ԿԱՂԱՆԴԻ ՆՈՒԷՐԸ

-Ջուր ունի՜նք,- կ՚ըսէ Սեւան խոհանոցին ծորակը դարձնելով,- լոյս ալ ունի՛նք,- կը շարունակէ լոյսին կոճակը սեղմելէ ետք լուսաւոր խոհանոցը տեսնելով,- այս ի՞նչ անակնկալ է, վերջացա՞ւ այսինքն ամէն ինչ: Յովսէ՜փ, ե՛լ, եկո՛ւր, հետս ուրախացիր:

Տարիներէ ի վեր ջուրի ու լոյսի երկար բացակայութիւը, կամ ալ երբեմն միայն ջուրը, երբեմն ալ միայն լոյսը կարճ ժամերով վայելող Սեւան գանձ մը գտածի պէս կը հրճուի ու արագ շարժումներով կը հաւաքէ տան ննջասենեակներուն մէջ կուտակուած հագուստները, մաս առ մաս կը բաժնէ զանոնք՝ ճերմակները իրարու հետ, սեւերը, գունաւորները, ու առաջին բերան լուացքը կը պատրաստուի տեղաւորել լուացարանին մէջ:

-Ուրա՞խ ես կնի՛կ, հա՛, հա՛, արագ մը լուացքը դիր. հոգիդ ելաւ ձեռքով լուացք ընելէն: Օգնե՞մ, որ շուտ ըլլայ, չես գիտեր, յանկարծ կ՚անջատուի ելեկտրական հոսանքը:

-Չէ՛, անանկ մի՛ ըսեր, թող չանջատուի, հազիւ լոյս տեսանք:

Ու տէր եւ տիկին կը փութան գոնէ լուացք մը տեղաւորելու մեքենային մէջ, մինչ տան երիտասարդուհին մաքրութեան դոյլը կը պատրաստէ, որ սիրտ բանալիք մաքրութիւն մը ընէ՝ առատ ջուրով ու ընդհանուր մաքրութիւն մը, մէկ կողմէն ալ ջուրին ծորակը բաց կը թողու, որ հաւաքուի՝ անհրաժեշտութեան պարագային օգտագործելու համար: Տան երիտասարդը ջրամբարը կը ստուգէ եւ կը տեղեկացնէ, որ ջուր կը լեցուի հոն եւս:

Շէնքին մէջ մնացած մի քանի ընտանիքներուն վազվզուքը նկատելի է արդէն իսկ աստիճաններէն, երբ մէկը միւսին ետեւէն տղամարդիկ տանիք կը բարձրանան ու կը ստուգեն ջրամբարները: Պատշգամներէն մէկը միւսին կը հաղորդէ աւետիսը ու կը սկսին հոսիլ ջուրերը մաքրելով ամէն ինչ կուտակուած փոշիին ու աղտին հետ. «Հատէ, հիմա մաքրութիւննիս վերջացնենք ու նստինք սապէս համով սուրճ մը խմենք միասին», դրացիները իրարու կը ձայնեն, «Չէ՛, ես պիտի լոգնամ ալ այս առատ ջուրով: Չես գիտեր, յանկարծ նորէն կը կտրուի ու ծորակները կը լռեն», կը լսուի Տիկին Աղաւնիին ձայնը:

Հեւք մը կայ փողոցներուն մէջ, կենսուրախ հեւք մը, սպասուածը գտածի ուրախութիւն մը կը համակէ բոլորը, ինչպէս նաեւ թերահաւատութիւն մը՝ պատահածին հասցէին, «Ահա յանկարծ ջուրը կը կտրուի ու ելեկտրականութիւնը դարձեալ կ՚անջատուի»ի մտայնութիւն մը, որ շատ բնական է տարիներով զրկուածներուն համար:

Սեւան լուացքը կը տեղաւորէ ու կը փորձէ մեքենան աշխատցնել: Կոճակը կը դարձնէ, առաջին փորձը չի յաջողիր, մեքենային հոսանքի լարը կը ստուգէ, լոյս կայ կոճակին վրայ, բայց ահա երկրորդ փորձն ալ չի յաջողիր: Ամուսինը կը կանչէ, որ ստուգում մըն ալ ինք ընէ..., ապարդիւն: Յովսէփ այս տեսնելով, գլուխը կ՚առնէ ու փողոց կ՚իջնէ:

Ինչո՞ւ այսօր, միթէ չէ՞ր կրնար այսպիսի բան չպատահիլ գոնէ՛ այսօր, ինչո՞ւ ուրախութիւնը չ՚ամբողջանար, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ..., այսպէս հարցականները իրարու ետեւէն շարելով ու խորհելով կը քալէ Յովսէփ: Ձեռքը գրպանին կը նետէ, ուր միայն քանի մը հազար կայ, հազիւ լուացարանը նորոգելու համար կրնայ ծառայել, հապա եթէ ալ չաշխատի՞, նորը ինչպէ՞ս կարելի ըլլայ գնել, մանաւանդ այս ամսուան՝ Կաղանդի ծախսերուն հաշիւն ալ պէտք է ընել...:

Ատենին Յովսէփին գրպանը լեցուն էր, ամէն ինչ կրնար առնել ու հոգ չունէր: Բարեկեցիկ կեանք մը կ՚ապրէին պատերազմէն առաջ, շռայլ ծախսով ու առատութեամբ օժտած էր ընտանիքը: Հիմա, պատերազմը խլեց ամէն ինչ: Հապա՛, խօսքով դիւրին է, վեց երկար տարիներու անգործութիւնը, գործարանին կորուստը...: Քանի-քանի անգամներ ան, այս տարիներուն ընթացքին, լեցուն գրպանով նստած է այդ դէմի մայթին վրայ ու կազի շիշ մը ապահովելու համար ժամերով կարգի սպասած: Քանի-քանի անգամներ մեծ գումարներ յատկացուցած է տունը վառելանիւթ ապահովելու: Առատ քսակը կաթիլ առ կաթիլ դատարկուած է, հիմա ամէն քայլի դիմելէ առաջ հազար ու մէկ հաշիւներ կ՚ընէ, որ յանկարծ բացը չձգէ իր ընտանիքը:

Սղաճն ալ գլուխը առեր կ՚երթայ, նոյնիսկ հացին գինը տասնապատիկ անգամ սղեր է. հապա կանաչեղէ՞նը, մի՞սը, որուն համը մոռցած ըլլալ կը թուի երբեմն: Առաջ ամէն օր միս կ՚ուտէին, հիմա նախ՝ անվստահելի են միսերը, քանի առանց ելեկտրականութեան ո՞ւր պահուիլը անյայտ է անոնց, ուրկէ՞ բերուիլը՝ անորոշ, ինչի՞ միս ըլալը՝ նոյնպէս:

Անգամ մը վստահելի մսավաճառէ մը կէս քիլօ աղացած միս էր առեր Յովսէփ, ուրախութեամբ միսը տուն բերեր ու տոպրակը բանալուն պէս գարշելի հոտի մը տարածուիլը եւ սեւցած միսին գունդը տեսնելէն վերջ, ալ չէր համարձակեր միս առնելու, «Հաւ ուտելէն հաւու պէս հաւկիթ ածելու պիտի սկսինք, կնի՛կ», օր մը կատակով ըսած էր կնոջը: Թէեւ հաւու միսին ալ վստահութիւն չունէր, բայց եւ այնպէս կ՚առնէր ու տնեցիները կ՚ուրախացնէր երբեմն:

Այսպէս երկար տարիներ ռումբերու ու սանդերու տարափին տակ դիմացաւ ընտանիքը, գրեթէ բոլոր հարազատները մեկնեցան՝ հայրենիք, Գանատա, Եւրոպական երկիրներ: Կը զղջայ պահ մը Յովսէփ, որ ինք եւս կրնար պատերազմին սկիզբը մեկնիլ տեղ մը, այդ գումարով, որուն ահա վերջին կաթիլները կը հաշուէ: Լաւ կ՚ըլլար, այո, գոնէ փրկած կ՚ըլլար իր երիտասարդ զաւակները այս երկրէն: Ճիշդ է, որ ինք տղայ մը եւ աղջիկ մը ունի միայն, մէկ հատիկները չեն զինուորագրուիր, այս մտածելով ալ արդէն չէր ելած երկրէն ու իր ունեցած կալուածներուն հսկիչ որպէս մնացած էր Յովսէփ, իրեն պէս շատե՜ր մնացին:

Գացողներէն ոմանց տուները կողոպտուեցան, արաբ զինուորներ եկան ու կը բնակին իրենց տուներուն մէջ, ո՞վ ի՞նչ կրնայ ըսել, կամ որո՞ւն կրնայ գանգատիլ, մի քանի տարիէն ալ իրենց ծնողները կը բերեն ու կը լեցնեն այդ տուներուն մէջ ու կամաց-կամաց կը դառնան պատրաստ տուներու սեփականատէրերը:

Բայց ի՞նչ ընելու է տունն ու տեղը, գործարանս կողոպտեցին, չեմ ալ կրնար երթալ ու տեսնել: Այս ջուրին ու լոյսին գալը թերեւս դրական ցուցանիշ մը ըլլայ ու խաղաղութիւն բերէ այլեւս: Հը՛, խաղաղութի՞ւն, այսինքն այլեւս ռումբի ձայներ պիտի չըլլա՞ն, այլեւս զինուորներ պիտի չվխտա՞ն մեր թաղերուն մէջ, այլեւս մեր կիներն ու աղջիկները, առաջուան պէս, պիտի կարենա՞ն հանգիստ շրջագայիլ փողոցներուն մէջ, առաջուան պէս ապահով պիտի ըլլա՞յ..., չեմ կարծեր, շատ բան տեսանք մենք այս քանի մը տարուան ընթացքին, մեր կիներէն ալ եղան զինուորներուն հետ գացողներ, անոնց հետ հանդիպողներ: Ամէն ոք իր իսկական դէմքով սկսաւ յայտնուիլ, դիմակները չքացան կարծես, անոնց հետ նաեւ չքացան ամօթը, պատիւը երբեմն...:

Աստուած հեռու ընէ մեր կիներէն ու զաւակներէն: Գացողը տեսակ մը դժգոհ է, մնացողը՝ ուրիշ տեսակ, բայց ի՛նչ որ եղաւ մեզի եւ մեզմէ աւելի՝ մեր զաւակներուն եղաւ, մենք քիչ թէ շատ հանգիստ ու խաղաղ անցեալ մը ունինք, իրենք ի՞նչ պիտի յիշեն այս օրերէն, ինչպէ՞ս պիտի մոռնան, կամ ինչպէ՞ս պիտի ընտելանան խաղաղութեան հետ, եթէ իսկապէս ըլլայ: Բոլորս ալ հիմա է որ պիտի տեսնենք մեր չտեսածները պատերազմի ընթացքին, ճիշդ այնպէս ինչպէս երբ տաք կապարը մարմնին մխուի, տաք եղած միջոցին ցաւ չի պատճառեր, այլ՝ յետոյ, մեր պարագային տասնեակ կապարներ մխուեցան մեր հոգիներուն մէջ, ունեւորը եղաւ չքաւոր, հակառակն ալ տեղի ունեցաւ, պատերազմի հարուստներն ալ մէջտեղները կը շրջին, թալանն ու կողոպուտը հիմա է որ պիտի սկսի, ու դեռ ինչե՜ր, ինչե՜ր...:

Այսպէս խորհրդածելով կը քալէ Յովսէփ, լուացքի մեքենայ նորոգող մը կը փնտռէ: Բարեկամներ ունէր ատենին, հիմա ամէն մէկը տեղ մը կը շարունակէ իր կեանքը: Կը քալէ ան, քանի մը թաղ կ՚անցնի թէ չէ, ահա աչք կը ծակեն մայթերուն հասակին շարուած իրերը, խումբ-խումբ անհամաչափ շարուածքով կողք-կողքի, կամ իրարու վրայ, կամ ալ կոյտերու տեսքով, փոշեծածկ ապրանք կայ ամէն տեղ, իւրաքանչիւր խումբին դէմ գլուխը փաթթուած արաբ մը նստած է մայթեզրին ու կը սպասէ յաճախորդի մը: Այս երեւոյթներուն յաճախ կարելի է հանդիպիլ, ամէն թաղի, կամ շրջանի մէջ. կ՚ըսեն, թէ կողոպտուած ապրանքներ են անոնք, անբնակ տուներէն մարդիկ մտեր ու կողոպտեր են, հոս ու հոն շարած կը վաճառեն զանոնք, անոնք ալ այս ձեւով կը շարունակեն իրենց կեանքը:

Յովսէփ կը մօտենայ, մօտէն տեսնելու, աւելին՝ ժամանակը սպաննելու ու բան մը մոռնալու միտումով, այլ ոչ թէ հոն բան մը գտնելու: Կը տենսէ՝ հին ու նոր կօշիկներ, հագուստներ, արդուկներ, պնակեղէն, խոհանոցային իրեր, ելեկտրական գործիքներ, նոյնիսկ լուացքի մեքենայ մը հոն դրուած է...: Ի՞նչ, լուացքի մեքենա՞յ, աւելի ուշադրութեամբ կը նայի, աւելի կը մօտենայ, կը զննէ մեքենան, որ արտաքուստ նոր կ՚երեւի, բայց կարելի չէ ստուգել անոր աշխատանքը, ելեկտրական հոսանքի կոճակներ չկան հոս, բայց... նոր կ՚երեւի, իրենց տան մեքենայէն աւելի նոր, կը հարցնէ գինը, արաբը միայն 1500 լիրա կը պահանջէ, գինին յարմարութենէն ալ գոհունակ, Յովսէփ կ՚որոշէ առնել մեքենան:

Սեւանին ուրախութիւնը անսահման է, կը մաքրէ մեքենան ու անմիջապէս գործի կը լծուի: Տէր եւ տիկին կը փորձեն աշխատցնել մեքենան, սակայն ան ոչ հոսանք կ՚առնէ, ոչ ջուր կը քաշէ, ոչ, ոչ...: Մի քանի անգամ կը փորձեն ու չեն յաջողիր:

Յովսէփ զայրացած կը բազմի աթոռի մը վրայ, Սեւան կը փորձէ մեղմել ամուսնոյն զայրոյթը, գիտէ ան, որ անկարող են նորը գնելու, կը զբաղեցնէ ամուսինը, հեռատեսիլին առջեւ նստած կը հետեւին յայտագիրներուն, կ՚ընթրեն ու կը քնանան:

Գիշերը Սեւանին քունը չի տանիր, մտատանջ վիճակով կ՚ելլէ տեղէն, կը նկատէ, որ դեռ ելեկտրականութիւնը չէ անջատուած, ծորակին ջուրը կը հոսեցնէ ու գաւաթ մը լեցնելով կը խմէ: Խոհանոցն է ինք, աչքը դարձեալ կը զարնուի լուացքի մեքենային, այլեւ մեքենաներուն, նորը՝ խոհանոցին մէկ պատին յենած, հինը՝ իր տեղը, մէկի տեղ երկու, երկու բանի չծառայող հսկայ իրեր, ի՞նչ ընելու է...: Կը յիշէ, որ դրացիներով երբ սուրճ կը խմէին, մէկը տեղեկացուցած էր նոր երիտասարդի մը մասին, որ լաւ կը նորոգէ լուացքի մեքենաները՝ «Պէտք է այդ տղուն հեռաձայնի թիւը ճարեմ ու խօսիմ, թող գայ ինք ալ նայի», կը մտմտայ ինքնիրեն ու կը փորձէ մեքենան քիչ մը անդին հրել, շարժումէն լարերը կ՚իյնան, մէկ լարին ծայրէն բռնելով կը քննէ, թէ ուր կը հասնի ան: Սեւան քիչ թէ շատ կը հասկնայ ելեկտրական բաներէն, յաճախ երբ տան լոյսի կոճակները աւրուէին, ինք կը նորոգէր, կամ լոյս մը երբ այրէր, կը փոխէր, հիմա իր կարճ խելքովը կը կարծէ, որ պիտի կարենայ լուացքի մեքենան բան մը ընել, այլեւ հրաշք մը պիտի բացայայտէ կարծես իր այս շարժումներով:

Կը շարունակէ լարին հետեւիլ, կը հասնի հոն, ուր բոլոր լարերը ամրացուած են իրարու կապոյտ երիզով մը, անկէ ալ կ՚անցնի, զգուշութեամբ քիչ մը եւս անդին կը տանի մեքենան, ահա լարը, այլեւ բոլոր լարերը կտրուած ու միացուած են դարձեալ կապոյտ երիզով:

«Ինչո՞ւ արդեօք այսպէս կտրուած են անոնք, մասնաւոր կտրուած են կարծես, ու աննկատ կերպով փաթթուած», շշնջալով կը զննէ մեքենային յետսամասը: Կերպընկալէ սեւ տոպրակի մը կը հպի ձեռքը՝ «Հոս ի՞նչ գործ ունի աս տոպրակը, որ ամրացուած է մեքենային յետսամասի պարապութեան մէջ, այնպէս ամուր, որ չփրթի ու չիյնայ, բայց ի՞նչ կայ արդեօք անոր մէջ», կը քակէ բոլոր երիզները, տոպրակը իր ծանրութեամբ ձեռքը կը բռնէ ու դուրսէն կը շօշափէ՝ «Արդեօք ի՞նչ կայ մէջը, կրնա՞յ ըլլալ, որ ռումբ մը պահուած ըլլայ», կը սոսկայ Սեւան, բայց կը շարունակէ շօշափել, զգուշութեամբ հոն աթոռի մը վրայ կը նստի ու կամացուկ մը կը զննէ տոպրակին արտաքինը, մետաղներ կան կարծես ու թուղթի կտորներ են զետեղուած տոպրակին մէջ...:

Յովսէփ իր տեղէն շշուկներ կը լսէ, ինք եւս հազիւ թէ մրափ մը քաշած էր, ահա ձայներուն ուղղութեամբ կ՚երթայ, աչքերը շփելով կը տեսնէ Սեւանը, որ տժգոյն դէմքով տոպրակ մը կը շօշափէ, իսկ լուացքի մեքենան հպարտօրէն յառաջացած է խոհանոցին ճիշդ մէջտեղը:

Երկու զոյգ կասկածաւոր ձեռքեր կը շօշափեն տոպրակը, Յովսէփ կ՚որոշէ բանալ զայն, կամ ալ զգուշութեամբ կերպընկալը պատռել ծայրէն ստուգելու համար թէ ի՛նչ կայ մէջը: Դանակի մը սրածայր մասով կը ճեղքուի տոպրակը, որուն տակը ուրիշ մը եւս կայ, ան ալ կը ճեղքէ Յովսէփ ու ահա աչքին կը փայլին ոսկեգոյն մետաղներ, հանգիստ սրտով աւելի կը բանայ տոպրակը ու ի՛նչ տեսնէ՝ ահագին ոսկեղէն ու կապոցներով թղթադրամ:

Յովսէփ ու Սեւան փայլուն աչքերով իրարու կը նային:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2017