ԻՄ ԵՒ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ԱՐԵՒԵԼՔՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ -Ե-

Յետոյ սկսաւ երիտասարդութիւնը, գիշերային կեանքերը, եւրոպական երկիրներու այցելութիւնները… Եւ հասաւ տեղ մը, ուր ինքզինք դրսեւորեց քաղաքական հանգանակը եւ այն եկաւ բազմելու յաւիտեան մեր մէջ, քանի դեռ Արեւելքի մէջ էինք եւ ինքնաբերաբար առաւել չափով քաղաքականացած կը համարուէինք արեւմուտքցիներէն: Ինքնին Արեւելք կոչուածը ինքզինք քաղաքականացուցած էր իր ամէն ինչով: Հաւանաբար երբ կեանքի զանազան մարզերը (գիտութիւն, մշակոյթ, ընկերաբանութիւն, տնտեսութիւն, նոյնիսկ մարզանք) չի զարգանար քաղաքականով, մարդիկ կ՚ուզեն հաստատագրել գոյութիւնները եւ արդարացնել միւս մարզերուն մէջ այսպէս ըսած ձախողումները կամ չառաջընթացը:      

Աղդէն երիտասարդ տարիքին, բայց կուտակուած վերապահումներով վերայայտնաբերեցինք Արեւելքն ու Արեւմուտքը: Հոն երեւեցաւ քաղաքականը, պատմականը, ծանր մշակութայինը եւ, բնականաբար, աւելի սուր ձեւով նշմարուեցան տարբերութիւնները եւ մենքի-անոնքի, հաւաքականի-եսի կիսկատարի կամ լիակատարի ընտրելին ու չընտրելին, վանողականն ու որդեգրելին եւ ամենակարեւորը՝ իրականացաւ ինքնութեան դիտաւորեալ ու ակամայ զտումները: Այո՛, դատման ու մօտեցման եզրերէն ամենահամայնականն էր քաղաքականը, որ համալսարանէն ներս ալ Արեւելքը կը դարձնէր վրէժով ու պակասաւորութեամբ լեցուած, իսկ քաղաքապատմականը (իր բոլոր տեղական, ազգային ու  միջազգային քարոզչական հովանիներով) մեզի կը դնէր նախանձագին ու դատապարտեալ սրբագրումներու պայքարի մը մէջ: Հոն էին հայ դատը, հայկական հարցը, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի անվերջանալի տառապանքները, ինչպէս նաեւ աւելի մեծ տրամագիծով հոն էին Միջին Արեւելքի եւ արաբականութեան, նաեւ մահմետականութեան խնդիրները: Քաղաքականը շատ մեծ բեռ ու յուզում յառաջացուց Արեւելք-Արեւմուտքի մեր ընկալման վրայ եւ կարծեմ՝ մեր անհատական ու հաւաքական կերպարներն ալ կազմուեցան այդ մեծ բեռի գծագրումով:

Իմ Եւրոպա առաջին այցելութիւններս ահռելի տեղատուութեան ու ցնցումներու տեղի տուին: Կը յիշեմ, երբ իջայ Պարսելոնա եւ օդակայանէն վերջ բացուեցաւ քաղաքը գիշերով, ես եւ ընկերս դրինք մեր ճամպրուկները այն պանդոկը, որ կը գտնուէր քաղաքի կեդրոնին, անմիջապէս իջանք Լա Ռամպլա պողոտան: Երկրաշարժ էր մէջս, ես վազելու սկսայ եւ ուզեցի աւելի շօշափել, շնչել, բանալ եւ զգալ ու վերապրիլ իմ արեւմուտքս: Ես ի վերջոյ Արեւելքէն էի, գիտէի, որ Արեւմուտքը ազատութեան ճամբան է (անկախ այն բանէն, թէ կայ կա՛մ հասանելի, կիրառելի կամ իրակա՞ն է այդ ազատութիւնը): Պարսելոնան միայն Սպանիան չէր ներկայացներ այդ վայրկեանին, այլ Նիւ Եորքն ու Լոս Անճելըսը, Հարաւային Ամերիկան ու Քրիստոֆըր Քոլոմպոսին միտքերը եւ հազար ու մէկ բան, որ կար իմ մէջ: Արեւմուտքը պիտի ըլլա՞ր իմ ուզածիս պէս կամ ես այդ վայրկեանին մտովին զայն կ՚ուզէի, չէի գիտեր: Միայն պիտի սկսէր Պարսելոնայով անվերջ յայտնաբերումը Արեւմուտքին, որ ինչքան կ՚ընթանար ան աւելի կը կորսուէր, քանի ամէն ինչ երբ կը յայտնաբերես, կը խորանաս անոր մէջ եւ կ՚ընկալես, արդէն ինքնաբերաբար իր եզրաբանութիւնը, տարբերակումներն ու նախապաշարումները կը հալեցնէ ու կ՚ընդելուզուի ընդհանուրի մը մէջ:

Այո՛, քաղաքականով, համալսարանական գիտելիքներով ու փորձով արեւմտեանը կը յամենար, բայց նաեւ կ՚ամրանար ու տեղ մըն ալ ինքզինք կը գերազանցէր եւ արդէն անձնական ճամբորդութիւններով ուրիշ ու իրողական դաշտեր կը բանար Արեւմուտքը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Արեւելքը:

Արեւմուտքի մէջ Արեւելքի ներկայացուցիչ եւ տեսակ մը առաքելութիւն պարզելու իրականութիւնը հաւաքականին կողքին անհատականով ալ կը կայանար: Լոպիինկի հասկացողութիւնը ինքնին զօրաւորի-տկարի կապի մը միջոցաւ ալ երբ կը դրսեւորուի, տիպիկ Արեւելք-Արեւմուտք կապի եւ ենթակայութեան պատկեր մը կը պարզէ. օրինակ՝ Ամերիկայի մէջ դատ ունեցող պետութիւններու կատարածը արդէն այդ պատկերի մարմնացումներէն մնա է: Եւ հոս քաղաքական ալ հենքով անխուսափելի է չտեսնել, որ ակամայ Արեւմուտքի մէջ պետութեան մը, դատի մը, մշակոյթի մը, նոյնիսկ ֆոլքլորի մը (նայած տեղի) ներկայացուցիչ ըլլալու իրականութիւնը կար, իսկ այդ մէկը երբ կ՚ընդլայնէր, մեզի պէս փոքրիկ ու անիրաւուած ազգի ներկայացուցիչ ըլլալու իրականութիւնն ալ պարտադրանքի կը վերածուէր: Հայ ըլլալն ու ներկայանալը զանազան քաղաքներու մէջ եւ այդ քաղաքներու մէջ ալ ծանօթութիւններ կատարելը աներկբայօրէն կը պարունակուէր արհաւիրքի զոհ, առաջին քրիոստեայ ժողովուրդ ըլլալը եւ շատ մը բաներ:

Պարսելոնայի, ապա զանազան եւրոպական քաղաքներու գիշերային կեանքերը, հրապարակները, երիտասարդութիւնը, երաժշտութիւնը եւ շատ մը բաներ կը պայթէին մեր մէջ նոր շերտերով ու շաղուածքներով: Անոնք բացի նորութիւն ըլլալէ, հին մեր պատկերացումներու հետ կը համադրէին նոր կազմուածքներ եւ միեւնոյն ժամանակ կը բանային նոր ծրագիրներ:

Նոյնպէս Չինաստանի այցելութեանս մասին ալ երկար չխօսելով միայն նշեմ, որ հոն Արեւելքը չտեսնուած թուեցաւ ինծի եւ արեւմտեանի փնտռտուքի ենթակայութեամբ ու շուքով կը կատարուէր այդ մէկը թէ՛ իմ մէջ եւ թէ՛ ընդհանուր «Մեքտանըլտզ»ով, «Մարիոթ»ով եւ բազմաթիւ միջազգային ընկերութիւններով:

Մէջս կար հին հունտ մը Արեւելքէն եկած ու միեւնոյն ժամանակ անհատոյց ու չորդեգրուած՝ բայց անոր հանդէպ մասնակի պարտաւորեցնող հաւատք մը, որ «Արեւմուտքը պիտի եւ պէտք է քանդուի», հակառակ իր բոլոր նուաճումներուն:

Այո՛, հաւանաբար տեղ մը «կատարելագործութեան» համար ամէն ինչ դարձեալ սկսելու մարդկային ջանքն ու երազն էր (անկախ հոս Արեւելք-Արեւմուտքի մեր նիւթին), որ կը տանէր վրէժ լուծելու եւ որ կը դրսեւորուէր ամէն ինչի մէջ: Խոստովանիմ, որ իմ մէջս ալ կար վտիտ վրէժի զգացում մը Արեւմուտքի հանդէպ եւ անոր չարիքացման միտումներու ականատեսը ըլլալով, մեծ կամ չնչին մասերով, տեղ մըն ալ այն «իրողութեան» արդարացումներ գտնելու գործին կապակցութեամբ գտած եմ ինքզինքս: «Մեր արեւմուտքին» ու անոր «կառուցման» հետ կու գային այդ արդարացումները, պզտիկ ու մաս եղող ծրագիրներով կամ նոյնիսկ մարդկային ամենամեծ ու ամենաժամանակ տեսլականներով, ինչ որ կը բանէր կազմելու յարատեւ նոր աշխարհներով:

Երիտասարդութիւնը ինքնին յարձակողական հասկացողութիւն է ու տեղ մըն ալ վերաշինելէն աւելի տեսակ մը քանդող է: Եւրոպան ու Ամերիկան քաշողական էին եւ են աշխարհի բոլոր երիտասարդութեան համար եւ հոն էր բացատրելի եւ անբացատրելի գերակայութիւնը անոնց: Երիտասարդները կը գտնէին ազատութիւն մը այդ երկիրներուն մէջ, կ՚ապրէին ուրիշ տեսակի կեանքեր, իսկ Արեւմուտքի մէջ, օրինակ, իսլամ երիտասարդութեան արմատականացումը, ընկերային հոգեբանական հակասութիւնները հարթելու համար բռնութեան կը տանէր: Բայց ատիկա ինչքան ալ ատելութեամբ դրսեւորուէր Արեւմուտքի նկատմամբ, չէր կրնար յաղթահարել առանց Արեւմուտքի մը ապրումը՝ թէ՛ հեռուէն եւ թէ մօտէն: «Պիտի իյնայ Արեւմուտքը, հաւատացէ՛ք այս կանխատեսման եւ մենք պիտի փրկուինք, մենք պիտի ապրինք նոր արդար աշխարհ», այս կանխատեսման համար ալ լծուած քաղաքական ճակատէն անդին մշակութային արդար կամ անարդար գիծը կարծեմ պարզապէս ինքնահաստատութիւն մըն էր եւ է՝ հասկցուած նոյն Արեւմուտքին ալ կողմէ: Արեւմուտք մը, որ կը ներառէ Ճաբոնն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, արդէն Արեւմուտք մըն ալ չէ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023