ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարը՝ Արայիկ Յարութիւնեան իր հովանաւորած չորս նախարարութիւններէն ներս ալ կը դիմագրաւէ ընդդիմութիւն եւ խնդիրներ, որոնք կը բխին իր ծառայած յեղափոխութեան կառավարութեան առաջադրած բարեփոխումներէն: Թէեւ նախարարը, իր հարցազրոյցներուն ընթացքին, կ՚ընդունի, թէ իր նախարարութիւններուն ծրագրած բարեփոխութեանց մէջ ինք մասնագէտ չէ, այլ կ՚ապաւինի փորձուած մասնագէտներու խորհուրդին, սակայն ընդդիմութիւնը այդ փոփոխութիւններուն նկատմամբ կը մնայ անձնականացուած, քիչ մըն ալ նախարարին կեցուածքներուն պատճառաւ:

Երբ կ՚արտայայտուինք Հայաստանի կրթական համակարգի փոփոխութեանց եւ խնդիրներուն մասին՝ մարդիկ իրաւունք ունին հարց տալու, թէ ժամանա՞կն է Հայաստանի կրթական խնդիրներով զբաղելու, երբ սփիւռքի մէջ հանրային կարծիքը յուզուած է հայ դպրոցներու յաջորդական փակումներով: Պատասխանը, սակայն, այն է, որ այդ խնդիրները կապակցուած են իրարու, եւ եթէ կ՚ուզէք՝ մէկը կը բխի միւսէն:

Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն անմխիթար վիճակը կը հանդիսանայ յայտարար նշանը սփիւռքի երիտասարդութեան ապազգայնացման հեռանկարին. հետեւաբար Հայաստանի վաղուան քաղաքացին պիտի դառնայ տիպարը բոլորանուէր հայուն: Արդէն սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ հաստատուած հայաստանցի հայերը փութաջանութիւն մը ցոյց կու տան արեւելահայերէնի համատարած գործածութեան սփիւռքի մէջ, սկսելով դպրոցներէն:

Ապագայի այդ հեռանկարին պատճառով ալ սփիւռքը իր բարոյական ու նիւթական հնարաւորութիւնները կը փոխադրէ Հայաստան եւ հետեւաբար շահաքրքիր պիտի մնայ այնտեղ կերտուելիք քաղաքացիին կերպարով:

Հայաստանի նոր իշխանութեանց գրեթէ բոլոր նախարարութիւնները կասկածով կը դիտուին նախկիններու կողմէ եւ, օրինակ, կրթութեան նման հարց մը անգամ կը քաղաքականացուի: Այդ պատճառաւ ալ պր. Արայիկ Յարութիւնեանը պէտք է ճակատի մէկէ աւելի խնդրայարոյց ծրագիրներու պարագային:

Այսօրուան հրատապ հարցերն են՝ ա.- համալսարաններու ճշգրիտ գիտութեանց բաժանմունքներէն ներս հայ լեզուի ու գրականութեան ուսուցումը պարտադիր ըլլալէ դադրեցնելու նախաձեռնութիւնը: բ.- հանրակրթարաններու մէջ կրօնքի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան դասընթացքներու համալրումը հայոց պատմութեան ծրագիրին մէջ: գ.- գերարդիական մշակութային ծրագիրներու յատկացուած գումարն է, երբ այդ ծրագիրները հակասութեան մէջ կը գտնուին ընդունուած բարոյական արժէքներու հետ:

Ա.- Մինչեւ 2006 թուականը հայոց լեզուի, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի դասաւանդութիւնները պարտադիր չեն եղած համալսարաններու գիտական բաժանմունքներէն ներս։ Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններէն (Բուհ) ներս դասաւանդումը կատարուի հայերէնով:

Նկատի ունենալով հանրակրթարաններու մէջ ուսանող աշակերտներուն լեզուական եւ հայագիտական պատրաստութիւնը անբաւարար գտնուած է՝ պետութիւնը ներմուծած է այդ նիւթերու ուսուցումը նաեւ համալսարանի բոլոր բաժանմունքներէն ներս, ներառեալ ճշգրիտ գիտութեանց բաժանմունքները:

Նախարարութեան առաջադրութիւնը այն է, որ համալսարանները զերծ կացուցուին այդ նիւթերու պարտադիր դասաւանդումէն եւ ազատութիւնն ունենան զանոնք կիրարկելու կամ՝ ոչ:

Այստեղ թէեւ կը շեշտուի ակադեմական ազատութեան տարրը՝ սակայն գիտնալով մարդկային բնութիւնը՝ դժուար պիտի չըլլայ կռահել, որ մեծ մասը համալսարաններուն պիտի խուսափի լեզուի եւ գրականութեան ծրագիրներէն, ի հաշիւ գիտական այլ դասաւանդութեանց կամ ուսանողներու ազատ ժամերուն:

Միւս խնդիրը այն է, թէ այսպիսի ծրագիրի մը գործադրութեան համար նախապայման է հայ լեզուի ու գրականութեան զօրացումը հանրակրթարաններուն մէջ, որպէսզի ուսանողը չպարտադրուի իր գիտցածը կրկին սորվելու: Ուրեմն այստեղ եւս երաշխիքներ չկան, որ հանրակրթարանները պիտի յաջողին արագօրէն բարելաւել իրենց մակարդակը նշեալ բնագաւառներէն ներս:

Արդէն առաջադրուածը փորձիչ նախաձեռնութիւն մըն է ինքնին, որ յանկարծ իր հունէն դուրս գալով քաղաքականացած է. արդարեւ, դաշնակցական ուսանողութիւնը հարցը վերածեց հայ լեզուի եւ գրականութեան սրբութիւնը պաշտպանելու դատին, ինչ որ սրտամօտիկ ու վարակիչ երեւոյթ մըն է. այդ կերպով սկսան դասադուլներն ու ցոյցերը համալսարաններէն ներս եւ ցոյցերու ընթացքին ամենէն գործօն ուսանողական զանգուածը բանասիրական բաժինէն էր, որ ոչ մէկ կերպով պիտի տուժէր նոր օրէնքէն:

Նախարարը իր հերթին քաղաքականացուց այս առճակատումը՝ սփիւռքի դաշնակցականները հակադրելով հայրենիքի դաշնակցականներուն:

Ուսանողները պահանջեցին նախարարին հրաժարականը, որ բնականաբար մերժուեցաւ: Նախարարը յայտարարեց, որ սխալ բան մը չէր ըրած որ հրաժարէր: Հարցին քաղաքականացման չխոստովանուած պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ ուսանողութիւնը - ինչպէս ընդդիմութիւնը առ հասարակ - նոր կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն ետին սորոսական նպատակներ կը տեսնէ:

Լարուածութիւնը կը շարունակուի եւ քննարկումները կը կատարուին լրատու միջոցներու վրայ հարցազրոյցներու ընթացքին:

Բ.- Կրթական բարեփոխումներու ծիրէն ներս ուրիշ խնդրայարոյց նիւթ մըն է կրօնքի կամ եկեղեցւոյ պատմութեան ճակատագիրը:

Կառավարութիւնը կը ծրագրէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը համալրել (ինդեգրել, պիտի ըսէին, Հայաստանի մէջ) հայոց պատմութեան դասընթացքներուն հետ:

Կրօնքը կամ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը չափազանց զգայուն հարցեր են հայոց համար, որովհետեւ Եկեղեցին այնքան տիրական դեր մը կատարած է մեր պատմութեան մէջ: Սուլթանական ու ցարական իշխանութեանց հալածանքները Հայ Եկեղեցւոյ դէմ, աւելի եւս նուիրականացուցած են այդ հաստատութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Այդ հալածանքները իրենց լրումին ու լիութեան հասած են սովետի շրջանին, երբ անաստուածութիւնը դարձած էր պաշտօնական կրօնք, միւս կողմէ քանդելով եկեղեցիները ու սպաննելով հոգեւորականները:

Այս բոլորին վրայ կը բարդուի ժամանակակից ուրիշ հարց մը՝ աղանդաւորներու արշաւանքը Հայաստանի մէջ, խախտելու համար հայուն աւանդական արժէքները եւ մանաւանդ՝ քարոզելով քաղաքացիութեան ապառազմականացումը, երբ թշնամին զինուած կը սպասէ սահմանին վրայ. ուղղակի դաւաճանական քարոզչութիւն մը՝ ապազինելու համար պատերազմի մէջ գտնուող երկիր մը:

Աղանդաւորներուն դէմ որեւէ շարժում կամ ընդդիմութիւն Եւրոպայի կողմէ կը դիտուի իբրեւ խղճի ազատութեան բռնաբարում, հոգ չէ թէ այդ ենթադրեալ եազատութիւնը. ինչպիսի աղէտի կրնայ մատնել վիրաւոր Հայաստանը:

Անցեալին, եւրոպացիք կրօնքը վերածած էին զէնքի. այդ պատճառաւ ալ ամբողջ միջնադարուն Եւրոպան կլանուած էր կրօնական պատերազմներով, մինչեւ որ գտնուեցաւ դարմանը՝ եկեղեցին անջատելով պետութենէն: (…)

Սակայն հայոց համար կրօնքը ինքնապաշտպանական միջոց մըն է լոկ, ընդդէմ քայքայիչ աղանդներուն:

Հայաստանի մէջ Եկեղեցին դէմ է այս բարեփոխութեան, որովհետեւ կը կարծուի, որ անոր կարեւորութիւնը պիտի նուազի, եթէ առանձին նիւթ մը չմնայ միջնակարգ վարժարաններուն մէջ:

Յետոյ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութիւնը դասաւանդելը կրօնական այլամերժութեան հետ պէտք չէ շփոթել:

Ճիշդ է, թէ քրիստոնէութիւնը հայկական ծագում չունի, բայց նոյն այդ քրիստոնէական հաւատքը, իր ծէսերով եւ արարողութիւններով՝ ազգայնացուած է:

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, որեւէ պատմական նիւթի նման, կարելի է դասաւանդել առարկայական կերպով, բաժին մըն ալ յատկացնելով Աւետարանական շարժումին եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին:

Վէճը այն մասին է, թէ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը միացնելով հայոց ընդհանուր պատմութեան՝ որքանով ան ծառայած կ՚ըլլայ առաջադրուած նպատակներուն:

Գ.- Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ քննադատութիւններու հոսանք մըն ալ սկսած է՝ իր հովանաւորութեան ներքեւ գործող մշակոյթի նախարարութեան մէկ նորարարական նախաձեռնութեան պատճառով:

Մշակոյթի նախարարութիւնը 2.7 միլիոն դրամով ֆինանսաւորած է բանաստեղծական բեմականացում մը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, իր վրայ հրաւիրելով սուր քննադատութիւններ, բեմականացումը մեկնաբանելով իբրեւ սատանայապաշտական եւ միասեռական դրսեւորում:

Այս առթիւ եւս նախարարը մեղադրած է Դաշնակցութիւնը, որ գործակցած էր նախորդ վարչակարգին հետ եւ կը շարունակէ պաշտպանել անոր շահերը:

Միւս կողմէ, նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է արդարացնելով բեմադրութիւնը իբրեւ ապագայապաշտ (futurist) բանաստեղծներու՝ Չարենցի, Վշտունիի, Գէորգ Աբովի քերթողութեան բեմադրութիւն:

Բացի այս ձեռնարկին քաղաքականացումէն, կարելի է երեւակայել զայրոյթը թատերական աշխատողներու, որոնք Հայաստանի դասական թատրոններուն մէջ արժէքաւոր գործ մը բեմադրելու համար ամիսներ կը սպասեն պիւտճէի վաւերացումին, կամ՝ պարզապէս կը մերժուին:

Որեւէ արժէք երբ կը քաղաքանացուի՝ դժուար կ՚ըլլայ զայն քննարկել առարկայական կերպով եւ համոզիչ եզրակացութեանց յանգիլ:

Կրթական գործը չափազանց կենսական բնագաւառ մըն է քաղաքական ոտնագնդակի վերածելու համար: Առաջին հերթին նախարարութեան անկ է ծրագիրը դուրս բերել քաղաքական հարթակէն եւ զայն ուսումնասիրել անոր էական արժէքին հիմամբ:

Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2019