ԵՒ ԴԱՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ…

Անցնող շաբաթը կարեւոր զարգացումներով լի եղաւ Հայաստանի համար։ Տեղի կ՚ունենային բաւական արագ զարգացումներ, եւ երկրին մէջ տիրող մթնոլորտը կը յիշեցնէր տարի մը առաջ ընթացք առած յեղափոխութեան օրերը։ Խնդիրն այն էր, թէ վարչապետ Փաշինեան, որ զանազան առիթներով խօսած ու կարեւորած էր դատական համակարգի առողջացման գործըթացը, յանգած էր այն եզրակացութեան, թէ Հայաստանի դատաւորներն ու դատական ամբողջ համակարգը ինչ որ կերպ կը գործեն անցեալի արժեչափերով, նաեւ այդ ընելով պատուարներ կը դնեն իր իշխանութեան կողմէ նախաձեռնուած մարտի 1-ի գործի բացայայտման։ Անշուշտ, այս մէկը միայն վարչապետի կարծիքը չէր ու Հայաստան ապրող քաղաքացիներու մեծ տոկոսին համար, անկախ ամէն ինչէ, թէ՛ կառավարական մարմինները եւ թէ դատական համակարգը պէտք է ենթարկուէր արմատական փոփոխութիւններու, կրճատումներու եւ ի վերջոյ վերանորոգչական քայլերու։

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ, սահմանադրական կարգի տապալման եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեան, 18 մայիսին, դատարանի որոշմամբ ազատ արձակուած է կալանքէ։ Քրէակատարողական ծառայութեան փոխանցմամբ, մեղադրեալ Քոչարեանը արդէն ազատութեան մէջ է։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի նախագահութեամբ, հրապարակած է խափանման միջոցը փոխելու որոշումը, որու համաձայն՝ Քոչարեան կալանքէն ազատ արձակուած է անձնական երաշխաւորութեան դիմաց․ Ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոփոխել, որպէս խափանման միջոց ընտրել անձնական երաշխաւորութիւնը:

Պաշտօնաթող նախագահի համար երաշխաւորագիր ներկայացուցած էին Արցախի գործող նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ նախկին նախագահ Արքատի Ղուկասեանը՝ վճարելով 1 միլիոն դրամ։ Դատարանէն ներս նախագահները վերահաստատած էին իրենց երաշխաւորութիւնը այն մասին, թէ ազատութեան մէջ Քոչարեանը կը դրսեւորէ պատշաճ վարքագիծ։

Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցները մեծ ոգեւորութեամբ, իսկ անոր ընդդիմախօսները՝ զայրոյթով ընդունած են դատաւորի որոշումը։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԿՈՉԸ. «ՓԱԿԵՑԷՔ ԴԱՏԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄՈՒՏՔԵՐՆ ՈՒ ԵԼՔԵՐԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երեկոյեան Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած գրառումով կոչ ուղղեց, 20 մայիսին, առաւօտեան ժամը 8.00-էն սկսեալ փակելու Հանրապետութեան, առանց բացառութեան բոլոր դատարաններուն ելքերն ու մուտքերը, որպէսզի ոչ ոք կարենայ մտնել: Ան յայտնեց, որ կէսօրուան ժամը 12.00-ին, ուղղակի խօսք պիտի արտասանէ եւ պիտի յայտարարէ հայկական յեղափոխութեան երկրորդ, ամենէն կարեւոր փուլի մեկնարկը:

Աւելի կանուխ ան գրած էր, որ դատաիրաւական համակարգին մէջ հաստատուած իրավիճակին մասին յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ:

ԴԱՏԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄՈՒՏՔԵՐԸ ՓԱԿԵԼՈՒ ԿՈՉ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քիչ առաջ ուղիղ եթերով խօսեցաւ դատական համակարգի հետ կապուած վաղուան «ակցիայի» մասին: Աւելի վաղ ան կոչ ըրած էր առաւօտեան 8.30-ին փակել Հանրապետութեան բոլոր դատարաններու մուտքն ու ելքը:

«Չտարուիք ոչ մէկ սադրանքէ», յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան, յիշեցնելով, որ ամէն ինչ պէտք է ըլլայ ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան տրամաբանութեան մէջ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին հետեւելով, 20 մայիսին, քաղաքացիները առաւօտէն շրջափակած էին Երեւանի բոլոր դատարանները։ Աշխատակիցները, դատաւորները, փաստաբաններնը չէին կրցած դատարանի դռնէն ներս մտնել։

Շէնգաւիթ վարչական շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Բալայեան նոյնիսկ փորձած է շէնք մտնել պատուհանէն․ քաղաքացիները թոյլ չեն տուած: Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, թէ ի՞նչ հետեւանքներ կրնան ունենալ քաղաքացիներու այս գործողութիւնները, Բալայեան արձագանգած է. «Ես այս գործը վաղը կարող է քննեմ՝ ի՞նչ իմանամ»:

Նախքան կառավարութենէն ներս հրաւիրուած խորհրդաժողովը՝ Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարան գացած էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ներողութիւն կը խնդրեմ, որ այսօր բոլորին չեմ կրնար երթալ այցելել եւ կ՚ուզեմ յոյս յայտնել, որ չէք թրջուած եւ եթէ նոյնիսկ թրջուած էք՝ չէք հիւանդանար: Եկած եմ ըսելու, որ կը սիրեմ բոլորդ», յայտարարած է վարչապետը:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի ղեկավար Գագիկ Յարութիւնեան յաջողած էր մուտք գործել իր աշխատավայր, ան մուտքը փակող քաղաքացիներէն առաջ եկած էր:

Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութեան» փոխանցած են՝ «Գլխաւոր դատախազի կողմէ յանձնարարուած է դատարաններու մուտքերն ու ելքերը արգելափակելու ուղղուած գործողութիւններու ընթացքին կատարուած առերեւոյթ յանցագործութեան վերաբերեալ ներկայաց-ւած բոլոր հաղորդումները, ահազանգերը ուղարկած գլխաւոր դատախազութիւն՝ զանոնք յատուկ քննչական ծառայութիւն ուղարկելու, համակողմանի այդ իրադարձութիւնները քրէադատավարական կարգով ստուգելու եւ իրաւական գնահատականի արժանացնելու նպատակով»:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՆԱԽԿԻՆ ՓՏԱԾ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՀՐԱՀՐԵԼ ԹՇՆԱՄԱՆՔ, ԴԱՒԱԴԻՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ ՅԱՆՁՆԵԼ»

«Նախկին փտած համակարգը ներկայացնող ուժերը կը փորձեն թշնամանք հրահրել Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդի միջեւ, նպատակ ունին սանձազերծել դաւադիր պատերազմ, նոյնիսկ որոշ տարածքներ յանձնել եւ տեղի ունեցածի պատասխանատուութիւնը դնել Հայաստանի կառավարութեան վրայ», կառավարութենէն ներս իշխանութեան տարբեր ճիւղերու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ հրաւիրած հանդիպման ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի ղեկավարը ընդգծած է, որ այդ կը համարուի պետական դաւաճանութեան նմանող գործունէութիւն եւ պիտի ձեռնարկէ ամենակոշտ միջոցները այդ դաւադիր մտադրութիւնները արմատախիլ ընելու համար․ «Ակնյայտ է, որ կան նախկին փտած համակարգը ներկայացնող ուժեր, որոնք կը փորձեն կեանքի կոչել իրենց կողմէ նախապէս կիրառուած բանաձեւը․ այն է՝ տարաձայնութիւններ, հակասութիւններ եւ նոյնիսկ թշնամանք հրահրել Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդի միջեւ՝ «Բաժանէ, որ տիրես» տրամաբանութեամբ՝ նախապէս իրենց կողմէ թոյլ տրուած յանցագործութիւնները կոծկելու, արդարացնելու նպատակով»:

«Չնայած բոլորիս ակնյայտ է, որ մեր երկրին մէջ գործած համակարգային փտածութենէն Արցախի մեր հայրենակիցները յաճախ աւելի շատ կը տուժեն, բայց այդ համակարգերու որոշ պաշտօնեաներ կը գործադրեն կոռուպցիոն կապերը՝ Արցախի մէջ Հայաստանի կառավարութեան եւ անձամբ վարչապետի դէմ ստայօդ քարոզչութիւն իրականացնելու համար», շարունակած է վարչապետ ու ըսած. «Տակաւին նախորդ տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ըսած եմ, որ այս ամէնը վերլուծելով՝ անոր տակ կը տեսնեմ ընդհուպ դաւադիր պատերազմ հրահրելու, նոյնիսկ որոշ տարածքներ յանձնելու եւ տեղի ունեցածի պատասխանատուութիւնը Հայաստանի կառավարութեան վրայ դնելու հեռահար նպատակ: Այս իմաստով՝ այդ կը համարեմ պետական դաւաճանութեան նմանող գործունէութիւն, եւ որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ պատերազմական իրավիճակներու մէջ Զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատար, կը ձեռնարկեմ ամենակոշտ միջոցները այս դաւադիր մտադրութիւնները արմատախիլ ընելու համար»:

Փաշինեան յայտարարաած է ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին։ «Ի միջի այլոց, կը կարծեմ, հասունցած է ժամանակը՝ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով ստեղծելու եւ մեզ բոլորս յուզող շարք մը հարցերու պատասխանները ստանալու համար: Ամփոփելով Արցախ-Հայաստան նիւթը՝ կոչ կ՚ընեմ Արցախի մեր ժողովուրդին միանշանակ եւ աներկբայ ոչ ըսել, մերժել բոլոր այն ուժերը, որոնց գործունէութիւնը ուղղուած է մեր ժողովուրդի երկու հատուածներու միջեւ հակասութիւններ սերմանելու: Արցախի ժողովուրդին կոչ կ՚ընեմ աջակցիլ միայն այն ուժերուն, որոնք հանդէս կու գան Հայաստանի ժողովուրդի եւ անոր օրինական ներկայացուցիչ կառավարութեան աներկբայ աջակցութեան դիրքերէն», շնած է Փաշինեան:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետի յայտարարութեան՝ «ազգադաւ» որակած է բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք կը խարխլեն Հայաստանի ու Արցախի միասնականութիւնը։ «Հիմքը մեր անվտանգութեան, մեր բնականոն զարգացման, այդ մէկը միասնականութիւնն է: Եթէ այդ միասնականութիւնը որեւէ մէկը կը խարխլէ, սա անընդունելի է, սա ազգադաւ գործունէութիւն է: Ովքե՞ր են՝ այդ մէկը ցոյց կը տայ ժամանակը», ըսած է Պապայեան:

Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի ընդդիմադիր «Վերածնունդ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Խանումեանի խօսքով, նման դաւադիր ուժեր են Հայաստանի նախկին՝ փտած իշխանութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ նախագահ Բակօ Սահակեանի շուրջ համախմբուած ուժերը:

Հայաստանի իշխանութիւններուն իր հրապարակաւ աջակցութիւնը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանէն ներս ամենամեծ խմբակցութիւնը ունեցող «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ, Արցախի նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան:

ՎԻՐԱՀԱՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կառավարութեան դահլիճէն ներս տեղի ունեցած յատուկ նիստի մը ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ վերջին օրերու զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Հայաստանի դատական համակարգի վերաբերեալ իր ունեցած գնահատականը:

«Դատական համակարգի՝ ժողովրդական վստահութեան արժանանալու ընթացիկ հնարաւորութիւնը կը համարեմ այլեւս սպառած», յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու աւելցուց. «Եւ ուրեմն, յարգելի գործընկերներ, եկած է դատական համակարգին մէջ վիրահատական միջամտութիւններ իրականացնելու ժամանակը»:

Այդ գործընթացը, ըստ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարին, պէտք է արտայայտուի հետեւեալ քայլերով.

