ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ. «ՄԵՐ ԲՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՏԱՐԱԾԵԼՆ Է»

Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամ շուրջ հարիւր երիտասարդներ եւ ծառայողներ, օգոստոսի մէջ, ժամանեցին Հայաստան, մասնակցելու համար աննախընթաց համագումարի մը՝ աջակցութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ)։

Համագումարի առաջին օրերը ճանաչողական էին։ Երիտասարդները եղան Հայաստանի միակ բնապահպան ուսումնական հաստատութեան՝ Աւետիսեան դպրոցի մէջ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, իսկ երեկոյեան վայելեցին հայկական ժողովրդական երգերու համերգ մը՝ «Հայրեններ» երգչախումբի կատարմամբ: Անոնք այցելեցին նաեւ Խոր Վիրապ, Տաթեւի վանական համալիր, Սեւանայ լիճ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար, Հաղարծին:

6 օգոստոսին սկիզբ առաւ համաաւետարանական երիտասարդական համագումարը: Ամէն օր համագումարը կը սկսէր փառաբանութեան պաշտամունքով։ Ամէն օր մէկ գլուխ: Իսկ կարեւորագոյն բաժիններէն մէկը՝ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) անցեալին, ներկային ու ապագային վերաբերող դասախօսութիւններն էին: Իւրաքանչիւր դասախօսութենէն ետք համագումարի մասնակիցները նիւթը քննարկելու եւ վեր բարձրացուած խնդիրներու վերաբերեալ  հնարաւորութիւն ունեցան գրելու իրենց առաջարկները, որոնք ամփոփուեցան համագումարի նախավերջին օրը՝ 15 օգոստոսին: Առաջարկներու ռազմավարական փաստաթուղթը կը նախատեսուի ուղարկել ՀԱԵ-ի Համաշխարհային խորհուրդին եւ աշխարհի բոլոր կողմերը գործող ՀԱԵ-ի հովիւներուն, որպէսզի քննարկեն անոնց իրագործման հնարաւորութիւններն ու կեանքի կոչելու ուղիները: Համագումարի վերջին օրը Հանքաւանի «Շիին Շողիկ» ճամբար այցելած էր նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորեց համագումարն ու սփիւռքահայ երիտասարդներու Հայաստանի կարիքաւորներուն ծառայելու պատրաստակամութիւնը։

Աւելի մօտէն ծանօթանալու համար համագումարի տարած աշխատանքներուն, զոյգ հարցազրոյցներ կատարեցինք Երեւանի Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Յովհաննէս Յովսէփեանի եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Մկրտիչ Մելքոնեանի հետ։

*

-Պատուելի, համագումարը առաջի՞նն էր իր տեսակին մէջ կամ նը-ման հաւաքներ եղած են Հայաստանի մէջ եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէր:

-Վերջին անգամ 2001 թուականին, Հայաստանի մէջ նման համագումար իրականացուեցաւ, Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունման 1700-ամեակին առիթով: Մասնակիցներ սփիւռքի զանազան երկիրներէն Հայաստան ժամանեցին, որպէսզի տօնեն այդ մեծ իրադարձութիւնը:

Սակայն այս համագումարը կարելի չէ համեմատել նախկինին հետ, որովհետեւ այս մէկը յատուկ շեշտադրումներ ունէր: Աւետարանչականի 100-ամեակի առիթով աշխարհասփիւռ երիտասարդներ Հայաստան եկան եւ համախմբուեցան մէկ յարկի տակ, մէկ նպատակով։ Հարցադրումներ ընել, թէ իր հիմնադրութենէն հարիւր տարի անց, աւետարանչականը ի՞նչ գործունէութիւններ կ՚իրականացնէ եւ արդեօք շեղա՞ծ է իր առաքելութենէն ու նպատակներէն։ Ուրեմն համագումարը բաղկացած էր երեք նիւթերէ՝ անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Ի՞նչ էր մեր անցեալը, որո՞նք էին այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ Աւետարանական եկեղեցին հիմ-նըւեցաւ, կառուցուեցաւ եւ ընթացք ստացաւ: Ներկան՝ այս օրերուն որքա՞ն հաւատարիմ ենք այդ սկզբունքներուն, ի՞նչ ճանապարհով կ՚ընթանանք եւ ի՞նչ կ՚ընենք, իսկ որպէս երիտասարդներ, որոնք ապագային պիտի ստանձնեն ամբողջ պարտականութիւնը եւ առաքելութիւնը, ի՞նչ պատկերացում ունին, ինչպէ՞ս մաս պիտի կազմեն, ինչպէ՞ս պիտի կարողանան այդ սկզբունքները պատշաճեցնել այս օրերուն անշուշտ հաւատարիմ մնալով սկզբունքներուն, որոնք կու գան Ս. Գիրքէն, Աստուածաշունչէն, անոնք կիրառելի եւ գործնական դարձնելու եկեղեցիներու մէջ՝ անկախ երկրէ, անկախ կարգավիճակէ, անկախ իրավիճակէ: Այս էր համագումարին ընդհանուր նպատակը: Երիտասարդները գալով Հայաստան ծանօթացան պատմական վայրերու, ներկայ եղան մշակութային ելոյթներու, այցելեցին մեր գլխաւոր կեդրոնը եւ սերտ ձեւով առընչուեցան Աւետարանչական եկեղեցւոյ:

Համագումարէն ետք, այս բոլորին որպէս գործնական կիրառում, չորս-հինգ օր գործուղուեցան Հայաստան աշխարհով մէկ՝ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ եւ պէտք եղած գործերը կեանքի կոչեցին: Իրականացաւ նաեւ հոգեւոր գործունէութիւն. ճամբարներ կազմակերպեցինք փոքրիկներուն եւ հոգեւոր ու մտաւոր սնունդ ջամբեցինք, խաղեր, զուարճանքներ կազմակերպեցինք, Աւետարանը բացատրեցինք եւ մինչեւ իսկ շինարարական աշխատանքներ կատարեցինք: Յատկանշական էր մանաւանդ Չորաթան սահմանամերձ գիւղի պարագան, երբ մասնակից երիտասարդները գործուղուեցան եւ օգնութեան ձեռք մեկնեցին ու տունը նորոգեցին մայրիկի մը, որ առանձինն երեք թոռներ կը պահէր։ Անոնց ծնողները չկային եւ ինք ստանձնած էր անոնց խնամքը: Երիտասարդները նորոգեցին մայրիկին տունը եւ նոյնիսկ իրենց սեփական քսակէն դրամ հանգանակեցին, որպէսզի տունը ապահովեն պարէնով լեցուն սառնարանով մը։

-Ինչպէ՞ս էր աշխարհագրական պատկերը, ո՞ր երկիրներէն կու գային երիտասարդները: Եւ կարծեմ այս համագումարին մասնակցողներուն թիւը ամենաբազմանդան էր այս տարի։ Եթէ չեմ սխալիր, խօսուեցաւ 130 մասնակիցներու մասին։

-Համագումարի մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն ընդհանուր թիւը 150 հոգի էր։ Իսկ մասնակիցները կու գային Հիւսիսային Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, Հայաստանէն, Պարսկաստանէն եւ Ռուսաստանէն։

-Ի՞նչ էր մասնակիցներուն տրամադրութիւնը այս հաւաքէն ետք, ի՞նչ տրամադրութիւնով մեկնեցան անոնք: Իրենց համար արդեօք «գէշ երազ» դարձա՞ւ Հայաստանը, որովհետեւ անոնք այլ դրական կողմերու կողքին նոյնպէս ականատես եղան տխուր պատկերներու:

-Սկիզբէն արդէն պատրաստած էինք զիրենք, որ այս պտոյտ չէ, այցելութիւն չէ, ժամանց չէ, այսինքն բաւական երկար աշխատանք տարուած էր: Դիմումներու մէջ յստակ ձեւով ներկայացուած էր ծրագիրը: Անոնք շինարարական աշխատանքներ կատարեցին, նոյնիսկ որոշ տարածքներ մաքրեցին աղբակոյտերէ, միրգերու անուշ պատրաստեցին եւ այլ աւանդական ուտելիքներու պատրաստութեան ծանօթացան: Հակառակ, որ հեռաւոր գիւղերուն մէջ կամ նոյնիսկ Երեւանի մէջ այցելեցին ծերերու, տեսան Հայաստանի մէջ եղող ծայրայեղ աղքատութիւնը, լքուածութիւնը, մինակութիւնը, այնուհանդերձ չեմ կարծեր, որ հիասթափութիւն ապրեցան եւ «տպաւոր-ւեցան» միայն Հայաստանի բացասական կողմերով: Իրենք դրական եւ բարձր տրամադրութիւններով վերադարձան, որովհետեւ ուրախ էին, որ բան մը կրցան ընել եւ այդ մութ անկիւնները, եւ թէկուզ շատ փոքր նշոյլով կարողացան լոյս մը բերել իրենց ծառայութեամբ, իրենց անմիջական գործով: Խանդավառութիւնը, մեր ա-կընկալածէն մեծ էր ու դեռ մէկ ծրագիրը չաւարտած արդէն կը մտածէին նորի մը մասին: Այս ծրագիրը պէտք է կրկնուի, որովհետեւ անոնց մէջ ոգեւորութիւնը մեծ է եւ պէտք է չմարի:

-Կարելի՞ է, որ համագումարը կրկնուի յառաջիկայ տարիներուն եւ դառնայ աւանդոյթ, որովհետեւ ինչպէս որ հասկցանք, մասնակից երիտասարդները գոհ էին եւ պատրաստակամութիւն ունին դարձեալ Հայաստան գալու:

-Միայն երիտասարդներու ցանկութիւնը չէ, այլ նաեւ ռազմավարական, հեռանկար ունեցող ծրագիր է։ Համագումարներ կ՚իրականացուին ամէն մայր ցամաքի վրայ, տեղական, իրենց գործունէութիւններու մէջ, բայց նման համագումարը ցանց կը ստեղծէ, կապ կը ստեղծէ աւետարանական համայնքի անդամ երիտասարդներու միջեւ, որոնք ծնած ու մեծցած են տարբեր երկիրներու մէջ: Անոնք զիրար տեսնելով խանդավառուեցան, քաջալերուեցան եւ ձեւով մը ստեղծուեցաւ մէկ ընտանիք։ Իրենք գիտեն, թէ ամէնուր կան իրենց նման երիտասարդներ, որոնք ունին նոյն դժուարութիւնները, նոյն մարտահրաւէրները եւ նոյն աղօթքի նիւթերը:

-Մասնակիցները իրե՞նք վճարեցին իրենց երթուդարձի ծախսերը:

-Մեծամասնութիւնը, այո՛, եւ այդ մէկը կապ ունէր իւրաքանչիւր մասնակիցի վիճակէն, կամ թէ ո՛ր երկրէն կու գար ան: Օրինակ՝ Սուրիոյ պարագային գրեթէ մենք օգնեցինք, Լիբանան՝ 50 առ հարիւր, բայց Հիւսիսային Ամերիկա կամ միւս երկիրները, ուր կարգավիճակը աւելի լաւ է, մասնակիցները իրենք ամբողջութեամբ վճարեցին երթուդարձի ծախսերը:

-Որքան տեղեակ դարձայ, համագումարի ողջ ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Աստուածաշունչին, հետեւաբար Աստուծոյ խօսքին վրայ։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին։

-Այո՛, շեշտադրումը այդ էր: Խօսեցանք, որ թէ՛ Աւետարանական եկեղեցին, թէ՛ աւետարանչականը հիմնուեցան մէկ նպատակի համար, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը մատչելի, հասանելի եւ գործնական կեանքի մէջ կիրառելի դառնայ։ Մեր առաքելութիւնը այս է: Աւետարանական եկեղեցին ի սկզբանէ այս դրօշակը վեր առաւ կարեւորելով՝ Աւետարանի բարի լուրին հասանելի դարձնելը, Աստուածաշունչը կարդալը, սերտելը եւ խորհրդածելը։ Ի վերջոյ բացատրելը, որ Աստուծոյ խօսքը եւ բարի լուրը վերապահուած չէ միայն հոգեւորականներուն կամ կղերականութեան: Մենք բոլորս, ըստ Ս. Գիրքի, Պետրոս առաքեալի նամակին, քահանաներ ենք, որ կանչուած ենք Աստուծոյ խօսքը ճիշդ կերպով կարդալու, ապրելու եւ տարածելու:

-Պատուելի՛, ինչպիսի՞ն եղաւ հայաստանցի ժողովուրդին վերաբերմունքը հանդէպ այս երիտասարդներուն։ Այս հարցումը կ՚ուղղեմ, որովհետեւ շատ պատահած է, երբ ոեւէ անձ աւետարանական համայնք ըսէ, կամ այդ համայնքին մասին խօսի, պահ մը լռութիւն կը տիրէ... Այսօր Հայաստանի մէջ կարծես, թէ վերապահութիւն մը գոյութիւն ունի աւետարանական համայնքին հանդէպ։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին։

