ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

Տան անկիւնները կը խուզարկէ, կարծես ներքուստ անհանգիստ՝ բան մը կը փնտռէ:

Փոշեկուլը ձեռքը առած լաւ մը կը մաքրէ յատակները, կը դիտէ կեղտերուն կլլուիլը, թէ ինչպէ՞ս հովին զօրութեամբ կը քաշուին անոնք բջիջ առ բջիջ, կը վերանայ հին, բոյն դրած փոշին, կ՚անհետանայ նեխածը, կը մնայ մաքուրը:  Չի նկատեր, թէ ինչպէ՞ս անհանգիստ դէմքը կը կերպարանափոխուի զուարթ ժպիտով:

Մաքուրին տեսքով քաջալերուած կը շարունակէ. պահարաններուն փեղկերը կը բանայ, հին հագուստները, յուշերով ծանրացած կտորները մի առ մի դուրս կը հանէ հոնկէ, առանց անդրադառնալու կը շարունակէ ընթացքը, մինչեւ որ, պահարաններուն վերջին փեղկին պարունակութենէն վերջին հին կտորը դրած պահուն, կը նկատէ որ դէզ մը գոյացած է իր ձախ կողմը: Դէզ մը, որ իր ունեցածներուն գրեթէ մեծամասնութիւնը կը պարունակէ:

Պահ մը հրաժեշտ տուածի տեսքով կը դիտէ զանոնք վերյիշելու համար անոնց հետ առընչուող ամէն ինչ, բայց իսկոյն կը վրդովի՝ «յեղափոխութի՛ւն, պատերա՛զմ, պարտութի՛ւն» կը կրկնուին մտքին մէջ եւ յուշերէն ցաւը քաշել հանելու, թափելու հսկայ միտքը կը կանգնի իր խիզախութեամբ եւ կոյտը տեսողութենէն հեռացնելու համար կը տեղաւորէ աղբի մեծ տոպրակներու մէջ, ապա դարձեալ կը բանայ պահարանը, աչքը կը յագեցնէ անոր մաքուր ու կոկիկ տեսքով եւ մահճակալին վրայէն նոր տոպրակներուն մէջէն հանելով կը տեղաւորէ պահարանին մէջ՝ վերնաշապիկ մը եւ տաքուկ գիշերանոց մը:

Տարուան մը ընթացքին սորված դասին քննութիւնը գերազանց յանձնածի մը գոհունակութիւնը կը համակէ ամբողջ էութիւնը: Տարի մը, որուն ընթացքին օգտագործուած հագուստը մի քանի անհրաժեշտ կտոր էր միայն, բան մը որ կը թելադրէ անհրաժեշտութիւնը եւ կը վերացնէ ձեւականութիւնը: Բան մը, որ կը հաղորդէ արտաքինին անկարեւորութիւնը եւ ներքին փայլքին ոչ մէկ առընչութիւն ունենալը անոր հետ, նիւթականին սնանկութիւնը հոգեւորին արժէքին դիմաց:

Իւրաքանչիւր անկիւնի, սենեակի մաքրութենէն վերջ թեթեւցած, ծանրութիւնը թօթափած, աշխուժացած, ժպիտը կրկնապատկուած կ՚անցնի յաջորդին, ապա կը հականեխէ ամէն ինչ՝ տան յատակը, պահարանները, գզրոցները եւ մաքրութեան անուշ բոյրը կը պտըտի տան մէջ:

Հիներուն տոպրակները տան դրան առջեւ դրած պահուն մէկը կը թողու, այն մէկը որ միջանցքի պահարանին մէջն էր, զոր բացած միջոցին մեծ աստղին փայլքը կը թռի սեւ տոպրակէն եւ մաքուր տան հաճելի լոյս մը կը պարգեւէ:

Տոպրակին պարունակութիւնը՝ ծառ խնկենիի պէս կը տեղաւորէ նոր անկիւն մը, աստղը կ՚ամրացնէ գագաթին, ճերմակ, մանրիկ լոյսերով կը պատէ զայն, միայն լոյս:

Լոյսին շողերը կը սփռուին մութ սենեակին մէջ, աստղը կ՚աւետէ նորածին Քրիստոսի աշխարհ գալը, պահ մը, առիթ մը՝ վերածնելու, Սուրբ Ծննդեան խորհուրդով մաքրուելու եւ նորածինի մաքրութեամբ յառաջանալու, կերտելու կեանքը նորովի:

Լուսատու Աւետիսը դիտած պահուն խնկամանէն կը բարձրանայ ծուխը, Աւետիսի երգերը կը լսուին «Youtube»էն աղօթքի պէս.

Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան, աւետիս,

Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս,

Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020