ԱՆՑԵԱԼ ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԹԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ ՁԳՏԻԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Ինչ որակի ալ ըլլան ներկայացուած վարկածները՝ սա պահուն ամենաէականը յաւելեալ արիւնահեղութեան կանխումն է։ Կայ խնդիր, որ ունի երեսուն տարուան վաղեմութիւն եւ որուն լուծումը պէտք է ըլլայ միայն մէկ գլխաւոր ճանապարհով՝ «ո՛չ յաղթանակ, ոչ ալ պարտութիւն»։ Այս սկզբունքը միայն պիտի առաջնորդէ, որպէսզի երկու երկիրներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ թշնամութիւնը կամաց-կամաց այլ ճանապարհ մը առնէ, մեղմանայ, սեղմուի ու կամաց-կամաց վերանայ։ Հարեւանին հետ կարիք չունիս մշտական «սիրաբանութեան» վիճակի մը մէջ ըլլալու, սակայն էական է, որ յարաբերութիւնները ըլլան բնականոն ու այդ վիճակին մէջ ալ խառնուին միմեանց շահերը, անվտանգ ապրելու իրաւունքը եւ խաղաղ ու բարեկիրթ կենսամակարդակ մը կերտելու հիմնարար մօտեցումները։ Խնդիր է, այո՛, որ անցեալ երեսուն տարուան ընթացքին երկու երկիրներն ալ մեծ թերացումներ ունեցան եւ խաղաղութեան ճանապարհ մը մատնացոյց ընելու փոխարէն՝ ատելութիւնը հրահրեցին, նաեւ այդ մեծ հրահրումներուն մէջ ալ պատմական «ծանր» բովանդակութեամբ դրուագներ շաղախեցին։

Հիմա, անշուշտ, այդ երեսուն տարուան սխալն ու ճիշդը դատելու ժամանակը չէ։ Սակայն, աւելի քան յստակ է, որ այս օրերուն երկու կողմերուն ալ կրած մեծ կորուստները կրնան տանիլ մէկ համոզման, թէ Արցախի այս կնճռոտ հակամարտութիւնը կարելի է լուծել մի միայն խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհով։ Ամէն պարագայի Կովկասի ընդհանուր դրութիւնը դիտարկելու,  հասկնալու համար այսօր ստեղծուած իրականութիւնը՝ քաղաքական ու մարդկային երեսակներով հանդերձ, առանձին արժէք կը ներկայացնէ այս խնդրի ծանօթ փորձագէտ վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալի օրերս ստորագրած յօդուածը։ Իր գրութիւնը բազմաբովանդակ է ու շահեկան եւ անոր գլխաւոր մեխն է, որ պէտք չէ առիթ տալ, որպէսզի 90-ականներուն ծայր առած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը անգամ մը եւս տանի մարդկային մեծ ողբերգութիւններու նոր տեսարանի մը գոյացման։ Ապահովաբար, եթէ ապագային ալ նոյնիսկ կողմերէն մին այս առումով արձանագրէ որոշակի յաղթանակներ, ապա պէտք չէ կասկածիլ, թէ անոնք դուռ պիտի բանան նոր սրացումներու ու նոր պատերազմի մը։

Ուստի, Թոմաս տը Վաալ կը շեշտէ, որ պէտք չէ կրկնուի 90-ականներու մարդկային ողբերգութիւնը։

Ղարաբաղեան հարցին քաջածանօթ՝ «Քարնեկի» հիմնարկի գիտաշխատող Թոմաս տը Վաալի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր բռնկած պատերազմին մասին յօդուածը հրապարակուած է www.carnegie.ru կայքէջին վրայ։ Տը Վաալ այս առթիւ մասնաւորապէս հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ այս փուլին է, որ հակամարտութիւնը սկիզբ առած է։ «Առաջին հերթին այն պատճառով, որ փոխադարձ գրգռութիւնը վաղուց կուտակուած էր, երկրորդ՝ այն պատճառով, որ հիմա եկած է յատուկ պատմական պահ», համոզուած է վերլուծաբանը։

Ըստ Տը Վաալի, իրավիճակը կը խորացնէ երկու նոր հանգամանք։ Առաջին՝ ի տարբերութիւն այն մեծ թիւով երկիրներուն, որոնք աւանդաբար կոչ կ՚ուղղեն ապամագլցման եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման համար, այս անգամ տարածքաշրջանի ազդեցիկ տէրութիւններէն՝ Թուրքիա բացայայտօրէն կ՚աջակցի հակամարտ կողմերէն մէկուն՝ Ատրպէյճանին։ Գրեթէ 30 տարի է, որ Թուրքիա կ՚անդամակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան միակ միջազգային միջնորդին։ Թուրքերը միշտ ալ քաղաքականապէս աջակցած են Ատրպէյճանին, բայց, միեւնոյն ժամանակ զսպած են զայն՝ խաղաղ լուծման կոչ ուղղելով։ Հիմա ամէն ինչ փոխուած է եւ հակամարտութեան գօտիէն ներս աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտուած է։