«Առաջինը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող բոլոր դատաւորներու մասին հանրութիւնը պէտք է ամբողջական տեղեկատուութիւն ունենայ դատաւորի ունեցած քաղաքական կապերու, ծագումնաբանութեան, գոյքային վիճակի, դատաւորի կարգավիճակին ու նախորդ ժամանակաշրջանին մէջ ծաւալած գործունէութեան, անհատական եւ մասնագիտական յատկանիշներու մասին,

«Երկրորդ՝ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի որոշումներով հաստատուած քաղաքական, իրաւական կոպիտ խախտումներով դատավճիռներու հեղինակ բոլոր դատաւորները պէտք է հրաժարական տան, հեռանան կամ հեռացուին,

«Երրորդ՝ բոլոր այն դատաւորները, որոնք իրենց ներսէն գիտեն, որ չեն կրնար ըլլալ անաչառ ու առարկայական դատաւորներ, պէտք է հրաժարական տան՝ ծառայութիւն մատուցելով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդին,

«Չորրորդ՝ անցումային արդարադատութեան մեքենականութիւններու ներդրումը կենսական անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի համար, մենք պէտք է մէկ-երկու ամսուայ ընթացքին ամփոփենք այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները,

«Հինգերորդ՝ Ազգային ժողովի մէջ պէտք է տեղի ունենայ օրէնսդրական աշխատանք՝ կենսական այս կարգը կեանքի կոչելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրապէս երաշխաւորուած անկախ դատական համակարգ ունենալու համար: Եթէ անհրաժեշտ ըլլայ իրականացնել սահմանադրական փոփոխութիւններ, պէտք է երթանք այդ քայլին, եթէ պէտք ըլլայ այդ մէկը ընել ժողովուրդի հանրաքուէով, պէտք է երթալ նման լուծումի, այս աշխատանքը պէտք է տեղի ունենայ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ, միջազգային փորձի եւ Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու շրջանակներէն ներս», վստահեցուցած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Այս ողջ օրակարգը արդէն երկար ժամանակէ ի վեր մենք կը քննարկենք ՄԱԿ-ի, Եւրոխորհուրդի, Եւրոմիութեան, ԵԱՀԿ-ի, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի, Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներու հետ, եւ ես յոյս ունիմ՝ մեր բոլոր միջազգային գործընկերները կը կանգնին Հայաստանի կողքին, որովհետեւ մեր ուզածը ոչ թէ նոր խամաճիկային դատական համակարգ մը ունենալն է, այլ իրապէս անկախ, առարկայական, իրապէս իրաւունքի գերակայութեան վրայ հիմնուած դատական համակարգ մը, որ կը համապատախանէ քաղաքակիրթ աշխարհի յառաջատար չափանիշներուն», ըսած է Փաշինեան՝ նշելով, որ պէտք է համագործակցիլ նաեւ հայաստանեան քաղաքացիական հասարակութեան, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ փորձագիտական հանրութեան հետ։

Ի՞ՆՉ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ

Ո՞րն է Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւններուն գերագոյն խնդիրը։ Շատեր այս հարցումը մէջտեղ կը նետեն ու կը սկսին խօսիլ «մեծ» խնդիրներէ, որոնց արմատները կը հասնին մինչեւ հեռաւոր Մոսկուա։ Ամէն պարագայի Հայաստանի ներքին ճակատին վրայ տեղի ունեցող փոքր ցնցումները ցոյց կու տան, որ քաղաքական նոր փուլի մը առաջին նշոյլները սկսած են երեւիլ։ Անշուշտ ճշմարտացի է, որ այսօր Հայաստանի ժողովուրդի մեծագոյն տոկոսը, հակառակ նոյնիսկ իր ապրած մանր կամ մեծ հիասթափութիւններուն, կը շարունակէ զօրավիգ մնալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Իսկ սխալներուն մասին, կարելի է հեշտօրէն թուարկել գործուած «մեղք»երը կամ աւելի դիւանագիտական լեզուով ըսուած բացթողումները, սակայն կարեւորը այդ չէ։ Կարեւորը Հայաստանի ու յատկապէս անոր սահմաններուն կայունութեան ապահովումն է, որ կարեւոր օրակարգ է նաեւ իշխանութիւններուն համար։

