ՕՐԷՆՔՈՎ ՊԱՏԱՆԴ ԲՌՆԵԼ Կ՚ԸԼԼԱ՞Յ…

…Այդ ալ ինչպէ՛ս:

Տարուան հաշուեփակը ընելու պահուն, եթէ մեր աչքերը պտտցնենք աշխարհի քարտէսին վրայ, պիտի նկատենք, որ բոլոր ցամաքամասերու բնակիչներն ալ անմասն չմնացին բնական ու մարդակերտ աղէտներէ: Հրաբուխ, երկրաշարժ, անկէ յառաջացող ցունամի, տակաւին՝ երաշտ, փոթորիկներ, հրդեհներ, ողողումներ ու անոնց պատճառով՝ քանդումներ, զոհեր, վիրաւորներ, անպատսպարներ…

Իւրաքանչիւր բնական աղէտ կու գայ մարդ արարածներուս յիշեցնելու, որ դեռ չենք կրցած հասնիլ բնական աղէտները լիովին կանխատեսելու, հակակռշելու եւ յաղթահարելու դարաշրջանը:

Պահ մը մէկդի ձգենք այն հարցումը, թէ բնական աղէտներու յառաջացման մէջ մարդ արարածին անհեռատես արարքները ի՞նչ համեմատութեամբ բաժին ունին, չմտնենք կեսոլորտի ջերմացման իրականութեան ու անոր հետեւանքներուն-սպառնալիքներուն շուրջ բանավէճին մէջ, այլ մեր աչքերը սեւեռենք այն աղէտներուն ու պատուհասներուն, որոնք անվիճելիօրէն մարդակերտ են, անոնցմէ մաս մըն ալ կը ստեղծուի… օրէնքով:

Օրինակները բազմաթիւ են. կը բաւէ կանգ առնել այն աղէտներուն վրայ, որոնք օր աւուր կը ծագին… Սպիտակ տունէն (ոչ միակը): Հոս ալ կայ երկար պատմութիւն, սակայն պէտք չունինք երթալու մինչեւ ամերիկեան ցամաքամասի գիւտի օրերն ու յայտարարուած ու չյայտարարուած գաղութատիրութեան դարերը, ոչ ալ վերաքաղն ընենք վերջին քանի մը նախագահներուն աղէտալի «արգասիք»ին. կը բաւէ՝ իբրեւ բարացուցական օրինակ, վերցնել այժմու նախագահին վերջին շահատակութիւնը եւ անոր «շողարձակումները», որոնք օրէնքով պատանդի վիճակի մատնած են կառավարութիւնը, պետական սպասարկութիւններ, սակարանները եւ այս բոլորին նկատմամբ զգայազիրկ վիճակի մատնուած ժողովրդային զանգուածները:

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ տօնական օրերուն «աւետիս» մը տուաւ համակիրներուն ու հակառակորդներուն՝ յայտարարելով, որ կառավարութեան մասնակի անդամալուծութեան վերջ պիտի չդնէ, եթէ Մեքսիկայի սահմանին վրայ պատի մը կառուցման իր պահանջած պիւտճէն չվաւերացուի խորհրդարանին կողմէ: Մինչեւ իսկ իր կարգ մը կուսակիցները վրդովմունքով ընկալեցին այս կամակորութիւնը, որ իր անմիջական արձագանգը ունեցաւ ելեւմտական շուկային վրայ եւ արձակեց ձեռքերը կացութիւնը… չարաշահողներուն. սակերը օր մը վար սահեցան, յետոյ վեր թռան. եղան վնասուողներ, բայց նաեւ՝ շահողներ…

Նախ բանանք փոքր փակագիծ մը: Նախագահին այս վարմունքը մեզի յիշեցուց դէպք մը, որուն ականատես եղանք քանի մը տարի առաջ (նման դրուագի յաճախ ականատես կրնան ըլլալ մեզի նման հասարակ մահկանացուներ): Շուկայի մը մէջ հազիւ երեք-երեքուկէս տարեկան մանուկ մը ինքզինք բառացիօրէն գետին նետած էր ու ամբողջ ուժով կը ճչար, ոտքերն ու ձեռքերը գետին կը զարնէր՝ պահանջելով, որ մայրը գնէ իր պահանջած քաղցրեղէնը: Մարդիկ հաւաքուեցան անոնց շուրջ: Խեղճ մօր բոլոր ջանքերը, աղաչանքներն ու «հաճի՜ս»ները ի դերեւ ելան (անշուշտ ոչ ոքի միտքէն անցաւ, որ կարելի է հակամանկավարժական… ապտակով մը լռեցնել ու կարգի հրաւիրել անձեռնմխելի մանուկը, որովհետեւ նման արարք կրնայ անոր կեանքը քար ու քանդ ընել): Յուսահատ մայրը ի վերջոյ տեղի տուաւ, եւ մանուկը լռեց…

