ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ ԼԱՐՈՒԱԾ… ԲԱՆԱԼԻՆ ԹՐԱՄՓԻ ՄՕՏ Է

Բանակցութիւններու կարեւոր փուլ՝ Աստանայի մէջ…

Յառաջիկայ շաբաթներուն Սուրիոյ տագնապին առընթեր կարեւոր զարգացումներու կը սպասուին։ Մինչ Աստանայի մէջ արդէն իսկ ընթացք առած է «Աստանա-13» յայտնի համաժողովը, անդին մէկէ աւելի սուրիացի վերլուծաբաններ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ մասնաւորապէս այս ժողովէն պիտի բխի Սուրիոյ համար նախատեսուած նոր սահմանդրութիւն կազմելու յանցնախումբը։

Ի դէպ, մինչ կը պատրաստուէի այս յօդուածը պատրաստել, լրատուական աղբիւրներ տեղեկութիւններ կը տարածէին այն մասին, թէ յատկապէս Իտլիպի մէջ արդէն իսկ գործադրութեան դրուած է հրադադարը, որ կը նշանակէ, թէ Իտլիպի մէջ գործող զինեալներ ընդունած են Դամասկոսի կողմէ ներկայացուած հիմնական նախապայմանները։

Այդ նախապայմանները կը վերաբերին Իտլիպէն ծանր զէնքերու հեռացումը. բան մը՝ որ նոյնպէս պիտի նպաստէ հին ծրագիրը ոտքի հանելու։ Այդ ծրագիրը անշուշտ կապ ունի Սուրիոյ ամենէն լարուած՝ Իտլիպի մէջ հրադադարի ամրացման, հետեւաբար նաեւ հարցերը քաղաքական ճանապարհով լուծելու հաւանականութեան բարձրացման։

Իտլիպի խնդրով անշուշտ կարեւոր դերակատարութիւն ունի Անգարան, որ այսօր կը համարուի շրջանին մէջ խօսք եւ կշիռ ունեցող հիմնական կողմ։

Մենք արդէն գիտենք, որ Սուրիոյ տագնապին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցող Արաբական ծոցի երկիրները ի՛նչ ընթացքով եւ դանդաղ քայլերով դուրս եկան Սուրիոյ տագնապէն՝ առիթ տալով, որ հիմնարար խաղացողները փոխեն իրենց անունն ու դերակատարութիւնը։

Օրինակ՝ Սէուտական Արաբիան, որ կը համարուէր ընդդիմադիր զինեալներու գլխաւոր նեցուկը ապահովող կողմ, այսօր արդէն կորսնցուցած է իր դերը եւ նոյնիսկ հետաքրքրուած չէ, թէ ի՛նչ ճակատագիր «պիտի տնօրինուի» Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատին։ Ռիատի սուրիական խաղէն դուրս գալը անշուշտ կը նշանակէ, որ անոր դաշնակիցները եւս, որոնք դրամական մեծ միջոցներ կը յատկացնէին, վաղուց արդէն հեռացած են սուրիական գետինէն։

Այս բոլորի կողքին ուրեմն, աւելի քան բնական է, որ բացակայողներուն տեղը պիտի լեցնեն այլ ուժեր, որոնց առաջնայինը անշուշտ Ռուսաստանն է։

Ուրեմն այս բոլորէն ետք յստակ սկսած է դառնալ, որ Սուրիոյ այսօրուան զարգացումներուն մէջ կարեւորագոյն դերերը վերցուցած են վեց հիմնական կողմեր։

Բացի Մոսկուայէն, բնականար, երկրորդ կարեւոր կողմն է Դամասկոսը, որուն կը յաջորդէ՝ Իրանը, որմէ ետք Անգարան ու աւարտին՝ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ կարեւոր գործօն համարուող քրտական խմբաւորումները, որոնք ինչ որ տեղ կը համարուին Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիմնական «ձեռք»երը։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ մօտիկ անցեալին «Ալ Նուսրա» անունով յայտնի եւ այսօր հանրութեան «Հայիաթ թահրիր ալ Շամ» անունով ներկայացող խմբաւորումը, որուն ազդեցութեան հիմնական կեդրոնը Իտլիպն է։