Բաց աստի, կայ նաեւ ռուսական կողմին մօտեցումը, որ ցաւօք, այսօր շատ յստակ չէ, թէ ռուսերը ինչ տրամադրութիւն ունին Փաշինեանին ու անոր իշխակարգին մասին։ Ճիշդ է, որ «փորձութեան» մեծ առիթներ չեն եղած, սակայն յայտնի է, որ երկրին մէջ ապրող միջին խաւի քաղաքացիին կեանքէն ներս շատ բան չէ փոխուած։ Բան չէ փոխուած, հետեւաբար նաեւ նոր ներդրումներ չկան, իսկ անցեալին ռուսական «թեթեւ ձեռք»ով կատարուած կամ իրականացուած բոլոր ծրագիրը սառեցուած են։ Իսկ եւրոպական թեւի խոստումներուն մասին աւելորդ է խօսիլ, որովհետեւ եւրոպացիք հակառակ իրենց մեծ-մեծ բառերուն՝ Փաշինեանի կառավարութեան համար «մեթալիք» մը մէջտեղ չեն հանած։ Այս բոլորին լոյսին տակ Փաշինեան ստիպուեցաւ մինչեւ հեռաւոր Չինաստանի դուռը թակել, ապահովելու համար չինական կարգ մը հզօր ընկերութիւններու իրական նեցուկը։

Ամէն պարագայի բոլորին համար յստակ է, որ այսօր Փաշինեանի համար գերագոյն խնդիրը երկրին մէջ ստեղծելն է տնտեսական նոր շարժում մը, որուն շնորհիւ ալ երիտասարդ վարչապետը պիտի կարողանայ իր տուած մեծ խոստումներուն մի քանին իրականացնել։

Ամէն պարագայի տակ, յեղափոխութեան թեւերով երազէն իրականութիւն անցած Հայաստանը կը թակէ թուականի դռները, այն վառ հաւատքով, որ մանաւանդ Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ նոր տագնապալի վիճակներ չեն ստեղծուիր ու այդպէսով յենլով ընդհանուր ապահովութեան գործօնին վրայ, Փաշինեան ու իր վարչախումբը կը յաջողին ներքին անդորրը վերածել տնտեսական կարեւոր ներուժի։

Կարեւոր փուլ Հայաստանի համար. Կամ ինչպէս պիտի աւարտի յեղափոխութեան «երրորդ փուլ»ը

Կարեւոր օրեր են Հայաստանի համար։ Խնդիրն այն է, որ քաղաքական ասպարէզին մէջ հազիւ իր թեւերը պարզած այսօրուան «երիտասարդ» իշխանութեան ներկայացուցիչները երեւելի սխալներ կը գործեն ու այդ մէկը անշուշտ պատճառ կը դառնայ ծանրակշիռ հետեւանքներու։

Այսօր, ոչ ոքի համար գաղտնիք է, թէ Ռոպերթ Քոչարեան կ՚ուզէ ամէն գնով քաղաքական ասպարէզ վերադառնալ։

Ի դէպ, Հայասատնի մէջ անցնող երկուշաբթի օր տեղի ունեցած զարգացումները անմիջական կապ ունէին Քոչարեանի կալանքէ ազատելու դատարանի որոշումին հետ, որ խորքային առումով հակայեղափոխական քայլ էր։

Անշուշտ ուշագրաւ փաստ մըն էր, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մինչ այդ կ՚ուզէր յուսալ եւ սպասել, թէ դատարանը արդար որոշում կը կայացնէ եւ Քոչարեանը կը շարունակէ կալանքի տակ պահել, յայտնուած էր բառացիօրէն «շոք»ի մէջ ու անոր դատարաններու, բոլոր դատարաններու մուտքը փակելու վերաբերեալ արձակած կոչը կու գար հակազդելու դատական համակարգի բացթողումին ու սխալին։

