ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ…

Տասներեք տարի առաջ յօդուած մը գրած էի ՍԵՓԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՀԱՄԵՄ ՉԷ խորագրով: Հայերէնի նահանջով եւ այլասերումով, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մեր լեզուն եւ մշակոյթը առնուած են սեղմուող օղակի մը մէջ, հետեւաբար մեր գոյութիւնն իսկ՝ որպէս ինքնուրոյն ազգ: Յաճախ հայկական բովանդակութեան պակասով բնորոշուող կարգախօսային եւ դիրքապաշտական շահախնդրութիւնները ազգը կ՚առաջնորդեն անվերադարձի ճանապարհներով: Ամէն օր, անզգալաբար, մեղմութեաբ, յաջորդական պատշաճեցումներով, կը հեռանանք մեր արմատներէն:

Եւ մարդիկ, շարքային ըլլան թէ ղեկավար, բարենիշ կու տան մեր լեզուն եւ մշակոյթը համեմ դարձնելու ընթացքին եւ համեմ դարձնողներուն: Հայերէն բառերը կը փոխարինուին մուրացածոյ բառերով, հայերէն կը բարբառինք այնպէս ինչպէս հայերէն սորվելու ճիգ ընող չինացին, եւ ոչ ոք կ՚ահազանգէ: Այսպէս է ներսը եւ դուրսը: Զբաղած ենք տնտեսութեամբ, պետական եւ անհատական: Զբաղած ենք հայկական պարարուեստը ամերիկեանի մէջ ձուլելու յառաջդիմութեամբ: Հայերէն բառերով երգը ամբոխին կողմէ ընդունելի ըլլալու համար ոչինչ կը պահէ ազգային հաւատարմութենէ:

Այս բոլորը կը համարենք յառաջդիմութիւն: Հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերենք ոչ թէ հետեւելով ազգային քաղաքականութեան մը վարքագիծին, այլ՝ մարդորսական (prosélylitisme), հեռանալով ինքնութիւն կերտելու հիմնական արժէքներէ, սեփականի հարազատութենէ եւ գիտակցութենէ: Այլեւս չենք զարմանար եւ չենք բողոքեր, երբ աղճատուած եւ շնորհազուրկ հայերէնով էջ կը կարդանք, հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային հաղորդում կը լսենք, կամ բեմերէ հնչող օտարաբարբառ ճառերուն մէջ չես գիտեր ո՞ր յուզումին համար յայտնուող հայերէն ամբոխավարական բառ կամ տարազ կը ծափահարենք, դատարկ հիացումով:

Չեմ խօսիր սովորական դարձած այն երեւոյթին մասին, որ հայածնունդի մասնակցութիւնն է ոչ-հայկական մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան եւ քաղաքականութեան մէջ, մեզի պարգեւելով սնափառական գինովութիւն, առանց պահ մը մտածելու, որ դէմ յանդիման կը գտնուինք նոյն այդ հայածնունդի,- հայածնունդներու,- այլասերման: Եւ էսթէպլիշմընթները, կը վարեն, կը տնտեսեն քաղքենիական այս նահանջները, ոչ թէ ազգային ծառայութեան առաջադրանքով, այլ՝ շահադիտական եւ դիրքապաշտական նպատակներով: Դուրսը՝ այս ընթացքը կը բացատրուի եղածը փրկենքի (չ)իմաստութեամբ, ներսը՝ նպաստընկալի ակնկալութեամբ: Եւ կը խօսինք՝ ոչ թէ լուսաբանելու եւ լուսաբանուելու համար, այլ՝ իրականութիւնները թաքցնելու, թութակային կչկչոցով եւ բեմական լոյսերով:

Օտարախօսութիւն, օտարագրութիւն, լատինատառ հայերէնով հաղորդակցութիւն եւ հայերէնի օտար բառերով հետեւողականօրէն այլասերման անզսպելի դարձած ընթացք, համատեղ, մեր նոր ժամանակաշրջանի բազմաբնոյթ աղէտներն են, եւ ես ինծի հարց կու տամ, թէ ի վիճակի պիտի ըլլանք զանոնք յաղթահարելու եւ հարազատութիւն վերականգնելու: Մեր ժողովուրդի զանազան բնոյթի ղեկավարութիւնները, փուչիկները եւ դեռ մասամբ իրաւութիւն պահողները, հիմնական եւ վերականգնողական անհաճոյակատար նախաձեռնութիւններով հրապարակ չեն գար: Արդեօ՞ք եզրակացուած է, որ Ռիւպիկոնի միւս կողմը արդէն անցած ենք: Ինչպէ՞ս անցած չըլլանք, եթէ լեզու-ժառանգութեան կորուստը սովորական է, եւ մշակութային նահանջի յառաջացուցած ազգային-հոգեկան դատարկութիւնը՝ համատարած, տեղականի-տեղայնականի տիրապետութեամբ:

Համազգային իրաւ ղեկավարումի կարիք ունի ազգը, ներսը եւ դուրսը, այլապէս զանգուածները, կամ այդպէս ենթադրուածները, անատակ պիտի ըլլան այս կամ այն ձեւի խուսանաւումներով տոկալու եւ տեւելու:

Տասներեք տարի առաջ, Աւետիս Ահարոնեանի Մարսիլիա արտասանած վերջին եւ կիսատ մնացած ճառին անդրադարձած էի: Աւետիս Ահարոնեան եւ անոր պէս ուրիշներ կը մոռցուին, ո՞վ կը հետաքրքրուի անոնց ճառով եւ պատգամով: Պատգամ լսելու համար նուազագոյն խորք պէտք է պահած ըլլալ, չբաւաւարուիլ վարձու սենեակի նմանող լեզուներով եւ մշակոյթներով: Արդէն Աւետիս Ահարոնեան մոռցուած անցեալ է, շատերու կողմէ ալ մերժուած անցեալ, ինչպէս որ է իր լքուած դամբանը, մարդուն՝ որ Հայաստանի անկախացումէն ետք, որպէս առաջին Հանրապետութեան ներկայացուցիչ, Խաղաղութեան Վեհաժողովին, յանուն Հայաստանի պետութեան, առաջին անգամն ըլլալով միջազգային դաշնագիր ստորագրեց. Սեւրի դաշնագիրը: Ի դէպ, իննիսուն օր ետք, ազգերու ընտանիքին մեզ որպէս լիիրաւ ընդունած դաշնագրին 100-ամեակն է: Յիշեցում բոլորիս, ամեակներ սիրողներուն եւ մոռցողներուն:

Պէտք է լսել բեմին վրայ Աւետիս Ահարոնեանի լռած կիսատ մնացած պատգամը, այս օրերուն երբ համավարակի դէմ կը պայքարինք, պայքար՝ որ գումարուած է դամոկլեան սուրի պէս մեր գլխուն վրայ ճօճուող պատերազմական սպառնալիքներու:

Յանուն նրա, բոլոր միւս ազգերի պէս, մենք էլ մեզ պիտի զգանք միաձոյլ, պիտի դիմագրաւենք բոլոր տեսակի պատահարները, որովհետեւ մեր ժողովուրդը առանց մշակոյթի ոչինչ է եւ մահուան դատապարտուած: (Ընդգծ. Յ.Պ.)

Անմիջականը պսակաձեւ ժահրն է: (…): Նոյնքան անմիջական գոյութենական խնդիր է հայոց կամայ-ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեր ազգային խորքի ապամշակութացումը:

Ի՞նչ է մշակոյթը գաղթաշխարհի համար, եւ ի՞նչ է մշակոյթը հայրենիքի համար: Մշակոյթը անսահման մի բան է կապուած մի երկրի արեւին, հողին, ջրին, օդին, ցեղին եւ մարդկութեան: Առանց հողի մշակոյթ չկայ: …. Մեր մշակոյթի մէջ արեւը տարբեր է: Մեր բառերն արեւահամ են մեր ժողովուրդի բերնում, արեւը հոտ էլ ունի: Երբ հայ տանտիկինը հագուստներ է փռում չորացնելու, ասում է` արեւի հոտ ունի:

Յաճախ կ՚ըսեմ, որ պէտք է յաճախել մեծերու դպրոցը, լսել՝ խօսելէ եւ գործելէ առաջ:

Վերջնականապէս լռելէ առաջ, Աւետիս Ահարոնեանի արտսանած բառերը եթէ այսօր կարգախօս դարձնէինք, փոխանակ բարձրախօսներու գոռում-գոչիւնով խանդավառուելու եւ ծափերով գինովնալու, տարբեր կը զգայինք մենք մեզ, Հայաստան եւ միշտ աճող եւ միշտ տարտղնուող սփիւռք(ներ), նախանձախնդիր կ՚ըլլայինք մեր ինքնութեան, եւ անոր հունով մեր իրաւունքներուն եւ ապագային.

Մեր մշակոյթը կշիռն է նաեւ մեր կամքի ու թափի, մեր ուժի ու ճիգի: ՀԱՅ ԺՈ…ՂՈ…ՂՈ...:

Վերջին բառեր եւ խեղդուող ձայներ: Եւ Աւետիս Ահարոնեանի լռութիւնը:

Ան փոխանցած է աւանդը:

Կը պահե՞նք եւ ինչպէ՞ս պիտի պահենք աւանդը:

Այսօր կա՞յ Ահարոնեանի վերջին բառերը կրկնող եւ անոնց աւանդը պահող ժողովուրդ: Խօսքը ժողովուրդի մասին է, ոչ ամէն օր քիչ մը աւելի նօսրացող փոքրամասնութիւններու:

Անկեղծութեամբ պէտք է ըսել՝ ներսը եւ դուրսը:

Ո՞վ եւ որոնք են պատասխանատու: Փոխանակ լամբակներ զարդարելու, ինչո՞ւ զանոնք չենք դատափետեր, ի՞նչ շահելու համար…

Տնարգելութեան դատապարտուածի տրտունջներ չեն այս խօսքերը, այլ՝ իրատեսութեան հունով աճող յոռետեսութիւն:

Համահայկական տեսիլքի եւ ղեկավարումի հարց ունինք, բայց կը շարունակենք քալել չանհանգստացնող կոխուած ուղիներէ:

Միշտ՝ ներսը եւ դուրսը:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020