Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանէն ներս կան հայերէն դասաւանդելու դժուարութիւններ, նկատի ունենալով, որ մատղաշ հայ սերունդը մասնաւոր հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր լեզուին հանդէպ:

Ասոր կողքին, օտար (հայ-իսլամ) ամուսնութիւններու թիւը օրէ օր կը բարձրանայ, որ դարձեալ մեծ մտահոգութիւն մըն է եգիպտահայ ղեկավարութեան: Նկատի ունենալով որ կան հայ մայրեր, որոնք կ՚ուզեն իրենց «արաբ-իսլամ» զաւակները արձանագրել Ազգային Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանը: Սակայն, այս մէկը ընդհանրապէս չ՚իրագործուիր, որովհետեւ գաղութի ղեկավարութիւնը այս քայլը կը նկատէ վտանգ մը՝ վարժարանի հայկական ինքնութեան:

Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական անձուդարձները դարձեալ կը վտանգեն գաղութի գոյութիւնը: Օրինակի համար՝ 2011-ի Եգիպտական Յեղափոխութենէն ետք որոշ թիւով հայեր ձգած են երկիրը, երբ իսլամամէտները իշխանութեան գլուխ անցան նախագահ Մուրսիի ժամանակաշրջանին: Իր կարգին հայերու թիւի նուազումը կը վտանգէ գաղութի կալուածները, որովհետեւ պետութիւնը իրաւասութիւն կ՚ունենայ իր ձեռքը երկարելու եգիպտահայոց Առաջնորդարանի կալուածներուն վրայ:

Կը թուի, թէ եգիպտահայ գաղութը կ՚ուղղուի դէպի անորոշ ապագայ:

Այս այցելութիւնը առիթը ընծայեց տեսնելու Եգիպտոսի տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ մօտէն շփուելու եգիպտահայ գաղութին հետ ու ծանօթանալու անոր ապրելաձեւին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2017