ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿՈՐԱԾ ԱՉՔԵՐ

Գոյներու մէջ կորած աչքեր.
Կանաչներ՝ խոտէն առաջ,
Կապոյտներ՝ արշալոյսէն առաջ:
Ջուրին գոյնը կը նմանակեն, 
Ապա լճակին կը սեւեռեն 
Մեղրագոյն նայուածքներ
Եւ ջուրին գոյնը կանաչի կը վերածուի...

Իրականութիւնը չեն ըսեր,
Կը ստեն ակունքներն ու զգացումները:
Կը նային տխուր մոխրագոյնին
Եւ կը թաքցնեն անոր յատկութիւնները:

Կը գրգռեն ստուերը գոյացած
Եղրեւանիի կապոյտին եւ 
Մանիշակագոյնի շողին միջեւ՝
Տարբերութիւնը շօշափելով:
Կարծես կը մեկնաբանեն,
Ապա գոյնը կ՚ապշեցնեն.
Լազուարթագո՞յն էր կամ 
Խառնո՞ւրդը զմրուխտին ձիթաքարագոյնին եւ 
Զտուած փիրուզագոյնին...

Կը մեծնան ու կը փոքրանան 
Զգացումներու պէս...
Կը մեծնան, 
Երբ աստղերը պտտին կտուրներուն վրայ:
Կը փոքրանան սիրոյ մահիճին վրայ:
Կը բացուին, որպէսզի դիմաւորեն 
Երազ մը՝ գիշերուան 
Կոպերուն մէջ թրթռացող:
Կը փակուին, որպէսզի ընդունին 
Մեղուներուն փեթակէն յորդող մեղրը:

Ոչինչի պէս, բանաստեղծօրէն կը մարին՝
Առեղծուածային, 
Զգացական, 
Անտառները հրդեհող լուսիններուն պէս,
Ապա ստուերը կը չարչրկեն.
-Արդեօք ձիթագոյնը եւ մուգ կապոյտը 
Չէզոք մոխրագոյնիս մէջ 
Կանաչի կը վերածուի՞ն:

Դատարկութեան կը նային
Եւ կը գծեն, նուշի նայուածքով, 
Տատրակին օձիքը:
Կը սփռեն սիրամարգին հպարտութեան
Հովերը այգիի մը մէջ:
Բարտին եւ ուռենին կը բարձրացնեն
Վե՛ր, ապա վե՜ր...

Խոյս կու տան հայելիներէն,
Քանի իրենցմէ նեղ են:
Եւ անոնք, անո՛նք լոյսին մէջ 
Կը շրջապատեն ոչինչը,
Որ կը սթափի  եւ շփոթահար կը վազէ:
Եւ անոնք, անո՛նք գիշերը 
Երկու հայելիներն են 
Անյայտ ճակատագրիս:
Կը տեսնեմ եւ չեմ տեսներ,
Ի՞նչ կը պատրաստէ գիշերը ինծի 
Երկնային կամ ծովային ճամբորդութեամբ:

Եւ ես իրենց դիմաց,
Ես կամ ո՛չ ես,
Երկու զուլալ աչքեր,
Ամպամած,
Իրատես,
Ստախօս էին աչքերը անոր,
Բայց,
Ո՞վ էր ան...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Ուրբաթ, Յունիս 3, 2022