ԱՐՄԱՇՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԸ. «ՅՈՅՍ» - 2

«Յոյս» հանդէսի առաջին թիւին մէջ լոյս կը տեսնէ գրաբար ձօն մը առ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոոս Մաղաքեան, որ իբրեւ պատրիարքական տեղապահ կրցած էր առաջնորդել Ազգային Սահմանադրութեան պատրաստութեան, վաւերացման եւ հուսկ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացները ու վերադարձած՝ իր հոգեւոր տունը, Արմաշու վանքը, արժանացած ըլլալով ազգին գնահատանքին։ Այդ վերադարձին անմիջապէս յաջորդած էր տպարանի հաստատութիւնը։ Ձօնի հեղինակը կամ հեղինակները գովքը կը հիւսեն վանահօր տարած բազմաթիւ գործերուն ու աշխատանքին։ Անոնք, ըստ իրենց, սաներ են Չարխափան Ս. Աստուածամօր վանքին, ծնած՝ Սրբազան Հօր ջանքերով եւ վայելած՝ Իր հայրական հովանին։ Ջամբուած կրթութեամբ անոնք հաղորդ դարձած էին իրենց ժողովուրդի նուիրական սրբութիւններուն։ Ստեփանոս Արքեպիսկոպոսի ջանքերով հաստատուած տպարանը կը նմանցնէ Աւետեաց երկրին, ուրկէ «կաթ եւ մեղր կը բղխէր», իբրեւ նշան Աստուածային օրհնութեան։ Տպարանի մամուլը իր ցուրտ ծոցէն ելած հրատարակութեամբ լռիկ մնջիկ առիթ պիտի ընծայէր, որ ժողովուրդը հաղորդ դառնար իր նուիրականութիւններու ու սրբութիւններու ջերմութեան, լուսաւորուելով Մեսրոպեան արեգակին նորածագ ճառագայթներով։ Այս առումով տպարանը կը նմանցուի Եդեմական պարտէզէն հոսող գետերուն։ Ինչպէս որ հոսող այդ գետերը երկիրը կ՚ոռոգէին, այնպէս ալ տպարանը ազգին սիրով գործող ծառայողներուն շնորհիւ պիտի ոռոգէր պանդխտութեան մէջ իր կեանքը շարունակող մերազն ժողովուրդը, իր հայրենի ծննդավայրի սրբութիւններով։ Կը հաւաստիացնէր, թէ տպարանի մամուլի ճռնչիւնները ապագային պիտի վերածուէին անմահ յիշատակի սուրբ արձանի։

Այս գրաբար ձօնը այսօր կը ներկայացնէ պատմական արժէք, որ մեզի ցոյց կու տայ, թէ այդ թուականին վանքի մէջ կային հոգեւորականներ, որոնք յիրաւի կը տիրապետէին մեր ոսկեղնիկ գրաբարին։

Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ
ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՄԵՐՈՅ
ՅԵՐԱԽԱՅՐԻՍ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ՏՊԱՐԱՆԻՍ ՆՈՒԷՐ

Յոգնաթիւ ընդ Քոց բարեաց եւ վաստակոցդ անկշիռ
  Զի՞նչ ձօնել Հայր, Պսա՞կ գլխոյդ շքադիր,
Թէ յարմարել յԱնուանդ ի փառս՝ շարս գովեստից յոսկի տառս,
  Կամ մեկենայց ընդ պանծալին վերադասել ընդ կաճառս՝
զՔեզ՝ որ գթոյդ եւ խնամոց ծնար Քոյոց þի յերկունս
  Որդիս Քեզ ոչ անարժանս, Մօրն Անեղին եւ սանունս,
Հայրական զհովանիդ արկեր զնոքօք աննախանձ
  Փարատել զմռայլ մտաց ի վերինս լոյսն հայեցուած.
Ընդ նմին եւ զգալեացս խորոցն առնել իսկ հասու
  Առ տակաւ եւ բարձրագոյն զգօն խոկմանց մակացու,
Քեւ երախտեաց եւ շնորհ այս, զի ի մատաղ ի տիոց
  յԱզգային եւ Հայրենեաց մարզես սիրոյն ի սուրբ ծոց.
Որով սատար յարուցեր անդուլ փութոյդ եւ ջանից
  Անարգել հարթել զուգին յասպարէզ անդր իմաստից.
Քեւ ուրեմն հոսեաց ի մեզ աղբիւր մեղու եւ կաթին,
  Զոր արբ երբեմն աշխարհ մեր ի վտակացն եդեմին,
Եւ Քեւ ահա պարուրեալն յանգիտութեան խաւար խոր
  Մեսրոպեան արփւոյն ճաճանչ յերկնից կամար ծագէ նոր,
Մեւ արդ հանճար գերմանացւոյն þի մենաստանս կալաւ մուտ,
  Որ հայրենեաց ցայտեալ ջերմ հուր առ ի ծոցոյն իւրմէ ցուրտ՝
Յանբարբառ թերթս ծաւալէ յԱզգասիրաց սիրտ ու արիւն
  Ի պանդուխտ վայրաց աստի զՍէր եւ Յոյս արծարծուն։
Այլ զՁեր, ո՞ւր դրոշմել զփառս անուան Արհի Տէր
  Ոչ ի քանդակս ի կճեայս, քան յԱզգին սիրտ եւ ի մեր։
Նա՝ Մամուլն յաւէտ զնոյն ճռնչելով յառ ապայն
  Կանգնեսցի նմին անմահ յիշատակի սուրբ Արձան։

