ՇԱԲԱԹ ՄԸ ԾՈՎՈՒ ՎՐԱՅ

Արձակուրդով Ալասքա երթալու ժամանակ, շաբաթ մը ծովու վրայ հաճելի օրեր անցուցինք ընտանիքս ու ես: Այդ շաբթուան ընթացքին, դիտումնաւոր, աշխարհէն կտրուած էի: Չէի ուզեր ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել: Շքեղ զբօսանաւուն վրայ, տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ մեր մոլորակին վրայ: Զբօսանաւուն վերելակներուն գետնի գորգերը ամէն օր կը փոխարինուէին այդ օրուան անունը կրող տարբեր գորգով մը, որ մեզի յիշեցնէր շաբթուան ո՛ր օրը ըլլալը: Բջիջային հեռաձայնս անջատած ու վերցուցած էի: Շաբթուան մը համար կ՚ուզէի «բուժուիլ» 21-րդ դարու վարակիչ հիւանդութենէն: Ամբողջ տարուան մը աշխատանքիս արդար հանգիստը կ՚ուզէի վայելել:

Յիշեցի Վրթանէս Փափազեանի «Շաթաթ մը ծառի վրայ» պատմուածքը, որուն մէջ հեղինակը կը պատմէ, որ շաբաթ մը ծառի մը վրայ անցընելուն պատճառով իր մէջ արթնցած էր կարդալու սէրը: Իմ պարագայիս, պատահեցաւ հակառակը: Շաբաթ մը ծովու վրայ գտնուիլս պատճառ դարձաւ, որ կտրուիմ աշխարհէն: Տեղեակ չէի աշխարհի, ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ կատարուած իրադարձութիւններէն՝ այնպիսի ժամանակի մը, երբ իւրաքանչիւր օր լաւ կամ գէշ նորութիւններով լեցուն է մեր հայրեիքը:

Նաւուն ճամբայ ելլելու ազդանշանը տալէն կէս ժամ ուշացումով է, որ նաւը վերցուց իր խարիսխը ու Խաղաղական ովկիանոսի «խաղաղ» ջուրերը կտրելով՝ Ուաշինկթըն նահանգի Սիէթըլի նաւահանգիստէն ճամբայ ելանք դէպի հարաւային Ալասքա:

Աւելի ուշ իմացանք ուշացումին պատճառը, եւ առաջին իսկ վայրկեանէն անտրամադիր սկսաւ արձակուրդս:

Զբօսանաւուն մեկնումին քանի մը վայրկեան մնացած՝ ճամբորդներէն մէկուն անհանգըս-տութեան պատճառով ստիպուած եղած են ամենաարագ ձեւով, ուղղադիրով զայն փոխադրել հիւանդանոց մը:

Անմիջապէս յիշեցի, որ տասնամեակ մը առաջ, մեր արձակուրդի վայրը հասնելուն յաջորդ օրն իսկ, մեծ քոյրս՝ Ալիսը, արկածի մը պատճառով փոխադրուեցաւ մօտակայ հիւանդանոց մը, ուր 17 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, իր անկենդան մարմինը միայն վերադարձուեցաւ Լոս Անճելըս:

Տեղեակ չեմ, թէ ի՛նչ եղաւ վախճանը այդ խեղճ ճամբորդին: Միայն մէկ բան յստակ է: Բոլորս ցաւեցանք, սակայն կարճ ժամանակ ետք ամէն մարդ արդէն մոռցած էր այդ տխուր դէպքը: Ո՛չ ոք, ներառեալ՝ այս տողերը գրողը, չբաժնեց անոր ընտանիքին վիշտը: Զբօսանաւուն մէջի անհատնում վայելքները մեզ մոռցնել տուին անոնց ապրած հոգեվիճակը:

«Կրակը ինկած տեղը կ՚այրէ»:

***

Եւրոպական-ամերիկեան զբօսանաւուն վրայի 800-է աւելի անձնակազմին 99 տոկոսը եկած է Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Ֆիլիփինէն կամ ասիական այլ երկիրներէ: Բոլորը չքաւոր դասակարգի մարդիկ են, որոնք տարուան 9 ամիսը կ՚անցընեն նաւու վրայ, շաբաթը 7 օր աշխատելով, հեռու՝ իրենց ընտանիքներէն ու հարազատներէն:

Անմիջապէս կը զգաս դասակարգերու տարբերութիւնը: Նաւուն վրայ չկայ միջին դասակարգ: Կայ ունեւոր եւ … չունեւոր: Այդ մէկ շաբթուան ընթացքին, զբօսաշրջիկները, բոլորը անխտիր, «հարուստ» դասակարգին կը պատկանին: Բնաւ կարեւոր չէ, թէ նախքան այդ զբօսանաւուն վրայ գտնուիլը կամ հոնկէ մեկնելէ ետք, ի՛նչ էր իրենց նիւթական վիճակը: Կրնայ ըլլալ, որ անոնցմէ շատեր հեռու են «հարուստ» կոչուելէ, սակայն հոն՝ նաւուն վրայ, բոլորը անխտիր հարուստի մը կեանքը կը վայելեն, մինչ խեղճ սպասեակները օրն ի բուն կը փորձեն կարելի եղածին չափ գոհ ձգել զբօսաշրջիկները:

Անմիջապէս նմանութիւն մը կը գտնեմ մեր հայրենիքին հետ, ուր միջին դասակարգ գոյութիւն չունի ներկայիս:

Վերանկախացումէն քանի մը տարի ետք ղեկավար դասակարգը եւ անոնց անմիջական ընտանեկան պարագաները դարձան մեծահարուստներ, անդին՝ միջին  դասակարգի վիճակը օրէ օր վատթարացաւ եւ չքաւորներու թիւը շատ արագ մեծցաւ: Մեծ է թիւը ընտանիքին նիւթականը ապահովելու համար  Ռուսաստան կամ այլ երկիրներ մեկնողներուն, յար եւ նման հայկական գաւառներէն Պոլիս գացող հայ պանդուխտներուն, կամ՝ նաւուն վրայի աշխատաւորներուն:

Մարդկային անարդարութիւն:

Քանի մը օր ետք հասանք Ալասքայի մեր ցանկին վրայի այցելելիք 4 քաղաքներէն առաջինը: Ճունօ:

Օրերով ցամաքի երես չէինք տեսած: Ամէն կողմ՝ կապոյտ ջուր, եւ յաճախ նոյնիսկ նաւուն յառաջանալը չէինք զգար: Լաս Վեկասի ամենաշքեղ քազինօ-պանդոկներէն մէկուն մէջ կը թուէինք ըլլալ, անհատնում զուարճալիքներով:

Գեղեցիկ քաղաք է Ճունոն: Գեղեցիկ է ամբողջ Ալասքան՝ իր լիճերով ու լեռներով:

Քանի մը տարի տարբերութեամբ, այս երկրորդ այցելութիւնս էր Ալասքա: Նախապէս այցելած էինք հիւսիսային մասը եւ հոն ինքնաշարժ մը վարձելով՝ շրջած էինք ամբողջ Ալասքան:

Մանկութեանս Ալասքան կ՚երեւակայէի անհատնում ձիւնածածկ տարածք մը: Այդպէս չէր: Օգոստոս ամիսն էր եւ ջերմաստիճանը՝ տանելի: Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ մայրաքաղաք Էնքրիճի օդակայանէն դուրս ելանք, որովհետեւ երեւակայածէս բոլորովին տարբեր քաղաք մը պարզուեցաւ մեր աչքերուն դիմաց:

«Կարծես Ամերիկա ըլլար»՝ կատակելով ըսի կնոջս: Բարձր շէնքեր, լայն պողոտաներ:

«Ներկայիս Ամերիկա է, նախապէս Ռուսաստանի մաս կը կազմէր», յիշեցուց կինս: Ամերիկայի միւս նահանգներէն միակ տարբերութիւնը օրուան մեծ մասը տակաւին լոյս ըլլալն էր: Կէս գիշերը անց էր, եւ տակաւին արեւը չէր պահուըտած հորիզոնի ետին, իսկ արեւածագը՝ կէս գիշերէն քանի մը ժամ ետք էր միայն:

Շրջելով տարբեր վայրեր՝ որոշ տեղեկութիւններ քաղած էի, թէ ինչպէ՛ս նախ գրաւուած է ռուսերու կողմէ, տարիներ եղած է ռուսական հող:

19-րդ դարու կէսերուն Ռուսաստան նիւթական նեղ կացութեան մէջ գտնուելուն պատճառով, 1867-ին, ամերիկացիք գնած են Ալասքան՝ փոխարէնը վճարելով 7.2 միլիոն տոլար: Ծերակուտականներէն շատեր դէմ կեցած են այդ գաղափարին՝ ըսելով, որ Ալասքայի սառոյցներուն համար կ՚արժէ՞ այդքան «մեծ» գումար վճարել: Այդ շրջանին սկսած է սառոյցի վաճառականութիւնը: Տակաւին սառնարանի գիւտը չէր եղած, եւ սառոյցի արտածումը դէպի Ամերիկայի տարբեր նահանգներ՝ բաւական շահաբեր եղած է այդ տարիներուն:

Այս անգամուան այցելութեանս ներկայ գտնուեցանք բնիկներու ազգագրական պարերու ելոյթի մը, որմէ ետք պարախումբին անդամները ներկայ զբօսաշրջիկներուն առիթը տուին իրենց հետ նկարուելու, սակայն ես, փոխարէնը, առիթը ստեղծեցի հարցուփորձելու բնիկ ալասքացի կին մը, որմէ քաղեցի քանի մը յաւելեալ տեղեկութիւններ՝ իրենց ներկայի եւ անցեալի կենցաղի մասին:

Ալասքայի բնիկները այսօր իրենց իսկ հողերուն վրայ փոքրամասնութիւն են:

Սկզբնական շրջանին մերժած են իրենց զաւակները դպրոց ուղարկել, որպէսզի անոնք չսորվին դուրսէն ժամանողներու լեզուն, սակայն ժամանակ մը ետք տեղի տուած են, երբ իրենց առիթ տրուած է  շաբաթը մէկ կամ երկու պահ դասաւանդելու իրենց մայրենին:

Ներկայիս բնիկներու լեզուին դասաւանդումը արգիլուած է:  Թիւով քիչ են, եւ հազուագիւտ են իրենց մայրենիին ծանօթները: Որոշ թիւով մարդիկ կը փորձեն պահպանել իրենց մշակոյթին գէթ մէկ մասը: Ազգագրական պարերը եւ փայտի վրայ փորագրուած արձաններու  յաճախ կը հանդիպինք  քիչ մը ամէն տեղ, յատկապէս փորագրուած՝ ծառերու վրայ:

Մանկամարդ ալասքացի կնոջմէն ստացայ թղթիկ մը, որուն վրայ գրուած է քանի մը նմոյշ իրենց գրեթէ անհետացած լեզուէն եւ անոնց անգլերէնի թարգմանութիւնը:

Կունալչեշ (Շնորհակալ եմ)

Ոուասա իյաթի (Ինչպէ՞ս ես)

Եա՛քէյի (Լաւ)

Ախխունի (Ընկերս)

***

Վերադարձանք զբօսանաւ: Շատեր ուղղուեցան դէպի նաւուն քազինոն, ուրիշներ լողաւազան, իսկ ես բարձրանալով նաւուն ամենաբարձր աշտարակը, արեւուն տակ երկնցած, դիտելով Խաղաղական ովկիանոսի կապոյտ ջուրերը, խոկացի ու երեւակայութիւնս գնաց հեռուները, մինչեւ՝ մեր պապենական հողերը, եւ բաղդատական մը ըրի հայերուս եւ Ալասքայի բնիկներուն միջեւ:

Երկու իրաւազրկուած ազգեր:

Մենք՝ հեռու մեր հողերէն, ցրուած աշխարհի չորս ծագերը, սակայն բարեբախտաբար ունինք փոքր տարածութեամբ հայրենիք մը(…):

Ալասքայի բնիկները տակաւին իրենց պապենական հողերու վրայ են, սակայն կորսնցուցած են իրենց լեզուն ու մշակոյթը:

Քանի մը ծաղիկով գարուն չի գար:

***

Շաբաթ մը առաջ «Վանայ Ձայն»էն յուզումով ունկնդրեցի հարցազրոյց մը՝ քանի մը ՀՄԸՄ-ականներու հետ, որոնք որպէս ուխտաւորներ՝ բարձրացած էին Արարատ լեռը: Վստահաբար քիւրտեր եղած էին իրենց առաջնորդները:

Մե՛ր Արարատը, հայո՛ց Արարատը բարձրանալու համար պարտաւոր ենք դիմելու քիւրտերու: (…) Ալասքայի սիգապանծ լեռները բարձրանալու համար բնիկ ալասքացին կարիքը չի զգար իր երկիրը բռնագրաւած մարդոց հրամանին կամ առաջնորդութեան:

Ալասքայի ժողովուրդը իր իսկ հողերուն վրայ փոքրամասնութիւն է, եւ նոյնիսկ արտօնուած չէ  դպրոցներու մէջ իրենց մայրենիին դասաւանդուիլը:

Ամէն հայ, բնականաբար, պիտի ցանկանար ապրիլ իր պապենական հողերու վրայ, սակայն ո՛չ այնպէս, ինչպէս՝ Ալասքայի բնիկները, որոնք կորսնցուցած են իրենց լեզուն եւ դարձած՝ ամերիկացիներ:

Ո՞վ աւելի բախտաւոր է: Իր լեզուն ու մշակոյթը կորսնցուցած, իր հողերուն վրայ բնակող բնիկ ալասքացի՞ն, թէ՞ մենք՝ հայերս, աշխարհով մէկ ցիր ու ցան, սակայն տակաւին կը պահենք մեր լեզուն ու մշակոյթը, մեր կրօնը, մեր եկեղեցին: Ունինք փոքր, շա՛տ փոքր հայրենիք մը, որ Հայաստան կը կոչուի, եւ ամենակարեւորը՝ ունինք յոյսն ու հաւատքը, որ ուշ կամ կանուխ, պիտի տեսնենք միացեալ, ազատ անկախ Հայաստանը: (…)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2018