ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ե.

Իսկ Գիրքերը քննելու պատճառը կը դնէ, ըսելով.

ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐՈՒՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Խօսք. «Եւ նոյն գիրքերն են, որ կը վկայեն Իմ մասիս» (Յհ 5.39):

Մեկնութիւն. Այստեղ այս կերպով, որովհետեւ Քրիստոսի գալուստին ժամանակը Արարածքին մջ գրուած էր. «Յուդայէն պետ ու իշխան պիտի չպակսի, մինչեւ որ գայ Ան՝ որ պիտի գայ» (հմմտ. Ծն 49.10): Եւ դարձեալ, Դանիէլը սահմանափակելով եօթանասուն շաբաթներու տարիներու թիւը, ու Քրիստոսի գալուստէն ետք կ՚ըսէ: Դարձեալ, Միքիան Քրիստոսի ծնունդին վայրը կը դնէ. «Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթղեհէմ Եփրաթա, Յուդայի երկիր» (տե՛ս Մք 5.2), եւ այլն: Եւ դարձեալ, Եսայիի մօտ ծնելուն կերպը գրուած է. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնի» (Ես 7.14), եւ այլն: Ուստի, յայտնի է, թէ Քրիստոս առանց մօր ապականութեան պիտի ծնէր, իսկ ծնածը՝ Էմմանուէլ, այսինքն՝ Աստուած մարդացեալ պիտի կոչուի: Քրիստոսի կեանքին վարքը Զաքարիային մօտ գրուած է, երբ կ՚ըսէ. «Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է...» (Զք 9.9), եւ այլն: Քրիստոսի մահուան կերպն ալ Եսայիի մօտ գրուած է. «Ոչխարի մը պէս մորթուելու տարուեցաւ» (տե՛ս Ես 53.7), եւ այլն, նոյնպէս ալ խոցումն ու թաղումը, յարութիւնն ու համբարձումը, Հօր աջ կողմը նստիլը, Դաւիթը կ՚ըսէ: Համառօտ ըսելով, Քրիստոսի մարդեղութեան ամբողջ խորհուրդը Հին կտակարանին մէջ գրուած է, եւ Քրիստոսի վրայ կատարուեցան, այդ պատճառով հրեաները կրնային գիտնալ, թէ Յիսուս Քրիստոսն է՝ Օրէնքով ու մարգարէներով խօսուածը: Եւ թէեւ Սուրբ Գիրքերը կը վկայէին Քրիստոսի մասին, սակայն հրեաները չէին ընդուներ զԻնք, այդ պատճառով ալ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Դուք, սակայն, չէք ուզեր Ինծի գալ՝ կեանքը ունենալու համար» (Յհ 5.40):

Մեկնութիւն. նախ այն կ՚ըսէ, որովհետեւ թիւով շատ քիչ հրեաներ հաւատքով Քրիստոսի եկան: Դարձեալ, առաւել կը յանդիմանէ «չէք ուզեր» կ՚ըսէ, եւ ո՛չ թէ «չէք գիտեր Օրէնքն ու Իմ մասիս եղած վկայութիւնները»:

ՓԱՌՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ես մարդոցմէ փառաբանութիւն ընդունելու պէտք չունիմ» (Յհ 5.41):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ չե՛մ խնդրեր, որովհետեւ հրեաները կրկնակի պատճառով կը հալածէին զՔրիստոս. նախ՝ հայհոյութեան համար, թէ՝ «Դուն Քեզ Աստուած կը համարես» (Յհ 10.33): Երկրորդ, շաբաթը լուծելուն համար:

Առաջինին համար կ՚ըսէ. «Ես Աստուծոյ հակառակ փառաբանութիւն չեմ խնդրեր»: Երկրորդին համար. «Դուք Աստուծոյ սէրը չունիք, այդ պատճառով չարութիւն կը մտածէք Ինծի համար»:

Դարձեալ, չորս կերպ է խօսքին իմացումը.

