«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ՉՈՐՐՈՐԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ

«Հանգս­տու­թեան օ­րը միտքդ բեր՝ զա­նի­կա սուրբ պա­հե­լու հա­մար:
Վեց օր պի­տի աշ­խա­տիս ու բո­լոր գործդ ը­նես: Բայց եօթ­նե­րորդ օ­րը
Տի­րոջ, քու Աս­տու­ծոյդ, հանգս­տու­թեան օրն է. այն օ­րը գործ մը չգոր­ծես,
Ո՛չ դուն, ո՛չ քու ծա­ռադ ու ա­ղա­խինդ, ո՛չ քու ա­նա­սունդ, ո՛չ ալ տանդ
մէջ ե­ղած օ­տա­րա­կա­նը» (Բ­.Օր 20.8-10)

Չորրորդ պատուրիանը մեզի կը հրամայէ սուրբ պահել շաբաթ օրը եւ յատկապէս Աստուծոյ տալ այն պաշտամունքը, որ պարտաւոր ենք տալ: Մենք զԱստուած ճշմարտապէս կը պաշտենք այն ատեն, երբ Իրեն կը բարձրացնենք մեր հոգին եւ զգացմունքը եւ կը պաշտենք զԻնք բոլոր սիրտով, խոստովանելով, որ Ան է մեր Տէրն ու Արարիչը եւ մենք ոչինչ ենք Անոր առջեւ, փառաւորելով Անոր կատարելութիւնները եւ շնորհակալ ըլլալով Անոր բոլոր ողորմութիւններուն համար, զղջալով մեր մեղքերը եւ լալով մեր անարժանութիւնը, հայցելով Անոր գթութիւնը՝ Քրիստոսի անունով, եւ մեզ յաձնելով Անոր ծառայութեան, խնդրելով Անոր օգնութիւնն ու օրհնութիւնը՝ որուն կարօտ ենք եւ սորվելով Անոր կամքը, կարդալով Անոր խօսքը եւ մտածելով Անոր օրէնքներուն մասին, մեզ զօրացնելով Անոր շնորհքովն ու կատարելով Անոր պատուիրանները:

Այս պաշտամունքը մենք կրնանք Աստուծոյ մատուցել մեր սիրտով, որ կը կոչուի՝ հոգիով պաշտել, որ մեր Տէրը մեզմ կը պահանջէ. «Հոգի է Աստուած, եւ Անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զԻնք պաշտեն» (Յհ 4.24): Այս ներքին հոգեւոր պաշտամունքին կրնանք միացնել նաեւ արտաքինը, որուն մասնակից է մարմինը, մեր հոգիին ներքին շարժումն ու զգացումը արտաքին նշաններով յայտնելով, այսինքն՝ չոքելով, որ խոնարհութեան նշան է, ծնրադրելով, որ Աստուծոյ դիմաց մեր ոչնչութեան նմանն է, լալով, կարդալով, սաղմոսելով, բարձրաձայն աղօթելով, եւ այլն:

Սակայն, եթէ մեր այս արտաքին պաշտամունքը կապուած չէ ներքին հոգեկան պաշտամունքին հետ, այն ատեն մեր աստուածպաշտութիւնը ճշմարիտ աստուածպաշտութիւն չէ, այլ՝ կեղծաւորութիւն եւ փարիսականութիւն, ինչին համար մեր Փրկիչը կը յանդիմանէ եւ կը դատապարտէ հրեայ ժողովուրդը՝ ըսելով. «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներով զիս կը պատուէ, մինչ իր սիրտը շատ հեռու է Ինձմէ» (Մտ 15.8):

Մարդոց համար շատ կարեւոր է ներքին հոգեւոր պաշտամունքին հետ միասին ունենալ նաեւ արտաքին պաշտամունք: Ահաւասիկ պատճառները.

