ՋԵՐՄ Է ԱՄԷՆ ԻՆՉ

Ջերմութիւն մը տարածուած է շուրջս: Դեկտեմբեր ամսուն այսպիսի ջերմութի՞ւն, ուրկէ՞, դեռ քիչ առաջ վերարկուներով ու կծկուելով կը քալէինք: Ընդամէնը երկու ժամուան օդային ճամբորդութիւնը եւ այսքան ջերմութեան տարբերութի՞ւն: Որքա՜ն զարմանալի է բնութիւնը, երկիր մոլորակը: Ձիւնածածկ լեռներուն ու սառնորակ կլիմային կարծես գարնանային կլիման փոխարինեց: Ու այսքան մօ՞տ, մեր քիթին տակն է կարծես գարունը: Ամէն մարդ սակայն ձմրան տարազներով պատսպարուած կը քալէ այս բազմաձայն քաղաքին նեղ թաղերուն մէջ: Վաճառախանութներու ցուցափեղկերը լի են մուշտակներով ու հաստ, ձմեռնային հագուելիքներով, կ՚երեւի այս է ժողովուրդին վարժութիւնը, հոս ձմեռը այսպէս է:

Կամուրջի մը վրայէն կ՚անցնինք, որուն տակէն կը քալէ բարակ առու մը, որ գետ էր թերեւս քանի մը օր առաջ, երբ տեղատարափը կը հարուածէր զայն. այնքան դանդաղ կը հոսի հիմա, որ կորաքամակ, անթացուպով հազիւ քալող ծերունիները կը յիշեցնէ. «Գորտերն իսկ գաղթած են այս գետէն», կատակով կ՚ըսէ հայ վարորդը:

Ինքնաշարժներուն ճչակները ականջ կը խլացնեն, անկանոն երթեւեկութիւնը ամէնուր է, մարդիկ առանց ուշադրութիւն դարձնելու ազդալոյսի կանաչին կը քալեն ու կ՚անցնին երկու կողմերէն սուրացող ինքնաշարժներուն ընդմէջէն: Կարելի՞ է այսքան անօրէնութիւն, կը խորհիմ, բայց պահ մը կը յիշեմ մեր հայրենիք փոխադրութեան սկզբնական շրջանը, երբ մենք ալ անվարժ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու ազդալոյսերուն կամ անցումներուն, կ՚անցնէինք փողոցին մէկ կողմէն միւսը ու մեր սխալին անդրադառնալէ ետք՝ «Սուրիացի ըլլալնիս պիտ փաստենք, հա՛», կ՚ըսէինք մենք մեզի: Հետզհետէ համակերպեցանք ու ընտելացանք, սիրեցինք ալ օրէնքը, մի քանի անգամ հայաստանցիին խոժոռ նայուածքներուն հարուածները որսալէ ետք: Ա՛յ քեզ փոփոխութիւն, հիմա ես եկեր ու նախկին իմ հարազատ միջավայրս կը դիտեմ քննադատական հայեացքով:

Որքա՜ն խճողուած են այս փողոցները՝ Պուրճ Համմուտը, Արաքսը, Մարաշը, Տորան..., ե՞րբ այսպէս չեն եղած որ, բայց կարծես տօնական այս օրերուն աւելի է հեւքը, խճողուածութիւնը, քաղաքին մուտքէն արդէն նկատելի է տօնական շունչը, ամէն տեղ ամանորեան զարդեր, լուսաշող տօնածառեր, եղնիկներ, Կաղանդ պապուկներ, մանաւանդ մսուրներու կարելի է հանդիպիլ, նորութիւն ալ չէ այս երկրին մէջ, ուր հաւատքը բոյր առ բոյր կը բարձրանայ: Լեռներու բարձունքէն հսկող Աստուածածնայ արձանին այցելութեան կ՚երթան ոչ միայն քրիստոնեաները արար աշխարհէն, այլ բոլոր կրօնքներու ենթակայ անհատներ ուխտով կ՚այցելեն, ոտաբոպիկ կը բարձրանան Աստուածամօր քով ու անոնց հաւատքը աղօթք-աղօթք կը ծխայ ու Աստուածածնայ գիրկէն կ՚ուղղուի դէպի երկինք, դէպի իրականացման հարթ ուղի: 