Նախ՝ ըսուած վկայութիւնները Իմ անձիս գովութեան համար չըսի, որովհետեւ մարդոցմէ փառաբանութիւն չե՛մ խնդրեր: Ասիկա յայտնի է, երբ ուզեցին զՔրիստոս թագաւոր ընել, խոյս տուաւ ու փախաւ:

Երկրորդ՝ կրկնակի է փառքը, այսինքն՝ հոգեկան եւ մարմնական: Մարնականը, որ մոլորութիւն ու սնափառութիւն է, չե՛մ խնդրեր, այլ՝ հոգեւորը:

Երրորդ՝ մարդոցմէ փառաբանութիւն չե՛մ խնդրեր, որովհետեւ Իմ հրեշտակներս կը փառաւորեն զիս, որ սերովբէները կ՚ըսէին. «Երկինքն ու երկիրը Անոր փառքով լեցուն են» (տե՛ս Ես 6.3):

Չորրորդ՝ մարդոց փառաբանութեան կարօտ չեմ, որովհետեւ Հայրս կը փառաւորէ զիս, ըստ այնմ. «Ո՜վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս այն փառքով, որ ունէի Քու հետդ» (Յհ 17.5), եւ այլն:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար մենք միշտ Աստուծոյ փառք կու տանք, իսկ Ինք կ՚ըսէր. «Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար» (Ես 42.8):

Պատասխան. Ըսելը «Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար» մեզ կուռքերէն կը դարձնէ [կը հեռացնէ], իսկ որ միշտ Աստուծոյ փառք կու տանք, ո՛չ թէ Անոր համար լիութիւն է այդ, որովհետեւ Ան անկարօտ է՝ ո՛չ կ՚աւելնայ ու ո՛չ ալ կը պակսի, այլ՝ մեզի համար լիութիւն եւ փառք է, ինչպէս որ արեւին լոյսը տեսնելով մեզի համար է յաւելումը եւ ո՛չ թէ արեգակին, նոյնպէս զԱստուած փառաւորելը մեզի օգուտ է, ըստ որում. «Ես զիս փառաւորողները կը փառաւորեմ» (տե՛ս Ա. Թգ 2.30):

Խօսք. «Բայց ձեզ ը ճանչնամ» (Յհ 5.42):

Մեկնութիւն. Թէ Աստուծոյ սէրը չունիք ձեր անձերուն մէջ, այսինքն՝ ուրիշներուն ծանուցուի այս խօսքերով, թէ Աստուծոյ կատարեալ սէրը չունիք: Անով յայտնի է, որովհետեւ Յիսուսը Աստուծոյ սիրոյն համար չէին հալածեր ու Օրէնքին ջատագով ըլլալնուն համար, այլ՝ որովհետեւ Աստուծոյ սէրը չունէին:

ՀՕՐՍ ԱՆՈՒՆՈՎ ԵԿԱՅ

Խօսք. «Ես Հօրս անունով եկայ, բայց դուք չէք ընդունիր զիս» (Յհ 5.43):

Մեկնութիւն. Չորս կերպով կարելի է իմանալ.

Նախ՝ թէ կ՚ըսէր. «Հայրը զիս ղրկեց. Ես Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ» (տե՛ս Յհ 8.42):

Երկրորդ՝ թէ կ՚ըսէր. «...ո՛չ թէ Իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը Անոր՝ որ զիս ղրկեց» (Յհ 6.38):

Երրորդ՝ որովհետեւ խօսքն ու հրաշքները Հօր կը վերագրէր. «Խօսքերը, որ կը լսէք, Իմս չեն, այլ՝ Հօրը» (հմմտ. Յհ 14.10). «Հօրմէս կը լսեմ ու կը սորվեցնեմ» (հմմտ. Յհ 8.28). այլեւ՝ «Հայրը, որ Իմ մէջս կը բնակի, Ան կը կատարէ գործերը, եւ Ես Ինձմէ ոչինչ կը կատարեմ» (տե՛ս Յհ 14.10), եւ այլ նման հատուածներ:

Չորրորդ.՝ որովհետեւ հաւատքը Հօր կը վերագրէր. «Ով որ Իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ Անոր՝ որ զիս ղրկեց» (Յհ 5.24). եւ դարձեալ «ով որ Ինծի կը հաւատայ, ո՛չ թէ Ինծի հաւատացած կ՚ըլլայ, այլ Անոր՝ որ զիս ղրկած է» (Յհ 12.44). եւ «Չկայ բարի մէկը, բացի Աստուծմէ» (տե՛ս Մր 10.18): Ա՛յս է, Հօր անունով գալը:

ՆԵՌԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Եթէ մէկը ինքն իր անունով գայ՝ պիտի ընդունիք զայն» (Յհ 5.43):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ եթէ մէկը առանց աստուածային վկայութեան գայ, կը փափաքիք զայն ընդունիլ: Ասկէ յայտնի է, թէ Աստուծոյ սէրը չունիք՝ երեք կերպով. նախ՝ որովհետեւ նախանձի պատճառով կը հալածէք զիս, որ հակառակորդ չեմ: Երկրորդ՝ զիս, որ Հօր անունով եկայ, չէք ընդունիր: Երրորդ՝ անոր, որ իր անունով կու գայ, կ՚ընդունիք:

Ասիկա մասնաւորապէս պատահեցաւ Յուդայի ու Թեւդասի հետ, որոնք իրենք իրենցմէ կը խօսէին, թէ իրենք մեծ մարդիկ էին: Եւ դարձեալ, պիտի կատարուի երբ նեռը ընդունին, որ է՝ դերաքրիստոը, որ իր անունով պիտի գայ: Չորս ըսուածներուն հակառակ ու ինքզինքին աստուած պիտի ըսէ եւ ուրանալ պիտի տայ ճշմարիտ Աստուածը, ու ինքզինքին ճշմարիտ մեսիա պիտի ըսէ՝ հրեաներուն համար խոստացուած, այդ ատեն հրեաները պիտի ընդունին զայն, մինչեւ որ անոր ստութիւնը Ենովքի ու Եղիայի միջոցով յայտնի դառնայ, ու ասոր մօտիկ հրեաներուն անհաւատութեան պատճառը կը դնէ:

Խօսք. «Ինչպէ՞ս ինծի պիտի հաւատաք, երբ դուք իրարմէ փառաբանութիւն կ՚ընդունիք» (Յհ 5.44):

Մեկնութիւն. Ցոյց կու տայ, թէ աշխարհի փառքը Քրիստոսի հաւատքով կը խափանուի:

Ասիկա յայտնի է չորս բանէ.

Նախ՝ որովհետեւ հրեաները ուխտած էին զԻնք Քրիստոս չդաւանիլ, ինչպէս կ՚ըսէ Աւետարանը. «Շատեր հեռու մնացին Քրիստոսէն» (հմմտ. Բ. Պտ 2.21), որովհետեւ մարդոց փառքը սիրեցին Աստուծոյ փառքէն աւելի:

Երկրորդ՝ դարձեալ հրեաները Մեսիայէն մարմնաւոր մեծութիւն եւ փառք կը յուսային, իսկ զՔրիստոս աղքատ ու անարգ կը տեսնէին, այդ պատճառով ալ չէին ընդունիր, ու երկնային փառքը, որ Քրիստոս կը խոստանայ, չէին իմանար, ու կրնային մարգարէներէն գիտնալ, որովհետեւ աղքատ պիտի ըլլար ըստ մարմինի, իսկ նեռը կ՚ընդունէին մարմնաւոր փառքի, մեծութեան եւ առատաբաշխ ըլլալուն համար: Դարձեալ, մեզի ուղղուած է խօսքը, որովհետեւ աշխարհի փառքը Աստուծոյ փառքով պիտի խափանուի կրկին կերպով. նախ՝ որովհետեւ աշխարհի սէրը թշնամութիւն է Աստուծոյ, քանի որ՝ «չէ՛ք կրնար Աստուծոյ ծառայել ու դրամին» (Մտ 6.24: Ղկ 16.13), կ՚ըսէ:

Երկրորդ՝ որովհետեւ մարդոց փառքին եւ աշխարհի սիրոյն համար չենք սորվիր, պահք չենք պահեր, չենք աղօթեր, եւ այլն, անոր համար, թէ՝ «իրարմէ փառաբանութիւն կը ստանաք եւ մէ՛կ Աստուծոյ  փառքը չէ՛ք խնդրեր» (հմմտ. Յհ 5.44):

Եւ չորսով էր վկայութիւնը, եւ չորսով յանդիմանութիւնը դրաւ, այսինքն՝ ո՛չ կեանքը ունինք եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ սէրը, զիս ալ չէք ընդունիր, այլ՝ օտարը, ու Աստուծոյ փառքը չէք խնդրեր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 50

Վաղարշապատ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020