Ուրեմն այն ինչ, որ պիտի «ծնի», պիտի կատարուի այս խաղացողներուն միջեւ ընթացող «շուկաներ»ուն իբրեւ արդիւնք, որմէ ետք է միայն, որ մէջտեղ պիտի հանուի Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը, որ անշուշտ տագնապը քաղաքական փուլի մը առաջնորդելու միտուած ամենակարեւոր քայլն է։

Այս բոլորէն անդին եւ վերջին զարգացումներու լոյսին տակ հարկ է հաշուի առնել Սուրիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտի կատարած վերջին յայտարարութիւնները, որոնք կարեւոր ուղենշային կէտեր կը պարունակեն Ամերիկայի կողմէ Սուրիոյ վերաբերեալ որդեգրուելիք յառաջիկայ հաւանական ուղեգիծին մասին։

Այսպէս, Ֆորտ խօսելով Պեշար Էսատի մասին՝ նկատել կու տայ, որ ամերիկեան վարչամեքենային համար ձեւով մը «ընդունելի» սկսած է դառնալ այն, ինչ որ Էսատ պիտի շարունակէ ղեկավարել Սուրիան, մինչեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններ։

Այս յայտարարութիւնը անշուշտ բառացի իմաստով պէտք չէ ընկալել, միայն թէ աւելի քան յստակ է ու բոլոր կողմերուն համար պարզ, որ արեւմտեան ուժերուն համար Պեշար Էսատը գահընկէց ընելու բոլոր ծրագրերը, եթէ նոյնիսկ չեն ջնջուած, ապա յետաձգուած են։

Սա նաեւ կը նշանակէ «հաշտուիլ» ներկայ պահու դրութեան հետ ու նաեւ ընդունիլ, որ պաշտօնական Դամասկոս կրնայ եւ պէտք է կեդրոնական դեր մ՚ունենայ Սուրիոյ համար նախատեսուող քաղաքական որեւէ լուծման համար։

Անշուշտ այս բոլորին զուգահեռ, Սուրիոյ հարցերը վերլուծողներուն համար պարզ սկսած է դառնալ, թէ երկրին մէջ կայ տնտեսական սուր տագնապ, որ տեղ մը կը փորձէ կապել Սուրիոյ իշխանութեան ձեռքերը ու նոյն առումով ալ կ՚արգելակէ երկրի զանազան հատուածներու մէջ վիրաբուժական քայլեր առնելու ամէն տեսակի փորձերն ու հեռանկարները։

Ի միջի այլոց, Էսատի դէմ մղուող տնտեսական պատերազմին թելը կը հասնի մինչեւ Պարսից ծոց, ուր Միացեալ Նահանգներն ու Մեծն Բրիտանիան մեծագոյն ճիգեր կ՚իրականացնեն կտրելու համար Իրանի դէպի Սուրիա օժանդակութեան որեւէ միջոց։ Այս առումով ալ արեւմտեան տէրութիւնները կ՚ուզեն հաւատալ, որ նաւթէն զրկելով՝ պիտի կարողանան ինչ որ զիջումներ կորզել Էսատէն, նաեւ արգելակել անոր բանակին յաջողութիւնները, մասնաւորապէս, Համայի կարգ մը շրջաններուն մէջ։

ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՆՈ՞Ր ՔԱՅԼ

Այսօրուան Սուրիոյ ընդհանուր դրութեան մասին խօսելով պէտք է յստակօրէն ընդգծել, որ ռազմական առումով կան առնուազն երեք թէժ շրջաններ, որոնցմէ կարելի է համարել Սուրիա-Թուրքիա սահմանային ամբողջ հատուածը, որուն մասին ալ Անգարա ունի յստակ տեսակէտ։ Հետեւաբար, այդ հատուածներուն վրայ այսօր երեւելի դարձած լարուածութիւնը նորութիւն մը չէ։ Մենք լաւ կը յիշենք, որ Թուրքիան ինչպէս երկու ռազմական մեծ գործողութիւններ իրականացուց, փորձելով ամէն գնով լայնցնել իր ապահովական գօտին, նաեւ ծանր հարուած տալ այդ շրջաններուն մէջ ինքնավարութիւն ստեղծել փորձող քրտական ռազմական ներկայութեան։

