ԳՈՅՆԵՐԸ

Սեւը մտադրած խանութէ խանութ շրջեցայ:

Սեւ: Անլոյս գոյն մը. ամենայարմարը այս օրերուն: Միակ անփոփոխ երանգը, որուն լոյսը չ՚ազդեր, չի կերպարանափոխեր, չ՚աղաւաղեր, չի մգացներ:

Հաստատակամութիւն կայ սեւին մէջ, կայունութիւն, զօրութիւն, բոլոր գոյները կլանող ուժ, նաեւ արդարութիւն՝ դատարաններու պաշտօնական տարազներէն, հոգեւորական դասու տարազներէն ենթադրաբար, բայց արդարութիւնը գո՞յ է արդեօք սեւազգեստներուն մէջ...:

Խաղաղութիւնը, հանգստութիւնն ու վստահութիւնը որոնող մը բռնած է բաց կապոյտ վերնաշապիկ մը: Որքա՜ն էական է մտքի հանգստութիւնը այս հոգառատ օրերուն, նաեւ հոգիի խաղաղութիւնը արհաւիրքներով, աղէտներով, հիւանդութեամբ լի առօրեային:

Բայց ինչպէ՞ս խաղաղիլ, ինչպէ՞ս հանգիստը, անդորրը վայելել՝ «պապաս մահացաւ»ը լսելով երիտասարդէ մը, որ տարիներէ ի վեր կը թափառի Հալէպէն Եւրոպաներ, Եւրոպաներէն հոս՝ Երեւան, յուսալով մօտալուտ ընտանեկան հանդիպման ու ահագնացող կարօտներու յագեցման. տարիներու աճումին հաղորդակից դարձնելու հօրը, որ զոհ գնաց անճարակ համաճարակին՝ գրկած անյագ կարօտներուն հոյլը... եւ իրեն պէս շատե՜ր:

Մինչ կապոյտը Կէօթէին համար հակառակ իմաստ ունէր: Կը պատմուի, թէ «Ֆաուսթ»ի եւ այլ մեծութիւններու ստեղծիչը տարբեր գոյներով ակնոցներ կը կրէր ստեղծագործութեան տրամադրութեանց համաձայն: Կապոյտը, ըստ իրեն, ճնշուածութիւն, յուսալքութիւն եւ տրամադրութեան անկում կը յառաջացնէ, իսկ դեղինն ու կարմիրը՝ տրամադրութիւն կը բարձրացնեն եւ ուժ կը հաղորդեն:

Դեղինն ու կարմիրը՝ արեւին՝ տիեզերքի բարիքներուն աղբիւրին երանգները, որուն լոյսով բոլոր գոյները կեանք կ՚առնեն: Երկինքէն կապոյտը ստացած գետը, լիճը, ծովը, ովկիանոսը դեղինին եւ կարմիրին հետ կանաչը կ՚ապրեցնեն, որ կեանքի գունեղ կաթիլներով շնորհակալութիւն կը յայտնէ կարծես տիեզերքին, իսկ զեփիւռը կը հիւսէ գունեղ կաթիլներուն անուշաբոյր մեղեդին:

Կարմիրը ինչե՜ր կը կրէ իր մէջ՝ խանդավառութիւն, որուն ներգործութեամբ գրգիռներ կը զարթնին. գիտնականը աւելի աշխոյժ կը յայտնաբերէ, գրողը կը ստեղծագործէ, շինարարը, նորարարը կը շէնցնեն, կը գեղեցկացնեն ամէնուր եւ դուն կը տեսնես, կ՚ապրիս, կը զգաս գրգիռին ներգործութիւնը գեղեցկութիւնները դիտելով, լսելով, կարդալով, սակայն ոմանք աւերներ կը գործեն, պատերազմներ կը ստեղծեն այդ նոյն խանդավառութեամբ, կը փլեն գեղեցիկը, կը քանդեն նորը, շքեղը, կը սպաննեն...:

Յիշենք դրախտի կարմիր խնձորը որպէս գայթակղութեան առարկայ եւ անոր հետեւանքները...:

Ո՞վ չի յիշեր գունային օղակը Նիութընի, ո՞ր աշակերտը չէ հրճուած օղակը դարձնելով, ուր կարմիր, դեղին, կապոյտ, կանաչ, նարնջագոյն, մանիշակագոյն երանգները զիրար ագուցած դառնալով կը միահիւսուին, կ՚ըլլան մէկ ամբողջութիւն, կը դառնան զուլալ, մաքուր, ճերմա՜կ՝ խաղաղաբեր աղաւնիին պէս: Որքա՜ն կը տքնէինք, որ հասնինք ճերմակին. կը ջանայինք, որ տեսնենք ճերմակը, հասնինք խաղաղութեան, իմաստութեան...: Այդ օրերուն խաղ կը թուէր կեանքի իրական պատկերը մեր ձեռքերուն մէջ:

Եւ...
Կաթիլ մը բարի խանդավառութիւնն ու սէրը խորհրդանշող կարմիր
Կաթիլ մը իմաստութիւնն ու խաղաղութիւնը խորհրդանշող ճերմակ
Կաթիլ մը վերածնունդը խորհրդանշող կանաչ
Կաթիլ մը լոյսն ու յոյսը՝ դեղին
Կաթիլ մը վստահութիւնն ու հանգստութիւնը՝ երկնակապոյտ
Կաթիլ մը սննդառատ հիմալայեան բիւրեղի վարդագոյն
Կաթիլ մը վեհին ուղին, շքեղը, յուզառատը խորհրդանշող՝ մանիշակագոյն
Կաթիլները սեւ վերնաշապիկին վրայ աւելի յստակացած կը ճչան, այն աստիճան որ որոշումս փոխել տուին եւ արդարութեան կառչած իրենց բարի ներգործութիւնը փափաքեցայ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2020