«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՈՎ ՈՐ ՃԻՇԴ ԿԵՐՊՈՎ ԻՆՔՆ ԻՐԵՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ՝ Չ՚ԱՐԴԱՐԱՑՆԵՐ ԻՆՔԶԻՆՔ

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կը պատահի ես՝ որ տկար եմ ինքզինքս արդարացնեմ:

-Տկարութիւնդ չես զգացած՝ այդ պատճառով ալ դուն քեզ կ՚արդարացնես: Եթէ այդ տկարութիւնը զգայիր՝ դուն քեզ չէիր արդարացներ: Մենք մեզ կը սիրենք ու դժուարութիւններ չենք ուզեր եւ յոգնութենէն կը փախչինք: Քանի՜-քանի մարդիկ փորձած են հարստութեան տիրանալ առանց յոգնութեան: Այս ուղղութեամբ հարցերուն հետ վերաբերելով, մենք հոգեւոր լաւ ընթացքով չենք ընթանար եւ պէտք է որ խոնարհ դառնանք:

-Ան որ ինքն իրեն կը հետեւի ու կը քննէ՝ կրնա՞յ ինքզինք արդարացնել:

-Ով որ ճիշդ ձեւով ինքն իրեն կը հետեւի՝ չ՚արդարացներ ինքզինք: Որոշ խելացիներ կը կատարեն այնպիսի անիմաստ գործեր, որոնց պատճառը յարմարուիլն է. «Ինչ որ կը յարմարի ինծի ու [շահերուս] կը ծառայէ»:

-Ո՜վ Ռոնտա. ով որ ինքզինք կ՚արդարացնէ, իր [հոգեւոր] պայքարի ընթացքին ունեցած անկումները չի՞ նշմարեր:

-Ինչ ալ ընէ, սատանան կը խնդայ իր վրայ ու կ՚արդարացնէ բոլոր հարցերը ու զանոնք սեփական կամեցողութեան, յամառութեան, ստախօսութեան ու եսասիրութեան կը տանի:

-Եթէ ինքզինք հայրաբանական գիրքերուն ու մանաւանդ Սուրբ Գիրքին մէջ տեսնէ, ա՞յդ ալ չ՚օգներ իրեն:

-Բոլոր խնդիրներուն լուծում կը գտնես հայրաբանական գիրքերէն ու Սուրբ Գիրքէն, եթէ մարդ հոգեւորապէս ու ճիշդ կերպով մտածէ. այդ ատեն ան բոլոր հարցերը յստակ կերպով կը տեսնէ: Իսկ ան որ հոգեւորապէս չ՚առաջնորդուիր ու ինքզինք չի՛ մաքրեր, ապա հարցերը շրջուած ձեւով կը մեկնաբանէ, եւ այդպիսին նոյնիսկ Սուրբ Գիրքէն օժանդակութիւն պիտի չգտնէ: Այս պարագային աւելի լաւ է իրեն համար, որ իր մտածածները յայտնէ իր խոստովանահօր՝ որ կրնայ օգնել իրեն բացատրելու ինչ որ կը կարդայ: Օրինակ. Հին Կտակարան կը կարդայ ու խորամանկութեամբ կը մեկնաբանէ [կարդացածը]: Ուշադրութիւնս գրաւած է, որ ոմանք ալ հոգեւոր իրողութիւնները կը բացատրեն այնպէս՝ ինչպէս իրենց կը յարմարի: Այդպիսիները կը հասկնան ու կ՚ըմբռնեն իրենց կարդացածը, սակայն այնպիսի ձեւով կը բացատրեն, որպէսզի իրենք զիրենք արդարացնեն: Սարսափեցնող է: Նկատած եմ նաեւ, որ անոնք շատ հազուադէպ ճիշդ կերպով կը հասկնան հոգեւոր բաները, որոնք կը լսեն: Իրողութեան մը վրայ կը կեդրոնանամ, օրինակ, որպէսզի շեշտը այդ իրողութեան վրայ դրուի. երբ որեւէ իրողութիւն շեշտադրեմ, ոմանք կը փնտռեն այդ իրողութեան մէջ բան մը, որուն կը կառչին՝ արդարացնելու համար ամօթ մը, կամ սխալ մը իրենց սխալներէն, որով իրենք զիրենք կը հանգստացնեն: Չեն մտածեր այն մարդուն մասին, որ իմ տուած օրինակին մէջ յիշեցի՝ շաշտադրելու համար, թէ որեւէ մէկ իրողութեան, ուշադրութիւն չդարձուց, ու հասաւ անոր՝ ինչին հասաւ: Սակայն կ՚ըսեն. «Մենք լաւ վիճակի մէջ ենք, որովհետեւ կան մարդիկ, որոնք ահաւոր վատ վիճակի մէջ են»: Սատանան միշտ արդարացումներ կը գնտէ:

ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ ԲԵՐԵՐ

Ով որ ինքզինք կ՚արդարացնէ, հանգստութիւն պիտի չգտնէ: Այդպիսին մխիթարութեան կարիք ունի: Ով որ ինքզինք կ՚արդարացնէ, արդեօք իր անձը կ՚արդարացնէ՞ զինք: Իր անձն ու խիղճը չե՛ն արդարացներ զինք, եւ ասկէ կու գայ մտահոգութիւնն ու անհանգստութիւնը: Այս մէկը փաստ է սխալի մը՝ զոր գործած է: Սքանչելի է Աստուծոյ իմաստութիւնը. մարդուն խիղճ տուած է: Մարդ կրնայ խորամանկութեամբ, խելամտութեամբ, բռնութեամբ կամ ուժով կրնայ հասնիլ իր ուզածին, սակայն հանգիստ պիտի չգտնէ: Այս մէկը յստակ փաստ մըն է, որ այս մարդը լաւ-ուղիղ ճանապարհով չ՚ընթանար:

Մարդ երբ անիրաւութիւնը կ՚ըդնունի, ապա ուրախութիւն կը զգայ, կարծէք հոգեւոր հարստութեան տիրացած ըլլայ: Սակայն, եթէ ինքզինք արդարացնէ, ապա այդ հարստութենէն բաժին մը կը կորսնցնէ եւ ուրախ չի զգար: Մարդ եթէ ինքզինք արդարացնէ, ապա պիտի կորսնցնէ հոգեւոր հանգստութիւնը՝ որուն պիտի տիրանար, եթէ այդպէս չընէր. աւելին, երբ ինքզինք կ՚արդարացնէ՝ երբ իրաւունքը իր կողքին չէ. ատով ինք կը վատնէ հարստութիւնը, որ տրուեցաւ իրեն, ու ատոր փոխարէն աստուածային բարկութիւնը կը հնձէ: Հետեւաբար ինչպէ՞ս հանգստութիւն գտնէ:

Ինքնարդարացումով մարդ կը կուրանայ, ու սատանան կ՚արդարացնէ զինք նոյնիսկ եթէ մարդ սպաննած ըլլայ. «Այսքան ժամանակ ինչպէ՞ս համբերած ես անոր», կ՚ըսէ իրեն. մինչեւ հիմա պէտք էր սպաննած ըլլայիր զինք: Այս բոլորին կողքին կը համարձակի ու Յիսուսէն վարձատրութիւն կը խնդրէ՝ որովհետեւ անոր [որուն որ սպաննած է] այսքան ժամանակ սպասած էր [ձգած էր որ ապրի]:

-Ո՜վ Ռոնտա. նկատի ունենալով, թէ ով որ ինքզինք կ՚արդարացնէ, կը չարչարուի, ապա ինչո՞ւ խիղճէն եկած այդ չարչարանքը կ՚ընդունի:

-Սովորութեան պատճառով: Որպէսզի սովորութեան հակառակի, կարիք ունի կամքի, եւ պէտք է իմանայ, թէ ինքնարդարացումի կարիք չունի, այլ՝ ներքին առողջ ու կայուն վիճակի: Այս պարագային աւելի լաւ է, որ ինքզինք արդարացնէ, որովհետեւ եթէ չարդարացնէ ինքզինք՝ վստահ ըլլալով որ անիրաւուած է, ապա իր վիճակը աւելի կը վատթարանայ: Իսկ երբ ինքզինք կ՚արդարացնէ, միւսը իրեն բան մը պիտի ըսէ, որով ինք պիտի գիտնայ այդ ու դուրս գայ այդ մոլորութենէն: Սակայն լռութիւն պահէ՝ ըսելով թէ արդարութիւնը իր կողքին է, ապա միշտ իր մոլորութեան մէջ կը մնայ:

ՈՐ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՎՐԱՅ ՎԵՐՑՆԵՆՔ

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ ըսել կ՚ուզես հետեւեալով. համբերութիւնը բան մըն է, իսկ դիմանալը [տոկալը]՝ այլ բան:

-Համբերութիւնը ուրիշին դիմանալ չէ: Ուրիշին դիմանալը [տանիլը] կը նշանակէ, թէ ան վատ վիճակի մէջ է, իսկ ես՝ լաւ, այդ պատճառով կը դիմանամ անոր: Ճշմարիտ համբերութիւնը զգալն է յանցանքը ուրիշին համար ու անոր համար ցաւիլը: Ատոր մէջ կայ մեծ հեզութիւն ու սէր, որով Աստուծոյ շնորհքը կ՚ընդունիմ ու ուրիշին կ՚օգնեմ:

Օրինակի համար, եթէ անդամալոյծ մը, համր մը կամ թմրամոլ մը տեսնեմ, պէտք է մտածեմ. եթէ հոգեւոր լաւ վիճակի մէջ ըլլայի, ապա կը խնդրէի Աստուծմէ ու կը բժշկէի զինք. Յիսուս ըսաւ. «Ով որ Ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ Ես կ՚ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ» (Յհ 14.12). իսկ եթէ ըսես. «Ես տկար եմ, ի՞նչ կրնամ ընել, անոր մօտ չեմ նստիր, բայց իմ վարձքս պիտի ստանամ», ատով ինքզինքս արդարացուցած կ՚ըլլամ՝ թէ իմ պարտականութիւնս կատարած եմ:

-Ո՜վ Ռոնտա. յանցանքը միշտ քու վրադ վերցնելով ուրիշներուն կ՚օգնե՞ս:

-Այո՛. յանցանքը վերցնելը (հոգեւոր առողջ ու գիտակից կերպով եւ ո՛չ թէ հիւանդագին), շատ կ՚օգնէ: Քեզ շատ բաներու համար մեղադրելը, ուրիշին յանցանքը վերցնելը՝ Աստուծոյ աղերսելով, որպէսզի քեզի ուժ տայ այդ բոլորը կարենալ վերցնելու համար [այդ ալ շատ կ՚օգնէ]:

Այս կերպով, երբ դուն քեզի յանցանքի մը մեղաւորութիւնը կը բեռցնես, կամ երբ յանցաւոր չես ըլլար, բայց կը հաւատաս որ յանցանք գործած ես, այդ ատեն ծանրութիւնները ուսերուդ վրայ պիտի չնետես ու հպարտութեամբ պիտի չվարակուիս, այլ՝ Աստուծոյ հարուստ շնորհքը պիտի հանգչի վրադ: Սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլաս եւ այնպիսի բեռներ չվերցնես վրադ, որով մարմինիդ կը կքի, որպէսզի մարմնական վնաս չհասցնէ քեզի (ճողուածք, տիսք):

- Ճողուածքն ու տիսքը ի՞նչ են այս պարագային:

-Վերցնել յանցանք մը, որ կարելիութիւն չունիս վերցնելու, որով կը տրտնջաս, կը գանգատիս ու կը դատես:

-Սակայն եթէ լուսաբանութիւններ ներկայացնեմ, այդ մէկը որպէս ինքնարդարացում չի՞ դիտուիր:

-Արդարացուր այն բանը, որ չես կրնար շալկել զայն եւ միւս բանը մէկ կողմ ձգէ: Եթէ մէկը շատ զգայուն է, ապա թող վերցնէ այնպիսի բեռ, որ իր կարողութիւնները կը ներեն իրեն, եւ ո՛չ թէ հակառակը, որպէսզի թշնամին չխաբէ զինք զգայուն բաներ եւ զինք յուսահատութեան մէջ ձգէ եւ նպատակը փճացնէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 13

30 նոյեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2020