ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՈՐՊԷՍ ԻՐԱԿԱՆ ՅԵՆԱՐԱՆ…

Արեգ Գալստեանի «Առանց սխալելու իրաւունքի. քաղաքական հայու խիղճը» յօդուածի լոյսին տակ։

Հայաստանի «Մետիամաքս» գործակալութիւնը վերջերս հանրութեան ներկայացուց երկար ժամանակ Ռուսաստան հաստատուած ու վերջին երկու տարիներուն Հայաստան տեղափոխուած քաղաքագէտ Արեգ Գալստեանի յօդուածը, որուն մէջ հեղինակը կարեւոր նշումներ կը կատարէ ոչ միայն այսօր երկրէն ներս ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակին կապակցութեամբ, այլ նաեւ կարեւոր ուղենիշներ ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդին առջեւ ցցուած բազմաշերտ մեծ ու փոքր խնդիրներուն վերաբերեալ։ Եթէ փորձենք հիմնական երեք կէտ առանձնացնել ու այդպէսով մուտք գործելով Գալստեանի «գծած» «ճանապարհային քարտէս»ին մէջ, ապա պիտի նշմարենք, որ երիտասարդ քաղաքագէտը կը հաւատայ ու իր գրութեան ողջ ընթացքով կ՚առաջնորդուի հետեւեալ գլխաւոր կէտերով.

ա. Սոսկ անհատներ չեն, որ պատասխանատու եղած են կամ կրնան ըլլալ որեւէ համակարգի «ոչնչացման»։

բ. Այսօրուան աշխարհին մէջ հայոց պետականութեան ամրացման ամենէն կարեւոր ազդակներէն մին կրնայ դառնալ մեր եկեղեցին՝ պայմանաւ, որ հայութիւնը լիարժէք կերպով ընկալէ այդ պատմակերտ ամրոցին իրական կենսարժէքը։

գ. Որեւէ յեղափոխութիւն ու այս պարագային յատկապէս «թաւշեայ յեղափոխութեան» կերտիչները ստիպուած են գործել վրէժ չլուծելու տրամաբանութեամբ եւ ամբողջական ճիգեր իրականացնելով անցնիլ պետականաշինութեան սրբազան գործին։

Բացի այս խնդիրներու արծարծումէն, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ պէտք է հանրայնացնել Հայաստանի մէջ ինչ-ինչ պատճառներով ու յաճախ շինծու ըլլալու դրոյթով քօղարկուած խնդիր մը, որն է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջը, որուն համար փողոց իջած են Հայ Եկեղեցւոյ աղին ու ջուրին դաւաճանած խումբ մը մարդիկ, որոնց մէջ ալ ցաւօք կան կարգ մը կղերականներ։

Խնդիրը Վեհափառ Տիրոջ անձին հետ կամ դէմ ըլլալու խնդիր չէ, այլ մեր եկեղեցւոյ դէմ «փողոց դուրս գալու» հարցը։

Եւ իրօք նման շարժումներով, բողոքի հաւաքներով, վիրաւորական խօսքերով ու մեղադրանքերով ո՞վ պիտի ըլլայ շահողը։

Ի դէպ, անցնող շաբաթներուն Երեւանի մէջ ձեւաւորուած եւ նօսր խմբակի մը ճիգերով ճամբայ ելած այս նուաստացուցիչ փորձերու ընթացքին հրապարակ կը հանուէր այն փաստը, թէ Հայաստանի արդի շրջանի պատմութեան ընթացքին տարբեր առիթներով մեր եկեղեցին ու անոր գահակալը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը թիրախ դարձած են նոյնպէս նօսրաթիւ մարդոց դժգոհութիւններուն։

Նոյնը տեղի ունեցած է երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Վեհափառի գահակալութեան վերջին տարիներուն, երբ Հայաստանը բառին իսկական առումով «կ՚եռար»։

