ԵՓՐԵՄ ՊԱՊԻԿԸ

-Այսօր ալ արթնցայ, առտու է նորէն: Է՜հ, ի՞նչ ընել առտուն, ի՞նչ ընել իրիկունը, օրերը, շաբաթները, ամիսները..., ի՞նչ ընել առանձին կեանքը, աս օտար, անշունչ, անմարդ պատերուն մէջ...

Ամէն առտուան սովորական յանկերգն է եօթանասունին շատոնց հրաժեշտ տուած Եփրեմ պապիկին: Աչքերը հազիւ բացած՝ դժգոհ նայուածքներով առաստաղը կը չափչփէ: Կեանքը բոլոր հանգրուաններով կ՚այցելէ իրեն՝ նոյն պատկերներով, նոյն ափսոսանքով, նոյն յիշեցումներով, նոյն ժամուն ու ծերունիին դէմքին վրայ կը շարժին տրամադրութեանց արտայայտութիւնները՝ մերթ ժպիտ, մերթ թախիծ, մերթ սարսափ, մերթ սպասում այն պահուն՝ որ ուշ թէ կանուխ պիտի այցելէ վերջ մը դնելով ամէն ապրուած յուշի, ամէն ակնթարթի, ամէն ուրախ պահի...:

Ստամոքսին ճիչը երբեմն կը լռեցնէ մտմտուքներուն փսփսուքը ու ոտքերը քաշքշելով ան կը մտնէ խոհանոց, կը ծամծմէ իրեն համար խնամակալին պատրաստած պատառները, որոնց հետ դեղերուն ծրարները կը բացուին ու պատառներուն հետ մէկիկ-մէկիկ կը կլլուին:

-Ի՞նչ կ՚ըլլար եթէ ես քեզմէ առաջ երթայի, հը՞. ինչո՞ւ լքեցիր զիս, Աստղի՛կ...:

Ու կը դողդղայ շրթունքը, պատառը բերնին մէջ կը դառնանայ, դէմքին սպիները կը խորանան, կզակին գունդը կը կծկուի ու կը խաղայ շրթունքի դողին նոր յանգաւորում մը տալով եւ հազիւ լսելի ձայնով կը շարունակէ.

-Ինչո՞ւ գացիր, չէ՞ որ որոշած էինք Եփրեմիկին ապագան վայելել: Սագոյիդ՝ միակ սիրելի զաւակիդ, անդրանիկին...: Է՜հ, «Խորոտիկ, խորոտիկ...»:

Կը շշնջայ մեղեդային հնչիւնները երգին՝ խռպոտ, դուրս ելլել չուզող ձայնով. երգ մը, որ ժառանգած է հօրմէն, Սասունի դրոշմը կրող միակ յուշը: Հայրը կը պարեցնէր զինք մանկութեան այս երգով՝ ծունկերուն վրայ: Եփրեմ այս ժառանգին արժանի փոխարինողը կը սեպէր ինքզինք ու ինք եւս կը պարեցնէր թոռը նոյն ձեւով՝ ծունկերուն վրայ:

Կը թռչկոտէր ձագուկը, կ՚երջանկանար, թեւիկները օդին մէջ կը շարժէին. կինը իսկոյն կու գար ու կը գրկէր ձագուկը կամ կը բռնէր թիկունքէն՝ նոյն երգին հնչիւններուն իգականութիւն մը պարգեւելով. կը բռնէր ձագուկը, որ յանկարծ չիյնայ...: Թոռնիկը զաւակէն ա՛լ աւելի անուշ է, չէ՞:

Ինչեր ըրին անոնք Եփրեմիկին համար: Հաւատացեալ Աստղիկ, դեռատի մանկան ծնունդին յայտնաբերուած տկարութեան համար, ուխտեց Բարձրեալին, աղօթեց ու աղերսագին հնչիւններով ինկաւ խորանին առջեւ. խնդրեց որ ձագուկը փրկուի, լաւանայ. նուէրներով այցելեց Իր տունը. ամէն շաբաթ, յաջորդաբար եօթ տարի, մատաղ մատուցեց կարօտեալներուն:

Ձագուկը Աստղիկին աղօթքներով եւ հմուտ բժիշկներու խնամքով փրկուեցաւ, զօրացաւ ու գանգրահեր, անուշիկ, առողջ մանուկ մը դարձաւ: Եօթը տարեկանին Աստղիկ եկեղեցւոյ նուիրաբերեց թորան հիւսուած մազերը, որ չէին կտրած ծնունդէն, ու մազին ծանրութեամբ գումար ընծայեցին, ոչխար մըն ալ մորթել տուին, բաժնեցին կարօտեալներուն:

Հիմա մեծցած է Եփրեմիկը, երիտասարդական նախաքայլերը կ՚ապրի Պէյրութի մէջ, աւելի համարձակ միջավայրի, քան՝ Հալէպը.

