ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՄԱՐԴԻԿԸ
Չեմ գիտեր, ճիշդ քանի՞ մոմեր մարուեցան, երբ Իսթանպուլը դարձած էր կիզակէտը ամբողջ տարածաշրջանին։
1908 թուականին բացուած նոր շունչին հետ իր առաջին խարիսխը կը նետէր՝ այսօր մեծարուող ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որու թաւալումներուն եւ թռիչքներուն մէջ, անշուշտ, ամենէն աւելի շաղախուած էր այդ օրերուն վերստին շրջանառութեան մէջ դրուած Ազգային Սահմանադրութեան ոգեղէն արժէքը։
Քանի՜ մոմեր մարուեցան ատկէ ետք եւ քանի-քանի՜ գրողներ իրենց հոգիի մելանին մէջ թաթխեցին իրենց գրիչները՝ յաճախ ալ անպատմելին պատմելով Արեւմտեան կողմն աշխարհի տեղի ունեցած ծանր ու տխուր դէպքերուն մասին։
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը հանդիսանար հաւաքավայրը այն արժէքաւոր մարդոց, որոնք ամենէն աւելի կառչած մնացին այդ հողին ու իրենց ճակատագիրը նոյնացուցին մեր ժողովուրդի ճակատագրին հետ։
Եռուն էին ժամանակները եւ շատ էին մոմերը, որոնք «հալումաշ» եղան, որպէսզի կամաց-կամաց նորերը հասնին ու ամուր պահեն հաւատքի եւ սիրոյ ջահը։
Հաւատք՝ մարդկութեան հանդէպ ու սէրն առաւելաբար այդ հողին, որուն վրայէն քալած ու խորհած էին՝ Ինտրան, Եղիան, Վարուժանը, Չէօկիւրեանը եւ նոյնինքն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ներքին խոհանոցի իրական հերոսները՝ Միսաք եւ Սարգիս Գոչունեան եղբայրները՝ իրենց վսեմական հասակներով։
Փա՞ռք էր անոնց փնտռածը, պատի՞ւ էր անոնց որոնածը, կամ իսկական առաքելութեան մը նախերգանքը, որ դարի՜ւ-դարի՜ւ աճեցաւ ու ահա՛ հասաւ մեր օրերուն։
Այս դրուագներուն եւ այս պատմութեան մէջ ամենէն աւելի բնորոշուողը սկզբունքայնութիւնն է. այն սկզբունքայնութիւնը, որ նախ եւ առաջ սկիզբ կ՚առնէ ճանաչողութեան տաղանդով, այդ տաղանդին մէջ խմորուող երակներով ու ամենէն աւելի շրջապատը, մարդիկը ու դարը ճանչնալու ընդունակութիւնով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ը թերթողները շատ լաւ գիտեն, որ անոր էջերուն մէջ «յեղափոխութիւն մը» իրականացնելու կոչեր չեղան ու չեղան այնտեղ «տաք գլուխներ», որոնք բոլորն ալ մէջտեղ ինկած էին «ազգը փրկել»ու մարմաջով։ Ազգը փրկելու ընկալումը արդէն ինքնին դարձաւ մեծ պատուհասումը այն ժողովուրդին, որուն խլեակները, որուն մնացորդացը եւ որուն փշուրները չես գիտեր ի՜նչ հրաշքով դարձեալ մարմին առին ու չմեռան անապատի արեւուն, անոր տապին ու բերած ծարաւին հետեւանքով...
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մարդիկը տարբերուեցան...