Ուրեմն դժգոհ ըլլալու, մեղադրանքներ շարադրելու եւ վիրաւորական խօսքերով հանդէս գալու սովորոյթը նոր չէ Հայաստանի հասարակութեան այն փոքրաթիւ շերտին համար, որ ամէն առիթի պատրաստ է փողոց դուրս գալ եւ պահանջել Ամենայն Հայոց Հայրապետի «անյապաղ» հրաժարականը։

Անշուշտ այս բոլորը կը շեշտադրուին այն պահուն, երբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին հետ «օրկանական» որեւէ կապ կամ առընչութիւն չունեցող քաղաքագէտ մը, որ իր կեանքի կարեւոր մէկ հատուածը անցուցած է Ռուսաստանի մէջ կը գիտակցի, թէ այսօրուան աշխարհին մէջ կարեւորագոյն դեր եւ տեղ ունի մեր եկեղեցին։

Եկեղեցի մը, որ պիտի ըլլայ աւելի «բաց» եւ պիտի դառնայ արդիական «խիղճի յենարան»ը մեր ժողովուրդին։ Ու մանաւանդ եկեղեցի մը, որ այսօրուան նոր ճանապարհ գծած Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին համար պիտի դառնայ հիմնական լծակ եւ «անձնագիր», ի դէմս քաղաքակիրթ աշխարհին...։

Չմոռնանք, որ մեր ժողովուրդի ապրած ամենէն ուղենշային փուլերուն յաջողած է մեր ժողովուրդը, երբ երկրի պետականութիւնը եւ եկեղեցին իրարու հետ, ձեռք-ձեռքի եւ միասին գործելով՝ կարողացած են նոր բարձրութեան հարթակի մը վրայ դնել մեր ազգային գրաւներն ու ակնկալիքները։

Ոչ միայն քրիստոնէութիւնը, որպէս պետական կրօն ընդունելու ժամանակ, այլ նաեւ ու յատկապէս, հայ գիրերու ստեղծման ժամանակաշրջանին։ Ու ապահով եմ, որ այս երկու փաստարկները դարձած են մեր ժողովուրդի յաւերժագնաց ճանապարհին առջեւ լոյս եւ առաքինութիւն սփռող մշտական եւ բազմաթեւ սիւներ։ Ոչ ոք դէմ է, որ մեր եկեղեցին արդիական դէմք ընդունի։ Բացուի, հանրայնացուի եւ իր մօտեցումներով կարողանայ դառնալ այսօրուան աշխարհին հետ հաշտ ու համերաշխ ապրող էական օրկան։ Սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ իբր թէ դժգոհութիւն ունենալու «նախանձախնդրութիւն»ը ունեցող «խումբ մը մարդիկ» (որ, իրականին մէջ խումբ ալ չեն ...) փողոց պիտի հանեն մեր եկեղեցւոյ հարցերը եւ տարբեր մակարդակներու ու տարբեր վայրերու մէջ քինախնդրութեան եւ չարակամութեան «խրախճանքներ» սարքեն։ Ամէն պարագայի տակ աւելի քան ուսանելի են հայրենի քաղաքագէտ Արեգ Գալստեանին դիտարկումները, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն այսօրուան մեր հարցերուն, այլ գետին ու հող կը պատրաստեն հայ ժողովուրդի ապագային եւ յաւերժագնաց ըլլալուն հաւատացող իրական զինուորեալներուն։

«ԱՌԱՆՑ ՍԽԱԼԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒ ԽԻՂՃԸ» ԱՐԵԳ ԳԱԼՍՏԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

