ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մարդը իբրեւ անհատականութիւն ներկայիս ամէն ժամանակներէ աւելի զարգացած է, բայց, միեւնոյն ժամանակ (մանաւանդ երկրորդ եւ երրորդ աշխարհի երկիրներու մէջ), աւելի քաղաքականացած է եւ ենթակայ՝ քաղաքական ղեկավարներու ու խմորումներու: Նախկին դարերուն մարդը իբրեւ անհատ ինքնին մեծ ու ազդեցիկ արժէք չէր ներկայացներ՝ նոյնիսկ յարաբերական զարգացած համարուած ընկերութիւններու մէջ:

Միջազգային քաղաքականութիւնները որքան ալ ամբաստանուին դաւադրական բնոյթներ ունենալու մէջ, փաստ է, որ անհատ-արարածը լրատուութեան ու մետիայի զարգացումով աւելի արժէք ստացաւ եւ անհատապէս ազնուացաւ, զարգացաւ եւ կրցաւ ազդել քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային բնագաւառներու վրայ:

Քաղաքականութեան ու մետիայի փոխկապակցութեան բնոյթն ու ուղեգիծը սերտողութեան մեծ նիւթ մըն է. միայն այստեղ կրնանք կեդրոնանալ ներկայ ժամանակներուն վրայ: Այժմ կան մետիայի մեծ մասնագէտներ եւ արդէն ձեւաւորուած են միլիառաւոր տոլաներու հասնող պիւտճէներով ընկերութիւններ, բայց անոնք այսպէս կամ այնպէս պետութիւններու կը պատկանին: Այո՛, կան կարծիքներ ու խմորումներ, որոնք կը խօսին ապագայ մետիայի ձեւաւորման շուրջ եւ, հաւանաբար, լրատուութիւնը (որ կապուած ու կախեալ է մասամբ թեքնոլոժիէն) ունենայ գրեթէ անկախ կառոյց, որ պետութիւններէն կախեալ չէ որեւէ կերպով՝ ինչպէս որ մասամբ մեծ ու միջազգային թեքնոլոժիք ու տնտեսական կազմակերպութիւնները կը ձգտին ըլլալ:

Ընդհանուր առմամբ, որեւէ քարոզչութիւն -իբրեւ բնոյթ- սերտօրէն կ՚առընչուի գաղափարախօսութիւններու, կրօններու, ընկերային բարքերու, ընկերաբանութեան եւ մշակութաբանութեան հետ: Առանց անոնց չկայ քարոզչութեան բովանդակութիւն, ոչ ալ քարոզչութեան մեքենայի մը վերածուելու իմաստը կ՚իրագործուի: Այս պատճառով մարդկութիւնը որքան ալ ազնուանայ, զարգանայ, գիտականանայ, կայ քարոզչական հոսք. ուրեմն անոր ետեւ կայ նպատակ տարածելու բան մը, արժէք մը, հաւատամք մը, իսկ եթէ շուկայավարման մակարդակով դիտենք հարցերը՝ կայ ապրանքներ տարածելու եւ անդադար ծախելու նպատակ մը եւ այլն:

Հիմնական հարց մը կայ հոս՝ լրատուութիւնը-մետիան քաղաքականութենէն հեռու առաքելութիւն ունի՞: Դժուար է պատասխանել այս հարցման, բայց եթէ իւթոփիք մօտեցում մը որդեգրենք, կրնանք ըսել, որ մետիան բացարձակ նպատակի մը հասնելու հենքով մարդկային իրաւունքներու եւ օրինականութեան ապահովման պէտք է ձգտի կամ նուազագոյնը փափաքի օգնել, որ բարձր եւ արդարամտական արժէքները կայանան եւ անոնց բովանդակութեամբ նպատակներ իրագործուին՝ առանց հատուածական շահերու: Այստեղ է, որ աշխարհի մեծ համարկումներու ու բացուածութեան կողքին տեւաբար եւ ամէն օր երեւան կու գան նոր հակասութիւններ ու խնդիրներ, որոնց լուծման համար մետիան ցարդ շատ մեծ դեր չունի, եթէ չըսենք հակառակը՝ կը սաստկացնէ զանոնք:

Ինչո՞ւ չի կրնար ընել՝ պարզ այն պատճառով, որ ներկայիս միաբեւեռ աշխարհի համակարգով որքան ալ ազատականացուած է անհատական, սեփական ու պետական լրատուութիւններն ու մետիան, տակաւին անոնք մեծ մրցակցական դաշտի մը մաս կը կազմեն եւ չեն կրցած համընդհանուր այսպէս ըսած՝ անկախ եւ արդար միջավայր մը ձեւաւորել: Այդ առաքելութեան մէջ է արդի մետիան, այսինքն եթէ իրմէ հանենք մրցակցութիւնը կամ հակադրուելու, դրժելու, ճշդացնելու, փաստելու եւ տարածելու ի դէմի գործադրուած բնոյթը, ինքնին մետիան գոյութիւն չ՚ունենար:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի...

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024