ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Ծանօթներէս մէկուն այցելութեան՝ «Աչք լոյս»ի գացի: Երիտասարդ որդին, եօթ տարուան բացակայութենէն ետք, վերադարձած էր. երջանկութիւնը պատած էր ընտանիքի բոլոր անդամներուն. երջանկութիւնը փոխարինած էր կարօտին, թաց աչքերուն՝ ժպիտին փայլքը: Եօթ երկար տարիներ...:

Ամէն անգամ երբ հանդիպէինք կը պատմէր բացակային մասին, ճակատագրի դառն հարուածին կ՚անդրադառնար, մինչ ես, ամէն բան մը տեղեկանալուս, նախկիններուն հետ կը հիւսէի պատմութիւն մը մարդուն առընչուող, այս պարագային պատերազմի պատճառով՝ մեզի՝ գաղթականներուս:

Երիտասարդը երանաւէտ կեանք մը կ՚ապրէր պատերազմէն առաջ. պատերազմի պատճառով արտաքսուեցաւ իր ծննդավայրէն առանց ժառանգի, առանց յենակի: Բոլորս այդպէս ձգած մեր տունն ու կալուածները յայտնուեցանք զէրօներու պուրակին մէջ եւ իւրաքանչիւրը հատ մը սիրեց ու սկսաւ գլորել զայն, որ դառնայ մէկ՝ ջնջուի զէրօն եւ շարունակուին թիւերը բարձրանալ հերթականօրէն:

Արտաքսուեցաւ երիտասարդը եւ փափաքեցաւ ինքնուրոյն կառուցել ինքզինք, փափաքեցաւ ի՛ր զէրօն, առանց ընտանիքին, գտնել, չնեղացնել ոչ մէկը, եւ եօթ տարի մերթ կրեց ծանրութիւնը որոշումին, մերթ ցոփ ու շուայտ ընթացք ունեցաւ տաքարիւն տարիքին բերումով, մերթ՝ անօթի, մերթ՝ կուշտ... բայց սորվեցաւ չարին ու բարիին տարբերութիւնը, դասեր քաղեց ամէն ինչէն եւ կերտեց ինքզինք:

Կը սիրէր ուսանիլ, որոշած էր նաեւ ուսման ճիւղը, սակայն չուզեց ընտանիքին բեռին վրայ իր ուսման ծախսի բեռը գումարել եւ հեռացաւ. հեռացաւ տեղ մը ուր մենութեան մէջ գտաւ ինքզինք, արհեստի մըն ալ սկսաւ տիրապետել, դժուարութիւնները աչքին առած մաքառեցաւ ու տարիներու գլորումով դարձաւ արհեստին հմուտը:

Հիմա արհեստին ոսկէ ապարանջանը՝ ձեռքին, իր ուսման ծախսերը՝ գրպանը, վերադարձաւ ինքնուրոյն, ինքնավստահ, իր նպատակները յստակ գծագրած եւ «կօշիկն ու պատմուճանը» հագած:

Եօթ երկար տարիներ: Խորհրդաւոր թիւ մը, որ կը յիշեցնէ շաբթուան եօթ օրերը, որոնք կը յիշեցնեն պատմութիւնն արարչական, վեց օրերու ստեղծումը եւ եօթներորդ օրուան հանգիստը Արարիչին:

Պատերազմով կամ առանց՝ բոլորս կ՚ապրինք կեանքի այս հանգրուանները, մեզի շնորհուած ազատութիւնը երբեմն կը չարաշահինք՝ կը մոլորինք, կը կորսուինք տասը մետաղադրամներէն մէկուն պէս, երբեմն կ՚արժեւորենք մեզի շնորհուած ազատութիւնը եւ մէկը կը գտնէ մեզ՝ մոլորեալներս...:

Այո, «Անառակ որդի»ին առակն էր, որ միշտ միտքս կու գար, երբ հանդիպէի ծանօթիս. առընչութիւններ կան անշուշտ, բայց նաեւ կան տարբերութիւններ: Հոս կան ինքնորոնում, անձնական ուժերով ոտքի կանգնելու կամք ու ձգտում, ոչ՝ զղջում:

Մարդկային խոր ապրումներով եւ հոգեբանական ծանր վիճակներով լի այս առակը գրաւած է Վերածնունդի նկարիչներուն ուշադրութիւնը եւ Ռամպրանթի գլուխ գործոցն է «Անառակ որդիին վերադարձը» կտաւը, որ իր մահէն տարի մը առաջ՝ 1668-ին, իր որդին կորսնցնելէն ետք, ստեղծած է ողբերգական վեհութեամբ շնչող այս կտաւը: Կտաւին մէջ հայրը կոյր է, չի տեսներ որդին, այլ կը զգայ եւ կ՚առնէ զայն իր հովանիին տակ:

Ռամպրանթի նկարներէն այս նիւթին կ՚առընչուին նաեւ բազմաթիւ կտաւներ, որոնցմէ ինքնանկար՝ «Անառակ որդին պանդոկին մէջ» կտաւը, ուր պատկերուած է հօր ունեցուածքը շռայլօրէն մսխող, հաճոյքը դէմքի արտայայտութենէն հոսող ինք եւ բնորդուհի Սասքիան, որ իր ապագայ կինն է:

Կիւսթաւ Տորէի նշանաւոր Աստուածաշունչին մէջ որդիին զղջումն ու հօրը Տիրոջ փառաբանումը ակներեւ են այս առակի նկարին մէջ, ինչպէս նաեւ մարդոց, բնութեան ու կենդանիներուն մասնակցութիւնը այս զուարթ դէպքին:

Գարոսֆելտի պատկերազարդ Աստուածաշնչեան այս առակին պատկերը կը բացատրէ առակը, ուր գլխահակ որդին կ՚ողջունէ ծերունազարդ հայրը, նկարին ձախ կողմը աւագ որդին դժգոհ նայուածքով կը դիտէ, մինչ աջին՝ ծառան պատմուճանը ձեռքին հօր հրամանին կը սպասէ, իսկ հրեշտակները երկնային ամպերու մէջ կը ցնծան անառակին վերադարձը տեսնելով:

Վերադարձաւ երիտասարդը եւ նոր զէրօն հոգը իսկ չէ...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2020