Երկրորդ նոր հանգամանքն է, որ Միացեալ Նահանգներ զանազան պատճառներով ինքզինք հեռու կը պահէ հակամարտութենէն։ 1998-էն ի վեր Ուաշինկթըն Մինսքեան խմբակի երեք համանախագահներէն մէկն է։ 2001-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպում ունեցած էին Քիուեսթի մէջ, Ֆլորիտա, ուր միջնորդ էր ԱՄՆ: Այդ ժամանակ, նոյնիսկ, յոյս յառաջացած էր, թէ հակամարտութիւնը կը կարգաւորուի։ Սակայն, այս անգամ՝ 27 սեպտեմբերին, ԱՄՆ մեծ տէրութիւններէն վերջինը եղաւ, որ հանդէս եկաւ Արցախի իրավիճակի մասին յայտարարութիւնով։ Սա ցոյց կու տայ, որ Ուաշինկթըն ընդհանուր առմամբ կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը տարածքաշրջանին նկատմամբ: Չի բացառուիր նաեւ, թէ ԱՄՆ-ի ներկայ նախագահը, որ ժամանակին ներդրում կատարած է Պաքուի Թրամփի աշտարակին մէջ, պատրաստ է Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը դիտարկելու բացառապէս ձեռնարկատիրական շահերու տեսանկիւնէն։ Բաց աստի, սա անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ԱՄՆ այլեւս չի զբաղիր տարածքաշրջանային հակամարտութիւնները մարելով։ Ի վերջոյ, Արցախը արդէն երրորդ ընդհարումի գօտին է՝ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ առընթեր, ուր Թուրքիան բախում կ՚ունենայ Ռուսաստանի հետ։

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան՝ ապա, ի տարբերութիւն Պալքաններուն, ան երբեք նկատելի դեր մը չէ խաղացած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային։ 1990-ականներուն, երբ հակամարտութիւնը նոր սկսած էր, Եւրոմիութիւնը տակաւին չունէր իր աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները։ 1998-ին Ֆրանսա դարձաւ Մինսքեան խմբակի երրորդ համանախագահը, սակայն, Փարիզ չ՚առանձնանար այս հակամարտութեան նկատմամբ կայուն հետաքրքրութեամբ՝ հակառակ Ֆրանսայի նախագահներու պարբերական ջանքերուն։

Ռուսաստանը եւ յատկապէս անոր արտաքին գործոց նախարարը՝ Սերկէյ Լաւրով կը մնան ամենէն աշխոյժ միջնորդն ու միակ կողմը, որ կրնայ համոզել Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, որպէսզի հրադադարի նոր համաձայնագիր մը կնքեն։ Բայց եւ այնպէս, Մոսկուա խիստ սահմանափակուած է իր քայլերով, Պաքուի եւ Երեւանի հետ իր բարդ երկկողմանի յարաբերութիւններու մնացեալ հարցերով, որոնք, բացի այդ, միշտ կասկածով կը վերաբերին տարածքաշրջանի մէջ Ռուսաստանի մտադրութիւններուն: Ռուսաստան երբեք չի կրնար ինքնուրոյն հասնիլ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման։

Ի վերջոյ, հակամարտութեան լուծման համար առկայ միջազգային ներուժը կը մնայ չօգտագործուած։ Տարիներ ծախսուած են անպտուղ դիւանագիտական շփումներու եւ 2006-էն սկսեալ շրջանակային փաստաթուղթի ձեւակերպումներու շուրջ ծագած վէճերու վրայ, կամ. օրինակ՝ թէ ԵԱՀԿ-ի քանի դիտորդ պէտք է ներկայ ըլլայ Արցախի մէջ:

Եւրոպացիներն ու ամերիկացիները կրնան որքան ըսես ողբալ Կովկասի լեռներու լանջերուն խորացող այս հակամարտութեան կապակցութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, ի վերջոյ, անոնց այլ ընտրութիւն մը չի մնար՝ բացի լրջօրէն զբաղելէ անոր լուծումով։ Ընդ որում՝ զբաղիլ Ռուսաստանի հետ միասին՝ հակառակ այլ հարցերու վերաբերեալ առկայ բոլոր հակասութիւններուն։ Այս տարածքաշրջանէն ներս կ՚աշխուժանայ Թուրքիան եւ այնտեղէն հեռու չէ նաեւ Իրան։ Տարածքաշրջանէն կ՚անցնին խոշոր նաւթամուղեր եւ կազատար խողովակաշարներ, որեւէ բռնկում կրնայ վերածուիլ միջազգային լուրջ խնդիրի մը։

