ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

ՇԱՆՏԸԼԻԷ-ՍԻԱ (CHANDELIER-SIA)

Աւստրալուհի երգչուհի Սիան այսօր ամենայայտնի եւ ամենաշատ վերաերգուող երգչուհիներէն մէկն է։ Որքան շատ կը մեծնար երգչուհիին շուքի մէջ մնալու ցանկութիւնը, այնքան կ՚աճէր երգչուհիին համբաւը։ Սիան հեղինակ-կատարող եւ միեւնոյն ժամանակ յայտնի երգչուհիներու համար յօրինումներ ընող երգահան էր, երբ գրեց «Շանտըլիէ» երգը։

Երգի ձայնագրումի պատմութիւնը հետաքրքրական է այն բանով, որ Սիան զայն գրած էր երգչուհի Ռիհաննայի համար, որուն համար աւելի առաջ գրած էր նաեւ «Տայմընտզ» երգը։ Երբ Սիան ցոյց տուաւ երգը Ռիհաննայի արտադրողներուն, անոնք չհաւնեցան զայն, անուանելով չափազանց ըմբոստ ու գռեհիկ երգ։ Երգը գիշերային ակումբներուն մէջ իր կեանքը անցընող աղջկայ մասին էր։

Ո՞վ կը համարձակէր երգել «Մէկ, երկու, երեք կը խմենք» եթէ ոչ Սիան։ Այդպէս ալ եղաւ։ Երգչուհին անձամբ երգեց երգը, որ մտաւ անոր «1000 forms of fear» ալպոմին մէջ իբրեւ առաջին երգը։ Երգին մասին խօսելու ատեն Սիան անգամ մը պատմեց․ «Երգը ընդհանուր առմամբ ինձմէ խլեց ոչ աւելի քան մէկ ժամ։ 4 վայրկեան տրամադրեցի աքորներուն վրայ, 10-15 վայրկեան տեւեց երգը գրելը, եւս 10 կամ 15 վայրկեան խլեց ձայնագրութիւնը։ Ահա եւ վերջ։ Երգը գիշերային ակումբներուն մէջ ժամանակը անցընող աղջիկներու անկանոն կեանքի մասին է։ Ան նման չէ իրմէ առաջ գրուած ոեւէ երգի։ Այդ էր պատճառը, որ Ռիհաննայի արտադրողներուն կողմէ մերժումը լսելէ ետք որոշեցի անձամբ երգել զայն։ Այդպէս ալ ըրի եւ ահա կը տեսնէք արդիւնքը»։

Երգի տեսահոլովակին մէջ սակայն, երգչուհին հրաժարեցաւ նկարահանուիլ։ Ան կը խուսափէր պաստառներուն վրայ երեւալէ եւ յայտնի անձ դառնալէ։ Անոր ցանկութիւնն էր պարզապէս երգել եւ ստեղծագործել։ Նոյնիսկ համերգներու ժամանակ ան յաճախ գլխուն տարբեր տեսակի գլխու զարդեր կամ կեղծամներ կը կրէ քիչ երեւելու համար։ Բայց ինչպէս պատահեցաւ Ատելի հետ, այս պարագային ալ նոյնպէս փառքն ու յայտնութիւնը գերազանցեցին անոնց շուքի մէջ մնալու ցանկութեան։

Տեսահոլովակին մէջ նկարահանուեցաւ 11-ամեայ Մետի Զիկլըր, որ կատարեց մանուկ Սիայի դերը հոլովակին մէջ։ Եթէ ուշադրութիւն դարձնէք հոլովակին, ան նկարահանուած է մերկ պատերով գրեթէ դատարկ սենեակի մէջ, ուր փոքրիկ աղջիկը ինքը իրեն զբաղում կը յօրինէ օրը անցընելու համար։ Երեւակայական է նոյնիսկ ընթրիքը։ Սիան կը պատմէ, որ այս տեսարանը ամբողջութեամբ վերցուած է իր մանկութենէն, ուր միայնակ ու անօթի բազմաթիւ երեկոներ ունեցած է։ Անոր ծնողները համերգներով շրջագայող երաժիշտներ եղած են, եւ յաճախ պատահած է, որ Սիան տունը մնացած է բացարձակ մենակութեան մէջ, երբեմն ալ՝ առանց ընթրիքի։ Եւ անոր սիրելի զբաղմունքը եղած է ձեւացնել, թէ կ՚ուտէ համեղ ճաշ, կամ կը խաղայ իր սիրելի ընկերներուն հետ։ Պարուսոյց Ռայն Հեֆինկթըն պարը բեմադրելու պահուն փորձած է կարելի եղածին չափ շատ արտացոլացնել Սիայի մանկութեան տեսարանները։

Տեսահոլովակը թողարկուելու առաջին իսկ շաբաթը հոլովակի դիտելիութիւնը եղած է 10 միլիոն, իսկ երեք ամ-սըւայ ընթացքին, ան մրցանիշային 100 միլիոն դիտում ունեցած է։

Երգը ունի չորս «Կրեմի» մրցանակ եւ 2 MTV Music Awards մրցանակ։

Սիան կը հանդիսանայ երիտասարդ սերունդի այն երգչուհիներէն, որոնք բացի իրենց հիանալի ձայնէն ու տաղանդէն, ունին նաեւ մեծ լսարաններ իրենց կողմը գրաւելու եւ սիրուելու հսկայ շնորհ։ Ան երիտասարդ երաժիշտներու կողմէ ամենաշատ վերաերգուող երգչուհիներէն մէկն է։ Իսկ Շանտըլիէ երգի վերափոխումներն ու վերաերգումները այնքան շատ են ու ոճապէս այնքան բազմազան, որ կարելի է ամբողջ համերգ մը կազմակերպել անով ու ժամեր շարունակ պահել հանդիսատեսի ուշադրութիւնը իր ոճային բազմազանութեան շնորհիւ։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2019