ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Անոնցմէ մէկտը, որուն անունը Կայիափա էր եւ որ այդ տարի Քահանայապետն էր» (Յհ 11.49):

Մեկնութիւն. գիտելի է, թէ Աստուած հրամայեց, որպէսզի մէկ քահանայապետ ըլլայ, որ կ՚ապրէր ու ապա կը փոխուէր, ինչպէս Ահարոն Եղիազարը ձեռնադրեց, իսկ ան՝ Փենէհէսը, այդպէս ալ Նորին մէջ Տէրը, երբ կ՚ուզէր համբառնալ, ձեռքը դրաւ ու օրհնեց աշակերտները եւ զանոնք տասներկու կաթողիկոսներ ըրաւ:

Եւ շատ պատշաճ է մէկ ազգի համար մէկ ծայրագոյն քահանայապետ ըլլալ՝ վեց պատճառով. նախ՝ խորհրդական օծումին համար, որ մէկէն բոլորին կը սփռուի, ըստ այնմ. «Որպէս իւղ, որ կ՚իջնէ Ահարոնին գլուխին ու մօրուքին վրայ» (Սղ 132.2), եւ այլն: Երկրորդ. աւագութեան եւ վերակացութեան համար, որ քահանայապետէն դէպի ժողովուրդը կ՚ելլէ: Երրորդ. զգուշանալու համար բոլոր տեսակի որոգայթներու ու բաժանումներու դէմ, ինչպէս Աստուած մէկ է ու բոլոր արարածները կը խնամէ, որովհետեւ եթէ երկու կամ բազմաթիւ էին, մէկ առ մէկ աշխարհը կ՚եղծանէին: Չորրորդ. ինչպէս Քրիստոս մէկ է եւ առաքեալները տասներկու, այդպէս ալ կաթողիկոսը պէտք է մէկ ըլլայ եւ տասներկու արքեպիսկոպոսներ ունենայ: Հինգերորդ. ինչպէս մէկ անձին գլուխը մէկ է, այդպէս ալ մէկ ազգի կաթողիկոսը մէկ է: Վեցերորդ. ինչպէս մէկ հարսին մէկ փեսայ է, այդպէս ալ մէկ ազգին կամ մէկ վիճակին (թեմին, եպիսկոպոսական) մէկ կաթողիկոս կամ եպիսկոպոս: Իսկ երկուքը կամ երեքը ըսածներուս հակառակ է եւ շատ անվայելուչ ու հոգիներուն կորուստ: Այս կարգը եղծուած էր անոնց մէջ, որովհետեւ շատեր քահանայապետ կ՚ըլլային, ինչպէս հիմա մեր մօտ, ագահութեան եւ փառասիրութեան պատճառով իւրաքանչիւր տարի նոր քահանայապետ մը կ՚ըլլար, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Կայափան, որ այդ տարուան քահանայապետն էր» (տե՛ս Յհ 11.49):

Եւ Աստուած թոյլ կու տար, որպէսզի այդպիսի բաժանում ըլլար հրեաներուն միջեւ երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ յայտնի նշան էր այդ ժողովուրդի անկումին, ըստ այնմ. «Ինքն իր մէջ բաժնուած թագաւորութիւն մը՝ կը կործանի» (տե՛ս Մտ 12.25): Երկրորդ. որպէսզի այդ ժամանակի իշխաններուն ու հովիւներուն չարութիւնը ցուցնէ: Երրորդ. Քրիստոսի պատիւին ու փառքին համար էր, որովհետեւ ինչքան դատապարտողները շատ ըլլան, այդքան փառք են դատապարտուածին համար, եթէ անմեղ ըլլայ, իսկ Կայիափան Քրիստոսի մահը օգտակար կը համարէր:

Խօսք. «Դուք բան չէք գիտեր, եւ նոյնիսկ՝ խորհիլ» (տե՛ս Յհ 11.49-50):