Յստակ էր նաեւ, որ Թուրքիան կարողացաւ այս բոլորը իրագործել, որովհետեւ Սուրիան կը գտնուէր բարդ դրութեան մը մէջ, իսկ շրջանի քիւրտերը մերժելով Սուրիոյ բանակին միջամտութիւնը, առիթ կը ստեղծէին, որ շրջանէն ներս տեղի ունենան ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններ։

Արդեօք Թուրքիան կը պատրաստուի՞ ռազմական նոր գործողութեան, կամ արդեօք թրքական ուժերը պիտի կարողանա՞ն խաղէն դուրս քշել քրտական ռազմական միաւորը։

Պատասխանը դեռ յստակ չէ. սակայն այս առումով ալ պէտք է անպայման հաշուի առնել, թէ Սուրիան շատ մօտ է հարցերը քաղաքական մակարդակի վրայ լուծելու փուլին, յետոյ սկսած է յայտնի դառնալ, որ Աֆրինի իյնալէն ետք, մասնաւորապէս արեւմտեան ուժերուն համար, այդ հատուածներուն մէջ քիւրտերուն ոտնակոխ ըլլալը այլեւս ձեռնտու չէ։

ԹԻՒ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԱՐԸ՝ ԱՄԵՐԻԿԱՆ

Մեր մտքերուն մէջ թարմ է տակաւին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ հնչած խօսքերը, երբ ան կը յայտարարէր, որ իրենք մտադիր են Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներէն ներս տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը հեռացնել։ Այդ յայտարարութիւնները պատճառ կը դառնային, որ Սուրիոյ քիւրտերուն մասին վերլուծումներ կատարող դէտեր յանգին այն եզրակացութեան, թէ ամերիկացիք քիւրտերը «ծախեցին», սակայն աւելի ուշ արձանագրուած դէպքերը, որոնց ծայրը կը հասնի մինչեւ մեր այս օրը, ցոյց տուին, որ իրականութիւնը ենթադրութենէն շատ հեռու է...

Մէկ կողմէ ամերիկեան ուժերուն այդ շրջաններուն մէջ մնալը, միւս կողմէ քիւրտ ղեկավարութեան առկայ հիմնահարցերուն հանդէպ ցոյց տուած պինդ կեցուածքը ցոյց կու տան, որ Անգարայի դիմաց առկայ գլխաւոր պատուարը, նոյնինքն ամերիկացիներն են...

Քաղաքական ու ռազմական առումով ամերիկացիք կը շարունակեն քիւրտերուն տէր կանգնիլ ու միւս կողմէ ալ Մոսկուա-Անգարա զուտ շահադիտական համագործակցութիւնը յաւելեալ պատճառ դարձած է, որ Թրամփի վարչակարգը «տասը չափէ եւ մէկ կտրէ»...

Այս բոլորէն անդին, մենք նաեւ ականատես կը դառնանք, որ յատկապէս Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ «ապահովական գօտի» մը ստեղծելու վերաբերեալ ալ ամերիկացիք կ՚ընդունին բաւական կարծր դիրքեր, որոնց հիմնական նպատակն է ամրացնել այդ շրջանի քիւրտերու դիրքերը։

Հարկ է նշել, որ ռազմական պատկերի վրայ կատարուած թրքական շարժումներուն զուգընթաց, Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վերջերս հանդիպում մը կ՚ունենար Սուրիոյ հարցերով ամերիկացի բանագնաց Ճէյմս Ճեֆրիին հետ։ Ըստ թրքական աղբիւրներու, այդ հանդիպման գլխաւոր նիւթը յատկացուած էր Սուրիոյ հիւսիսի մէջ ընթացող զարգացումներուն:

Ի վերջոյ, կարեւոր է նկատել, որ Ուաշինկթըն կը գիտակցի, թէ այս փուլին նոր արիւնահեղութեան կարիք չկայ, ինչպէս նաեւ ցած ձայնով ըսելով, որ քիւրտերը կարեւոր գործօն են սուրիական մեծ խաղադաշտին վրայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019