ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Գ.

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Խօսք. «Յովհաննէս պատասխանեց»:

Մեկնութիւն. Նախ գիտելի է, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, որովհետեւ պատասխանը հարցումէն չորս բանով կը զանազանուի. նախ՝ որ հարցումէն ետք է, երկրորդ՝ հարցնողին կամքին համաձայն է, երրորդ՝ հարցումին կարգին համաձայն է, չորրորդ՝ մերժողական կամ հաստատողական է, ինչպէս այստեղ:

Դարձեալ գիտելի է, թէ Յովհաննէսի աշակերտները զՔրիստոս կը բամբասէին՝ կրկնակի պատճառով. նախ՝ թէ Յովհաննէսին գործը յափշտակած է: Երկրորդ՝ որովհետեւ կ՚ըսիէին, թէ Անով Յովհաննէսին անունը կը նուաստանար, այդ պատճառով այտեղ մերժողական եւ հաստատողական պատասխան կու տայ:

Խօսք. «Մարդ ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել» (Յհ 3.27):

Մեկնութիւն. Նախ՝ առաջինը կը մերժէ եւ անոնց հակառակ կը պատասխանէ, թէ ձեր բամբասանքը սուտ է, Ան չի՛ յափշտակեր իմ գործս, որ է՝ մկրտելը: Չորս բանէ յայտնի է.

Նախ՝ որովհետեւ իշխանաբար կը մկրտէ, վերէն՝ Հօրմէն ունի իշխանութիւնը, իսկ ես՝ ծառայաբար, որպէս նախընթաց [կարապետ], եւ ո՛չ իշխանաբար, այդ պատճառով Քրիստոս կատարած գործս չի՛ յափշտակեր ինձմէ:

Երկրորդ՝ դուք ձեզմէ կը վկայէք, այսինքն՝ պարտաւոր էք վկայել, որ ըսի, թէ՝ «ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, ...Անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ» (Մտ 3.11), հետեւաբար յայտնի է, թէ չի՛ յափշտակեր գործս, որովհետեւ այլ է իմ կատարած մկրտութիւնս եւ այլ՝ Իր կատարածը:

Երրորդ, դուք պարտաւոր էք վկայել, երբ ղեւտացիներն ու փարսեցիները հարցնեն. «Ըսի, թէ ես չեմ Քրիստոսը, այլ՝ ղրկուած մըն եմ եւ Անոր ճանապարհը պատրաստող մը» (Հմմտ. Յհ 1.23), հետեւաբար եթէ Քրիստոս կը մկրտէ ու կ՚օծէ, իմ գործս չի՛ յափշտակեր:

Չորրորդ՝ Անիկա Փեսայ է եւ փեսային գործն է վերստին մկրտութեամբ որդիներ ծնանիլ, իսկ ես բարեկամ եմ եւ հարսը չունիմ, եթէ որդի ծնիմ՝ շնութիւն եւ թշնամութիւն է, այդ պատճառով Ան մկրտութեամբ իմ գործս չի՛ յափշտակեր:

Ասիկա մերժողականն է, իսկ հիմա ուրիշ մեկնութիւն մը դնենք մէջտեղը եւ ապա հաստատողականը ըսենք:

ԹԷ ԲՈԼՈՐ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԵՆ

Խօսք. «Ես ինքս ինձմէ ոչինչ կրնամ ընել» (տե՛ս Յհ 3.27):

Մեկնութիւն. Նախ՝ երկու կողմի կը նայի. մէկը՝ Յովհաննէսի կողմը, թէ՝ ես Անոր մասին վկայեցի, ոչ թէ ինքս ինձմէ էր, այլ՝ Աստուծմէ, եւ երկրորդ՝ Քրիստոսի կողմը, որովհետեւ ոչ թէ Ինքն Իրմէ եկած էր փառք որսալու համար, այլ՝ երկինքէն [Աստուծմէ] ղրկուած էր: Դարձեալ, այս խսօքը բոլորին կը վերաբերի, ինչպէս որ Առաքեալն ալ կ՚ըսէ. «Առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ» (Հռ 13.1), քանի որ բոլոր իշխանութիւնները Աստուծմէ են, սակայն ըստ զանազան պարգեւներուն եւ [կատարած] գործին կը տարբերին իրարմէ: Այս ալ կ՚ըսէ. «Մարդ ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել» (Յհ 3.27), այսինքն՝