Հիմա ալ բանանք աւելի մեծ փակագիծ մը եւ հարց տանք, թէ նախագահն ու անոր փոքրաթիւ համախոհները ինչո՞ւ այսքան պնդագլուխ կամակորութեամբ կը պահանջեն շինութիւնը պատի մը, որուն անգործնականութիւնը ամէն կասկածէ վեր է: Հարց չտանք նաեւ, թէ նախագահը ինչո՞ւ հրաժարած է իր այն խոստումէն, որ Մեքսիկայի կառավարութենէն պիտի ապահովէր «ոճրագործներու եւ մաքսանենգներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլող» պատին պիւտճէն: Մեր հարցումները ճամբայ հանենք ուրիշ մեկնակէտերէ, որոնց մասին գրեթէ ոչինչ կը գրուի-կը խօսուի՝ ո՛չ պաշտօնապէս, ոչ ալ քօղարկուած կերպով:

Պատին համար նախագահը կը պահանջէ վաւերացումը աւելի քան 5 միլիառ տոլարի պիւտճէի մը, որ կրնայ նաեւ «պոչիկներ» ունենալ ապագային: Ու մեր առաջին հարցումը. որո՞նք նիւթական շահ պիտի ապահովեն այս ծրագիրին իրագործումէն: Իբրեւ նախաճաշակ՝ յիշենք, որ աւելի քան երկու ամիս առաջ նախագահը որոշեց շուրջ հինգ հազար զինուոր առաքել սահմանային խնդրոյ առարկայ գօտին: Այդ զինուորները պէտք ունին զէնքի ու զինական արդիական սարքերու, կացարանի, ամէնօրեայ սնունդի եւ պետական հազար ու մէկ հոգածութեան: Այս բոլորը ծախս եւ պիւտճէ կ՚ենթադրեն, ու յայտնի չէ, թէ նման «մանր ծախսեր» նկատի առնուա՞ծ են 5 միլիառի նախահաշիւին մէջ: Յամենայնդէպս վճարողը պիտի ըլլան շահատուրք վճարողները (ատենին, ամերիկեան բանակին Իրաք մուտքէն ետք չարաշահներու շահատակութիւնները պատմութիւն կերտեցին ու… պատմութեան մէջ ձգուած-մոռցուած են հիմա): Կառավարութեան «փակում»ին պատճառով եկամուտէ զրկուելու սպառնալիքին տակ եղողներ վստահաբար ուրախ չեն՝ մտածելով, որ եթէ եկամուտ չունենան, տուրք չեն վճարեր… (Իսկ նման «կողմնակի մանր հաշիւներ» երբեք ալ չեն հետաքրքրեր վճարող զանգուածները, որոնց համար հազար ու մէկ զբաղում կը ստեղծուի պատկերասփիւռի պաստառներէն):

Ո՛չ ոք կը մտածէ, որ երկիրը եւ վարչամեքենային մէկ մասը մատնուած են պատանդի վիճակի: Եթէ ահաբեկչական խմբակ մը դեսպան կամ պարզ մարդիկ առեւանգէ, զայն երկար ատեն պատանդ պահէ եւ փրկագին կամ քաղաքական տուրք պահանջէ, ամբողջ աշխարհը միահամուռ կերպով բողոքի ձայն կը բարձրացնէ, կը դատապարտէ առեւանգողը եւ արդար վճռակամութեամբ կը հաստատէ, որ ոճրագործներու հետ կարելի չէ բանակցիլ, անոնց պահաջներուն ընթացք տալ: Իսկ երբ պատանդ բռնողը նախագահ մըն է ու իր շահակիցներու խմբակը, բանակցութեան դռները լայն կը բացուին, դեմոկրատ ու հանրապետական՝ վարագոյրի ետին սակարկութեան կը նստին, իբր թէ երկիրը անելէ փրկելու միջոցներ կը հրապարակուին, եւ օր մըն ալ, ինչպէս քանիցս պատահեցաւ անցեալ տարիներուն, «համախոհութեան եզրեր» կը գտնուին. ոչ ոք յստակօրէն կը գիտնայ, թէ կարկանդակի բաժանման ի՞նչ տարազ գոյացաւ, ու մարդիկ կ՚ուրախանա՜ն, որ… ժողովրդավարութիւնը յաղթանակեց ի վերջոյ, լուծումներ գտնելու համար իմաստո՜ւն մարդիկ բիրտ միջոցներու չդիմեցին (չէ՞ք տեսներ, թէ ֆրանսացի ցուցարարները որքա՛ն յետամնաց են ու երկիրին պատճառած են միլիառներու վնաս):

