ԴԵՂԱԳՈՐԾԻՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ «ՔՈՐՈՆԱ»Ի ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Նախ բացատրենք, թէ ի՞նչ է քորոնա ժահրը, ապա պարզաբանենք դեղագործին դերակատարութիւնը։

Այս ժահրերը մարդոց մօտ շնչառական հիւանդութիւններ յառաջացնող ժահրեր են, ներառեալ քորոնան, որ վերածուեցաւ համաճարակի։ Հիւանդութիւնը կը տարածուի փոքր կաթիլներու միջոցով, զորս վարակուած անձը կ՚արտադրէ հազալու ընթացքին։ Այս կաթիլները՝ իրենց ծանրութեան պատճառով, այլ ժահրերու նման հեռու չեն երթար, այլ կ՚իյնան գետին։  Այս տեսանկիւնէն ալ դեղագործը մեծ դեր ունի այս դժուար պայմաններուն մէջ՝ դեղօրայքի ապահով եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը ապահովելու քորոնայի հիւանդներու եւ առողջութեան մասին գիտելիքներ փոխանցելու։

Արդարեւ, դեղագործները եւ դեղարանին մէջ աշխատողները իրենց կերպընկալէ վահաններու ետին կանգնած առաջնագիծի զինուորներ են, որոնք իրենց դիմող հիւանդներէն կը բաժնուին այդ վահաններով, որպէսզի կարենան պաշտպանուիլ, որովհետեւ իրենք եւ այս բնագաւառին մէջ գործողները ամենէն աւելի վտանգուած են վարակուելու։ Արդարեւ, մեծ թիւով հիւանդներ հազիւ առաջին ախտանիշները նկատած, արդէն կը դիմեն դեղագործին. օրինակ՝ ջերմութիւն, չոր հազ, յոգնութիւն եւ կոկորդի ցաւ՝ խնդրելով որոշ դեղօրայք, որոնք որպէս դեղագործ, պիտի տրուին Paracetamol կոչուող դեղերով, իսկ զօրաւոր ախտանիշներու պարագային դեղագործը պարտի խորհուրդ տալ հիւանդներուն եւ զանոնք ուղղել հիւանդանոցներ՝ «Փի.Սի.Ար.»ի քննութեան ենթարկուելու, կամ բժիշկներու առաջնորդել։

Դեղագործները նաեւ պէտք է մնայուն ցուցմունքներ տան ժողովուրդին, որպէսզի կարելի եղածին չափ պաշտպանուին քորոնաէն, անոնց պէտք է յանձնարարեն ձեռնոց կրել, դիմակ դնել, ձեռքերը յաճախ օճառել ու հականեխել, ինչպէս նաեւ իրարու միջեւ ընկերային հեռաւորութիւն պահպանել։

Բայց, կարեւոր է յիշելը, որ երբ այս բոլոր միջոցներուն կը դիմուի, արդէն քորոնայով  վարակուածները որոշ ժամանակ ետք բժշկական թելադրութեամբ եւ մեկուսացումով կը բժշկուին։ Սակայն տնտեսական գետնի վրայ քորոնան պատճառ հանդիսացաւ աշխատանքի խաթարման եւ մարդկային եկամուտներու կրճատման։ Մեծ թիւով պաշտօնեաներ գործազրկուեցան, ուրիշներ կիսով վարձատրուեցան, իսկ այլ խումբ մըն ալ ստիպողաբար հանգստեան կոչուեցաւ։ Այս տագնապը գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ առկայ է, սակայն անիկա Լիբանանի մէջ աւելի ծանր ազդեց, որովհետեւ հոս արդէն իսկ կայ քաղաքական անկայուն վիճակը, որ ինքնին մեծ վտանգներ կ՚ենթադրէ։

Սակայն, հակառակ ասոր, կարգ մը արաբական երկիրներու կառավարութիւնները, օգնելով իրենց ժողովուրդին, նիւթական օգնութիւններ բաշխեցին, ուրիշներ թիկունք կեցան տարբեր ձեւերով։