-Եթէ 15-20 տարի առաջ այս հարցումը ուղղէիք, այլ ձեւով պիտի պատասխանէի: Հիմա ժամանակները փոխուած են եւ որոշ մակարդակի մարդիկ շատ գիտակից են եւ գիտեն ի՛նչ կ՚ըլլայ, գիտեն, թէ ո՛վ ենք մենք։ Սակայն ինչպէս դուք նկատել տուիք, որոշ շերտերու մօտ ցարդ այդ մօտեցումը կայ՝ փրոթեսթանթ, բողոքական, աւետարանական, այս եւ այլ անուանումներով կը դիմեն մեզի, բան մը, որ իսկապէս վտանգաւոր է։ Պարզ օրինակ մը տամ. Սուրիոյ մէջ պատերազմ տեղի ունեցաւ, սակայն պատերազմի արդիւնքով Հայաստանը տարբեր բուրմունք ստացաւ, հասկցաւ, որ հայը հայ է՝ անկախ, թէ առաքելական է, կաթողիկէ է կամ՝ աւետարանական: Ասոնք ոչ թէ բաժանում կը ստեղծեն, այլեւ՝ բազմազանութիւն, որովհետեւ աւետարանական հայը երբ Հայաստան եկաւ, իր հետ բերաւ իր մտածելակերպը։

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՄԿՐՏԻՉ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ. «ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԷՆ ՇԱՏԵՐԸ, ՊԻՏԻ ՈՒԶԵՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԳԱԼ»

-Յարգելի վերապատուելի, ի՞նչ էին իրական դրդապատճառները, որոնց համար ալ որոշեցիք նման համագումար մը իրականացնել Հայաստանի մէջ։

-Ծրագիրը մեզի համար 5-6 տարուան «երազանք» մըն էր, որ այսօր արդէն իսկ դարձաւ իրականութիւն։ Աշխարհով մէկ սփռուած մեր եկեղեցիներուն մէջ գործող երիտասարդական խումբերը, առաջնորդները իրարու հետ կը կիսուէին, եւ յաճախ հարց կու տային, թէ ե՞րբ կարելի պիտի ըլլար նման տարողունակ համագումար մը իրականացնել։ Նաեւ քննարկման նիւթ էր, թէ մենք իբրեւ եկեղեցի այսօր ի՞նչ կ՚ընենք, դէպի ո՞ւր կ՚երթանք: Հիմա 100-ամեակի առիթով եւ այդ հզօր մարմնի նիւթական աջակցութեամբ, կրցանք իրականացնել մեր երազանքը եւ այս նպատակի իրագործման համար ամենայարմար վայրը նկատեցինք հայրենիքը։ Այդպէս ճիշդ համարեցինք, որովհետեւ սփիւռքի իւրաքանչիւր երկիր իր մշակոյթը, իր գոյնը ունի, բայց հայրենիքը մեզ միացնող վայրն է եւ մենք հայ ենք ու քրիստոնեայ, ուրեմն հայրենիքի մէջ պէտք էր իրականցնել այս ծրագիրը։ Մեր նպատակը երկու բան էր. առաջինը՝ ինքնաքննութիւն, ինքնաճանաչում, ինքնաքննադատութիւն եւ ապա վերատեսութեան ենթարկել մեր գործունէութիւնը, որովհետեւ ինչ որ 30-40 տարի առաջ կար Հալէպի, Պէյրութի, Ամերիկայի կամ Ֆրանսայի մէջ, նոյնը չէ այսօր: Պահանջները փոխուած են, հետաքրքութիւնները եւ երիտասարդութեան մտածելակերպը նոյնպէս փոխուած է։ Ու բնականաբար հարց պիտի ծագէր, թէ մենք որպէս եկեղեցի ի՞նչ կ՚ընենք այսօր։ Այս մեր գլխաւոր նպատակն էր եւ այս նպատակին համար մենք չորս օր միասին անցուցինք: Առաջին օրը խօսեցանք, թէ ինչո՞ւ ստեղծուեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին, ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէր: Ունեցանք մօտաւորապէս 7-8 դասախօսներ, որոնք աշխարհագրական հեռաւորութեան եւ գործնական պատճառներով չկրցան ներկայ ըլլալ եւ տեսանիւթերով ներկայացուցին իրենց դասախօսութիւնները: Գլխաւոր միտքը Աստուածաշունչին հաւատարիմ մնալն էր։ Անշուշտ շատ սեղմ նիւթերով ներկայացուցինք Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնումի պատմական հոլովոյթը: Երկրորդ օրը խօսեցանք, մեր եկեղեցիներու այսօրուան վիճակին մասին: Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքի մէջ, բոլորս յայտնուած ենք ուծացման փուլի մը եւ ուրեմն պէտք է ետ դառնանք Աստուածաշունչին եւ խորանանք անոր մէջ ու իրապէս ապրինք անով։