Փոքրիկ Հայաստան մըն է այս շրջանը, ուր Հայաստանէն աւելի հայ ես կարծես, ուր խոժոռ դէմքերու չես հանդիպիր, այլ ժպիտներով զարդարուած բարի լոյսը, պոնժուրն ու պոնսուարը ցրիօրէն կը բաժնուին: Հաճելի եռուզեռ մը կայ, խանութները լի են մարդոցմով, մանուկներով, որոնց զուարթ ժպիտներէն կ՚երեւի, որ տոպրակներուն պարունակութիւնը իրենց փափաքն է, որ կ՚իրականացնէ, խոստացուած բան մը, որ ահա նիւթեղէն հագուստ կը հագնի: Մերթ ընդ մերթ լսելի կ՚ըլլան արաբերէն շատ հարազատ հնչիւններ, ականջս սրելով մտիկ կ՚ընեմ ու անոնց վրայ կը պարպեմ կարծես կարօտ մը կուտակուած:

Ամէն կողմ թարմ poinsettiaներ ցանուած են, կարմիր, ճերմակ, վարդգոյն փունջ-փունջ գունազարդած են անոնք քաղաքին հրապարակները, վաճառատուները, խանութները, տուները՝ տօնածառերուն կողքին դրուած, պզտիկ թուփերն ալ ապահովուած են Ծնունդին ու Կաղանդին սեղանները զարդարելու: Իրօք, աշուն չունի կարծես այս քաղաքը, ամէն կողմ կանաչ է, ծաղկազարդ, նոյնիսկ վարդի թուփերուն վրայ գունեղ կոկոններ պայթած են, մինչ ծովը կը հսկէ զայն ու մանր ալիքներովը թեթեւ խոնաւութիւն մը կը տարածէ անոր վրայ:

25 Դեկտեմբերի գիշերը քաղաքը կը պարէր կարծես, կէս գիշերուան 12-ին ղօղանջները հնչեցին կաթողիկէ եկեղեցիներուն՝ տարածելով աւետիսը Քրիստոսի ծնունդին ու հաւատացեալ այս քաղաքին մէջ կաթիլ մը հաւատք աւելի հոսեցաւ կարծես ժողովուրդին երկիւղածութեան բաժակներուն մէջ: Ի՞նչ փոյթ թէ որո՞ւն ծնունդն է՝ առաքելական եղած է, թէ՝ կաթողիկէ, էականը հաւատքն է:

Ջերմ է ամէն ինչ, ոչ միայն քաղաքը, ժողովուրդը, այլ հարազատներու ու բարեկամներու ջերմութիւնն է որ կը թափառի շուրջս ու տաքուկ գիրկերով կաթիլ առ կաթիլ կը յագեցնէ տարիներու կարօտը: Է՛, ի՞նչ կ՚արժէ Կաղանդի գիշերը, եթէ խճողուած չըլլայ, եթէ ամէն գլխէ ձայն մը չելլէ, եթէ մէկը չդժգոհի ու մէկը չգոհանայ, եթէ բազմաձայն աղօթքը չբարձրանայ առ Աստուած, եթէ սովորութիւն դարձած ճաշատեսակները չզարդարեն տօնական սեղանը ու նորերը չգան տեղ մը փնտռելու այդ սովորութեան հոյլին մէջ, եթէ մերթ արցունքով, մերթ ժպիտով չյիշուին գոյ ու անգոյ բացակաները ու հեռաձայնները լռեն, եթէ սէրը չյորդի ու չտարածուի այդ ամէն ինչին վրայ ու համն ու հոտը չբազմապատկէ սեղաններուն, եթէ, եթէ...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2017