ՕԴԻՆ ՄԷՋ

Երազին մէջ պատշգամէն վար կախուեր էր։

Օդին մէջ էր։ Ոտքերը կախած, պարապութեան մէջ կը լողար. քաղաքին վրայ, քաղաքէն վեր։ Ոչինչ կար զինք բռնող, բայց նաեւ ո՛չ անկում, ո՛չ վախ հաւանական անկումէ։

Մոցարթի մեղեդիներէն մէկը լեցուցած էր քաղաքն ամբողջ, որ կարծես դատարկ էր, անմարդաբնակ, եւ անշարժ ամբողջովին։

Յանկարծ շրջուեցաւ ամէն ինչ, շէնքերը դարձան գլխիվար, եւ ուժգին շարժում մը սկսաւ։ Անկում։ Կ՚՚իյնար, կ՚իյնար, բայց ձեւով մը կիսատ։ Կ՚՚իյնար՝ միաժամանակ ինքզինքը վերը տեսնելով. փոքրացող, հեռացող, պատշգամէն կախուած ու երջանիկ, ինքն էր։ Եւ սարսափահար դէպի յատակը սուզուող, օդի ճնշման մէջ ուր որ է կորսուելիք, խամրելիք էակն ալ էր ինք։

Ինկողը խորունկ ցաւով խըղ-ճաց վերը կախուածին. «փոքր մարդ, խեղճ երեխայ եւ ոչնչութիւն»։ Ու տեսաւ անոր թանկարժէք կօշիկներէն մէկուն տակ մնացած կտոր մը շան կեղտը։ Ու տեսաւ թեւերուն տակ, անօթներու մասը ներկած քրտինքը անոր։ Եւ զզուանք մը եկաւ խառնուելու իր ահին։

Մինչ այդ, անկման հետ, անընդհատ յայտնութիւններ էին։

Մէյ մը տող մը՝ շեղագիր գրուած շէնքի պատին. «Եւ ի՞նչ կարծէիր կոր. քեզի ըսեր էի, չէ՞, պանանս տուր։ Չլսեցիր զիս. կորսնցուցինք զայն երկուքով»։

Յետոյ պատուհանէ մը ներս մայրը յանկարծ՝ թելն ու ասեղը ձեռքին, դագաղ մը զարդարելու համար ձեռագործ մը կը հիւսէր։

Ապա կապոյտ կանացի փէշ մը եկաւ հարուածեց դէմքը, ծածկեց աչքերը, փաթթուեցաւ վիզին, ու սկսաւ խեղդել զինք ուժգին, այնպէս, որ անոր սկզբնական անուշ բուրմունքն իսկ սկսաւ կորսուիլ, անհետիլ, մեռնիլ արդէն։

Արթնցաւ։

Արեւ էր։

Ամառը մօտ։

Մայրը պիտի այցելէ՞ր յունիսին։

Շունը բարձրացեր, նստեր էր փորին. աղերսալից աչքերով իրեն կը նայէր։

Հեռախօսը հոսանքազուրկ մնացեր՝ մարեր էր։ Ժամը քանի՞ էր։

Հա... ընկերոջ խնդրած գիրքը պէտք է վերադարձնէր այսօր։ Կ՚ընէր վերջապէս... երեւի...

Երէկ պէտք չէր երթար. անիմաստ հանդիպում էր, եւ անյոյս՝ ինչպէս միշտ։ «Բոլորին ուզածն ալ նոյնն է, իրենց եսի երջանկութիւնը կը փնտռեն...», մտածեց, ու ձեռքը տարաւ աչքերուն։ «Ռ.» եւ սրտիկ մը նկարուած էր ափին, կարմիր թանաքով։

Շունը մօտեցաւ դէմքին, լիզեց քիթն ու բերանը։

Ողնայարը քաշուեցաւ, ճաթռտաց, բարձրացաւ վեր ու ինկաւ դարձեալ անկողին։ Փակեց աչքերը։

Դանդաղ, զուսպ, եւ շատ հեռուէն, կշռոյթը կատարելապէս պահելով սկսաւ մօտենալ, ճանապարհ հարթել, եւ իրեն հասնիլ դարձեալ Մոցարթի մեղեդին...

ԵՐԱՄ

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020