Այս մէկը միայն խրամատին մէջ մնալու յանձնառութիւնը չէր, անշուշտ, ո՛չ ալ հողը հակառակ աքսորներուն ու մահուան վտանգներուն չլքելու որոշումը՝ այլ կար ուրիշ խորհուրդ մը, որ ցայսօր ալ կ՚ուղեկցի բոլոր անոնց, որոնք նստած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ նաւուն մէջ՝ մերթ ընդ մերթ այդ նաւու թաւալումներուն կը նային ու յաճախ ալ Պոլիսէն հոսող ջուրերու կոհակներուն հետ «կը խօսին»։
Ու առաւելաբար այդ ուղղութեամբ նայեցան բոլոր անոնք, որոնք իրենց հեռատես աչքերուն մէջէն ծովը նկարեցին ամոքելու համար այն բոլոր վէրքերը, որոնք տարածուած էին հայոց աշխարհին մէջ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մարդիկը այդ ընթացքը, այդ նուիրական ուխտը եւ քայլերը աւելի յստակ եւ ամուր նետելու սկզբունքը սորված էին շատ հինէն։
Սորված էին, որ հարկ է ապրիլ այդ հողին վրայ, հարկ է ընդունիլ դրացնութիւնն ու բարեկամութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը բաժնեն այդ հողի ցորեանին տուած հացը, աղօթքը եւ երախտիքը։
Այլամերժ չէին, յամառ չէին ու ամենակարեւորը՝ յոխորտացող եւ «օդին մէջ կրակողներ» չէին։
Մեր պատմութեան մէջ, անցնող հարիւր եւ աւելի տարիներու ամբողջ շարադրութեան մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը տէրն ու տիրականը դարձաւ հայ կեանքի հիմնաքարը համարուած փարոսներուն՝ հայ դպրոց, հայ միութիւն, հայ եկեղեցի։
Այս երեք հիմնաքարերուն հետ ալ գործեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մարդիկը, որոնք իրենց տողին ու բառին մէջ անպայմանօրէն աւելցուցին շաղախ մը ազգին համար կառուցուած մեծ շէնքի սալիկներուն վրայ։
Եւ այդպէս տարի առ տարի, ամեակ առ ամեակ կայմուեցաւ անոնց հաւատարմութիւնը այն սկզբունքներուն եւ հիմունքներուն վրայ, որոնց դիմաց օր մը կանգնած էին երկու հիմնադիր եղբայրները։
Պայքարները անհամար, տարակարծութիւնները ստուար եւ նոյնիսկ ներքին քէները անդառնալի։ Այդ բոլորին մէջէն նաւարկեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մարդիկը եւ այսօր ալ կը շարունակեն իրենց բարի գործը։
Ամէն առաւօտ, իւրաքանչիւր այգի հետ, Պոլսոյ նեղլիկ թաղերուն մէջ իր թեւերը՝ որպէս լոյս բերող, որպէս լուսաբեր, լայնօրէն կը բանայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը՝ հասնելու համար դէպի հեռու-հեռուներ ու բոլոր անոնց, որոնք կ՚ապրին ու կը շնչեն հայոց տառ ու տիպի հաւատամքով։
Ու այդ ամէնօրեայ բարի լոյսին հետ հարկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը բարի լուրին հետ կը բերէ մեր օրերուն ապրած փորձառութիւններուն եւ մեծ փորձութիւններուն հանրագումարը։
Առանց անտեղի յոյսեր տալու, բայց, մանաւանդ առանց սպասելի յոյսերը ոտնակոխ ընելու…
Առանց չարախօսութեան ու ամենակարեւորը՝ գրելով քրիստոնէական հաւատքին ու մեր եկեղեցւոյ հաւատամքին մասին…
Առանց շաղակրատութեան, բայց, մանաւանդ՝ կարեւորը զատելով անկարեւորէն ու առատօրէն ցորեն նետելով մեր հոգիի դաշտերուն վրայ…
Առանց չարախօսութեան, բայց, նաեւ դիտարկելով Պոլսոյ մեծ ու փոքր խնդիրները, որոնց բոլորը արժանի են ուշադրութեան…
Առանց անլրջանալու, սակայն, ներկայացնելով մեր այսօրուան ներհայկական ախտերը ու թելադրելով օրն ի բուն ճգնիլ ու սրբագրել զանոնք...
Ու այսպիսով ԺԱՄԱՆԱԿ-ը վաղուց արդէն դադրած է սովորական կամ սովորութիւններու մասին պատմող հանդիսավայր մը ըլլալէ, այլ դարձած՝ հանդիսավայրն ու թատերաբեմը մեծ հաւաքականութեան մը. տեղ մը, ուր սուտին դէմ միշտ պայքար կայ ու տեղ մը մանաւանդ, որուն մէջ առաւելապէս ազգը խաբելու կամ ժողովուրդը մոլորեցնելու դրուագներ չկան...
Այդպէս է եղած թերթի հիմնադրումի առաջին իսկ օրէն ու այդպէս ալ պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որ այս թերթի տէր ու ծառան հանդիսացած նուիրեալները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մարդիկը կան...
Չեմ գիտեր, քանի՜ մոմ, քանի՜ մոմեր մարուեցան, երբ գրասեղանին դրուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին համարը։
Կարծես երէկ էր, մոմերու թիւն ալ այդքան կարեւոր չէ՝ ինչքան հաւատքը, որուն մէջ կը հոսի աւելի լաւ վաղուան օր մը ունենալու իսկական սպասումը...
Ու երբ սպասումը կայ, հաւատամքը անպայման մարմին պիտի զգենու... ու այն ատեն քանի՜ մոմեր պիտի մարուին, կարեւոր չէ...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 12/09/2024