ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՊԱՆԻՉ ՃԳՆԱԺԱՄԷՆ ԴԷՊԻ ACTION PLAN

Ծ.Խ.- Այսօր տեղ կու տանք սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Անդրանիկ Տագէսեանէն մեզի հասած շահեկան յօդուածի մը։ Ան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնն է։ Որպէս հեղինակաւոր եւ լուրջ մտաւորական՝ Անդրանիկ Տագէսեան, ըստ երեւոյթին, հայութեան դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ պատասխանատուութիւն նկատած է ստորագրել այս յօդուածը։ Ան, բնականաբար, իր ենթակայականութեամբ կ՚առաջարկէ լուծման եզր մը կամ լուծումներու համար գետին պատրաստելիք մեթոտ մը։ Յօդուածը թէեւ միայն մեզի համար չէ գրուած, սակայն նկատի ունենալով, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ալ ուղարկուած է եւ թերթս հեղինակին հետ ունի դրական կապեր՝ այսօր նոյնութեամբ տեղ կու տանք այդ մէկուն։ Այս պարագային կրնանք ամբողջութեամբ չբաժնել սիրելի Անդրանիկ Տագէսեանի մօտեցումները, սակայն համոզուած ենք, թէ իր խորհրդածութիւնները միշտ ալ շատ առողջ եւ թանկ ներդրում մը կը համարուին՝ հայկական հանրային կարծիքի ձեւաւորման առումով։ Մեր կողմէ նշենք, թէ, ըստ էութեան, չենք բաժներ այն մօտեցումը, որով պետութիւնը եւ մնացեալ հաստատութիւնները նոյն նժարին վրայ կը դրուին կամ իրերանման կշիռով կը մատուցուին։ Յամենայնդէպս, յօդուածը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ հեղինակին շնորհակալութիւն յայտնելով այդ մէկը խմբագրութեանս ալ ուղարկած ըլլալու համար։

*

Ժամանակ չկորսնցնենք: Արդէն շատ ենք ուշացած: Իւրաքանչիւր հայ ազգային ու մարդկային իր խիղճի ներքին երեսակներուն հանդէպ անկեղծ թող գտնուի, իր մէջ տրամաբանութիւնը թող գերակշռէ, զգացականութեան թող ականջները փակէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ ընդդիմութեան կողմէ ունկնդիրներուն ուղղուած կիրքերու, մակերեսային սպառման ծառայող հռետորաբանութեան դիմաց: Դո՛ւրս թող ելլէ նաեւ իր այս կամ այն կողմին, անձին, դէպքին, իրադարձութեան, հարցին/հարցերուն հանդէպ ունեցած հակումներու, նախասիրութիւններու, հին հաշիւներու, վրէժխնդրութեան, հաշուեփակի տուփիկներէն:

Այսօր, բոլոր այն հայերը, որոնք կը հետեւին հայկական ներկայ անցուդարձերուն, դժուար թէ չհամաձայնին, որ հայութիւնը ճգնաժամի մէջ է: Հաւանաբար, այս հայերը տարակարծութիւն ունենան բնութագրելու այս ճգնաժամը եւ անոր գլխաւոր խնդիրները. ե՞րբ սկսաւ այս ճգնաժամը, ո՞վ եւ ովքե՞ր էին գլխաւոր յանցաւորները, ի՞նչ եւ ի՞նչեր էին սխալները, ի՞նչպէս եւ ի՞նչ միջոցներով պէտք է դարմանել այս ճգնաժամը, ի՞նչ է այս ճգնաժամին աշխարհագրական ընդգրկումը: Վստահաբար, տարակարծութիւններ կան նաեւ լուծման օրակարգերուն եւ առաջնահերթութեան խնդրով: Ոմանք նոյնիսկ պնդեն հայկական ներկայ բազմաթիւ ճգնաժամերու գոյութեան մասին:

Չերկարեմ: Միայն ըսեմ, որ ըստ իս այս ճգնաժամին ժխտական ազդեցութիւնը տակաւ պիտի բազմապատկուի եթէ արտակարգ քայլեր չառնուին:

Այլ խօսքով՝ ներկայ ճգնաժամ/ճգնաժամերը պարտինք դիմագրաւել:

