ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ուղիղ ճանապարհով քայլողին եւ անուղիղ ճանապարհով քայլողին միջեւ:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տիրոջմէ կը վախնայ, բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զԱնիկա կ՚անարգէ» (Առ 14.2): Պարզ եւ յստակ, մէկը կը վախնայ, իսկ միւսը կ՚անարգէ: Այստեղ վախ ըսելով, սակայն, պէտք չէ տառացիօրէն հասկնալ, այլ հասկնալ ակնածիլ, երկիւղ զգալ: Ինչպէս զաւակները իրենց ծնողներէն չե՛ն վախնար, երբ անոնք իրենց գործած սխալներուն համար կը յանդիմանեն կամ խստութեամբ կը խօսին, քանի որ կը հասկնան ու կը գիտակցին, թէ ծնողներուն նման վերաբերմունքը իրենց գործած սխալներուն հետեւանքով է, եւ առաւել եւս իրենց օգուտին համար, եւ այսպիսի պարագաներու կ՚ակնածին ու երկիւղով կը լեցուին իրենց ծնողներուն նկատմամբ, նոյնն է պարագան Աստուած-մարդ յարաբերութեան, մենք պէտք չէ՛ Աստուծմէ վախնանք, որովհետեւ Ան սիրող Հայր է, այլ՝ պէտք է ակնածինք, երկիւղ զգանք՝ սէրէ բխած:

Վերը տրուած օրինակին ճիշդ հակառակը կը գործէ, այս անգամ ծնողները չյարգող զաւակներուն եւ չար ու մեղսասէր մարդոց պարագային: Այսինքն՝ ծնողները չյարգող զաւակները իրենց ծնողներուն կողմէ ստացած յանդիմանութիւնը չե՛ն ընդունիր, կը քմծիծաղին ու կ՚անտեսեն անոնց ըսածները՝ վիշտ պատճառելով անոնց: Նոյնն է պարագան մեղսասէր մարդոց, որոնք չլսելով Աստուծոյ պատուիրանները, իրենց ճամբան ծռելով՝ շեղելով, իրենց գործերով ու ապրելակերպով կ՚անարգեն ու կը վշտացնեն զԱստուած, իրենք զիրենք կորուստի մատնելով: Կը վշտացնեն ըսինք, որովհետեւ Աստուած չ՚ուզեր, որ մարդ կորուստի մատնուի, ինչպէս Ի՛նքն իսկ կ՚ըսէ, թէ՝ «միթէ Ես ամբարիշտին մեռնիլը կ՚ուզե՞մ: Չէ՞ որ Ես կ՚ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի» (Եզ 18.23): Հետեւաբար, մարդ միշտ առիթ ունի իր ծուռ ճամբաններէն ետ կենալու եւ վերադառնալու ուղիղ ճանապարհին, որ դէպի յաւիտենական կեանք կ՚առաջնորդէ:

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը յիմարներուն եւ իմաստուններուն շրթունքներուն:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Յիմարին բերանը հպարտութեան գաւազան կայ, բայց իմաստուններուն շրթունքները զիրենք կը պահեն» (Առ 14.3): Ինչո՞ւ հպարտութեան գաւազան, որովհետեւ յիմարները, այլ խօսքով՝ տգէտները, որոնք իրենց չունեցածով կը պարծենան, այսպէս կամ այնպէս իրենք զիրենք հպարտ կը զգան, ամենագէտ կը զգան, որով իրենք զիրենք կը խայտառակեն, որովհետեւ հպարտութիւնն ու տգէտութիւնը մարդս ո՛չ թէ կը բարձրացնեն ու կը մեծարեն, ընդհակառակը՝ կը խայտառակեն ու կը նուաստացնեն: Մինչ իմաստուններուն շրթունքները կը պահեն զիրենք, քանի որ անոնք կը զսպեն ու կը տիրապետեն իրենց լեզուին, գիտեն ե՛րբ պէտք է խօսիլ ու ե՛րբ պէտք է լուռ մնալ, հակառակ յիմարներուն, որոնք տեղի-անտեղի կը խօսին ու կը խօսին, առանց լսելու իրենց դիմացինը, առանց երբեմն-երբեմն լռելու, որպէսզի լսեն, թէ միւսները ինչ կ՚ըսեն: Մինչ իմաստունները, խօսելէ աւելի՝ լուռ կը մնան եւ կը լսեն, որով եւ իրենց իմաստութիւնը կ՚աւելցնեն, որովհետեւ գիտեն ու հասկցած են լռութեան կարեւորութիւնը:

