ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ. ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԹԷ՞ ԱԶԳԱՅԻՆ

Ցատկելով մեքենաշարժ նաւուն վրայ, պիտի բարձրանայի վերի յարկ, եթէ օրը արեւոտ էր։ Ուղղութիւնս դէպի Պոլսոյ Ասիական ափը պիտի ըլլար։ Սպիտակ պոչ մը թողելով իր ետին, նաւը պիտի հատէր կապոյտը Վոսփորին։ Տասնհինգ-քսան վայրկեան ետք պիտի իջնէի Սկիւտարի ափը, անմիջապէս զգալով, որ եկած եմ Արեւելք։ Սկիւտարը աւելի արեւելեան է ոչ միայն աշխարհագրականօրէն, այլ նաեւ իր մշակոյթով, գոյներով, մարդոցմով։

Մօտ քառորդ ժամ ալ հանրակառքով պիտի բարձրանայի բլուր, եւ իջնէի Սկիւտարի հայկական գերեզմանատան մօտերը։ Մտովի բարեւելով Դուրեանին (շիրիմը այցելած էի արդէն մէկ-երկու անգամ), ետիս պիտի թողէի հանգստավայրը անոր եւ արդէն ոտքով ուղուէի դէպի եկեղեցի, հոն ուր հայ քրիստոնեայ քահանան ու մկրտուիլ ցանկացող մի քանի ալեւի հայեր կը հանդիպէին շաբաթը երկու անգամ։ Արդարեւ, այդ էր այս ուղեւորութիւններուս նպատակը. հետեւիլ ալեւի հայերու յաճախած քրիստոնէական դասընթացքներուն, տեսնել իրենց շփումը քահանայի եւ անոր միջոցով Հայ Եկեղեցւոյ ու համայնքի հետ, հասկնալ երկու կողմերու հետաքրքրութիւններն ու ակնկալիքները այդ գործընթացէն։

Երբ նախապէս հանդիպած էի քահանային, ազնիւ ու համեստ մարդ, լսած էի իրմէ այն մասին թէ՝ «հիմա նոր-նոր տերսիմցիները մեր քով կու գան կոր, բայց հաւատքի ձեւով չէ… հաւատքի տեսակէտէն չէ… կու գան կոր միայն հայ համայնքին միանալու համար, հայ ինքնութիւնը կրելու համար։ Այսինքն իրենց դառնալը (մկրտուիլը) հայ դառնալու համար է, ոչ թէ քրիստոնեայ»։ Քահանան այդ խօսքերը կ՚ըսէր անթաքոյց մտահոգութեամբ ու անհանգստութեամբ. «իրականութեան մէջ ասիկա ընդունելի չէ… որովհետեւ մենք եկեղեցի ենք. մենք պետութիւն չենք որ… մեր տուածը քաղաքացիութիւն չէ որ… մեր տուածը հաւատք է»։

Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ազգի ծառային համար, ինչպէս քահանան կը բնորոշէ ինքզինք, այդ դասընթացքներուն հիմնական նպատակը խնդրոյ առարկայ անձինքը բառին բուն իմաստով քրիստոնէացնելն է. «եւ իրենց ալ կ՚ըսեմ կոր… դաս առնէք մկրտուիք եւ գործը լմննայ չէ՛ մեր ըրածը. մեր ըրածը կրօնքը ընդունիլ եւ փրկութիւնը առնելն է. Աստուծոյ զաւակ ըլլալն է»։

Ալեւիական միջավայրէ եկած տերսիմցի աշակերտներուն մօտեցումը իրապէս տարբեր է սակայն։ Եկեղեցւոյ կից սենեակին մէջ անցկացուող դասաժամերէն մէկուն ընթացքին, երբ քահանան յայտնեց իր կարծիքը, վերջերս հարցազրոյցով մը իր կեանքի եւ ինքնութեան մասին պատմած սասունցի մահմետական հայու մը մասին, տերսիմցի աշակերտներէն մէկը չկրցաւ զսպել ինքզինք եւ զուսպ բայց ինքնավստահ կերպով յայտնեց իր կարծիքը։ Քահանան ըսած էր. «Էհ ի՞նչ եղաւ այսինքն, Հայաստան գացեր է, հայերէն սորվեր է, բայց միւսլիւման եմ կ՚ըսէ… ի՞նչ հասկցանք։ Ինծի մնայ նէ աւելի լաւ կ՚ըլլար Տիարպաքըր մնար, քիւրտ մնար, բայց քրիստոնեայ ըլլար»։

Այդ պահուն էր, որ տերսիմցի կինը միջամտեց. «ո՛չ, մեզի համար այդ հայկական ինքնութեան հարցը շատ կարեւոր է, աւելի՛ կարեւոր քան կրօնականը... որովհետեւ տարիներով չենք կրցած յստակ գիտնալ ու պատկերացնել, թէ ի՛նչ ենք։ Հոն, անոնց մէջ, քիւրտ չե՛ս, քեզ որպէս այդպիսին չե՛ն ընդունիր. հա՛յ ես, անընդհատ երեսի՛դ կը զարնեն։ Հոս կու գաս, պոլսահայոց մօտ, այս անգամ ալ որպէս հայ չեն ընդունիր… քիւրտ ես կ՚ըսեն։ Ասանկ կորսուած վիճակի մը մէջ ենք։ Տղաս, օրինակ, փոքր տարիքին շատ կը նեղուէր… անգամ մը ըսաւ. մամա ի՞նչ է ասիկա… ես քիւրտ եմ ըսեմ՝ գէշ աչքով կը նային, հա՛յ եմ ըսեմ՝ աւելի գէշ աչքով կը նային… էհ ես ի՞նչ եմ, ի՞նչ պիտի ըսեմ ընկերներուս»։

Ազգային ինքնութեան հարցը այնքան այժմէական եղած է եւ է այս մարդոց համար, եւ պատկանելիութեան պղտորութիւնը տեղէ մը սկսեալ այնքան նեղացուցիչ, որ որոշած են միանգամընդմիշտ «սրբագրել պատմական սխալը», ինչպէս ըսած էր անոնցմէ մէկը, եւ յստակօրէն տեղաւորուիլ ազգային ստորոգութեան մը մէջ։ Այլ խօսքով՝ մկրտուիլ, դառնալ հայ քրիստոնեայ, եւ այդպիսով պաշտօնապէս եւ ամբողջապէս ճանչցուիլ որպէս հայ, թէ՛ պետութեան կողմէ եւ թէ հայ համայնքին։

Քահանան միշտ ալ հասկացողութեամբ ու յարգանքով կը մօտենար այս մարդոց։ Այնուամենայնիւ կը մնար ամրօրէն կառչած իր հաւատքին ու սկզբունքներուն։ Անգամ մը նոյն այդ կնոջ ըսաւ. «որքան ալ դուն ըսես, որ ինքնութեա՛ն փնտռտուք մըն է ըրածդ, եւ որ հայութեան վերադառնալու համար կ՚ընես կոր այս ամէնը, անանկ չէ՛. Սուրբ Հոգին է քեզ հոս բերողը»։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019