ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Է.

Երբ վարդապետութեան պատճառը յայտնեց, այժմ Իր վարդապետութեան ծնունդը կը յայտնէ:

ԹԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ Է

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց անոնց. ինչ որ ձեզի կ՚ուսուցանեմ՝ Իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ Անորը՝ որ զիս ղրկեց» (Յհ 7.16):

Մեկնութիւն. Ասիկա երկրորդն է, որ ըստ վարդապետութեան ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս Աստուած է, որ Հօր Աստուծոյ վարդապետութիւնը ունի, իսկ ըսելը՝ «Իմ վարդապետութիւնս չէ». Ի՛մս է եւ Իմս չէ՛, կ՚ըսէ: Իմս է, որովհետեւ ըստ Աստուածութեան Հօրմէն ունիմ, իսկ Իմս չէ, որովհետեւ ըստ մարդկային կրթութեան վարժուած չեմ, այլ՝ թէ տրուած է Ինծի, քանի որ Քրիստոսի ստեղծած գիտութիւնը ըստ մարդկութեան զայն կրթութեամբ չունի, այլ՝ Իր յղացումի սկիզբէն ունի այդ գիտութիւնը՝ Աստուծոյ հեղմամբ:

Եւ դարձեալ այսպէս կը մեկնուի. քանի որ Հօր Բանը Որդի է, իսկ Բանը եւ Անոր վարդապետութիւնը մէկ է, ատոր համար Որդի է Հօր վարդապետութեան:

Իսկ ապա Քրիստոս երկու պատճառ կը ցուցնէ, թէ Անոր վարդապետութիւնը Իրեն Հօրմէն տրուած է. նախ՝ թէ Քրիստոսի վարդապետութիւնը Հօր կամքը կատարելն է, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ով որ կ՚ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը» (Յհ 7.17), ու Աստուծոյ կամքը կատարելը Անկէ տրուած պատուիրանները պահելն է, եւ ասոր կը բերէր Քրիստոսի վարդապետութիւնը: Ապա յայտնի է, թէ Անոր վարդապետութիւնը Աստուծմէ էր, ու Ինքն Իրմէ չէր խօսեր: Միւս կերպով կը բացայայտէ Մեկնիչդ1, թէ Հօր կամքը կատարելը յատուկ կամք ունենալ եւ եղբօր նկատմամբ ատելութիւն չէ, եւ եթէ հրեաները ատելութիւնն ու նախանձը հեռացնէին, որ Քրիստոսի նկատմամբ ունէին, այն ատեն կը կարողանային գիտնալ, թէ Անոր վարդապետութիւնը Հօր Աստուծմէ է, որովհետեւ շատ սէրն ու ատելութիւնը միտքին դատումը կը մոլորեցնէ: Երկրորդ, թէ Քրիստոս քարոզելով երկնային Հօր փառքը կը խնդրէր, ուստի յայտնի է, թէ Անոր վարդապետութիւնը Աստուծոյ է, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ» (Յհ 7.18):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ զԻնք ղրկողին փառքը կը փնտռէր, այսինքն՝ Հօր, ատոր համար Անոր վարդապետութիւնը ճշմարիտ էր, եւ թէ հրեաները կրնային առարկել Քրիստոսի, թէ Քու վարդապետութիւնդ Աստուծմէ չէ, որովհետեւ Մովսէսին օրէնքները չես պահեր, ատոր համար Քրիստոս պատասխան կու տայ եւ երկու կերպով կը ցուցնէ, թէ անոնք էին օրէնքին նկատմամբ մեծագոյն յանցաւորները, նախ՝ որ կ՚ըսէ. «Կ՚ուզէք զիս սպաննել» (Յհ 7.20): Երկրորդ, կ՚ըսէ, թէ՝ Շաբաթը թլփատութեամբ կ՚անցնէք (Յհ 7.22-23):

Խօսք. «Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ» (Յհ 7.19):

Մեկնութիւն. Այս երրորդը, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս Աստուած է օրէնքներու մեկնութեամբ, եւ կը ցուցնէ, թէ Շաբաթ օրով ի՞նչ գործ կրնային ընել, եւ ի՞նչ՝ ո՛չ:

Խօսք. «Ձեզմէ ո՛չ ոք կը հնազանդի Օրէնքին» (Յհ 7.19):

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել՝ դուք պարտական էք Օրէնքը պահելու, որովհետեւ ձեզի տրուած է, սակայն չէ՛ք պահեր, իսկ Ես պարտական չեմ, քանի որ Օրէնքէն գեր ի վեր եմ, իսկ Ես կը պահեմ, ըստ այնմ. «Չեկայ ջնջելու, այլ՝ ամբողաջցնելու» (Մտ 5.17), ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ, եւ ապա կը ցուցնէ, թէ ինչպէս կ՚անցնէին օրէնքները:

Խօսք. «Ինչո՞ւ կ՚ուզէք զիս սպաննել» (Յհ 7.20):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ Օրէքնը կ՚արգիլէ անմեղ մէկը սպաննել, իսկ անոնք չէին կրնար բանաւոր պատասխան տալ Իրեն, այլ՝ կը նախատեն, ըսելով.

ՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես, ո՞վ կ՚ուզէ Քեզ սպաննել» (Յհ 7.20):

Մեկնութիւն. Անամօթ կերպով կատղեցան ու դարձեալ սուտ խօսեցան. առաջինը յայտնապէս սուտ էր, որովհետեւ Քրիստոս դեւերը կը հանէր ու կը հալածէր, իսկ երկրորդը՝ յայտնի սուտ, որովհետեւ յետոյ սպաննողներ եղան:

Դարձեալ՝ առաջինը զուր է, իսկ երկրորդը՝ ուրացում: Եւ այս երկուքը սուտ կը կոչուին, որովհետեւ սուտի տեսակ են եւ սուտը ասոնց սեռն է, ու սուտ է դնել ինչ որ չունի, եւ վերցնել՝ ինչ որ ունի:

Հարցում. Ինչպէ՞ս անոնց պատասխան չտուաւ այս մասին:

Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ հեզութեան համար, քանի որ կը սորվեցնէ մեզի, երկրորդ՝ սիրոյ համար, երրորդ՝ որովհետեւ զղջացին, չորրորդ՝ որովհետեւ անմարթ էր քարոզելը ձգելը, որ կը վադապետէր, եւ այս եւս խրատ է մեզի:

Խօսք. «Վրդոված էք» (Յհ 7.21):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ խռոված էք, որովհետեւ ինչպէս որ զարմանալը հաճելի բաներու համար հաճութեամբ կ՚ըլլայ, այդպէս ալ վրդովիլը՝ անհաճոյ բաներու համար, որ անկարելի կ՚երեւի՝ խռովութիւն կ՚ըլլայ, եւ ապա ցոյց կու տայ, թէ Շաբաթը չէր անարգեր:

ԹԼՓԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները - թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ՝ ձեր նախահայրերը» (Յհ 7.22):

Մեկնութիւն. Մովսէսի թլփատութիւնը տրուած կ՚ըսուի, որովհետեւ ան գրեց Օրէնքին մէջ, սակայն՝ նախ Աբրահամին տրուած էր, ինչպէս որ Ծննդոցին մէջ կը գրէր, թէ՝ «քու ութօրեայ զաւակդ պիտի թլփատես» (Ծն 17.12):

Թլփատութեան առընչուած երեք հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. Թէ ի՞նչ է թլփատութիւնը:

Պատասխան. Կ՚ըսենք, թէ թլփատութիւնը Աբրահամի ազգին նշանն էր, որպէս դրոշմ՝ ոչխարներուն վրայ, որպէսզի հեթանոսներէն զանազանուին: Ուստի յայտնի է, թէ անապատին մէջ քառասուն տարիներ չթլփատուեցան, քանի որ հեթանոսներուն մէջ չէին, այլ՝ Յորդանանէն ելլելէն ետք թլփատուեցան:

Երկրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար արուներու անդամին համար դրուեցաւ:

Պատասխան. Չորս պատճառով. նախ՝ այնտեղ դրուեցաւ թլփատութիւնը, որպէսզի այդ անդամին պակասութիւն չըլլայ, որովհետեւ եթէ այլ անդամի ըլլար, պակասութիւն կ՚ըլլար, ինչպէս մատին, կամ ականջին, կամ միւսներուն: Երկրորդ՝ որովհետեւ այդ անդամով սկզբնական մեղքը միւսներուն վրայ կը տարածուի, իսկ թլփատութիւնը սկզբնական մեղքին հակառակ է: Երրորդ՝ որովհետեւ շնութիւնը ատով կը կատարուի, ատոր դրուեցաւ թլփատութիւնը, որպէսզի այդպիսի գործէն խափանուի: Չորրորդ՝ որովհետեւ օրհնութեան խոստացեալ զաւակն է, որ էր՝ Քրիստոս, Իր մարմինով գալուստին ժամանակ այդ անդամին գործը խզեց ու անսերմ յղութեամբ գոյացաւ, եւ կոյս արգանդէ ծնաւ:

Երրորդ հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ ութօրեայ թլփատելը:

Պատասխան. Չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ կը ցուցնէ ութերորդ դարուն բոլոր մեղաւորներու դասին հատումը մարմինէն: Երկրորդ՝ կը նշանակէ արդարներուն մկրտութեան խորհուրդը, որ այստեղ մեղքերու թողութիւն կը շնորհէ, իսկ ութերորդին՝ յարութիւն եւ կեանք, որովհետեւ երկուքն ալ սկզբնականին դէմ են: Երրորդ՝ կը նշանակէ Քրիստոսի խոստովանութիւնը, որ այստեղ կը մասնաւորէ [կը զատէ, կը բաժնէ], իսկ ութերորդին՝ բոլոր լեզուներով կը խոստովանի, թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է ի փառս Աստուծոյ Հօր: Չորրորդ՝ այն կը ցուցնէ, թէ ինչպէս որ ութօրեայ թլփատուեցամբ որոշուեցաւ [գիտցուցեցաւ, իմացուցեցաւ] աստուածածանօթ ազգը, նոյնպէս բոլոր սուրբերը զԱստուած դէմ յանդիման պիտի տեսնեն ութերորդ դարուն:

Այլեւ գիտելի է, թէ Աստուած մարդուն երեք թլփատութիւն տուաւ. մէկը Ծննդոցին մէջ կ՚ըսէ, այսինքն՝ սերականին, իսկ երկրորդը՝ Երկրորդ Օրինացին մէջ՝ ըսելով. «Ձեր սիրտերուն անթլփատութիւնը թլփատեցէք, ու ձեր պարանոցները թլփատեցէք» (Բ. Օր 10.16): Այս է խորհուրդը, քանի որ մեր հոգին եռամասնեայ է՝ խօսք, ցասում եւ ցանկութիւն: Խօսքին գործիքը պարանոցն է, որով կը հպարտանայ, իսկ ցասումին գործիքը՝ սիրտն է, որով կը բարկանայ, իսկ ցանկութեան գործիքը՝ սերականն է, որով կը շնայ: Սերականին հատումով Աստուած ըսաւ բխջախոհ ցանկութիւնն ու շնութիւնը հատել: Իսկ սիրտինը՝ բարկութիւնը հատել, իսկ պարանոցինը՝ հպարտութիւնը կտրել ու հատել:

Իսկ այստեղ Քրիստոս թլփատութիւնը յիշելով Շաբաթին համար զանոնք չորս պատճառով յանդիմանեց. նախ՝ որովհետեւ Աբրահամի թլփատութիւնը Մովսէսին Շաբաթը կը խափանէր ու անմեղ էր: Երկրորդ՝ որովհետեւ Մովսէսին Օրէնքը իր դրած օրէնքները կը խափանէր, ըստ որում Շաբաթ օրով կը հրամայէր թլփատել: Երրորդ՝ քանի որ քահանաները թլփատութիւն կատարելով Շաբաթը կը լուծէին ու անմեղ էին: Չորրորդ՝ որովհետեւ մարդը թլփատելով՝ Շաբաթը կը լուծէր ու կ՚արդարանար:

Արդ, եթէ այս չորսը Շաբաթը կը լուծեն ու օրէնքներուն հակառակ չեն, Ես ինչո՞ւ համար հակառակ եմ, ինչպէս կ՚ըսէ.

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 71

Վաղարշապատ


1 Նանա:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2020