ԹԵՔՆՈԼՈԺԻ՞Ն, ԹԷ ԲՆԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Եթէ փորձենք արագօրէն վերաքաղ մը ընել մարդկային պատմութիւնը եւ անկէ եզրակացնել, թէ մարդուն անհատական ու հաւաքական զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը ինչպէ՞ս իրագործուած են, կը տեսնենք, որ միշտ գիտութիւնն էր հիմնական շարժիչ ուժը այդ զարգացումը ապահովելու համար: Բնականաբար, այս յօդուածի հարցումը իր պատասխանը պիտի գտնէ նոյն այս եզրայանգման մէջ, թէ գիտութիւնը եւ անոր ընծայած հնարաւորութիւններն ու թարգմանուած շօշափելի արդիւնքները (մեր նշումով հոս՝ արդի աշխարհին բնորոշող-թեքնոլոժին) ամենակարեւոր հանգանակն է ներկայիս, նաեւ միշտ զարգացում, յառաջդիմութիւն ու բարօրութիւն արձանագրելու:

Այս պարունակով ու պատկերացնելու համար գիտութեան դերը մարդկային հաւաքական կեանքին մէջ, կարեւոր է դիտարկել, որ նոյն մարդկային կազմակերպուած կեանքն ու ապրելակերպը ամենալիակատար ձեւով միշտ կայացած ու դրսեւորուած է քաղաքական տարազով, այսինքն առանց պետութիւններու, կայսրութիւններու, թագաւորութիւններու եւ միւս քաղաքական միաւորներու, մարդկային կազմակերպուած կեանքը չէ ընթացած եւ ինչ բան աւելի կարեւոր է՝ այդ կեանքը ներկայանալի չէ ոչ ալ վաւերական, պատմելի-ուսանելի, քաղաքակրթական ու պահուած-պատմականացած, եթէ չըլլայ քաղաքական կողմը հաւաքական կեանքին: Ուստի, նոյն քաղաքական կողմն է գիտութեան ներկայացման միջոցը եւ այսպէս ըսած՝ անոր ծրարաւորման տարազը եւ հասանելութեան ու կատարողութեան կերպը:

Բնականաբար այն հաւաքականութիւնները-ժողովուրդները եւ անոնց յառաջացուցած պետութիւններն ու կայսրութիւնները առաւելութիւններու հասած են ուրիշներու նկատմամբ, երբ ձեռք ձգած են գիտական ու անկէ բխած ռազմական միջոցներ: Միջոց էր, օրինակ, երկաթի գիւտը եւ անոր իւրացումն ու օգտագործումը, որ բեմ հանեց նոր դասակարգեր եւ նոր ուժեր իրենց կազմած զէնքերով: Նոյնպէս ոսկին իր պարգեւած առաւելութիւններով, նոյնպէս ածուխը, հասնելով նիւթերու հետ կապուածութենէն անդին արտադրողական յեղափոխութեան եւ մեր ժամանակներու թեքնոլոժիք յեղափոխութեան:

Գիտութիւնը ըլլալով ստեղծագործական հետազօտում, յետոյ գործ ու արարք, ինչքան որ կարիքն ունեցած է աջակցութեան ու հովանաւորութեան եւ քաղաքական կազմակերպուած տարազէ մը որդեգրման, միշտ չէ որ նոյն մեծ քաղաքական կազմակերպուածութիւն ձեռք բերած պլոքներն ու կեդրոնները կրցած են արտադրել գիտութիւն: Երբեմն գիտութիւնը արդիւնք չէ մեծ կայսրութիւններու ու քաղաքական կառոյցներու եւ անոնք գիտութեան կեդրոն ու գիտութիւն արտադրող չեն եղած ինքնին: Այս կէտին հարց մը ինքզինք կը պարզէ՝ գիտութիւն (արդի յապաւումնով թեքնոլոժի) արտադրող պետութիւններն ու ուժերը աւելի արդարացիօրէն իրաւունքն ունի՞ն նախ տնօրինելու միջազգային համակարգումն ու վարչարարութիւնը, ապա (ինչ որ առարկայական է) բնական հարստութիւններու ճիշդ օգտագործումի կատարումը: Օրինակ՝ ափրիկան կամ որեւէ ցամաքամաս եւ կամ նոյնիսկ անջատ երկիրներ կրնան ունենալ մեծ բնական հարստութիւններ եւ միջազգային ու մարդկային օրէնքով այդ հարստութիւնը անոնց սեփականութիւնը կրնայ համարուիլ (ինչպէս՝ նաւթը, կազը եւ այլն), բայց երբ այդ տարածքներն ու երկիրները չունին գիտական հեքն ու անկէ բխած միջոցները՝ ինքնեկ հանելու-մշակելու եւ միջազգայնօրէն իրենց սեփական կարգով ու մոտելով տարածելու-ծախելու այդ բնական հարստութիւնները, ինքնին անիմաստ կը դառնան նոյն այդ բնական հարստութիւնները տուեալ երկիրներուն համար:

Օրինակ՝ մեր ներկայ աշխարհին մէջ եթէ երկիր մը շատ աղքատ է թեքնոլոժիով՝ բնականաբար ան չի կրնար հարուստ ըլլալ միայն բնական հարստութիւններով: Հին դարերուն արդէն իսկ տարածքներ գրաւելը ոչ միայն պետութեան կազմութեան միջոց էր, այլ նոյնինքն հարստանալու, յետոյ ենթարկեցնելու միջոց։ Անցեալ դարերուն մէջ չենք կրնար մատնանշել գիտական կեդրոններ անջատ մեծ կայսրութիւններէ (անկախ թէ զարգացած էին անոնք կամ ոչ), քանի միջազգային յարաբերութիւնները այդ ժամանակ չէին կազմուած պզտիկ տարածքներէ, իսկ հիմա Լիւքսեմպուրկ, Լիխթընշթայն, Սինկափուր ու Տուպայի մը կրնան հրաշքներ գործել, համատեղելով թեքնոլոժին ճիշդ վարչարարութեան ու բնական հարստութիւններու ճիշդ օգտագործման հետ:

Բնական հարստութիւնները ներկայ դարուս այլեւս չափանիշ չեն եւ կամաց-կամաց աւելի պիտի խամրի անոնց կարեւորութիւնը (ինչպէս անոնք անցեալ դարերուն հանդիսացած են իբրեւ ուժի մեծ աղբիւրներ, գերակայութեան ու կամք պարտադրելու): Շատ կը խօսուի ապագայ աշխարհի ձեւին մասին եւ թէ այս թեքնոլոժիք յառաջդիմութիւնը ինչպիսի՞ աշխարհ կրնայ ստեղծել: Բնականաբար տասնեակ պատկերացումներ ու տեղ մըն ալ նպատակներ կան շատ մը կողմերու ու գերտէրութիւններու կողմէ, բայց յստակ է, որ ուժն ու կարողականութիւնը թեքնոլոժիին մէջ է: Բազմաթիւներ կը մոռնան մեր ներկայ թեքնոլոժիք յեղափուխութիւնը եւ անոր կատարողները, սակայն փաստ է, որ մեր ներկայ կեանքը մէկ երկվայրկեան իսկ առանց այդ թեքնոլիժիին կը համարուի անբան, անկապ ու անպիտան: Հոս վստահաբար պարզ կեանքի ու նախնական ապրուստի ջատագովները ըսելիք ունին։ Այո, շատ մը տեղեր նախնական մարդկային կեանքը ունի իր առաւելութիւնները ամէն բնագաւառի մէջ, բայց եւ այնպէս, նոյն ամենացանկացողները այդ կեանքը ապրելու, դժուար թէ (նախ թեքնիքապէս) վերադառնան այդ կեանքին:

Հաւանաբար հռոմէական կայսրութիւնը, որ տեւեց հազար տարի, կը համարուի ամենագիտակեդրոն ու գիտութիւն արտադրող կայսրութիւնը մարդկային պատմութեան մէջ (ժամանակային յարաբերական նուաճումներով) եւ համեմատելով զայն ուրիշ կայսրութիւններու եւ անոնց տարիքին հետ: Եւ այստեղ կարեւոր է յիշել, որ քաղաքակրթական արժէքի ստեղծումը կը զուգակցի ու կը բնորոշուի միշտ գիտութիւն տալու եւ ստեղծարարութեան հետ, որոնք քաղաքակրթական կը դարձնեն որեւէ երկիր ու մանաւանդ կայսրութիւն: Ներկայ ժամանակներուն ինչքան ալ համամիտ չըլլանք կատարուած քաղաքականութիւններուն ու տնտեսական տնօրինումներուն, յստակ է, որ գիտութիւնը (թեքնոլոժին) ինչքան ալ ապակեդրոն եղաւ եւ մարդկային սլացքը ոչ տեղային, աշխարհը ունի գիտական կեդրոններ, որոնք կը ղեկավարեն աշխարհի յառաջդիմական ընթացքը եւ ուղղութիւն կու տան անոր:

Այո՛, ներկայիս արեւմուտքը առանձնացաւ մարդկային թեքնոլոժին արտադրելու եւ հունաւորելու մէջ եւ առանց բնական հարստութիւնները վերածելու հիմքի ու մեկնակէտի, այլ ղեկավարելով նոյն այդ հարստութիւնները թեքնոլոժիով։ Մինչ այդ, նոյն արեւմուտքը կրցաւ հասնիլ առաւելութեան եւ տանիլ աշխարհը դէպի յարաբերական բարօրութիւն, ի հեճուկս նախկին դարերուն. այս կէտին ձեւով մը անոր մեղքերը կը քաւուին բաղդատած, այսպէս ըսած, ոչ-գիտական տարածքներու եւ երկիրներու:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

22 մայիս 2022

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2022