Գրեր եմ ու դարձեալ պիտի գրեմ, թէ մենք ցեղասպանուած ու վերականգնած ազգ ենք: Ցեղասպանութենէն վերականգնումը իրագործուեցաւ՝ մա՛նաւանդ մեր շնորհիւ. մե՛նք ուզեցինք վերականգնիլ եւ վերականգնեցա՛նք: Այսինքն, եթէ հայութիւնը չուզէ վերականգնիլ ու վերականգնել ինքզինք, այլ խօսքով՝ ուզէ ինքնասպանութեան երթալ, այդ պարագային աշխարհի բոլոր ուժերը (…) չեն կրնար վերականգնել մեզ:

Մենք պէ՛տք է որոշենք՝ կ՚ուզե՞նք վերականգնիլ իբրեւ հայութիւն, թէ՞ անցնիլ պատմութեան փոշոտ էջերուն:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նք պիտի տայ այս հարցադրումին, լինել-չլինելու պատասխանը: Այսինքն՝ ի՛նք պիտի որոշէ՝ կը փափաքի՞ մնալ բաղադրիչ մը հայ ազգին:

Սակայն, անհատներէն անդին, կան նաեւ անհատէն անհամեմատ աւելի կարողականութեամբ օժտուած հայկական հաստատութիւնները՝ պետութենէն մինչեւ Եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ, միութիւններ, ընկերակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, մարմիններ, խմբակներ, շրջանակներ եւ այլն: Այս հաստատութիւններ եւ այլնի որոշումնառու մարմինները պարտին վճռական պատասխանը տալ լինել-չլինելութեան:

Ինծի կը թուի, թէ անոնց պատասխանը չի կրնար ինքնասպանութիւն ըլլալ, քանի որ իրենց գոյութեան ելակէտը կը հակադրուի ինքնասպանութեան: Եւ յիրաւի, անոնց բոլորն ալ հաւանաբար հաւաստեն, թէ իրենք պիտի շարունակեն սատարել հայ ժողովուրդի բարեկարգման ու վերելքին, որպէսզի հայութիւնը շարունակէ իր նպաստը բերել համաշխարհային մարդկայնութեան բարելաւման, համաշխարհային քաղաքակրթութեան աճումին:

Ուրեմն, անյապաղ, վերոյիշեալ հայկական հաստատութիւնները եւ այլն ու անոնց որոշումնառու մարմինները պարտին քայլեր ձեռնարկել դէպի դարմանում:

Առաջին հերթին կենսական է ախտաճանաչումը, այսինքն՝ ճգնաժամին բնութագրումը:

Եւ ասոր համար էական է, որ իւրաքանչիւր որոշումնառու մարմին կազմէ խորհրդատու մարմին: Խորհրդատու այս մարմինը չգոյանայ միայն տուեալ խմբակին-խմբաւորումին անդամագրուած մասնագէտներէ, երեւելիներէ, մտաւորականներէ, փորձագէտներէ: Այս մարմինը պարտի ընդգրկել տնտեսագէտներ, հոգեբաններ, պատմագէտներ, քաղաքականագէտներ, ընկերաբաններ, ռազմավարներ, վարչարարներ, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մասնագէտներ:

Յիրաւի, իւրաքանչիւր խմբաւորում պարտի յառաջացնել նման խորհրդատու մարմին մը՝ զայն կանչել երկարատեւ, յանձնառու խորհրդակցութեան, օրակարգ եւ յառաջադրանք ունենալով հայկական այս ճգնաժամին բնութագրումը եւ անոր դարմանումին ուղեգիծը:

Նման խորհրդատու մարմիններու յառաջացումը կրնայ փրկարար ըլլալ, որովհետեւ այս խորհրդատու մարմինները վաւերականութիւն եւ մասնագիտական վարկ կրնան հաղորդել ո՛չ միայն ներկայացուած լուծումներուն, այլեւ այդ խորհրդատու մարմինները յառաջացուցած վերոյիշեալ կազմակերպութիւններուն եւ այլն, որոնց հեղինակութիւնը եւ վարկանիշը անհամեմատ անկումի մէջ է այս շրջանին:

Հայութիւնը պարտուած է այսօր եւ երէկ: Պարտութիւնը հեղինակազրկած է հայութիւնը գոյացնող բոլոր օղակները, անխտիր, մանաւանդ՝ մեր բոլոր տեսակի հաստատութիւնները: Եթէ չենք ուզեր այս պարտութիւնը երկարաձգել, պէտք է քայլ առնենք: Ասիկա հայ անհատին, նոյնքան եւ աւելի՝ հայկական հաստատութիւններուն եւ այլն որոշումնառու մարմիններուն ճիտին պարտքն է:

Ես բանական փրկութեան այլ ճամբայ չեմ տեսներ:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
(adakessian@haigazian.edu.lb)

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2023