Ընդունուած է համարել, որ յեղափոխութիւնը երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային պատկերը փոխելու գործիք է: Անցումային իշխանութիւնը, որ կը խորհրդանշէ անցեալի եւ ապագայի միջեւ միջանկեալ տիրոյթ, զբաղած է իր նախորդներու կողմէ ձգած քաղաքական ճահիճը չորցնելու գործով: Հայաստանի պարագային խօսքը չի կրնար դասական յեղափոխական իրավիճակի մասին ըլլալ, քանի որ հին «էլիտաները» (վերնախաւ) ոչ միայն փրկուեցան եւ պահպանեցին այնքան կարեւոր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը (Արեգ Գալստեանի սոյն յօդ-ւածը ստորագրած օրերուն ՀՀԿ-ն Ազգային ժողովին մէջ դեռ մեծամասնական ուժ էր, իսկ ներկայիս արդէն ոչ), այլեւ պատրաստ են վճռական գործողութիւններու: Զուգահեռաբար կը խորանան հակասութիւնները նոր վստահ էլիտաներու եւ հայոց պետականութեան ապագայի վերաբերեալ սեփական պատկերացումներ ունեցող նեղ արմատական խումբերու միջեւ: Չեն բացառուիր նաեւ անցումային կառավարութեան պառակտման նախագիծեր, որոնք կրնան յանգեցնել ներքին քաղաքական ճգնաժամի կտրուկ փոփոխութիւններու: Տարբեր խումբերու շահերու բախումը կ՚ընթանայ փոփոխական յաջողութեամբ, ընդհուպ մինչեւ նոր ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքները պիտի կերտեն նոր օրինական իրականութիւն:

Ներկայիս իրավիճակը, որուն որպէս արդիւնք Հանրապետութեան քաղաքացիներու տարբեր շերտերը եւ սփիւռքի խումբերը բաժնուած են նեղ քաղաքական ճամբարներու, կը հանդիսանայ շարք մը կարեւոր համազգային խնդիրներու վառ ապացոյցը: Այդ խնդիրները կապուած են այնպիսի բարդ հասկացութիւններու հետ, ինչպիսիք են՝ պետութիւնը եւ ազգը: Լայն շրջանակները, գտնուելով պառակտուած մասնաւոր խումբերու ենթակայական «ռմբակոծութեան» ներքոյ, մեղաւորներ կը փնտռեն ի դէմս առանձին պաշտօնեաներու կամ կուսակցութիւններու:

Իմ խորին համոզմամբ, աւելի քան երեք հազար տարուան վաղեմութիւն ունեցող չլուծուած խորքային խնդիրներու պատճառը Սերժ Սարգսեանը չէր: Աւելի՛ն, անկախ Հայաստանի օրօք իշխանութեան պաշտօնեաները հայոց աշխարհի պատմական, հոգեբանական եւ աշխարհայեացքային ճգնաժամի արգասիքն են: Մէկ այլ ծայրայեղութիւն կը հանդիսանան մարդիկ, որոնք կը հաւատան, թէ Նիկոլ Փաշինեան կարճ ժամանակահատուածի մէջ ամբողջովին կը փոխէ մեր համազգային եւ պետական պատկերը:

Այս ծայրայեղութիւններու պայքարը լուրջ սպառնալիք է ազգաշինութեան համար, քանի որ ան ոմանց հանդէպ կը ծնի մոլի սէր, իսկ միւսներու հանդէպ՝ դաժան անհանդուրժողականութիւն: Ճիշդ այդ զգացմուներն են, որ հազարամեակներ շարունակ մթագնած են հայ ժողովուրդի մտքերն ու սրտերը՝ շեղելով մեզ մեր քաղաքակրթական առաքելութենէն եւ ռազմավարական երկարաժամկէտ շահերէն:

Ներկայիս յեղափոխութիւնը պէտք չէ խրուի փոքր քաղաքական ճահիճներու մէջ: Այն պէտք է ձեւաւորէ հայկական աշխարհի արժէքային հիմքը եւ պատասխանէ երկու հիմնական հարցի. «Ո՞վ ենք մենք: Որո՞նք են մեր ազգային շահերը»: Այլ ձեւ ըսած՝ մենք կը փնտռենք հայկական բանականութիւնը, որ կը բանայ մեր ազգի քաղաքական ծննդավայրի՝ Մեծ Հայքի անկումէն յետոյ փակուած դռները:

Եւ այսպէս, ինչպէս կը սահմանենք «հայ» եզրոյթը: Ի՞նչ իմաստ մենք կը փորձենք գտնել անոր մէջ: Ի սկզբանէ հայերը ձեւաւորուած են որպէս քաղաքական ազգ, որ իր մէջ հաւաքած եւ ձուլած էր պառակտուած ցեղերը: Խաղալով կայսերական քաղաքակրթական դերը, հայերը ստեղծեցին ոչ միայն նիւթական, այլեւ մետաֆիզիքական (էաբանական) բարիքներ մինչեւ անգամ՝ ստեղծարար գրոհի գաղափարախօսութիւն:

Այդ պատմական ժամանակահատուածին Տիգրան Մեծը, Ալեքսանտր Մակեդոնացիէն ոգեշնչուած բարեփոխիչ ըլլալով, գրաւուած տարածքներու մէջ բռնի ձուլման քաղաքականութիւն չէ վարած: Հայերու ստեղծարար ներուժը, որպէս ազգ-կորիզ, ինքնին ստեղծած էր ձուլման կաթսայ, որու մէջ կը լուծուէին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Փոքր Ասիոյ հարիւրաւոր ժողովուրդներ: Պետական եւ ազգային կառոյցի ուղեգիծը սահմանուած էր ճիշդ ուղղութեամբ, սակայն կայսրութեան արագացուած (պատմական չափանիշներով) ճորտացումը եւ բարձր դասակարգի (էլիտա) մէջ տեղի ունեցող ընդհարումները արգելակեցին գործընթացը: Ազգային ուժերու վերախմբաւորում տեղի չունեցաւ եւ կայսրութիւնը չկարողացաւ վերականգնել սովորական արագութիւնը: Այն փոխարինեցին նոր ձեւերը՝ գրոհի գաղափարախօսութենէն դէպի ֆիզիքական գոյատեւման ռեժիմ անցում կատարած անջատ թագաւորութիւններու ձեւով:

Քրիստոնեութիւնն ալ իր հերթին «փաթթեց» պետութիւնը կրօնական վերմակի մէջ, որ, մէկ կողմէն, ամբողջութեամբ դուրս մղեց ժողովուրդը քաղաքական շաւիղէն, իսկ միւս կողմէն՝ թոյլ տուաւ էթնոսին գոյատեւել օտար միջավայրերու մէջ:

Հայկական վերին դասակարգի շերտերուն մէջ ընթացող մասնակի քաղաքացիական պատերազմը, որ պառակտեց ազգը, սկսաւ այն ժամանակ, երբ ազգային ազնուականութեան մէկ հատուածը սկսաւ պայքարիլ սեփական պետութեան դէմ, անցնելով արտաքին ուժի կողմը: Այս պատմութեան մէջ պետականութեան գլխաւոր շարժիչ ուժը՝ հայ քաղաքական ինքնութիւնը սարսափելի պարտութիւն կրեց: Կրօնը ազգաշինութեան գործի մէջ չափազանց կարեւոր տարր է: Ճիշդ ընտրուած բանաձեւի պարագային այն կրնայ դառնալ հզօր գործիք: Կաթողիկէութիւնը օգնեց իրլանտացիներուն եւ լեհերուն ոչ միայն պահպանել իրենց ազգային ինքնութիւնը ճգնաժամերու ընթացքին, այլեւ դարձաւ յանուն Իրլանտայի եւ Լեհաստանի քաղաքական անկախութեան մղուող պայքարի յենասիւնը: Պուրիտանական (խստակրօն) ուսմունքը դարձաւ ամերիկեան ժողովուրդի փիլիսոփայական յենասիւնը եւ հիմք դարձաւ բացառիկութեան պետական հայեցակարգին համար։ Յուդայականութիւնը ոչ պակաս կարեւոր դեր խաղաց Իսրայէլի կառուցման գործին մէջ, իսկ Ուղղափառութիւնը ռուսական կայսերական քաղաքական միտքի կեդրոնին կը գտնուէր:

Քաղաքական ինքնութեան ձեւաւորման վրայ կրօնական ազդեցութեան վտանգը մշտական խոնարհութեան ուսմունքի մէջ է: Պետութիւնը ազգի անձեռնմխելիութիւնն է, որ պէտք է պատրաստ ըլլայ որեւէ ցնցումներու: Ազգը երբեք պէտք չէ խոնարհութիւն ցուցաբերէ այն իրողութիւններու նկատմամբ, որոնք ձեռնտու չեն իրեն: Ազգը չի կրնար առաջնորդուիլ այնպիսի ոչ պետական հասկացութիւններով, ինչպիսիք են՝ ճակատագիրը եւ արդարութիւնը: Մեծագոյն պետական գործիչներ, ինչպիսին են՝ Նափոլէոն Պոնափարթ, Օթթօօ ֆոն Պիսմարք եւ Ճորճ Ուաշինկթըն, կը հաւատային, որ Աստուած կը հովանաւորէ միայն ուժեղները եւ նպատակասլացները, իսկ թոյլերը եւ ենթարկուողները անոր Արքայութեան մէջ տեղ չունին: Յուդայականութիւնը հրեայ ազգին կու տայ Աստծոյ կողմէ ընտրեալ ըլլալու կարգավիճակը, իրլանտական կաթողիկէութիւնը կլանած է իր մէջ կելտական մարտական աւանդոյթները, իսկ ամերիկեան բողոքականութիւնը կը սորվեցնէ մարդոց ըլլալ ուժեղ, հարուստ եւ պատասխանատուութիւն կրել սեփական անձի, ընտանիքի եւ պետութեան համար:

Մեր քրիստոնէական ձեւը ունի իր առանձնայատկութիւնները: Մէկ կողմէն, մենք իրաւամբ կը հայկականացնենք կրօնը («Հայ Առաքելական», «Հայ կաթողիկէ», «Հայ բողոքական»), իսկ միւս կողմէ՝ մեր եկեղեցական հիմնարկին կը նուազի քաղաքական համարձակութիւնը եւ յարձակողականութիւնը: Այն ընթացքին, երբ հայերուն կը վերադառնայ քաղաքական եւ պետական ինքնութիւնը, քրիստոնէութիւնը պէտք է կարեւոր դեր խաղայ եւ ինքզինք դրսեւորէ որպէս ուժեղ տարր, որ կ՚առաջնորդուի Աստուծոյ կողմէ, կը պաշտպանէ Հայաստանի եւ հայոց աշխարհի շահերը: Ճիշդ այսպիսի կրօնական կաղապարին պէտք է ձգտին մեր ծունկերը, որոնք շատ դարեր առաջ կորսուած են: Կրօնի եւ եկեղեցւոյ խնդիրն է վերահսկել ազգի ամէնօրեայ հոգեւոր վիճակը, ճգնաժամային եւ բեկումնային ժամանակաշրջաններու մէջ անոնք պէտք է համազգային հոգեբանի դեր ստանձնեն: Այսպէսով, «քաղաքական հայ»ը պետականամէտ է, ան կը ճանչնայ ուժեղ, յարձակողական եւ անմահ կրօնը, որ մուտք չի գործեր իշխանութեան եւ պաշտօնակալութեան երկրային եւ նիւթական միջանցքներուն մէջ:

Պետական ինքնութեան մէկ այլ տարր է հոգեբանական վիճակը: Այսօր հայոց աշխարհի մէջ ձեւաւորուած է երկու բնութագիր՝ Մեծ եղեռնի զոհերու ժառանգներ եւ անկախ Հայաստանի դրօշը տանողներ եւ Արցախեան ազատամարտի յաղթողներ:

Մեծ եղեռնը իր բնական ծննդավայրի մէջ վեց դար շարունակ կրօնական փոքրամասնութեան կարգավիճակի մէջ ապրած ազգի հոգեբանական ճաքի հետեւանք է: Եկէք յիշենք, որ բիւզանդական քաղաքական կանոնագիրքը ընդունած էթնիկ հայերու իշխանութեան օրօք Կոստանդնուպոլիսը մեծամտօրէն ընկալած էր Հայաստանը որպէս աշխարհագրական նպատակակէտ, որ անհրաժեշտ է նուաճել: Իշխան Ռշտունիի գլխաւորութեամբ՝ մեր պետական գործիչները, հասկնալով երկրի ամբողջական կործանման վտանգը, ստիպուած էին դիմել արաբական խալիֆայի հովանաւորութեան: Ընտրութիւնը երկու չարիքի միջեւ էր՝ միաձուլուիլ Բիւզանդիոյ հետ կամ արաբներուն հարկեր վճարող ինքնավար պետութեան կարգավիճակ ձեռք բերել:

Այդ ժամանակ մեր վերին խաւը ճիշդ ռազմավարական ընտրութիւն կատարած է յօգուտ հայոց պետականութեան: Ուստի անհասկնալի է հպարտութիւնը Հայաստանի շահերու հաշուին օտար շահերուն ծառայած մեծ թիւով հայ կայսրերուն: Այդ օրէն ի վեր մեր մշակոյթին մէջ մուտք գործեց չափազանց վտանգաւոր պաշտամունք՝ աստուածացնել այն էթնիկ հայերը, որոնք աշխարհով մէկ կը ծառայէին արտաքին շահերուն եւ կ՚օգտագործուէին որպէս ազդեցութեան գործիք ընդդէմ հայկական պետականութեան: «Հաւատարիմ ազգի» կեղծ եւ շահարկելի կարգավիճակով եւ քաղաքական ու տնտեսական պաշտօններու ձեւով մանր սուլթանական պարգեւներով գայթակղուած, մեր նախնիները զինաթափուեցան եւ չկարողացան պաշտպանել սեփական շահերը (թէեւ այդ ահազանգերը եղած են մինչեւ Ապտիւլ Համիտի ջարդերը): Այսօր պէտք է ընդունինք, որ ցեղասպանութիւնը արդիւնքն է այն ազգա-պետականաշինութեան հարիւրաւոր դարաւոր ձախողումներու, որոնք մեզ տկարացուցին: Ասոր դիմաց մենք շատ թանկ վճարած ենք պատմութեան, որ երբեմնի կայսերական հզօր ազգը վերածեց ամբողջ աշխարհով ցրուած համայնքային էթնոսի:

Անհրաժեշտ է լիովին հեռանալ ներկայիս իրավիճակէն, երբ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արտաքին ուժերու կողմէ կ՚օգտագործուի յանուն սեփական նիւթական շահերու: Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը եւ Գերմանիան այս հարցը կը բարձրացնեն միայն Թուրքիոյ հետ քաղաքական երկխօսութեան ճգնաժամի պայմաններու մէջ եւ մէկ կողմ կը դնեն ճանաչման գործընթացը, երբ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին: Խնդիրը այն է, որ այդ խարդախութիւնները տեղի կ՚ունենան մեր համաձայնութեամբ եւ հիացմունքի ներքոյ: Սա պէտք է դադրի: Հասուն քաղաքական ազգը չի կրնար ուրախանալ, որ օտար ուժերը կ՚օգտագործեն իր պատմական յիշողութեան հարցը՝ որպէս քաղաքական առուծախի առարկայ: Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս պատմական Հայաստանի հարցը, քաղաքական հայերու եւ ամուր հայկական պետականութեան եւ թրքական կողմի միջեւ ապագայ «քննարկման» հարց է: Այդ կարգավիճակին հասնելու եւ համապատասխան միջոցներ ստանալու համար չափազանց կարեւոր է անցնիլ անկախութեան դրօշը տանողներու եւ ազատագրողներու երկրորդ բնութագրին:

Անկախ պետութիւնը սուրբ պարգեւ է, որուն պէտք չէ դպնան մարդիկ, որոնք կը մտածեն նիւթական հարստացման աշխարհիկ աստիճաններով: Պետական պաշտօնեան սնուած է իր քաղաքացիներու ներուժով, որոնք ունին կառուցողական եւ ապակառուցողական ուժ: Կառուցումը պէտք է ուղղուած ըլլայ այնպիսի պայմաններու ձեւաւորման, որոնք իւրաքանչիւր հայուն հնարաւորութիւն կու տան ձեւաւորել իր ապագան հայկական ինքնիշխանութեան ներքոյ: Կործանարար ներուժը պէտք է վախցնէ հակառակորդները եւ թշնամիները, որոնք կը ցանկան հայոց պետականութիւնը տեսնել աւերակներու մէջ: Արցախի ազատագրումը ցոյց տուաւ մեր ազգային աշխուժութեան երկու կողմերը եւ ստիպեց միջազգային հանրութեան ճանչնալ մեր իրաւունքը: Այս պատերազմին մէջ մենք սկսանք սպաննել մեր ներսի պաշտօնեաները, արտաքին ուժերուն ծառայողները, գաւառական պաշտօնեաները եւ վերադառնալ ուժեղ պետական գործիչներու բնական վիճակին: Ցաւօք, մենք, ինչպէս դարեր առաջ, եւ մեր վերնախաւը, ըլլալով պատրանքներու մէջ, երես թեքեցինք յարձակողական ստեղծարարութեան գաղափարախօսութենէն դէպի դրամն ու իշխանութիւնը:

Այսօր իրականացուած «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը դարձած է ազգի եւ պետութեան կառուցման եւս մէկ հնարաւորութիւն: Սակայն մենք կրկին թոյլ կու տանք նոյն սխալները: Հերթական անգամ կը հնչեն արտաքին ուժերու հովանաւորութեան եւ անվտանգութեան փնտռտուքներու կոչեր, կրկին բարձր խաւի նեղ խումբերու պաշտօնեաները պատերազմ յայտարարած են միւս խումբերուն դէմ: Հայազգի վերնախաւը, որ կը ծառայէ օտարերկրեայ շահերուն, կը փորձէ օգտագործել նիւթական գործիքները, յոյս ունենալով «գնել» գաղութային կառավարման իրաւունքը: Արդեօք նման բան մեր պատմութեան մէջ չէ եղա՞ծ: Հարցը հռետորական է, ի վերջոյ, Մեծ Հայքի անկումէն յետոյ, ճիշդ այդ տարրերն են, որ քայքայած են մեր պետականութիւնն ու ազգը: Այսօր մեզի անհրաժեշտ է ապաքինում՝ համազգային համաձայնութեան եւ հաշտեցման ձեւով, որու կարեւորագոյն պայմանը մեր միասնական քաղաքական ինքնորոշումը սահմանելն է:

Ներկայիս պատմական ժամանակաշրջանի մէջ քաղաքական հայու համար չկան կուսակցութիւններ եւ մանր տարաձայնութիւններ: Գոյութիւն ունի միայն մէկ հայկական դրօշ եւ մէկ հայկական պետութիւն, որու շահերը տարածական եւ ժամանակային առումներով անփոփոխ են: Քաղաքական հայը (պետական գործիչը) չի կեդրոնանար արտաքին աշխարհի մէջ էթնիկ հայերու ձեռքբերումներու վրայ եւ օտար պետութիւններուն սեփական ժողովուրդի պատմական ողբերգութեան քաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձնելու համար շնորհակալութիւն չի յայտներ: Ընդհակառակը, պետական գործիչը հայոց աշխարհի ձայնի առարկայականութիւնը ամրագրելու նպատակով իր ուժը, կարողութիւնները եւ ներուժը ուղղած է յօգուտ միակ ինքնիշխան միաւոր հանդիսացող Հայաստանի: Ինչպէս հարիւր, հինգ հարիւր եւ հազար տարի առաջ, պատմութիւնն ու բարձրագոյն իշխանութիւնները մեր առջեւ նոյն հարցը կը դնէին՝ յարձակողական ստեղծարարութեան գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող քաղաքակա՞ն ազգ, թէ՞ մանր պաշտօնեաներու եւ պետականութեան կորուստով ուղեկցուող անվերապահ պարտութիւն: Վստահ եմ, որ մենք սխալելու իրաւունք չունինք այլեւս։

Երեւան

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018