Օրինակելի է Օմանի կառավարութեան ցուցաբերած օգնութիւնը, ուր տարեցներու քրոնիք դեղերը առաքուեցան իրենց տուները, որպէսզի անոնք չստիպուին տունէն դուրս գալու եւ այս ժահրով վարակուելու վտանգին ենթարկուելու։

Սակայն հարկ է յիշել, թէ քորոնայի պատճառով կնոջ դէմ բռնաբարութիւնը բազմապատկուած է տուներու մէջ բանտարկելութեան պատճառով։ Այս առումով եւս դեղագործներուն դերը առաւել ծանրացաւ՝ բոլոր այն հիւանդներուն հանդէպ, որոնք օգնութիւն պահանջելով դեղարան կ՚այցելեն, բայց առաւելաբար՝ լուսանցքի մէջ մնացած տարրերուն նկատմամբ, այսինքն՝ տուներու մէջ կամ աշխատող, լիբանանցի կամ ոչ լիբանանցի ինքնութեամբ անհատներ, կամ տեղահանուած ընտանիքներու երէց անդամներ։ Այս խաւը առողջապահական եւ ապահովագրական որեւէ մէկ դիւրութիւն չունի, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ Լիբանանի մէջ աշխատանքէ դադրելէ  ետք ծերերու ապահովագրութիւնը գոյութիւն չունի։

Դեղագործներուն դերն է դարձեալ, որ օգտակար հանդիսանան այս անձերուն, նախ մեղմացնելով անոնց չարաշահման տառապանքները՝ յորդորելով, անոնց ուշադրութեան յանձնելով սննդարար ուտեստեղէնի կարեւորութիւնը, մարզանքը, աղօթքը եւ այլն։ Դարձեալ ուրիշներ, որոնք ի վիճակի չեն իրենց դեղերու գիները վճարելու եւ կը դիմեն նմանօրինակ (generic) դեղերու, դեղագործը պէտք է օգտաշատ գիտելիքներ փոխանցէ անոնց, որովհետեւ քորոնա համաճարակի հետեւանքներէն է աղքատութեան համեմատութեան բարձրացումը։ Ինչպէս նաեւ պէտք է ուղղել զանոնք առողջապահական նախարարութեան ենթակայ դարմանատուներ՝ պատշաճ օգնութիւններ ստանալու։

Հոս յիշենք, որ Լիբանանի կնոջական կառավարական մարմինը՝ ներքին ապահովութեան տնօրէնութեան հետ միասնաբար, հաստատած է թէժ գիծ բոլոր այն կիներուն, որոնք քորոնայի մեկուսացման դրութեան պատճառով բռնութեան զոհ դարձած են։ Այս քայլը կը միտի պաշտպանութիւն եւ նեցուկ ապահովել այդ կիներուն։

Վերջապէս, ամփոփելով մեր առաջնահերթութիւնները, արաբական երկիրներու մէջ հետեւեալ քայլերուն պէտք է դիմուի.

- Կառավարութիւններու եւ պաշտօնական մարմիններու շարունակական ծառայութիւններու մատուցում.

- Նիւթական օգնութիւն բոլոր այն գործերուն, զորս կինը կ՚առաջնորդէ (female running businesses).

- Կանանց նկատմամբ բռնութեան կանխարգիլման միջոցներ, մանաւանդ լուսանցքային դրութեան մէջ յայտնուած կիներու նկատմամբ, ներառեալ՝ տնային աշխատողներու, տարեցներու եւ յատուկ կարիքներ ունեցողներու.

- Արաբական երկիրներու մէջ ծերերու ապահովագրական օրէնքներ սահմանել.

- Ձեռնարկել կանխարգելիչ միջոցառումներու՝ հանրային առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ, պաշտպանելու ժողովուրդը եւ մանաւանդ տարեցները, որովհետեւ կեանքը այս համաճարակէն ետք նոյնը չէ, ինչպէս առաջ։

- Եւ վերջապէս որոշումներու կայացման եւ պատասխանատուութեան միջոցին կնոջ ներկայութիւնը անպայման ապահովուի՝ աւելի յաջող եւ առողջ աշխարհ մը կերտելու համար։

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020