Փակագիծը փակենք եւ շարունակենք հարցասիրութեան յագուրդ տալ: Այս զարգացումներուն դիմաց, որո՞ւ հոգը, թէ լատինամերիկեան երկիրներէ Մեքսիկայի ճամբով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործողներ կամ մտնել աշխատողներ քանի՞ զոհ տուած են, քանի՞ մանուկ մահացած է սահմանակից դարմանատուներու մէջ: Որո՞ւ հոգը, թէ բազմահազար գաղթողներ ինչո՞ւ կը լքեն իրենց երկիրը եւ հազար ու մէկ տառապանք աչք առնելով՝ կը հասնին ամերիկեան պատին առջեւ: Անշուշտ արդարօրէն մտածողներ կան, որ այս երկիրն ալ ի՛ր օրէնքները ունի, գաղթականներ ընդունելու պայմաններ կան, կարելի չէ բաց սահմաններ յայտարարել եւ թոյլ տալ, որ զոհն ու ոճրագործը հաւասարապէս ողողեն ամերիկեան քաղաքները (ուր, ի դէպ, բնակարանազուրկերու թիւը յարաճուն վերելքի մէջ է՝ կիսամիջոցներ որդեգրելու մղելով պետական սպասարկութիւններ): Լռութեան կամ անտեսումի կը մատնուին այն հրապարակումները, որոնք ցոյց կու տան, որ լատինամերիկեան խնդրոյ առարկայ երկիրներուն մէջ նոյնինքն Ուաշինկթընի բացայայտ կամ լուռ համախոհութեամբ ստեղծուած անմարդկային ու ոճրածին պայմանները փոքրամասնութեան մը կողմէ չարաշահումներն են բազմահազարներ գաղթի մղողը՝ ստեղծելով տագնապ մը, որ զերծ չէ… քաղաքական չարաշահումէ:

Բնականաբար կարելի է կարկինը տարածել դէպի այլ ցամաքամասեր, հասնիլ Ափրիկէ, Միջին Արեւելք՝ երթալ նաեւ դէպի արեւելք, տեսնելու համար, որ տարբեր երկիրներու եւ գօտիներու մէջ ինչպիսի՛ բացայայտ միջամտութիւններ պատճառ դարձած են վերջին տարիներու գաղթի յարաճուն ալիքներուն, որոնք անհատնում ցունամիի պէս կ՚ողողեն Եւրոպան, գաղթի ճամբուն վրայ հազարաւորներ ջրամոյն կ՚ըլլան կամ տեղ հասնելէ ետք, կողոպտուած ու անկարողութեան մատնուած՝ զիրենք հիւրընկալող երկիրներու մէջ կը մատնուին ասելի ու անասելի պատուհասներու, խայտառակ վիճակի: Լուսանցքի վրայ ձգուած հարցերէն մէկն ալ գաղթականներ փոխադրողներուն ապահոված շահերն են, որոնց հաշիւը ոչ ոք կը պահէ, ինչպէս որ չի պահուիր հաշիւը… Միջին Արեւելքի տագնապահար երկիրներուն պաշտօնական կողոպուտին:

Պատանդ բռնելու տարբեր ձեւեր կը ստեղծուին ու կը հնարուին ամէն օր, պետական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, օրէնք կիրարկելու ու ժողովուրդին կամքը կատարելու շղարշներով պատուած:

…Բնական աղէտները տագնապ կը ստեղծեն կարճ ժամանակի համար: Մարդակերտ պատուհասները ժամանակի սահմանափակում չունին, մանաւանդ որ զոհերը նոյնինքն դահիճներուն կողմէ կը մատնուին անկարողութեան, անդամալուծութեան, անոնց կը ներարկուի այն տեսակէտը, որ այդ բոլորը կ՚ըլլան իր անունով, իր շահերուն պաշտպանութեան համար:

Սուտին պոչը կրնայ երկարիլ, բայց՝ ոչ յաւիտենապէս:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

26 դեկտեմբեր 2018

Ուրբաթ, Յունուար 4, 2019