ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (25)

«Լսում եմ...»

Յանկարծ իր ուղղութեամբ դարձեր էր աղջիկը։

Աննկարագրելի բան մը շարժեր էր մէկէն Զանայի ներսիդին։ Ահա հիմա, վերջապէս, աչքին առջեւ կը տեսնէր դէմքն անոր մօտէն։ Ընդամէնը քայլ մը կը բաժնէր զիրենք։

Կանաչի յարող աչքեր, նշաձեւ, խոշոր։ Խիտ սեւ յօնքեր, աչքերուն հմայքն իրենց տակ շեշտադրող, վեր հանող, ընդգծող։ Երկար ու իւրայատուկ քիթ մը, ողորկ ու փայլուն, կ՚իջնէր դէպի բերանը... կարմիր. կարմիր. կարմիր։ Շրթունքները կիսաբաց, թեթեւ պրկումով մը դողդղալէն-դողդղալէն իրմէ պատասխանի կը սպասէին։

«Լսում եմ..»

Իրաւ ալ։ Ի՞նչ ըսեր Զանան։ Ինչո՞ւ կանգնեցուցեր էր զինք։ Ինչո՞ւ նախ շշնջացեր, յետոյ կամաց-կամաց աւելի բարձր արտաբերեր էր իր «կը ներէք»ը, որ կանգնեցուցեր ու դարձուցեր էր աղջիկը։

«Բարեւ... բարեւ ձեզ...»

Յանկարծ աղջկան արտայայտութիւնը կտրուկ փոխուեցաւ։ Հաճելի ժպիտ մը ինկաւ քիթէն վար, կախուեցաւ բերնին։ Զանայի շեշտը գործը տեսեր էր...

-Բարեւ ձեզ... օտարերկրացի՞ էք...

-Բարեւ ձեզ... այո

-Իրանցի՞

-... Այո...

-Ասէ՛ք, ինչո՞վ կարող եմ օգնել...

Ինչո՞վ կրնար օգնել։ Մէկը ըլլար, իրապէս, որ օգնէր Զանային։ Մէկ կողմէ ներսէն բան մը, ուժեղ հետաքրքրութիւն մը, ցանկութիւն մը նոյնիսկ կը շեղէր իր կեդրոնացումն ու զինք կը մղէր ամէն ինչ ընելու, որ այդ պահը երկարէր... միւս կողմէն, սակայն, խօսիլ էր պէտք։ Ի վերջոյ ինչո՞ւ կանգնեցուցեր էր աղջկան. խենթ չէր, չէ՞...

-Օփերան...

-Օպերա՞ն

-Ո՞ր կողմ... ինչպէ՞ս գնալ...

Աղջիկը թեթեւ մը խնդալով, Զանայի շփոթմունքէն ակնյայտօրէն հրճուած, մինչեւ արմուկը փակ թեւը բարձրացուց վեր, ցոյց տուաւ ուղղութիւնը դէպի Մաշտոց։

-Ուղիղ իջէ՛ք, ձախ թեքուէք ու բարձրացէք... որ շատ քայլէք, աջին կը տեսնէք...

Շփոթած եւ ամօթխած արագ մերսի մը նետեց Զանան բերանէն, աչքերը վար կախեց ու կտրուկ դարձաւ ետեւ, սկսաւ քալել դէպի... իբր թէ Օփերա։ Գէշ կը զգար։ Ամչցած էր ծայր աստիճան։ Անիմաստ բաներով ինչո՞ւ կը վատնէր ժամանակը, ինչո՞ւ ծաղրի առարկայ կը դառնար, կը մտածէր ան հիմա։ Հասկցե՞ր էր արդեօք աղջիկը։ Պիտի որ հասկցած ըլլար... հասուն էր... ակնյայտօրէն մի քանի տարի մեծ էր իրմէ, բան մը որ յուսախաբութեան յաւելեալ պատճառ էր ահա։ Ի՜նչ անհեթեթ երազներ կապեր էր մտքին մէջ ինք ալ... որ տարեկից կրնային ըլլալ... որ աղջիկը կրնար հաւնիլ իրեն ու հետը զրուցել ուզել... որ, որ, որ, որ...

-Կը ներէ՛ք

Այս անգամ ան էր։

Քարացան ոտքերը Զանային։ Թուքը կուլ տուաւ, շունչ մ՚ առաւ խորունկ. դանդաղ, կամաց դարձաւ ետեւ։ Գեղեցկագոյն պատկերն արեւու վերջին շողերուն տակ կը ճառագայթէր։

-Հայերէն ո՞նց գիտէք։

-...Սո... սովորում եմ...

-Որտե՞ղ։

-... Մզկիթ... շէյխը...

Աղջիկը մտածկոտ նայեցաւ Զանային։ Լաւ մը քննեց զինք կարծես։ Ու ակնյայտ տատամսումէ ետք, մէջը կարծես համարձակութիւն գտած՝ ըսաւ.

-Կ՚ուզէ՞ք օգնեմ...

Զանայի բերանը եօթ կղպանքով փակեցին։ Լեզուն փակաւ բերնի յատակին։ Այսի՞նքն... օգնէ՞ր։ Աղջիկը շարունակեց.

-Եկէ՛ք նորից հանդիպենք... ես ձեզ հայերէն սովորացնեմ, դուք էլ իմ պարսկերէնին կ՚օգնէք... հա՞։

Եւ պարսկերէնով մը, կոտրած այնքան ինչքան հայերէնն էր Զանային, ըսաւ, թէ ինք ալ, զուգադիպաբար, ա՛յդ լեզուի ուսանող էր։

Մեկնեց ձեռքը դէպի Զանան.

-Նորա՛…

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020