Օրերս արաբերէնով հատուածի մը հանդիպեցայ լռութեան մասին, զոր այստեղ թարգմանաբար կը տեղադրեմ, նկատի ունենալով, որ լռութեան կարեւորութեան մասին անդրադարձանք վերի հատուածին մէջ: Այսպէս, ԼՌՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ խորագիրին տակ, կը կարդանք.

«Լռութիւնդ յաղթութեանդ ժամանակ՝ ինքնավստահութիւն է:
Լռութիւնդ բարկութեանդ ժամանակ՝ ուժ է:
Լռութիւնդ գործիդ ժամանակ՝ հնարամտութիւն է:
Լռութիւնդ ուրիշներուն քեզ ծաղրած ժամանակ՝ վեհութիւն է:
Լռութիւնդ մարդոց քեզ խրատած ժամանակ՝ դաստիարակութիւն է:
Լռութիւնդ տխրութեանդ ժամանակ կը նշանակէ, թէ միայն Աստուծոյ կը դիմես»:

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ճշմարտութեան եւ ստութեան վկաներուն միջեւ:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր, բայց անիրաւ վկան ստութիւններ կը թափէ բերանէն» (Առ 14.5):

Մարդ կոչուած է միշտ ճշմարտութեան վկան ըլլալու, իսկ ճշմարտութեան մասին վկայութիւնը ուղղախօսութիւնն է, որ կարիք չունի այլեւայլ միջամտութիւններու՝ զայն հաստատելու կամ պնդելու համար: Յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքերը. «Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ: Անկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մտ 5.37): Իսկ չարէն եկած ամենէն յոռի սովորութիւններէն մէկը սուտ վկայութիւնն է, որ Տէր Աստուած Տասնաբանեայ Իր պատուիրաններուն մէջ բացարձակօրէն կ՚արգիլէ, պատուիրելով. «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16):

Արսէն Քահանայ Բագրատունին իր «Տասը Պատուիրանները կամ բարոյական պարտացոյց» գրքոյկին մէջ, որ լոյս տեսած է 1881-ին Տփղիսի մէջ (2022-ին ալ Սուրբ Էջմիածինի տպարանէն լոյս տեսաւ նոյն գրքոյկը, պատրաստութեամբ՝ Տէր Գաբրիէլ Քահանայ Վարդանեանին) վկայութեան եւ ի մասնաւոր սուտ վկայութեան մասին այսպէս կը գրէ.

«Վկայութիւնը ինքնին աւելորդ է, եթէ մադկային յարաբերութիւնները հիմնուած են անկեղծ սիրոյ եւ համակրանքի հիմնաքարին վրայ, եթէ մարդոց կենցաղավարական յարաբերութիւնը ա՛յն կատարելութիւնը ունի՝ իբրեւ նշանաբան, որ կը կամենայ ու կը պատուիրէ Յիսուս Իր գերագոյն վարդապետութեան աշակերտողներուն. վկայութիւնը գին եւ նշանակութիւն չունի՝ վստահելի, անկեղծ եւ ճշմարիտ յարաբերութիւններու պարագային, ատիկա պարզ ապացոյց է մարդոց՝ իրարու հետ ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ հաւատքի ու զգօնութեան խախտումին, ճշմարտութեան՝ թուլութեան, եւ կատարելութեան՝ ամբողջապէս բացակայութեան:

Ուրեմն, եթէ վկայութիւնը ինքնին աւելորդ է, հապա ո՞ւր կը մնայ սուտ վկայութիւնը, որ անխնայ յանցանք է վկայողին համար եւ վնաս՝ կարծեցեալ յանցաւորին համար. իրապէս ալ, ատիկա մարդասպանութիւն է, քանի որ այդ յանցանքին կամ ախտին շարժառիթներն են գլխաւորաբար կաշառակերութիւնը եւ յետոյ նախանձը, ատելութիւնը, մոխիրին տակ ծածկուած ու միշտ բորբոքելու պատրաստ հին վրէժը կամ ոխը, թշնամական յարաբերութիւնները, երբեմն նաեւ պատիւի եւ բարեկամական հանգամանքները:

Անմեղին մեղաւոր հանելու սուտ վկայութիւնը երեք տեսակի չարագործութիւն կը պարունակէ իր մէջ. չարագործութիւն Աստուծոյ դէմ՝ Անոր հայրական սէրը արհամարհելով ու դատաւորական երկիւղը անարգելով: Չարագործութիւն խիղճի դէմ՝ նոյն խիղճը իր մէջ մոռցնելով ու սպաննելով: Չարագործութիւն ընկերոջ դէմ՝ անոր անմեղութիւնը սուտ հանելով, յանցաւոր կերպով վկայելով իր անձնական շահերուն կամ կիրքերուն համար միայն: Մինչդեռ մարդը՝ իբրեւ ընկերական էակ, յաճախ եւ գրեթէ միշտ պարտաւոր է անհրաժեշտ պարագաներու նոյնիսկ իր կեանքը տալ իր անկենդան ընկերոջ, կամ աւելի պարզ ձեւով՝ զոհաբերել իր անձնական շահերը ընկերոջ ու անոր անմեղութեան հաստատման օգուտին, որովհետեւ ա՛յս է ընկերութեան պայմանը, այլապէս՝ մարդուն վայել է ո՛չ թէ ընկերական արարած անուանել, այլ՝ գիշատիչ գազան, որ, յանուն իր որկորը լեցնելուն, պատրաստ է իր նմանն ու հաւասարը յօշոտել:

Սուտ վկայութեան պատճառով աշխարհի Բարերար ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը մահուան դատապարտուեցաւ: Պատմական աշխարհին մէջ սուտ վկայութիւններու եւ ստութիւններու զոհ դարձան հազարաւորներ ու բիւրաւորներ, որոնց կեանքը իրենց ապրած այդ ժամանակներուն փրկութիւն ու լոյս էր, որոնք բարիք ու օգուտ կը մատակարարէին այն հասարակութեան, որու ամբողջութեամբ նուիրուած էին իրենց կեանքով, սուրբ եկեղեցիներու համար հաստատութեան քարեր էին, որոնց մէջ Արարիչին Սուրբ Անունը կը փառաւորուէր, մարդկային ընկերութեան, սիրոյ եւ սուրբ յարաբերութեան անսասանելի սիւներ էին, որոնցմէ պիտի ակնկալուէր ազգային կեանքի ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը, բայց աւա՜ղ, անոնք ստութեան հարուածներէն պարտուեցան, սուտ վկայութիւններէն ընկճուեցան, եւ կեղծաւորութիւնը կամ շողոքորթութիւնը, բամբասանքը կամ չարախօսութիւնը, որոնք բոլորը մէկ խօսքով կարելի է լեզուասպանութիւն անուանել, տապալեցին ու սպաննեցին այդ ամբողջ բարիքը, եւ իրապէս նմանեցան Դաւիթ մարգարէի յիշատակած սուր ածելիին. “Սուր ածելիի նման նենգութիւն գործեց: Բարութենէն աւելի չարութիւն սիրեց եւ արդար խօսքէն աւելի՝ անօրէնութիւն” (Սղ 51.4-5):

Հետեւաբար, իններոդ պատուիրանը կ՚արգիլէ ստախօսութիւնը, սուտ վկայութիւնը, չարախօսութիւնն ու բամբասանքը, որոնք ատելութենէն, վրէժխնդիր ոխակալութենէն, ընչասիրութենէն կամ ագահութենէն կը ծնին»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 35

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023