Թէեւ Հայաստանի մէջ, ո՛վ չի գիտեր, որ մենք այսօր ունինք բաւական խոցելի իրաւական համակարգ, «տկար» դատաւորներ եւ մեծ սայթաքումներով աշխատող դատական համակարգ մը, որուն հանդէպ Հայաստանի քաղաքացին վստահութիւն չունի։

Անշուշտ այս խնդիրը ունի երկար տարիներու պատմութիւն եւ դատարանի դուռ փակելով, կամ շէնքի պատուհանները կոտրելով՝ այդ հիւանդ դատական համակարգը պիտի չառողջանայ։

Անշուշտ բոլորիս համար ալ աւելի քան յստակ է, որ յեղափոխութեամբ իշխանութիւն ձեւաւորած երէկուած ընդդիմադիր գործիչները եւ այսօրուան Ազգային ժողովի պատգամաւորները երէկ, աւելի ճիշդը տարի մը առաջ ամբողջական իրաւունքն ունէին տուն ղրկել այդ դատական համակարգին ծառայող եւ խոցելի համարուող բոլոր դատաւորները, բայց չըրին այդ մէկը։

Չըրին ու պատճառներն ալ յայտնի չեն, որ ինչո՛ւ չըրին, իսկ ի՛նչ հակազդեցութիւն պիտի ունենայ այսօր Հայաստանի մէջ դատաիրաւական հիւանդ համակարգը բուժելու գործընթացը, դեռ պարզ չէ ու պարզ ալ չէ, թէ այդ գործընթացը ի՛նչ «այբուբեն»ով պիտի կատարուի։

Շատերուն համար ալ հարց է, թէ արդեօք Փաշինեան նոյն դիտարկումները պիտի կատարէ՞ր, եթէ խնդրին մէջ չըլլար Քոչարեանը կալանքի տակ պահելու օրակարգը։

Ամէն պարագայի զուտ քաղաքական առումով այսօր Հայաստան մտած է նոր երրորդ փուլ մը, որուն գլխաւոր խորագիրն է դատական մարմինները անցեալի կեղտերէն մաքրելու կարեւորագոյն գործընթացը, որու աւարտին ալ կրնանք տեսնել ու հասկնալ, թէ իշխանութիւնները իրապէս որքանո՛վ իրենց խօսքի տէրը եղան եւ ի՛նչ ըրին, որ անցեալ իշխանութիւններուն ձեռքը «խաղալիք» դարձած դատաւորներն ու անոնց օգնականները դուրս գան այդ համակարգէն։

Ամէն պարագայի դատական համակարգին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն հետ համատեղ Երեւանի մէջ սկսած է գոյանալ քաղաքական ընդդիմութեան ընդհանուր միջավայր մը, որուն ազդեցիկութեան կամ հաւանական ներուժին մասին դեռ կանուխ է խօսիլ։

Տխուրն այն է, որ այսօր հայութեան բառարանին մէջ տեղ սկսած են գտնել ծանրագոյն ատելութեան «բոցավառ» խօսքեր եւ ասոյթներ, որոնք նախատեսուած են արտաքին ճակատի գործածութեան համար, բայց ինչո՞ւ չես հասկնար, թէ ներհայկական գետնի վրայ առկայ ատելութեան, մաղձի, թոյնի տոկոսները շատ-շատ աւելին են, քան իրական հակառակորդին ու Հայաստանի թշնամիներուն համար նախատեսուած լուտանքները։

Բաց աստի, կայ նաեւ երկրին համար տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներ կատարելու այս իշխանութիւններուն բերնով լսելի դարձած խոստումներու շարանը, որոնց իրականացման համար վարչապետ Փաշինեան մնացած է առանձին, եթէ հաշուի առնենք, զինք շրջապատող, անկար, թոյլ եւ ազգային հայեցակարգէ զուրկ անձնաւորութիւնները։

Ի վերջոյ Փաշինեան այսօր կարիքն ունի ազգային փրկութեան կառավարութեան, որուն մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան միջազգային կարեւոր կապերու եւ տնտեսական մեծ ներուժի տէր մարդիկ, որոնք բնականաբար պիտի կարողանան Հայաստանի ժողովուրդին տրուած խոստումներուն առնուազն կէսը իրականութիւն դարձնել։

Այլապէս...

ԳԱԳԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ «ՎԵՐՋԻՆ ԱՔՈՐՏ»Ը

Երբ այսօրուան նիւթը գրեթէ հասած էր իր աւարտին, Երեւանի մէջ ուշագրաւ եւ «արտակարգ» իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենար։

Գագիկ Յարութիւնեան, որ երկար տարիներ ղեկավարած էր Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը եւ վերջին տարիներուն ալ անցած էր այլ կարեւորագոյն կառոյցի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի տնօրինման գործին, կը հրաժարէր իր պաշտօնէն։

Հայաստանի լրագրողական շրջանակներուն համար հրապարակուած լուրը «անհաւատալի» էր, որովհետեւ բոլորը գիտէին, թէ Յարութիւնեան  ըլլալով «հին աղուէս» մը՝ յաջողած էր իր պաշտօնին վրայ մնալ, հակառակ Հայաստանի մէջ եղած զարգացումներուն։

Այսպէս, Խորհրդային ժամանակներուն երկրի դատական համակարգին մէջ կարեւոր դիրք զբաղեցուցած Յարութիւնեան, երկրի անկախութեան առաջին փուլին կարողացած էր դառնալ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կարեւոր գործակիցներէն մին ու պետական գլխաւոր պաշտօնեային հետ Յարութիւնեանի սկսած համագործակցութիւնը «փոխանցուած» էր միւս փուլերու առաջնորդներուն։ Ան գործակցած էր Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, ապա երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանին հետ։

Յարութիւնեան ըլլալով հմուտ դատաւոր մը, կարողացած էր մեծ վարկ ունենալ Հայաստանի դատական համակարգին մէջ ու յաջողած էր մնալ անդրդուելի։

Հայաստանի «Առաջին լրատուական» կայքը հրապարակեց կարճ նիւթ մը, ուր Յարութիւնեանը բնութագրելով գրեց, թէ ան «վերջին մոհիկան»ն է։

Յարութիւնեան միայն մոհիկան չէր, այլ նաեւ անցեալ շրջանի դատաիրաւական ոլորտի կարեւորագոյն դէմքը. ան էր նաեւ, որ կարողացաւ նախկին իշխանութիւններուն համար դառնալ օրէնքի հովանաւորող եւ օրինականութեան դրօշը բարձր պահող դատաւոր։

Իրաւական ոլորտին մէջ եւս ան ունեցաւ կարեւոր ձեռքբերումներ, սակայն երկրէն ներս տիրող քաղաքական փոփոխութիւնները բնականօրէն պիտի հասնէին իրեն եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հնչած ու դատական մարմիններուն մէջ բարեփոխումներ յառաջ բերելու գործընթացները պիտի համոզէին Յարութիւնեանը, որ այլեւս իր «ժամանակը անցած է»։

Այս բոլորին մէջ ուղենշային, յուսատուն եւ խանդավառողը անշուշտ նոյն այդ համակարգին համար սպասուած բարեփոխումներն են, որոնք պէտք է դրուին ամուր վէմերու եւ հիմքի վրայ, այլապէս անուններու փոփոխութիւնները կամ աշխատանքի ձեւին նոյնը մնալը, ոչինչ կրնան տալ Հայաստանին։

Ի վերջոյ իւրաքանչիւր բարեփոխութիւն, անուան ու դէմքի փոփոխութիւն դրական հանգամանք է, եթէ այն անշուշտ զուգակցուած ըլլայ քաղաքական կամքով ամրագրուած դրական եւ երկրին համար պիտանի բարեփոխումներով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019