-Հահա, ես ալ Եփրեմիկին պէս կը զգամ. եթէ հոս ըլլար, հոս աւելի անուշիկ պատառներ կը գտնէր. միայն տեսնէ իմ խնամակալս՝ Ալլան, կաթի կտոր է, ճեփ-ճերմակ: Մաքրութեանս հոգ կը տանի, կը լոգցնէ՜, կը հագցնէ՜,- մոռցուած դեղ մը յանկարծ կուլ կու տայ,- փափուկ մատները կը սահին ճմռթկուած մորթիս վրայ: Աստղիկիս չի նմանիր հարկաւ, ոչ ալ անոր ճկոյթին հետ կը փոխեմ զայն, քաւ լիցի, Աստղիկս մէկ հատ էր..., միայն երանի քիչ մը երիտասարդ ըլլայի՜ ու աս ուսս կտրած չըլլայի՜: Չէ՛, չէ՛, ասպէս աւելի լաւ է, եթէ առողջ ըլլայի, Ալլային պէտք չէի ունենար...:

Ամիսներ առաջ, երբ Եփրեմ Աստղիկին անշնչացած մարմինը տեսաւ տան մէջ, յուզումէն իրար անցած դուրս պիտի ելլէր շէնքի միակ՝ վերջին յարկի բնակիչը կանչելու. յանկարծ ոտքը սահեցաւ, ինկաւ ամբողջ մարմնով ու ուսը, սաստիկ հարուածէն, վնասուեցաւ: Այդպէս թաղեց Աստղիկը՝ մինակ, առանց հարազատի, առանց բարեկամի եւ... օտարացաւ իր իսկ տան:

Ատենին անթեղի պէս վառ էր օճախը, կը մխար ու կայծեր կը ցատկոտէին իր ընտանեկան յարկէն: Հարազատներով, բարեկամներով, դրացիներով կը վխտար տունը. Աստղիկին բարի, զուարթ սովորութիւնը, զոյգին հաճոյախօսութիւնները մագնիսի պէս մարդիկը դէպի իրենց կը քաշէին, ընտանեկան համերաշխութեան օրինակելի զոյգ մըն էր Աստղիկն ու Եփրեմը:

Տունը միայն կը ծխար վերջին շրջանին, անգոյն ծուխ մը միայն մնացած էր հինէն, որ ո՞ւր որ է պիտի մարէր, նօսրանար, մինչեւ այն օրը, երբ Սագօն որոշեց հայրը քովը՝ Պէյրութ բերել տալ: Վարորդը մեքենային մէջ տեղաւորեց ծերունիին պայուսակները. այն օրը Եփրեմ հրաժեշտ տուաւ իր ծննդավայրին, մանկութեան, կնոջ, տան, ամայացած շէնքին, թաղերուն...: Կաթիլ-կաթիլ լեցուած յուշերուն բաժակը ողողեցաւ այն օրը, վերապրեցաւ ամէն ինչ ու իր գծած ուղիին վերջնականապէս ջնջուիլը տեսաւ, իր ծրագիրներուն ցնդիլը, շոգիանալը, իսկ գալիքը՝ անորոշութիւն մը:

Այսպէս է մարդը չէ՞, կ՚ապրի անցեալի մէջ, կը խորհի ապագայի մասին, երբեմն նոյնիսկ մոռնալով ներկան, որ քիչ ետք անցեալին մաս պիտի կազմէ. կ՚ապրի ցնորքի մէջ, կը կառուցէ ցնորական ապագայ մը անցեալին վրայ հիմնուած, բայց ի՞նչ գիտէ ըլլալիքը: Անակնկալներով լի է կեանքը՝ հաճելի, անհաճոյ անակնկալներով:

Սագօն փորձեց հայրը համոզել, որ ինք եւս դիմէ Գանատա երթալու.