Ճիշդ է, որ ամէն կիրակի օր մենք Աստուածաշունչը կը քարոզենք, ամէն առիթի Աստուածաշունչ կը կարդանք, բայց իրապէս կ՚ապրի՞նք այդ կեանքը, կ՚ապրի՞նք այդ արդար կեանքը, այդ սիրոյ կեանքը, ծառայութեան կեանքը: Երրորդ օրը քննարկութիւններ կատարուեցան ապագայի առընչութեամբ, թէ ի՞նչ պէտք է ընենք ապագային: Ապա հինգ օր տրամադրեցինք, որպէսզի մեր երիտասարդները եւ իրենց երիտասարդ առաջնորդները իրական փորձառութիւն ապրին եւ ուղղակի զգան, թէ ինչ է հայրենիքը եւ հայրենիքին ծառայելը: Ունեցանք 28 աշխատանքային փոքրիկ խումբեր, որոնք 19 տարբեր քաղաքներու մէջ (Բերդ, Չորաթան եւ այլ սահմանամերձ գիւղեր) եւ նոյնիսկ Երեւանի մէջ (հինգ խումբ), զանազան աշխատանքներ իրականացուցին: Անոնցմէ ոմանք քաղաքապետարան գացին եւ առաջարկեցին օգնել անոնց, եթէ յատուկ ծրագիր ունին: Այդ խումբերը զանազան տիպի աշխատանքներ կատարեցին. օրինակ՝ մարզահամալիրի մը նորոգութիւնը կատարեցին, կարիքաւոր ընտանիքներու տուները այցելեցին, մշակութային կեանքին առընչուեցան, անուշեղէն եւ աւանդական ուտելիքներ պատրաստել սորվեցան։ Այս երիտասարդները Ամերիկա ծնած-մեծցած են, լեզուն դժուար կը հասկնան, մշակոյթի հետ առընչութիւն չունին, սակայն կամաց-կամաց սորվեցան եւ սիրեցին: Ամենակարեւորը այն է, որ մենք շատ զօրաւոր մարտահրաւէր նետեցինք, դարձեալ հիմնուելով Աստուծոյ խօսքին վրայ հաստատակամօրէն ըսելով՝ եթէ Աստուած մեզ հայ եւ քրիստոնեայ ստեղծած է, ուրեմն մեր պարտականութիւնն է առաջին հերթին աջակցութիւն ցուցաբերել եւ նուիրուիլ մեր ազգին: Ինչու մեր հայ երիտասարդներու տաղանդէն օգտուին միայն օտար կազմակերպութիւնները եւ հայ ժողովուրդը չօգտուի:

-Վերապատուելի՛, ի՞նչ տրամադրութեամբ վերադարձան երիտասարդները։

-Առաջին կէտը, որ կ՚ուզեմ մատնանշել, այն է, թէ անոնք հոգեկան մեծ գոհացում ստացան եւ անոնց հետ ապրեցան. թէկուզ սորվեցան զոհողութիւն ընել, հանգիստ կեանքէն դուրս գալ եւ զգալ այդ սիրոյ գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը։ Ի վերջոյ մեզի՝ քրիստոնեաներուս համար կարեւորը հոգեկան ուրախութիւնը ձեռք բերելն է, որ նիւթականի հետ անկարելի է փոխարինել: Իրենք այս բոլորը ապրեցան եւ վստահ եմ, որ շատ մեծ հոգեկան գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց տուները ու ես կրնամ վստահեցնել, որ անոնցմէ շատեր կրկին պիտի գան։

-Համագումարի ընթացքին երիտասարդները հոգեւոր քրիստոնէական արժէքներու քննութիւն յանձնեցի՞ն։ Աստուածաշունչը քննարկեցի՞ն, բացի՞ն փակագիծերը, զիրենք յուզող հարցումներուն պատասխան ստացա՞ն։

-Անշուշտ որ երեք-չորս օրերու ընթացքին ամէն ինչ ընելը դժուար պիտի ըլլար։ Ու այդ պատճառով ալ եւ կազմակերպիչ մարմնի առաջարկով մասնակից երիտասարդները Աստուածաշունչէն գիրք մը՝ երկրորդ Տիմոթէոսի գիրքը սերտեցին։ Այդ գիրքին մէջ տեղ կը գրաւէր գլխաւորապէս երիտասարդ առաջնորդներու պատրաստութեան գաղափարը, ուր նաեւ օրինակով ցոյց կը տրուէր, թէ Պօղոս առաքեալ որպէս տարիքոտ, փորձառու հոգեւոր առաջնորդ, ինչպէ՛ս կը պատրաստէր երիտասարդ Տիմոթէոսը: Ուրեմն մեր միտքը այն էր, որ անոնք որպէս երիտասարդներ հասկնան ու ընկալեն, որ ապագային մենք պիտի չըլլանք, հետեւաբար անոնք պիտի ստանձնեն այս համայնքն ու եկեղեցին առաջնորդելու առաքելութիւնը։

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2018