Հուսկ, Թոմաս տը Վաալ կը մատնանշէ, որ հակամարտութեան վերջ դնելը կարեւոր է նաեւ մարդասիրական առումով։ Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին շուրջ 20 հազար մարդ զոհուած է եւ աւելի քան մէկ միլիոն անձ ստիպուած է լքելու իր տունը։ Նման բան պէտք չէ կրկնուի։ 1992-ին նորաստեղծ Մինսքեան խմբակը կոչ ըրաւ միջազգային համաժողով մը կազմակերպելու՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ։ Այժմ ժամանակն է ընելու։

ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչ ռազմական գործողութիւնները մեծ թափով կը շարունակուին, առաջին անգամ ըլլալով հրադադարի մը մասին խօսելու նոր յոյսի ցոլքեր երեւելի կը դառնան։ Անշուշտ, աւելի քան սպասելի է, թէ յառաջիկայ որեւէ նախաձեռնութիւն ընթացք պիտի առնէ Մոսկուայէն։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի վերջին փակ ժողովը այդ առումով կարգ մը ազդանշաններ կու տար։ Ձեւով մը հակամարտ ուժերուն ալ կրակը անմիջապէս դադրեցնելու վերաբերեալ տրուած բաց յորդորներուն առընթեր կը խրախուսէր Ռուսաստանը՝ որպէս Կովկասի վրայ խոր արմատներ ունեցող այս հակամարտութեան գլխաւոր «գիտակ»ը։

Նկատելի է, անշուշտ, որ Եւրոպայի կտրուածքով ալ խնդրին վերաբերեալ որոշ հետաքրքրութիւն մը գոյութիւն ունի։ Բայց եւ այնպէս, կարծես թէ, Եւրոպայի համար (ինչպէս էր մօտաւոր անցեալին) Արցախի համարտութիւնը հիմնական պատուհան մըն է, լուծելու համար այլ կարեւոր խնդիրներ կամ այլ ուղղութեամբ ալ քանի մը  ուղերձներ տալու համար։

Եւրոպական այս մեծ «թղթածրար»ին մէջ աւելի քան պարզ է, որ հիմնական թիրախը Թուրքիան է։ Ու հինէն եկած «աւանդութիւն»ով եւրոպացի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ կը խօսին Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու այլընտրանքին մասին։ Այս անգամ ալ այս բոլորը կրնան խօսքի սահմանները չհատել։

Եւրոպայի հիմնական մտահոգութիւնը Արցախը չէ, Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը չէ, աւելի մարդկային մեծ կորուստները կանխելու խնդիրը չէ, ոչ ալ երեսուն տարուան վաղեմութեամբ հիմնախնդրի լուծումն է։ Հարցը միայն ու միայն Միջերկրականի արեւելքի կազի պաշարներու հարցն է, որու համար ալ եւրոպացի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ ո՛չ միայն «հրձիգ» յայտարարութիւններով հանդէս կու գան, այլեւ՝ կեղծ լարուածութիւն մը ստեղծելէ վերջ իրենց ճակատագրին պիտի թողուն Յունաստանն ու Կիպրոսը, որոնք լուրջ հարցեր ունին Թուրքիոյ հետ։

Այս ընդհանուր պատկերին վրայ, աւելի քան յստակ է, որ առկայ պատերազմին համար նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալու համար պատրաստ երկու կողմերը Ռուսաստանն ու Թուրքիան են՝ անշուշտ եթէ Անգարայի յառաջիկայ քայլերը հունէ դուրս չբերեն զարգացումներուն շատ «համբերատար» հետեւող ռուսական «արջ»ը։

Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ Մոսկուա եւ Անգարա կարիք ունին ռուսական այնպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք տնտեսական ընդհանուր տեսադաշտէն անդին պիտի ունենան քաղաքական պարունակ մը, որուն մէջ պիտի ըլլայ նաեւ կայուն ու խաղաղ Կովկաս մը միասնաբար կերտելու մեծ յանձնառութիւնը։

Այս մթնոլորտին մէջ մեծապէս կը կարեւորուի Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի Մոսկուա տուած այցելութիւնը, հաւանական է նաեւ, որ յառաջիկայ ժամերուն ալ աւելի յստակ պատկեր մը ուրուագծուի։

Ուրեմն կը մնայ սպասել յառաջիկայ ժամերուն՝ միշտ յուսալով, թէ ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր պարունակին մէջ մեծ ու նոյնիսկ անսպասելի նորութիւններ տեղի չունենան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2020