ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁԸ

«Հալէպի հարցերուն սկիզբը որոշեցինք ժամանակաւորապէս ընտանեօք Լաթաքիա փոխադրուիլ», սկսաւ պատմել երեսունամեայ Ասատուր իր վերջին ութ տարիներու ուղեւորութիւններուն մասին: Պատերազմին յանկարծակի յայտնութիւնը ամէնուր անորոշութիւն սփռած էր: Հարցերուն կանուխ աւարտին սպասող ընտանիքը ապահովութիւն որոնելով փոխադրուած էր համեմատաբար խաղաղ Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքը, սակայն, հիասթափած էր հարցերուն շարունակութեանն ի տես:

«Որոշեցի տասնհինգ օրուան համար Պէյրութ մեկնիլ, սերտել այնտեղի ընթացքը՝ աշխատանքի, կացութեան պայմանները եւ վերադառնալ ծնողքիս մօտ», շարունակեց երիտասարդը: Փորձ մըն էր ըրածը, որոշ անուն մը տալ անորոշ ընթացքին եւ աշխատանք ճարելով հոգալ իր եւ ընտանիքին ապրուստը՝ ոեւէ տեղ շարունակել կեանք կոչուածը:

Երիտասարդութիւն: Կեանքի ամենակայտառ շրջանը մարդուն: Եթէ աշխատանքի փափաք կայ, կամք կայ, ոչ ոք կրնայ կասեցնել երիտասարդը: Ան կրնայ քարեր փուլ տալ, պեղել աշխատանքը ու կերտել ի՛ր ուզածը, այս պարագային նաեւ մոռնալ, սպիացնել անցեալը, որ սրբագրելի չէ, կամ՝ վերապրելի, բայց մոռացում ալ չունի, միայն նորին կերտումով է, որ կը նօսրանայ հինին ազդեցութիւնը...:

Ասատուր եօթ տարիէն աւելի մնաց Պէյրութի մէջ, ծնողն ալ փոխադրուեցաւ իր մօտ: Եօթ երկար տարիներ աշխատեցաւ, ճաշարանէ ճաշարան ոստոստեց, հմտացաւ խոհարարութեան մէջ, ուր գտաւ ինքզինք եւ սիրեց այդ աշխատանքը:

Վերջերս, Լիբանանի անցուդարձերուն պատճառով շատեր փոխադրուեցան Հայաստան, տուներ վարձեցին կամ գնեցին ու հոս հաստատուելու առաջին քայլերը առին, այդ ընտանիքներէն է նաեւ Մուսայեաններու ընտանիքը՝ Ասատուրին ծնողը: Անցեալ ամրան մայրը փոխադրուեցաւ. գործունեայ տիկինը իր ջանքերով հիմնեց աշխատանքը՝ համեստ, արեւելեան համ ու հոտով ճաշարան մը Տէրեան փողոցի վրայ: Վեց ամիսէ ի վեր կը գործէ ճաշարանը՝ SPICY CHICKEN: Ասատուրը ամիս մըն է վերջնականապէս փոխադրուած է Պէյրութէն եւ ընտանեօք լծուած են աշխատանքի:

«Այսօր Շաբաթ է, համեմատաբար խաղաղ է շաբթուան մնացեալ օրերէն,- կը պատմէ Ասատուր,- մենք շաբթուան հինգ օրերը ճաշ կը պատրաստենք ուսանողներուն, մեզի կ՚այցելեն բոլոր երկիրներէն հոս ուսանելու եկած երիտասարդներ, կը սիրեն մեր ճաշերը. բացի առօրեայ ճաշերէն նաեւ ճաշացուցակի ճաշերէն կ՚օգտուին յաճախորդները: Հնդիկները, օրինակ, կծու ուտեստներ կը նախընտրեն. սուրիացիները, լիբանանցիներն ու պաղեստինցիները ծանօթ են մեր ճաշերուն, երեւանցիներն ալ վարժ են արդէն մեր համեմներուն ու շատ կը սիրեն մամային պատրաստած ամէնօրեայ ճաշերը», յաջողութիւնը զգացածի խանդավառութեամբ կը խօսի Ասատուր, բան մը որ էական է նոր աշխատանքի ձեռնարկողի, նոր տեղ մը կեանքի սկսողի համար. մինչ մայրը թախծալի աչքերով կը հետեւէր տղուն, նկատելի էր հարազատէ, բարեկամէ, տունէ հեռու ըլլալուն ցաւը, նկատելի էր նաեւ վերջին մի քանի տարուան ազդեցութիւնը կնոջ հոգեվիճակին, բայց նաեւ նկատելի էր պարծանքը իր կերտածին, իր ձեռքերով պատրաստածին՝ իր քրտինքին արգասիքը վայելողի պարծանքը:

«Գիտէ՞ք, օրիորդ,- դիմեց ինծի Ասատուր,- գիտէ՞ք ինչն է որ կ՚ուրախացնէ զիս: Ընկերներս տարիներ առաջ հաստատուեցան հոս, հիմա բոլորին լեզուն փոխուած կը տեսնեմ, արեւելահայերէն կը խօսին իրենց մայրենիին պէս, վստահ որ իրենց աշխատանքը այդպէս թելադրած է, ընտելանալու ընթացքին մաս կազմած է նաեւ լեզուն, բայց իմ պարագայիս տարբեր պիտի ըլլայ, ես պարտաւոր չեմ լեզուս փոխելու, յաճախորդներս կամ արաբ են, որոնք կ՚ուրախանան երբ արաբերէնով հաղորդակցիմ իրենց հետ, կամ սփիւռքահայ, իսկ երեւանցիները այդքան ալ խորթ չեն գտներ մեր լեզուն...»:

Այո, փոխուած է վարուելակերպը մեր լեզուին հանդէպ, ատենին՝ «Հայերէն խօսա՛, էլի՛» ըսողները, հիմա՝ «Ինչ ալ ընտիր հայերէն էք խօսում» կ՚ըսեն...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2019