-Ո՛չ, տղաս,- ըսաւ Եփրեմ,- ես աս տարիքիս այդքան հեռու երկրի մը մէջ ի՞նչ ընեմ. եթէ կ՚ուզես ինծի օգտակար ըլլալ, գնա՛, տունն ու խանութը ծախէ: Ես Հայաստան կ՚երթամ, այդ գումարով ինչպէս որ ըլլայ՝ կ՚ապրիմ ինծի մնացած կեանքը, դուն ալ հանգիստ կ՚ըլլաս այդ կողմէն:

Սագոյին խնդրանքները չէր լսեր իսկ, նոյնիսկ Եփրեմիկին աղերսներուն ականջ չէր կախեր, կարծես կ՚ուզէր մենանալ, իր ցաւերուն, իր յուշերուն հետ մնալ, վերջին տարիներուն հարուածները մէկիկ-մէկիկ իր հասկացողութեամբ վերլուծել, մտմտալ... ու մանաւանդ բեռ չըլլալ տղուն, հարսին, թոռնիկին: Ինք, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին ոեւէ մէկուն ձեռք չէր երկարած, ոեւէ մէկուն օգնութեան պէտք չէր ունեցած, իր ճակտին քրտինքով ապրած ու հասած էր բոլորին, հիմա չէր կրնար նոյնիսկ երեւակայել ապրիլ տղուն տան մէջ...:

Եփրեմ պապիկ չէր սիրած Պէյրութը, մանաւանդ՝ լիբանանցիներուն սուրիացիներուն հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը, որ օր ըստ օրէ աւելի բացասական կ՚ըլլար կամ կեանքի հարուածներէն յոռետես դարձած՝ իրեն այդպէս կը թուէր:

Սուրիոյ պատերազմին պատճառով գաղթական սուրիացիները տարածուեցան ամէնուրեք՝ Եւրոպա, Թուրքիա, Լիբանան, Հայաստան...: Տարբեր խաւերու պատկանող սուրիացի մարդոցմով լեցուեցան այդ երկիրները. լաւերը չեն երեւիր այս պարագային, սպի մը կրնայ խանգարել ամբողջ պաստառին պատկերը եւ սպիներուն պատճառով տեղացիները սկսան սոսկալ գաղթականներէն, բայց նաեւ կարգ մը պետութիւններուն շահի աղբիւր եղաւ վրանաբնակ սուրիացիներու գոյութիւնը սահմաններուն վրայ: «Ահաբեկիչներու երկիր» կոչուեցաւ Սուրիան ու կը կոչուի տակաւին:

Օրն ի բուն լուրերուն հետեւելով կը պոռթկար Եփրեմ պապիկ, պոռթկումը պատկերաւոր արտայայտութիւններով երբեմն կը սպրդէր բերնէն.

-Ծօ մեզի՝ հայերուս ո՞վ պահեց, տուն տեղ տուաւ հարիւր տարի առաջ, դուք ո՞ւր էիք, ի՞նչ կ՚ընէիք, հիմա այդ ժողովուրդը ահաբեկի՞չ կը կոչէք...:

Կը պաշտպանէր իր ծննդավայրը եւ կ՚ուզէր օր առաջ Հայաստան փոխադրուիլ: Սագօն անսաց հօր որոշումին ու գնաց, տուն-խանութ ծախեց, հօրը կամքը կատարեց ու դարձաւ.

-Հալէպը շատ փոխուած է, պա՛պ,- պատմեց տարի մը առաջ Հալէպէն հեռացած Սագօն,- ժողովուրդին վարուելակերպը՝ նոյնպէս, մէկու մը հետ չես կրնար խօսիլ, հաղորդակցիլ. բան մը երբ հարցնես, պատասխանին առաջին նախադասութիւնը կ՚ըլլայ՝ «Դուն հոս չէիր, չես գիտեր մենք ի՞նչ վիճակներէ անցանք, չես ալ կրնար պատկերացնելե յարձակողական շեշտով կ՚ըսեն հարցումիդ պատասխանը տալէ առաջ: Շէնքերնիս մի քանի արաբ ընտանիք կը բնակին, իսկ միակ հայը՝ Անդրանիկ ամմօն վիրաւորական շեշտով կը խօսէր. այդ բարի, համբերատար մարդը նոյնիսկ փոխուած էր...:

Սագօն եւս ծննդավայրին վերջին հրաժեշտը տուաւ այդ օրը. կալուածները ծախելէն ետք ալ կապ չէր մնացած Հալէպի հետ: Համոզուած էր, որ ուրիշ տեղ պէտք է փնտռել կեանքի շարունակութիւնը եւ այդ տեղը Պէյրութ ալ չէր կրնար ըլլալ, իսկ սպասումը ահաւոր էր, դիմումէն ոչ մէկ պատասխան ստացած էր եւ ամիսները կը սահէին: Ահռելի գումար պէտք էր դիմանալու Լիբանանի սուղ պայմաններուն, մանաւանդ վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով աշխատանքն ալ նուազած էր, աշխատավարձը կիսուած, դրամի արժեզրկումը ամէն ինչ փոխած էր, իսկ ժողովուրդը փողոցները օր ու գիշեր ցոյցերու կ՚ելլէր. որքա՞ն կարելի է տոկալ, որքա՞ն կարելի է համբերել:

Եփրեմ պապիկ պատուհանին դէմ կանգնած Հանրապետութեան հրապարակի տօնածառը կը դիտէ, կէսօրը անցնելու վրայ է, փողոցը տօնական եռուզեռի մէջ է, ձիւնը տեղ-տեղ թափած կղմինտրէ կտուններուն սպիտակ գեղեցկութիւն մը կը պարգեւէ:

Ամիսն է հաշուեյարդարի, դեկտեմբերի վերջաւորութիւնը ո՞վ չ՚ապրիր անցեալի յուշերով, ո՞վ չ՚ըսեր՝ «Երնէկ այն օրերուն» նոյնիսկ անցեալի ցաւոտ օրերուն համար, ո՞վ չի փնտռեր հին քաղցրութիւն մը, համախմբում մը, յիշատակ մը, նուէր մը...:

-Այսօր Ալլան ալ պիտի չգայ, երէկ լոգցուց զիս, մաքրեց ամէն կողմ, ճաշերը պատրաստեց. ի՞նչ ըսել խեղճին, ինք ալ տուն-տեղ ունի, տօնական օրեր են, ճոխ ու հարուստ սեղանները պիտի զարդարեն՝ խոզի պուտը, քէօֆթէն, երշիկեղէնը, պանիրի տեսականին, խաւիարը, ձուկը... ի՞նչ գիտնամ, ինչպէ՞ս կ՚ուտեն այսքան խառն ճաշեր. մենք ալ պակասը չէինք Հալէպի մէջ, բայց ոչ, ասոնց չենք հասնիր, մանաւանդ խմիչքով ու նահապետական տնէ տուն պտտելու սովորութեամբ...:

Հեռաձայնին ձայնը կ՚ընդհատէ միտքերը պապիկին ու.

-Պա՛պ, այսօր Գանատայի դիմումէն մերժումի լուր առինք...

Կը լսէ միայն ու ընկալուչը ձեռքը պահած Սագոյին խօսքին շարունակութեան ուշադրութիւն չի դարձներ.

-Ծօ ձեզի չըսի՞ սուրիացին աշխարհի բոլոր կողմերէն մերժուած է, ա՜խ, ա՜խ...

Կը թափին պոռթկումնալից հնչիւնները ու մտմտուքներուն երանգը կը փոխուի. Սագոյին վիճակը կը սկսի պատկերացնել, նեղութիւնը, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ Եփրեմիկը, ի՞նչ պիտի ընեն Պէյրութի մէջ այս պայմաններուն...:

Յաջորդ առաւօտ ուրախ տրամադրութեամբ կ՚արթննայ պապիկը, անբացատրելի խանդավառութիւն մը կը վխտայ ներսիդին. աշխուժութեամբ տեղէն կ՚ելլէ, կը նախաճաշէ, դեղերը հերթականութեամբ կուլ կու տայ, ժամացոյցին կը նայի.

-Ալլան ինչո՞ւ ուշացաւ, երբեք չէ պատահած որ վայրկեան մը ուշանայ: Հիւա՞նդ է, հեռաձայնե՞մ, հապա եթէ ամուսինը կամ տղան պատասխանեն. օ՜ֆ, անոնց լեզուն չեմ հասկնար որ, չհասկցայ գնաց, Ալլան շատ լաւ կը հասկնայ զիս, ու հատիկ-հատիկ կը պատասխանէ՝ որ հասկնամ ըսածները:

Բարձրաձայն կը խորհի պապիկը ու հեռաձայնին զանգը տեսնելով հանգիստ շունչ մը կը քաշէ, Ալլան է՝ «Պապիկ ճան, մի երկու ժամից կը գամ, հիւանդ ունեմ» կը տեղեկացնէ:

Ծերունին հեռատեսիլին դէմ մրափած պահուն ձայներէն աչքերը կը բանայ, ու՝

-Խորոտի՜կ, խորոտիկ...: Պապի՛կ, մենք եկանք:

Դրան ետեւէն կը լսուի Եփրեմիկին ձայնը, որ հօրմէն ու մօրմէն առաջ բարձրացած էր ու անակնկալին սկիզբը ինք կ՚ուզէր վայելել:

Սագօ տեղեկացուցած էր հօր, սակայն նկատած, որ հայրը չէր լսած Հայաստան գալուն մասին ըսած խօսքերը եւ խնամակալին ալ տեղեկացուցած էր եւ զգուշացուցած, որ հօրը բան չըսէ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019