21 ՅՈՒԼԻՍԻ 1864
Ի ՎԱՆՍ Չ. ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

«Յոյս»ի հրատարակութիւնը 1866-ին կը դադրի։ Դադարման որոշումը կը կայացնէ Տնօրէն Ժողովը, միանգամայն ընդունուելով այն սկզբունքը ըստ որում «Յոյս»ի տարեմուտը փոխանակ օգոստոսի ըլլար յունուար ամիսը։ Դադարման պատճառաբանութիւնը կը յայտարարուի վերջին թիւին մէջ, ուր կ՚ըսուէր. «…Այս գեղեցիկ շաւղին մէջ արդարեւ չկրցաւ իւր փափաքած արգասաւոր ընթացքն ունենալ, որուն զանազան արգելքներ պատճառ եղած են. յորս եթէ զինքը քաջալերող կետ մը կրնար ըլլալ, արգոյ բաժանորդաց գոհութեան պատուասիրութիւնն է։ Բնաւ եւ ոչ իսկ մտքէն կ՚անցնի որ իւր ընթացքը դադարեցունէ հանդերձ ծանր ծանր զոհերով. այլ եթէ ընդհատումն ալ պատճառի, աւելի արդիւնաւոր քայլ մը փոխելոյ համար պիտի ըլլայ այն՝ քան խափանման համար»։

Գէորգ Արքեպիսկոպոս Ալիքսանեանի վանահայրութեան շրջանին «Յոյս»ը կը սկսի վերհրատարակուիլ, 1869-ին։

Վերհրատարակութեան առաջին թիւին մէջ խմբագիրներ «Ազդ» խորագրեալ խմբագրականով կ՚ողջունէին այն ընթերցողները, որոնք ցաւած էին ի տես դադարման «Յոյս»ին ու զանազան առիթներով յայտնած՝ «Յոյս»ը վերածնած տեսնելու իրենց ցանկութիւնը։ Այս խմբագրականէն կը տեղեկանանք, թէ վեցամսեայ ժամանակի մը համար դադարած «Յոյս»ը պարագաներու բերումով հարկադրուած էր աւելի քան երկու տարի սպասել վերածննդեան օրին։ Թէ ի՞նչ էին դադարման ժամանակամիջոցի երկարաձգման պատճառները։ կը կարդանք խմբագրականէն. «…վանքի հին եկեղեցւոյն փլատակաց սրտաբեկ տեսարանը, այնպիսի դժուարին ժամանակի մը մէջ նոր եկեղեցւոյ շինութեան ձեռնարկելոյ պէտքը, եւ այս պատճառաւ միաբաններէ ոմանց հեռաւոր ճամբորդութիւններով երկար ատեն վանքէն բացակայ մնալու հարկը, եւ ժառանգաւորաց ուսումնարանին առաջին աշակերտաց ուսումնական ընթացքնին աւարտելով իւրաքանչիւրն իւր կոչման հետեւած՝ ատեն մը դպրոցին գոց մնալը եւ հուսկ ուրեմն անոր վերստին բացումը վրայ գալով՝ յուսոյ ժամանակաւոր դադարման այսչափ երկարելուն պատճառ եղան»։

Սոյն պատճառաբանութեան կը յաջորդէ խմբագրութեան պատասխանատուութեան գիտակցութեան արտայայտութիւնը. «Ըսուածներէն չեմք ուզեր հետեւցնել թէ յոյսը արտաքին ճնշումներէ հարկադրեալ նոր տարւոյս հետ կը վերածնի, մեր դիտաւորութիւնը դադարման պատճառը չգիտցողներուն վեր ի վերոյ տեղեկութիւն մը տալ էր միայն, եւ թէպէտ այս խափանարար պատճառներէն ոմանք դեռ եւս իսպառ վերջած չեն, բայց խմբագրութիւնը կը յուսայ թէ՝ ազգային օգտին ծառայելու իր պարտականութիւնը եւ բանասիրաց քաջալերութիւնը սոյն դժուարութեանց առջեւը կ՚առնեն, եւ յուսոյ քայլերը ոչ եւս խոչընդոտներու կը հանդիպին»։

Հակառակ բարի կամեցողութեան արտայայտութեան, դժբախտաբար «Յոյս»ի այս երկրորդ շրջանը եւս կ՚ըլլայ կարճատեւ եւ հրատարակութիւնը 1870-ի տարեվերջին դարձեալ կը դադրի առանց որեւէ յայտարարութեան։ Նաեւ որեւէ յատուկ յայտարարութիւն մը կամ առաջին թիւին մէջ որեւէ յատուկ ակնարկութեան մը չենք հանդիպիր, երբ «Յոյս»ը կը սկսի վերհրատարակուիլ 1874-ին, Խորէն Եպսկ. Աշըքեանի վանահայրութեան շրջանին ։

«Յոյս»ի հրատարակութիւնը վերջնականապէս կը դադրի 1877-ի տարեվերջին։

Վանական մթնոլորտի մէջ ծնունդ առած «Յոյս» պարբերաթերթը նաեւ ցուցիչն է, թէ վանքի հոգեւորականները որդեգրած էին նախանձախնդիր կեցուածք մամուլի կարեւորութիւն ընծայելու նկատմամբ եւ առ ոչինչ համարելով իրենց ապրած օրերու ժխտական երեւոյթները առանց ընկրկելու մնացած էին իրենց ընդգրկած ճանապարհին մէջ, հաւատարիմ մնալով իրենցմէ 70 տարի առաջ Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի հեռաւոր Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ 1794-ին բոցավառած «Ազդարար»ի լոյսին։

Խունկ եւ աղօթք իրենց յիշատակին։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

- վերջ -

Հինգշաբթի, Յուլիս 29, 2021