հոգեւոր գործ կամ հրաշքներ, կամ որեւէ մէկ ուրիշ բան, այլ՝ մարմնաւոր գործեր եւ չարութիւն ինքնիրմէ կրնայ ընել: Դարձեալ, հոգեւոր այն գործը՝ որ Աստուած կամքով կու տայ, իսկ չարերուն ներելով եւ թողութիւն տալով: Եւ կամքով առաջին կամք կ՚ըսուի Աստուած, իսկ թողութիւն տալով՝ երկրորդ կամք: Եւ այդպէս ալ ամէն բան պէտք է տեսնել, եթէ իշխաններ են բարի եւ չար, առաջորդներ են քահանաներ՝ բարի եւ չար, եւ այլն:

ՓԵՍԱՅԻՆ ՈՒ ՀԱՐՍԻՆ ՄԱՍԻՆ

Նախ գիտելի է, թէ միայն Քրիստոս Փեսայ է եւ ոչ թէ Հայրը, կամ Հոգին, որովհետեւ Բանը մարմին եղաւ ու չարչարուեցաւ: Եւ ամբողջ աշխարհին մէջ միայն մարդն է հարս, որ հոգի եւ մարմին է: Իսկ մարդոց մէջ՝ Եկեղեցին Սուրբ, որ հաւատացեալ է եւ սրբուած: Դարձեալ գիտելի է, թէ բազմաթիւ կերպերով կ՚ըսուի, թէ Քրիստոս Փեսան է, իսկ հաւատացելաները՝ հարսը:

Այտեղ տասը կերպ կ՚ըսեմ.

Նախ՝ առաւել սիրոյն համար, որու մասին Ադամ ըսաւ. «Այս պատճառով մարդը իր հայրն ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ հետ երթայ» (տե՛ս Ծն 2.24). եւ Տէրը. «Ոչ ոք այնպիսի սէր ունի, ինչպէս որ Ես Իմ անձս տուի»:

Երկրորդ՝ հարս կը կոչուի, որովհետեւ Տիրոջ կողէն շինուեցաւ:

Երրորդ՝ որովհետեւ երկինքին մէջ Հայրը ձգեց եւ երկրի վրայ՝ մայրը, ու խաչելութեան եկաւ:

Չորրորդ՝ որպէսզի երկուքը մէկ մարմին ըլլան:

Հինգերորդ՝ որովհետեւ հոգեւոր ծնող է:

Վեցերորդ՝ որովհետեւ Ան գլուխն է, իսկ հաւատացեալները՝ անդամները:

Եօթներորդ՝ որովհետեւ մկրտութեամբ զՔրիստոս զգեցանք:

Ութերորդ՝ որովհետեւ հաղորդուեցանք Անոր Մարմինով եւ Արիւնով:

Իններորդ՝ որովհետեւ միայն Ի՛նքն է հարսին Տէրը, որ է՝ մարմանցեալ Բանը:

Տասներորդ՝ որովհետեւ Իրեն հաւասար թագադրելով պսակեց եկեղեցին:

Փեսային եւ հարսին մասին կը գտնես նաեւ Մատթէոսի գլուխին մէջ, երրորդ հատորի համարին մէջ: Ինչպէս նաեւ «Երգ երգոց»ի վեցերորդ համարը հարսանիքի մասին է:

ԲԱՐԵԿԱՄԻ ՄԱՍԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄ

Ինչո՞ւ համար զինք բարեկամ կը կոչէ, իսկ ուրիշ տեղ սպասաւոր ըսաւ:

Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ բարեկամ կ՚ըսէ առաւել խոնարհութեան համար:

Երկրորդ՝ բարեկամ կ՚ըսէ, որպէսզի Քրիստոսի մասին չչարախօսեն:

Երրորդ՝ որովհետեւ աշակերտները նախանձով լեցուած էին Քրիստոսի նկատմամբ, կը փափաքի անոնց սիրտը քաղցրացնել:

Չորրորդ՝ կը կամենայ իր խօսքը հաւաստաիացնել, այդ պատճառով ինքզինք ծառայ չի կոչեր, այլ՝ բարեկամ:

Խօսք. «…ուրախութեամբ կ՚ուրախանայ» (տե՛ս Յհ 3.29):

Մեկնութիւն. նախ՝ այն կ՚ըսէ, թէ վայել է փեսային ուրախակից ըլլալ, երբ կը լսէ, թէ որդիներ կը ծնի, այդպէս ալ ես Քրիստոսի մկրտութեան [մկրտելուն] համար ուրախ եմ, իսկ որ կը կրկնէ ուրախութիւնը [ուրախանալը Անոր ուրախութեամբ], չորս բան կը հասկնանք. նախ՝ բարձրագոյն կը ցուցնէ ուրախութիւնը: Երկրորդ՝ մարմինով եւ հոգիով: Երրորդ՝ Անոր մկրտութեան համար եւ իմ վկայութեանս համար: Չորրորդ՝ Անոր մեծութեան համար եւ ժողովուրդին զԻնք ճանչնալուն համար եմ ուրախ:

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ըսելը՝ «կանգնած է» (Յհ 3.29):

Պատասխան. նախ՝ կը ցուցնէ, թէ իմ վկայութիւնս կատարումը եղաւ: Երկրորդ՝ գործիս կանգնիլը եղաւ: Երրորդ՝ սպասաւորներու շարքին եմ: Չորրորդ՝ կանգնած եմ ու կը լսեմ Անոր ծածուկ խորհուրդն ու բարձր ձայնը:

Խօսք. «Ուրախութիւնս կատարեալ է» (Յհ 3.29):

Մեկնութիւն. նախ՝ վկայութիւնը կ՚ըսէ, որ Քրիստոսի մասին է: Երկրորդ՝ սպասաւորութիւնը կ՚ըսէ, կատարեալ է: Երրորդ՝ ժամանակս եւ ամէն բան իր լրումին հասած է, հետեւաբար իմ եւ Քրիստոսի միջեւ նախանձի բան մի՛ դնէք, եւ այսպիսի բաներ մի՛ հարցնէք:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Խօսք. «Իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ, իսկ ես հրապարակէ պէտք է քաշուիմ» (Յհ 3.30):

Մեկնութիւն. Այստեղ հաստատողականը կ՚ըսէ, որովհետեւ նախ Յովհաննէս նախ ցոյ տուաւ, թէ Քրիստոս իմ գործս չյափշտակեց, իսկ այստեղ ցոյց կու տայ, թէ պէտք է հրապարակէն քաշուիմ, իսկ Ան աճի ու զօրանայ:

Ասիկա ցոյց կու տայ չորս պատճառով, որ մենք եւս ամփոփ ձեւով պիտի ըսենք: Առաջին պատճառ. Քրիստոս գերագոյն ծննդեան պատճառով, որ Հօրմէն եւ մօրմէ է կ՚ըսէ, որ վերէն կու գայ, ամէն բանէ գեր ի վեր է: Երկրորդ՝ ստոյգ վարդապետութեան համար, կ՚ըսէ. «Ան որ երկինքէն կու գայ» (տե՛ս Յհ 3.31), ինչ որ տեսաւ ու լսեց՝ կը պատմէ: Երրորդ՝ շնորհներու լրումին համար, կ՚ըսէ. «Աստուած Հոգին որոշակի չափով չէ տուած» (տե՛ս Յհ 3.34): Չորրորդ՝ Քրիստոսի որդիութեան համար, ըստ որում բնութեամբ Աստուծոյ Միածին Որդի է:

Ասիկա համառօտ տեսութիւն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 29

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2019