Մեկնութիւն. նախ զանոնք կը գրգռէ Յիսուս Քրիստոսը սպաննելուն: Երկրորդ. կ՚ըսէ, թէ իւրաքանչիւր մարդ, որ հանճար ունի, հասարակաց բարին աւելի կ՚ընտրէ, քան՝ մասնաւորինը, որովհետեւ եթէ այս մարդը ձգենք, ամբողջ ժողովուրդը կը կորսուի, իսկ եթէ զԻնք սպաննել տանք, ամբողջ ժողովուրդը կը պահպանենք, այդ պատճառով բարի է, որ Ան մեռնի, թէեւ անմեղ է, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Աւելի լաւ է՝ որ մէկ հոգի մեռնի ժողովուրդին համար, քան թէ ամբողջ ազգը կորսուի» (Յհ 11.50):

Մեկնութիւն. նախ այն կ՚ըսէ, որպէսզի հռոմայեցիները չգան ու մեր ազգը չվերացնեն: Երկրորդ. կը նշանակէր, թէ Քրիստոսի մահը մարդկութեան համար փրկութիւն կ՚ըլլար:

Հարցում. ինչո՞ւ համար Քրիստոսի մահը մարդկութեան համար փրկութիւն էր:

Պատասխան. երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ թագաւորներու նաւմոսին մէջ գրուած է, թէ թագաւորներուն արեան գինը իրենց թագաւորութիւնն է1: Եւ որովհետեւ Քրիստոս Աստուած է եւ բոլորին Տէր, այդ պատճառով Անոր մահը գին ու փրկանք է բոլորին: Երկրորդ. որովհետեւ անմեղ մեռաւ: Երրորդ. քանի որ կամաւորաբար մեռաւ, այդ պատճառով Անոր մահը փրկութիւն եղաւ բոլորին, որովհետեւ սոսկ մարդու մը մահը եւ որ մեղքերով կը մեռնի ու ակամայ, ուրիշներուն համար փրկութիւն չէ: Ասով յայտնի է, որովհետեւ նախանձին ախտն ու ազգին կորստեան երկիւղը խափանեց Անոր ընտրութիւնը, քանի որ երբեք կարելի չէ անմեղը սպաննել, որովհետեւ այդպիսիով հասարակութեան բարիք չ՚ըլլար, այլ՝ քակտում եւ կորուստ, ինչպէս Քրիստոսի սպաննման համար քակուեցաւ վայրը եւ ժողովուրդը գերուեցաւ ու սուրի տակ ինկաւ Քրիստոսի չարչարանքներէն քառասուներկու տարի ետք, Տիտոսի եւ Վէսպիանոսի կողմէ:

Ապա առընթեր կը դնէ Կայիափայի խօսքին բացատրութիւնը.

Խօսք. «Այս խօսքերը անիկա ինքնիրմէ չըսաւ» (Յհ 11.51):

Մեկնութիւն. նախ՝ որովհետեւ չգիտցաւ, թէ ի՛նչ ըսաւ, որովհետեւ մարգարէութիւնները Քրիստոսի մահուան համար էին: Երկրորդ. ինքնիրմէ չըսաւ, այսինքն՝ անոր դիտաւորութիւնը հոգեւոր փրկութեան համար չէր, որ Քրիստոսի մահուամբ եղաւ:

Խօսք. «Այլ՝ այդ տարի քահանայապետը ըլլալուն՝ մարգարէացաւ» (Յհ 11.51):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ քահանայապետութեան համար Աստուծմէ օծուեցաւ՝ այս խօսքերը յայտնելու համար:

Խօսք. «Թէ Յիսուս պիտի մեռնէր Իր ժողովուրդին համար» (Յհ 11.51):

Մեկնութիւն. վերը ըսուեցաւ, թէ գթութեամբ կը ցուցի, թէ Քրիստոս Աստուած է, իսկ Քրիստոսի գթութիւնը չորս կերպով կ՚երեւի. երեքը Ղազարոսի յարութեան համար ըսաւ, իսկ չորրորդը այս է, որովհետեւ ըստ մարգարէութեան Կայիափան ընդունեց մահը մարդոց փրկութեան համար: Արդ, Քրիստոսի մահը հասարակաբար օգտակար էր իւրաքանչիւր ազգի՝ հրեաներուն եւ հեթանոսներուն, որոնք հաւաքուեցան մէկ հաւատքի եւ մէկ հովիւի շուրջ, որոնք բաժնուած էին բազմաթիւ կուռքերու եւ զանազան մեղքերու, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ (Նանա), իսկ Անոր ազգ կը կոչուին հրեայ ժողովուրդը, որոնք ըստ մարմինի Քրիստոսի ազգ էին, քանի որ Ինք Իր անձով քարոզեց անոնց եւ շատեր հաւատացին Քրիստոսի, իսկ [Իր] աշակերտները հեթանոսներուն քարոզեցին:

Խօսք. «Ե՛ւ ոչ միայն Հրեայ ժողովուրդին համար» (Յհ 11.52):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ ո՛չ միայն հրեաներուն համար:

Խօսք. «Այլ՝ որպէսզի Աստուծոյ ցրուած որդիներն ալ ի մի հաւաքէ» (Յհ 11.52):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ հեթանոսները, որոնք Աստուծոյ ոդիներ ըսուեցան, ո՛չ թէ որովհետեւ այն ատեն որդիներ էին, այլ՝ քանի որ պիտի ըլլային: Եւ դարձեալ՝ այն ատեն Աստուծոյ որդիներ էին ըստ Աստուծոյ նախասահմանութեան, թէեւ ո՛չ ըստ ներգործութեան:

Ապա կը ճառէ, թէ հրեաները հաւանութիւն տուին Կայիափայի խօսքերուն:

Խօսք. «Այդ օրէն սկսեալ որոշեցին սպաննել Յիսուսը» (տե՛ս Յհ 11.53):

Մեկնութիւն. Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Հրեաները նախ կ՚ուզէին սպաննել Յիսուսը, իսկ այժմ վճիռ կայացուցին ու ժողովին համաձայնութեամբ կնքեցին սպաննել զԱյն, ինչքան որ շուտ կրնան»:

Ապա կը ցուցնէ Քրիստոսի զգուշութիւնը այս հալածումին.

Խօսք. «Յիսուս անկէ ետք համարձակ չէր շրջեր Հրէաստանի մէջ. ուստի այդտեղէն ելլելով՝ գնաց անապատին մօտիկ շրջանին մէկ քաղաքը, որ Եփրայիմ կը կոչուէր, եւ հոն մնաց Իր աշակերտներուն հետ» (Յհ 11.54):

Մեկնութիւն. Յիսուս վախի պատճառով չէ, որ անապատ գնաց, քանի որ յայտնի է, որ յետոյ եկաւ չարչարանքներուն համար:

Այլ երեք պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Աստուծմէ նախասահմանուած Քրիստոսի չարչարանքներուն ժամանակը տակաւին չէր հասած, իսկ [հրեաները] կ՚ուզէին սպաննել: Երկրորդ. որպէսզի չարչարանքները ակամայ չըլլան, ինչպէս հրեաները կը կարծէին, այլ՝ կամաւորաբար չարչարանքներուն եկաւ: Երրորդ. որովհետեւ Ղազարոսի յարութեան ատեն գործած մեծամեծ հրաշքներուն համար անապատ գնաց, որպէսզի մարդոցմէ չփառաւորուի, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ ի ծնէ կոյրին եւ անդամալոյծին բժշկութեան համար: Իսկ Քրիստոս Եփրայիմ քաղաքը իջաւ, որովհետեւ այնտեղ քիչ ժողովուրդ կար, եւ ո՛չ թէ բազմաթիւ ամբոխով, այլ՝ միայն աշակերտներով գնաց: Այնտեղ մնաց մինչեւ չարչարանքներուն ժամանակը մօտեցաւ, եւ որպէսզի ցուցնէ, թէ քիչ օրեր մնաց այնտեղ: Կ՚ըսէ.

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 113

Վաղարշապատ


1 Նկատի ունի «Աւրենք թագաւորաց Կոստանդիանոսի, Թէոդոսի եւ Լեւոնի՝ թագաւորաց հռոմայեցւոց» (Syrisch-romisehes Rechtslech aus dem funften jahrhundert) Leipzig, 1880, s. 95-141), կամ «Քաղաքային օրէնք Ներսիսի Լամբրոնացւոյ ըստ Կոստանդիանոսի…» երկը (աշխատ. Կ. Հ. Պասմաճեանի, Փարիզ, 1907, էջ 9-41):

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021