ա) Մեր սիրտը կը պահանջէ իր զգացմունքը արտայայտել, եւ արտաքին պաշտամունքը բնական եւ կարեւոր է, որով մեր զեղուն հոգիին զգացմունքը կը յայտնուի, որովհետեւ բերանը սիրտինը կը խօսի. «Քանի բերանը սիրտին մէջ եղածն է, որ կը խօսի» (Ղկ 6.45):

բ) Արտաքին աստուածպաշտութիւնը կ՚օգնէ մեր բարեպաշտութեան, մեր հոգին կը կերակրէ եւ մեր սիրտը նորո՛գ զօրութեամբ կը զօրացնէ:

գ) Աստուած Ի՛նք ներքին պաշտամունքին հետ արտաքին պաշտամունք եւս կը պահանջէ: Եթէ հոգիով պաշտել կը հրամայէ, միաժամանակ նաեւ բերանով խոստովանիլ կը պատուիրէ. «Որովհետեւ եթէ բերանովդ խոստովանիս թէ Յիսուս Տէր է, եւ սիրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զինք մեռելներէն յարուցանեց՝ կը փրկուիս։ Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սիրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ, եւ երբ բերանով խոստովանի՝ կը փրկուի» (Հռ 10.9-10): Աստուած Ի՛նք կը փափաքի, որ մենք փառաւորենք զԻնք հոգիով, եւ նաեւ՝ մարմինով. «Որովհետեւ փրկագինով գնուեցաք, փառաւորեցէք զԱստուած ձեր մարմիններով եւ ձեր հոգիով» (Հմմտ. Ա.Կր 6.20):

Մարդը պարտաւոր է եւ կրնայ զԱստուած պաշտել առանձինն, իր հոգին բանալով Աստուծոյ առջեւ, իր զգացողութիւնն ու կարօտութիւնը յայտնելով, աղօթելով ու կարդալով Անոր խօսքը: Այս աղօթքը առանձնական Աղօթք կը կոչուի:

Մարդ զԱստուած կրնայ պաշտել, իր ընտանիքին հետ, ինչ որ շատ կարեւոր է գերդաստանին մէջ բարեպաշտութեան զգացմունքը վառ պահելու եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը իրենց վրայ իջեցնելու համար: Այսպիսի աղօթքով միաբանութիւն կը հաստատուի հօր ու որդիին, տիրոջ ու ծառային, տիկնոջ եւ աղախինին, մարդուն եւ կնոջ միջեւ, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ սէրը կը պահպանուի ամբողջ գերդաստանին մէջ: Ասկէ բացի, մարդիկ պարտաւոր են միասնական պաշտամունք եւս մատուցել Աստուծոյ՝ եկեղեցւոյ մէջ, հասարակաց բարօրութեան եւ խաղաղութեան համար. այս աղօթքը հասարակական Աղօթք կը կոչուի:

Հրեաներու լեզուով շաբաթ բառը հանգիստ կը նշանակէ: Անոնք պարտաւոր էին այս օրը յիշել, այսինքն՝ զանազանէին միւս օրերէն: Աստուած Ի՛նք պատուիրած էր սուրբ պահել այս օրը, այսինքն՝ ուրիշ գործերէ հրաժարիլ եւ իրենց անձը Աստուծոյ ծառայութեան նուիրել: Ասիկա միջոց մըն էր, որպէսզի անոնք միշտ յիշէին աշխարհի ստեղծագործութիւնը, յիշէին աշխարհի Արարիչը եւ հեռանային չաստուածներէ ու կռապաշտութենէ: Այս օրուան մէջ աւարտած է երկինքի եւ երկրի, ծովին եւ ցամաքին, եւ այլնի ստեղծագործութիւնը, այս պատճառով ալ այս սուրբ օրը ընտրուած էր՝ սուրբ պահելու համար:

Հրեաներուն համար շաբաթ օր իւրայատուկ իմաստ ունէր, հետեւաբար անոնք այդ օրը կը դադրէին բոլոր տեսակի գործեր կատարելէ, եւ այն աստիճան ծայրայեղ էր այս կանոնապահութիւնը, որ նոյնիսկ արգիլուած էր կերակուր պատրաստել, կրակ վառել, եւ եթէ մէկը անտառէն փայտ հաւաքէր, կը քարկոծուէր: Այս պատուիրանը կատարելապէս բարոյական է, իսկ քրիստոնեաներուն համար նոյնիսկ՝ պարտաւորութիւն, հրեաներուն նման, օր մը Աստուծոյ ծառայութեան նուիրեք եւ դադրիլ ամէն տեսակի գործեր կատարելէ. Շաբաթ օր մը Յիսուս մտաւ փարիսեցիներու իշխանաւորներէն մէկուն տունը՝ ճաշելու համար։ Ներկաները զԻնք կը դիտէին՝ տեսնելու համար թէ ի՛նչ պիտի ընէ։ Եւ հոն ջրգողեալ մարդ մը կար Յիսուսի դիմաց։ Յիսուս հարցուց Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ փարիսեցիներուն.

-Մեր Օրէնքը կ՚արտօնէ՞ շաբաթ օրով բժշկութիւն կատարել։

Անոնք լուռ մնացին։ Յիսուս բռնեց մարդը, բժշկեց ու ճամբեց։ Եւ ապա ըսաւ անոնց.

-Եթէ ձեզմէ մէկուն էշը կամ եզը ջրհոր իյնայ, զայն չի՞ հաներ շաբաթ օրով» (Ղկ 14.1-6):

Ի վերջոյ, պէտք է օր մը նշանակուած ըլլայ, որու ընթացքին հաւատացեալները միասնաբար եւ հրապարակային կերպով, Աստուծոյ արժանի պաշտամունք մատուցեն: Շաբաթ օրուան պաշտամունքը մի քանի իմաստ ունի.

1) Աստուած Ի՛նք որոշած է այս օրը, որպէսզի մարդ մտածէ իր կրօնական պարտաւորութիւններուն եւ զգացմունքներուն մասին եւ հեռանայ աշխարհային բոլոր գործերէն, որով շրջապատուած է:

2) Այս պատուիրանը ո՛չ միայն հոգիին համար օգուտ եւ բարութիւն ունի, այլեւ՝ մարմինին համար, որ հանգստութեան կը կարօտի եւ որուն ուժը շուտով կրնայ թուլնալ, եթէ բոլոր օրերը անընդհատ աշխատանքի նուիրէ:

3) Այս պատուիրանը մարդասիրութեամբ լեցուն է՝ մշակներու, ծառաներու եւ բոլոր աշխատաւոր մարդոց նկատմամբ, որոնք ծանր աշխատանքի տակ են եւ հանգիստի կարօտ են: Եթէ հանգիստի այս օրը նշանակուած չըլլար, շատերը թերեւս ագահութեան տենչանքով իրենց անձերը զրկէին ամէն տեսակի անդորրութենէ:

Տակաւին, այս գեղեցիկ նշանակութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ, որ այդ նշանակուած օրուան ընթացքին, բոլոր մարդիկ կրնան իրարու մօտենալ եւ բնական հաւասարութեամբ Աստուծոյ ներկայանալ:

Քրիստոնեաներուն համար հանգիստի օրը շաբաթ օրուան փոխարէն կիրակի օրն է, որովհետեւ այդ օրը յարութիւն առաւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս: Քրիստոսի յարութիւնը շատ վստեմ իմաստ ունի, հետեւաբար քրիստոնեաները այս վսեմ եւ աստուածային գործը անընդհատ իրենց միտքը պահելու համար, կիրակի օրը հանգիստի օր սահմանած են: Եկեղեցին առաքեալներու ժամանակէն սկսեալ, այս օրը սկսաւ սուրբ պահել, ինչպէս կը կարդանք Գործք Առաքելոցին մէջ, թէ ինչպէս աշակերտները կը հաւաքուէին Միաշաբաթի (կիրակի) օրը՝ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար: Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ քրիստոնեաներուն հաւաքուած նոյն օրը, գումարներ հաւաքել. «Ամէն կիրակի ձեզմէ իւրաքնչիւրը պզտիկ խնայողութիւն մը թող մէկ կողմ դնէ, իր կարողութեան չափով» (Ա.Կր 16.2): Իսկ երկրորդ դարուն, Կոստանդիանոս կայսրին օրով, շաբաթ օրուան փոխարէն, կանոնական կերպով կիրակի օրը հաստատուեցաւ:

Քրիստոնեաները պարտաւոր են այս օրը սուրբ պահել.

ա) Դադրելով մարմնաւոր ամէն տեսակի գործերէն, նիւթական աշխատանքէ հեռանալով, որոնք մարդուն անհրաժեշտ չեն եւ որոնք արգելք կը հանդիսանան այդ օրը Աստուծոյ ծառայելու:

բ) Այս օրը մի՛շտ Եկեղեցի երթալ:

գ) Այս օրը, գերդաստանին մէջ սովորականէն աւելի ուրախութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ առանձնական պաշտամունք մատուցել Աստուծոյ, ամէն կերպի բարեպաշտութեամբ:

դ) Հեռանալ ամէն տեսակի մտայոյզ զուարճութիւններէ, որոնք բոլորովին անպատշաճ են այս Տէրունական օրուան:

Քրիստոնեաները կիրակի օրը պարտաւոր են Եկեղեցի երթալ, Աստուծոյ կամքին հնազանդելով եւ ըստ արժանւոյն յարգելով, ինչպէս կը հրամայէ չորրորդ պատուիրանը: Այս մասին մեր Փրկիչը Իր իսկ անձը որպէս օրինակ ցոյց կու տայ Աւետարանին մէջ: Առաքեալները, հրեաներու սինակոկին կամ ժողովարանին փոխարէն, միասին կը հաւաքուէին առանձինն, որու մասին կը խօսի Պօղոս առաքեալ. «Բնաւ չդադրինք պաշտամունքի հաւաքյոթներուն մասնակցելէ, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ըրեր են» (Եբր 10.25): Ի՞նչ բան կրնայ այս բանէն աւելի քաղցր ու արդար ըլլալ, երբ մենք մեր աստուածպաշտութիւնը, մեր հաւատքի շնորհակալութիւնը, մեր սիրոյ զգացումը եւ յոյսի հաստատութիւնը՝ որ երկինքի եւ երկրի Արարիչին կը պարտինք, բարձրաձայն եւ միաբարբառ կը յայտնենք: Ի՞նչ բան կրնայ ասկէ աւելի սրտաշարժ ըլլալ, երբ մենք մեր եղբայրներուն հետ միաբանած, մեր երկնաւոր Հօր օրհնութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ խնամքը կը խնդրենք, որմէ կախում ունի ազգերուն երջանկութիւնն ու ապահովութիւնը: Ի՞նչ բան կրնայ այս երախտագիտական զգացումին հաւասարիլ, երբ շնորհակալ ըլլանք Անոր անհուն ողորմութենէն եւ հրապարակաւ խոստովանինք մեր Սուրբ Կրօնը:

Այսպիսի հրապարակային աստուածպաշտութիւնը ներգործութիւն կ՚ունենայ մեր եղբայրներուն վրայ, որոնց համար բարի օրինակ կը դառնանք՝ Աստուծոյ Արքայութիւնը յառաջացնելու (անոնց միտքերուն մէջ), որովհետեւ հրապարակային աստուածպաշտութիւնը գեղեցիկ միջոց մըն է Աստուծոյ վարդապետութիւնը տարածելու համար, որոնցմէ զուրկ պիտի մնային բազմաթիւ մարդիկ, եթէ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ միաբանութիւնը եւ հաւատքի ու սիրոյ խաղաղութիւնը չտիրէր:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

շար. 7

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018