ԱՌՑԱՆՑ ԵՒ ԱՆՑԱՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

Մենք բոլորս ալ առցանց բարեկամներ եւ իրական կեանքի՝ անցանց բարեկամներ ունինք: Անշուշտ երկու պարագային ալ կան առաւելութիւններ եւ անպատեհութիւններ, որոնց երբեմն չենք անդրադառնար: Մէկ բան յստակ է, որ քայլ պահելով արհեստագիտութեան շատ արագ զարգացումին հետ՝ մարդիկ կը սկսին իրական կեանքի արժէքներէն երբեմն խզուիլ: Առցանց կամ անցանց բարեկամութիւնը արժէք կ՚ունենայ, երբ հարազատ եւ մնայուն ըլլայ: Ծանօթանանք այլ կարծիքներու:

*

ՄԵԾԱՀԱՍԱԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ՋԱՆՔ ԵՒ ՃԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Ընտանիքի, ամուսնութեան եւ աշխատանքի ճնշումները հակուած են կտոր կտոր ընելու խմբակները, որոնք նախապէս կեանքի մէջ մեզ պահպանած են, բայց մնացորդը նոյնքան հարուստ է։

«Ես յետագային բնաւ ընկերներ չեմ ունեցած, ինչպէս անոնք, որոնք ունեցած եմ, երբ 12 տարեկան էի: Աստուա՛ծ իմ, ո՞վ ունի»:

Ասիկա՝ «Սթենտ պայ մի» դասական շարժապատկերին 40-ամեայ գլխաւոր հերոսին՝ իբրեւ մարդ վերջին խօսքն է: Շարժապատկերը կը պատմէ չորս տղաներու մասին, որոնք 1950-ականներուն ամառ մը միասին կ՚անցընեն՝ իրարու հետ կիսելով ամէն բան:

Մենք կը տեսնենք Կորտին իր տան մէջ՝ կքած իր համակարգիչին վրայ, մազերը նօսրացած, այտերը եւ փորը՝ ուռած, խոկալով այն ժամանակին մասին, երբ անոր օրերը կը լեցուէին երեք լաւագոյն ընկերներով, անոնց անսպառ խօսակցութիւններով, սրամտութիւններով ու կենաց-մահու արկածներով: Մեծահասակ Կորտին այլեւս միայն կը տեսնուի իր ընտանիքի անդամներուն հետ խօսելու ատեն:

Շարժապատկերը բոլոր ժամանակներու իմ ամենէն նախասիրածներէս մէկն է, որ 1990-ականներու վերջաւորութեան, առաջին անգամ 12 տարեկանիս դիտեցի տեսերիզով՝ շրջապատուած իմ ընկերներուս անբաժան խմբակով:

Այդ վերջին տողը իմ մտքիս մէջ միշտ կը մնայ իբրեւ պատմութիւն, իբրեւ նուագի վերջամաս, բայց նոյնպէս՝ իբրեւ նախազգուշացում:

Ըսուածը այն էր, որ խոր, ամրապնդող, իսկական բարեկամութիւնը երիտասարդներու համար է: Տարիքը առնելը, մանաւանդ՝ ձեր 30-ականներուն եւ ատկէ այն կողմ անցնիլը, կը նշանակէ զրկուիլ այդ բոլոր մտերմութիւններէն եւ կապերէն, գոնէ ձեր ընտանիքէն կամ ամուսնութենէն դուրս:

Մեր երիտասարդութեան սերտ բարեկամութեան համար կարօտախտը շատ իրական է: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան մեր մտերիմներուն թիւը, որ սկսած է նուազիլ մեր 25 տարեկանին, երբ աշխատանքը կը սկսի, յարաբերութիւնները կանգ կ՚առնեն, մարդիկ կը տեղափոխուին քաղաքներ եւ երկիրներ, եւ խումբերը, որոնք մեզ ժամանակ մը պահպանած են, կը տարտղնուին: Խաթարուած ժամանակակից աշխատանքային շուկան եւ մեր քաղաքներու նոր ձեւաւորումները կը դժուարացնեն մարդկային սերտ յարաբերութիւններու պահպանումը:

Ինծի նման մեծամասնութեան համար հասուն տարիքին մէջ բարեկամութիւնը դարձած է սեւ հիւմորի եւ իսկական յուսախաբութեան աղբիւր: Վերջերս Եոհաննա Լեկատ «Կարտիըն» թերթին մէջ գրած էր ճարտարագիտական գերարագ լիցքաւորման մասին: «Երբ մենք կը դառնանք աւելի բազմազբաղ, Սիլիքոնեան հովիտի արհեստագիտութիւնը կը խոստանայ ատիկա աւելի դիւրացնել, աւելի նպատակայարմար ընել: Փոխարէնը հաղորդակցութիւնը վերածուեցաւ անջատուած կապի կրճատուած, տարակերպական (paradoxical) ձեւի»:

Ես զգացած եմ այս տեղաշարժերն ու չափազանցութիւնները իմ կեանքիս մէջ, եւ այդուհանդերձ, կը կարծեմ, որ իմ պատանութեանս յոռետեսութիւնը տեղին չէ եղած:

Ես այդ ընկերներուս մեծ մասը չեմ տեսած այն օրէն, երբ խմբակը բաժնուեցաւ երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք:

Բայց ես շարունակեցի կապուած մնալ մէկուն՝ իմ լաւագոյն ընկերոջս, որուն հետ տարբեր ժամանակներու մէջ նոյն տունը բնակեցանք, սրտի անթիւ ցաւեր ունեցանք, ընտանեկան դժուարութիւններ, հիւանդանոցային այցելութիւններ, վէճեր, լողափներու օրեր, խմիչքներ եւ երկար ժամանակներ իրարմէ անջատուած մնացինք:

Այդուհանդերձ, զանազան ձեւերով յարաբերութիւնները կը դիմանան:

Այլեւս ամուր խմբակ չկայ: Փոխարէնը՝ կան փոփոխուող խառնաշփոթ մարդիկ՝ խռնուած ամբոխներ, անհատներ, որոնց տարին միայն մէկ կամ երկու անգամ կը հանդիպիմ, բայց զանոնք մեծապէս կը գնահատեմ:

Այս յարաբերութիւններուն մէջ առաձգականութիւնը շատ է: Անոնք կրնան երկարաձգուիլ, երբեմն՝ տհաճ, ցաւալիօրէն, բայց յաճախ անոնք աւելի լաւ կը վերադառնան, քան կը կարծէք:

Մեծահասակներու հետ բարեկամութիւնը աշխատավայրէն դուրս կամ ձեր երեխաներու դպրոցական հաւաքները հազուադէպօրէն կրնան ապաւինիլ պատահական փոխադարձ ազդեցութիւններուն: Ատիկա զանոնք կը դժուարացնէ: Անոնք գիտակցուած ջանքեր կը պահանջեն, բայց այդ մտածուած ըլլալը կրնայ աւելի իւրայատուկ զգացում պատճառել:

Իմ փորձառութեամբս, արհեստագիտութիւնը այս տարիքիս աւելի շատ օգնեց բարեկամութիւններ հաստատելու, քան՝ խզելու:

Խմբային առցանց զրոյցները լաւագոյն պարագային յագեցած են պատահական մտերմութիւններով եւ կատակներով՝ վկայելով իրարու կեանքը փոքր ձեւերով, կապուած մնալով, նոյնիսկ երբ մենք զբաղած ենք:

Ես իսկական ընկերներ նոյնպէս ստեղծած եմ առցանց: Անձի մը սպրդիլը ձեր ընկերային ցանցին մէջ, երբ ան քնքոյշ եւ անմխիթար՝ բազմաթիւ կիներու կեանքերու վտանգ է: Բայց սպրդի՞լը կնոջ մը, որ կը խորհիս, թէ համակրելի է, որ կ՚ուզէ սուրճ խմել: Ատիկա բոլոր դժոխային ազդեցութիւնները կը դարձնէ արժանի (գրեթէ):

Եւ մինչ իրարու գրելը, մեկնաբանութիւններ ընելը կրնայ անփոյթ ըլլալ, սակայն ատիկա կապը կը պահէ, բայց միասին ժամանակ անցընելու կարելիութիւնները կը նուազին:

Երեք տարի արտերկրի մէջ ապրելով՝ ընկերային լրատուամիջոցներու ճամբով ես գտայ նոյնիսկ ամենէն փոքր փոխադարձ յարաբերութիւնը, եւ իրարու հետ առցանց հաղորդակցիլը մեզ պահած է իրարու կեանքերուն մէջ՝ թոյլ տալով, որ յարաբերութիւններու բազմաթիւ աղբիւրներ վերակենդանանան, երբ վերադառնամ երկիրս:

«Բարեկամութիւնը յարաբերութիւն մըն է՝ առանց որեւէ կցուած թելի, բացի ատոնցմէ, որոնք դուք կ՚ընտրէք կապել, բան մը, որ պարզապէս այնտեղ ըլլալն է, որքան որ կրնաս», գրած է Ճիւլի Պեք իր «Աթլանթիք» գիրքին մէջ, 2015 թուականին հրատարակած իր գիրքին մէջ, ուր կը նկարագրուի մեծահասակներու հետ բարեկամութիւններու փոփոխութիւնը:

Ես յետագային երբեք ընկերներ չէի ունեցած, ինչպէս ունէի, երբ ես 12 տարեկան էի, բայց հիմա անոնք բոլորն ալ մարդիկ են, որոնք ես իսկապէս ընտրած եմ, եւ որոնց հետ ես կը նախընտրեմ կիսել իմ կեանքս, այդուհանդերձ մենք կրնանք:

ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԻՍԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ՆՄԱՆ ՀԱՐԱԶԱ՞Տ ԵՆ

Համացանցը արդէն երկու տասնամեակի ընթացքին կը հանդիսանայ հիմնական մշակոյթի մաս: Ան միշտ ձեր գրպանին մէջն է, դուք միշտ ընկերային ցանցի որեւէ ձեւի մէջ էք եւ, տակաւին, կայ դրոշմ մը՝ առցանց ընկերներու հանդէպ:

Անցած են անանուն զրուցողներու օրերը եւ հետաքրքրութիւնը, թէ արդեօք համակարգիչին դիմաց գտնուող անձը նոյնիսկ իրակա՞ն էր: Այժմ դուք կրնաք դիւրաւ տեսանիւթերով զրուցել ձեր բարեկամին հետ, զրուցել անոնց հետ, ուր որ ըլլաք եւ ունենաք թուային երկարատեւ կապ: Սակայն, եթէ բարեկամը կը բնակի այնպիսի վայրի մէջ, ուր ճամբորդելը կարելի չէ, թերեւս մտածէք, որ այդ բարեկամը նոյնքան հարազատ է, որքան այն հարազատը, որ կը բնակի ձեր մօտակայքը, եւ որուն հետ կը հանդիպիք պարբերաբար:

Պատասխանը, ինչպէս դուք հաւանաբար կը սպասէք, «այո» է: Ոչ մէկ տեղ «բարեկամ» բառին բացատրութեան մէջ կ՚ըսուի, որ բարեկամները պէտք է միայն անցանց (offline) ըլլան: Կրնաք կապ ունենալ ոեւէ մէկուն հետ այլ պաստառի ետեւէն, եւ երբեմն կապը աւելի կը խորանայ, քան՝ իսկական կեանքի ձեր բարեկամներուն հետ: Ատոր պատճառը այն է, որ համացանցը թոյլ կու տայ գտնել մարդիկ, որոնք նոյն հետաքրքրութիւնները ու հաւատալիքները ունին, ինչպէս բոլորը: Կրնաք ունենալ իրական կեանքի լաւ բարեկամներ, բայց հաւանաբար կան որոշ բաներ, որոնք պարզապէս չէք կրնար ըսել անոնց՝ ըլլայ անիկա ամօթալի խոստովանութիւն, կամ գաղտնիք մը, որ անոնք պիտի ըսեն բոլորին:

Առցանց բարեկամներու մասին ընկերային ցանցերու մէջ թեր եւ դէմ կարծիքներ կան:

ԹԵՐ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Դուք բարեկամներու կրնաք հանդիպիլ առցանց քննարկումներու ընթացքին, որոնք յատկացուած են ընդհանուր հետաքրքրութիւններու՝ քաղաքական, ընկերային կամ այլ բնաբաններով: Փոխադարձ հետաքրքրութիւններ ունենալը հիմնական սառոյց հալեցնող է: Դուք պէտք չունիք բարեկամի մը հետ ճիշդ նոյն մտածումները ունենալու: Երբեմն տարակարծութիւնները կրնան խթանել բարեկամութիւնը, բայց ընդհանուր հետաքրքրութիւններ ունենալը խօսակցութիւն հրահրելու միջոց է:

ԱՆԻԿԱ ԱՒԵԼԻ ԱԺԱՆ Է

Դուք պէտք չունիք առցանց բարեկամի մը հետ շարժապատկերի սրահ երթալու, միասին ուտելու կամ գնումներ կատարելու: Դուք պարզապէս կրնաք հանգստանալ տունը եւ խօսիլ անոնց հետ, մինչ դուք կը պատրաստուիք քնանալու, մինչ դուք կ՚աշխատիք եւ այլն: Ասիկա չի նշանակեր, որ դուք պէտք է գումար ծախսէք իրական կեանքի բարեկամին հետ կապուելու համար, բայց անիկա կ՚օգնէ վճարումներուն:

ԴԻՒՐԻՆ Է ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՍԿՍԻԼԸ

Թերեւս առցանց հաղորդակցութեան ամենէն լաւ բանը այն է, որ դիւրին է զրոյցի սկսիլը: Եթէ դուք ներամփոփ էք, ամչկոտ, կամ պարզապէս չէք սիրեր անծանօթ մարդոց հետ խօսիլը, դժուար է կատարել այդ առաջին քայլը: Համացանցին մէջ շատերու համար աւելի դիւրին է կատարել այդ առաջին մեկնաբանութիւնը կամ ուղարկել այդ առաջին հաղորդագիրը: Կրնայ ձեզմէ ժամանակ պահանջել, որպէսզի պարզէք ձեր ըսել ուզածը: Ասիկա չի նշանակեր, որ համացանցին մէջ անծանօթի մը հետ խօսելու մտավախութիւններ չկան, բայց այդ շատ աւելի դիւրին է:

ԴՈՒՔ ԶԱՆՈՆՔ ԱՒԵԼԻ ԱՐԱԳ ԿՐՆԱՔ ՃԱՆՉՆԱԼ

Մարդոց մեծ մասը առցանց աւելի յարմար կը զգայ իր մասին խօսելու: Մարդիկ կը խօսին իրենց թերութիւններուն, իրենց հոգեկան հիւանդութիւններուն, վախերուն մասին եւ այլն: Իրական կեանքի մէջ դժուար է խօսիլ որոշ բաներու մասին՝ զգուշանալով ծիծաղելի դառնալէ: Բայց հաղորդակցելու դիւրին եղանակի շնորհիւ՝ դուք կրնաք աւելին գիտնալ մէկու մը մասին, շատ աւելի արագ, քան կրնաք իրական կեանքին մէջ:

ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՈԼՈՐ ՎԱՅՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԿՐՆԱՔ ՈՒՆԵՆԱԼ

Ոմանց համար ասիկա անպատեհութիւն է: Եթէ դուք կը բնակիք Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ այլ անձ մը՝ Բրիտանիոյ մէջ, դուք չէք պատրաստուիր քալել դէպի անոր տունը եւ զբաղիլ: Այդուհանդերձ, բարեկամանալը մէկու մը հետ, որ կը տարբերի ձեզմէ, կրնայ ըլլալ սորվելու փորձառութիւն: Դուք կրնաք գիտնալ անոնց մշակոյթին մասին, իսկ անոնք կրնան սորվիլ ձեզմէ: Ամենէն լաւը, եթէ կարելիութիւն ունիք այցելելու այն վայրը, ուր անոնք կը բնակին, թերեւս մնալու տեղ մը կ՚ունենաք, եւ ձեր շուրջը՝ մարդիկ: Ճամբորդողի մը համար ամբողջ աշխարհի մէջ բարեկամներ ունենալը կրնայ լաւ բան ըլլալ:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԵԼՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ՈՒՂԻՆԵՐ

Պարտադիր չէ, որ գրութեան մը վրայ հիմնուած ըլլայ: Կրնաք ունենալ վիտէօ-զրոյցներ՝ ձեր համակարգիչին կամ հեռաձայնին միջոցով: Դուք երկուքով կրնաք շրջագայիլ քաղաքին մէջ՝ զրուցելով իրարու հետ: Իրականութեան մէջ այնտեղ գտնուիլը կատարեալ կրկնութիւն չէ, բայց միջոցները, որոնցմով դուք կրնաք հաղորդակցիլ ձեր բարեկամին հետ, աւելի կը մօտեցնեն այն նոյն մակարդակին, որքան՝ իրական կեանքի բարեկամը: Եւ երբ արհեստագիտութիւնը կը զարգանայ, անիկա նոյնիսկ աւելի կը մօտենայ:

ԴԷՄ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ԱՌՑԱՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԱՆՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ՏԵՍՆՈՒԻԼԸ, ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՆՑԸՆԵԼԸ ԴԺՈՒԱՐ Է

Նոյնիսկ եթէ ձեր առցանց բարեկամը կը բնակի ձեզմէ միայն քանի մը ժամ հեռու, հաւանաբար չէք պատրաստուիր այցելել անոր ամէն շաբաթ: Դուք երկուքդ ալ ընելիքներ ունիք, եւ ձեր առցանց բարեկամին հետ հանդիպում դասաւորելը կրնայ դժուար եւ ծախսալից ըլլալ, եթէ ան հեռու կը բնակի: Աւելի՛ն. բայց եթէ ձեզի անհրաժեշտ է ընկերային ուղղակի, կենդանի կապը, միայն առցանց բարեկամներ ունենալը օգտակար չի կրնար ըլլալ:

ԹԻՒՐ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հակառակ անոր որ միշտ կան վիտէօ-զրոյցներ, անոնք միշտ չեն կրնար գործել: Ձեր բարեկամը կրնայ նոյնիսկ բնակիլ այնպիսի վայրի մը մէջ, ուր անիկա պարզապէս կարելի չէ: Այսպէսով, դուք գրելով կը հաղորդակցիք:

Գրութեան անպատեհութիւնը այն է, որ բաւարար չափով հաղորդակցութիւն չկայ: Դէմքի արտայայտութիւնները եւ ձայնի հնչերանգը բացակայ են:

Դուք կրնաք emoji-ներ (ժպիտի կամ այլ արտայայտութեանց առցանց գծագրութիւններ) գործածել, բայց ատոնք միշտ չէ, որ կ՚օգնեն:

Ազնիւ, մեղմ հաղորդագիրէն վիրաւորուիլը սովորական է: Նոյնպէս սովորական է չհասկնալը այն, որ կայ մէկը, որ չ՚ուզեր խօսիլ ձեզի հետ: Համբերատար եղէք եւ յիշեցէք, որ սխալ տեղեկութիւններ կը յառաջանան: Դուք հաւանաբար պէտք չունիք վարձելու յարաբերութիւններու խորհրդատու, որպէսզի ձեր առցանց բարեկամութիւնը վերահաստատէ, բայց երբեք չէք գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ:

ԱՒԵԼԻ ԴԺՈՒԱՐ Է ՀԱՇՏՈՒԻԼԸ

Եթէ դուք մէկու մը հետ երկարատեւ բարեկամ պիտի ըլլաք, դուք կռիւի պիտի բռնուիք: Ըլլայ անիկա անհամաձայնութիւն կամ թիւրիմացութիւն, որ կրնայ յառաջանալ խնդիրի մը շուրջը թիւր հաղորդակցութենէն: Իրական կեանքի մէջ, բարեկամներու հետ, դուք ատեն մը գժտուիք, բայց յետոյ կը հաշտուիք, մանաւանդ երբ երկուքդ նոյն բարեկամները ունիք: Երբեմն հաշտուիլը լաւագոյն ընտրանքն է շրջանակը շարունակելու համար: Դուք կռիւի պիտի բռնուիք:

Առցանց բարեկամի հետ, սակայն, դիւրին է անոնց համար գժտուիլ, սեղմել պլոք կոճակը եւ ապա գտնել առցանց այլ ընկեր մը՝ մոռնալով ձեզ այդ հոլովոյթին մէջ: Երբ դուք պլոք-ի ենթարկուած էք, դժուար կ՚ըլլայ կրկին անոնց կապուիլը: Ընկերային առումով, նոյնպէս անընդունելի է այլ հաշիւ մը բանալ եւ փորձել խօսիլ անոնց հետ: Առցանց բարեկամը կրնայ նոյնիսկ մոռցած ըլլալ, որ քեզ պլոք-ի ենթարկած է:

Առցանց բարեկամի հետ հաղորդակցելու ատեն ձեր հանդարտութիւնը պահպանեցէք, երբ վէճ կայ: Մի՛ հասնիք պլոք-ի կոճակին: Որոշ ժամանակ մը առանձնացէք եւ կրկին հանդարտ խօսեցէք: Եթէ սեղմէք պլոք-ի կոճակը, յիշեցէք, որ միշտ կրնաք վերադառնալ:

ԱՆՈՆՔ Կ՚ԱՆՀԵՏԱՆԱՆ

Եթէ դուք առցանց մեծցած էք, հաւանաբար այս փորձառութիւնը ունեցած էք: Ձեր առցանց բարեկամը պարզապէս կ՚անհետանայ: Թերեւս անոնց հաշիւը ջնջուած է, կամ կայքը, որուն միջոցով դուք կը զրուցէիք, այլեւս չկայ: Ոմանք ատեն մը դադար կ՚առնեն ընկերային ցանցերէն, կամ կը փոխեն իրենց հաշիւները եւ ատոնք կը վերակառուցեն ուրիշ տեղ մը: Այդ պարագային շատ դժուար կ՚ըլլայ կրկին հաղորդակցիլ անոնց հետ:

Անշուշտ այս մէկը նոյնպէս կրնայ պատահիլ իրական կեանքի մէջ բարեկամի հետ: Բարեկամներ այլ տեղ կը փոխադրուին կամ մենակեաց կը դառնան: Երկու պարագաներուն ալ միշտ ստացէք աւելի շատ հաղորդակցութեան տուեալներ, քան՝ պարզապէս իրենց գտնուած ընկերային ցանցերուն մասին:

ԱՆՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՉԸԼԼԱԼ ԱՅՆ, ՈՐ ԿԸ ԹՈՒԻՆ

Առցանց բարեկամի կարծրատիպը, որ կը ստէ այն մասին, թէ ո՛վ է ինք, չափազանցուած է, յատկապէս այն ժամանակաշրջանին մէջ, երբ դուք կրնաք դիւրաւ տեսնել նկարները կամ տեսանիւթերը, բայց եթէ աւելի անանուն հաղորդագիրներու տախտակի վրան էք, զգոյշ եղէք առցանց բարեկամութիւն հաստատելու ատեն: Մանաւանդ եթէ աւելի երիտասարդ էք: Ակներեւ է, որ պէտք չէ ընդունիք ոեւէ մէկուն հետ կապ-ւելու հրաւէր, քանի տակաւին հաստատ չէք գիտեր, թէ անոնք իրական են:

ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

Բազմաթիւ առցանց բարեկամներ, կամ ընդհանրապէս բարեկամներ, ունենալը կրնայ արժեզրկել ձեր բարեկամութիւնը: Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, երբեմն կրնաք պլոք-ի ենթարկուիլ, եւ այդ անձը ապա կը միանայ այլ բարեկամի: Համացանցը մեզի թոյլ տուած է բազմաթիւ մարդոց հետ ընկերութիւն ընել, բայց ատիկա անպատեհութիւն մը ունի: Եթէ միայն դուք երկուքդ բարեկամներ էք, դժուար է խզել այդ բարեկամութիւնը: Բայց եթէ երկուքդ ալ ունիք ուրիշ կապ չունեցող ընկերներու խումբ մը, անիկա խնդիր կրնայ ըլլալ:

Հաստատուած է, որ դուք միայն 150 կայուն յարաբերութիւններ կրնաք ունենալ: Բացառութիւններ կան, բայց եթէ Դիմատետրի հազարաւոր բարեկամներ ունիք, անոնց միայն մէկ մասը ձեր բարեկամը պիտի ըլլայ: Ձեզի կը մնայ ճշդել, թէ այդ բարեկամներէն որո՛նք իրական են:

Ինչպէս կը տեսնէք, առցանց բարեկամները նոյնքան արժէքաւոր են, որքան՝ իրական կեանքի ընկերները, եւ անոնք բոլորն ալ ունին իրենց առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները: Քանի տակաւին ունիք որոշ տրամաբանութիւն, առցանց բարեկամներ ձեռք բերելը կրնայ արժէքաւոր ըլլալ: Պարզապէս վստահ եղէք, որ անոր հետ, որ կը հաղորդակցիք, իսկական է, եւ պատրաստուեցէք մշակել այնպիսի բարեկամութիւն մը, որ կը տեւէ ամբողջ կեանքի ընթացքին: Եւ թերեւս օր մը այդ առցանց բարեկամը կը դառնայ ձեր կեանքի իրական ընկերը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Օգտագործուած աղբիւրներ՝ «Կարտիըն» եւ «Ֆրենտմէյտ»:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2019