Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Է.)

- Ե՞րբ, ի՞նչպէս եւ ի՞նչպիսի պայմաններու մէջ գրի առնուեցաւ «Հաւատամք»ը։

- Քրիստոնէութեան առաջին իսկ դարէն, Եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր կողքին յայտնուեցան աղանդներ, կամ հերձուածողներ, որոնք ճշմարիտ հաւատքէն շեղած անձեր կամ խմբակցութիւններ էին։ Այդ օրերուն էր, երբ սխալ վարդապետութիւններ սկսան տարածուիլ ըլլա՛յ Աստուծոյ ինքնութեան վերաբերալ, ըլլա՛յ աշխարհի ստեղծագործութեան, ըլլա՛յ Ամենասուրբ Երրորդութեան հասկացողութեան, ըլլա՛յ Քրիստոսի ինքնութեան (Աստուածութեան եւ մարդեղութեան), ըլլա՛յ Սուրբ Հոգիին աստուածութեան վերաբերեալ, եւ այլն։ Այսպիսի վտանգաւոր որոմներ Եկեղեցւոյ կեանքէն զերծ պահելու եւ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս պառակտումներ չստեղծուելու համար, Տիեզերական երեք ժողովներու ընթացքին գրի առնուեցաւ մեր այսօրուան «Հաւատամք»ը։

- Որո՞նք են այն երեք տիեզերական ժողովները, որոնց ընթացքին «Հաւատոյ Հանգանակ»ը բանաձեւուեցաւ։

- Հայ Եկեղեցին այս երեք ժողովներն է, որ կ՚ընդունի իբրեւ Տիեզերեկան ժողով։ Անոնք են.

Ա) Նիկիոյ ժողովը, որ գումարուեցաւ 325 թուականին, ընդդէմ Արիոսի, որ կը մերժէր Քրիստոսի հաւասարութիւնը Հօր Աստուծոյ։

Բ) Կոստանդնուպոլսոյ ժողովը, որ գումարուեցաւ 381 թուականին, ընդդէմ Մակեդոնի, որ կը մերժէր Սուրբ Հոգիին աստուածութիւնը։

Գ) Եփեսոսի ժողովը, որ գումարուեցաւ 431 թուականին, ընդդէմ Նեստորի, որ թէպէտ կ՚ընդունէր Քրիստոսի աստուածութիւնն ու մարդեղացումը, բայց չէր ընդուներ անոր աստուածային ծագում ունենալը։ Ան կ՚ըսէր, թէ Քրիստոս մեզի նման որպէս մարդ ծնաւ, եւ աստուածութիւնը յետո՛յ եկաւ եւ անոր մէջ բնակեցաւ։ Այս իսկ պատճառով Նեստոր կը մերժէր Ս. Կոյս Մարիամը կոչել՝ Աստուածածին։

- Ե՞րբ ներմուծուեցաւ «Հաւատամք»ը Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցին մէջ։

- «Հաւատամք»ը սկիզբէն Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցին մէջ չէ ներմուծուած, այլ խօսքով մեր Պատարագին մաս չէ կազմած, թէպէտ այսօր կարելի չէ առանց անոր երեւակայել Պատարագը։ Անիկա Պատարագին մէջ ներառնուած է 5-րդ դարուն, հաւանաբար 473 թուականին, Անտիոքի Պետրոս «Թափիչ» Պատրիարքին կողմէ, եւ յաջորդ դարուն որդեգրուած նախ Յոյն (511 թ.) եւ ապա Լատին (589 թ.) եկեղեցիներուն կողմէ։ Եւ շատ հաւանական է ենթադրել, որ նոյնինքն 5-րդ դարու վերջը կամ 6-րդ դարու սկիզբը անիկա մուտք գործած է նաեւ մեր Պատարագամատոյցին մէջ։

- «Հաւատամք»ը ի՞նչ բովանդակութիւն ունի։

- Որպէսզի մեր ընթերցողները աւելի լաւ հասկնան Պատարագի մէջ գործածուող «Հաւատամք»ի բովանդակութիւնը, զայն աշխարհաբար թարգմանութեամբ կը մէջբերենք.

Կը հաւատանք մէկ Աստուծոյ՝ ամենակալ Հօր, որ Արարիչն է երկնքին ու երկրին, երեւելի եւ աներեւոյթ ստեղծուածներուն։

Կը հաւատանք մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Որդիին, որ Հօր Աստուծմէ ծնած է որպէս միակ ծնունդ. այսինքն Հօր էութենէն է։ Աստուած է՝ Աստուծմէ ծնած, Լոյս է՝ Լոյսէն յառաջ եկած, ճշմարիտ Աստուծմէն ծնած ճշմարիտ Աստուած է, եւ ո՛չ՝ արարած։ Ան Հօր բնութենէն է։ Իրմով ստեղծուած է ամէն ինչ որ կայ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ, երեւելի թէ աներեւոյթ։ Ինքն էր որ մեզի՝ մարդերուս եւ մեր փրկութեան համար երկնքէն իջաւ եւ մարմին առաւ, մարդացաւ, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ Սուրբ Կոյս Մարիամէն ծնելով որպէս կատարեալ մարդ՝ մարմնով, հոգիով եւ մտքով, եւ ամէն ինչով որ մարդկային է. ո՛չ թէ երեւութապէս, այլ՝ ճշմարտապէս։ Չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, նոյն մարմնով երկինք ելաւ եւ Հօր աջ կողմը նստաւ։ Վերստին պիտի գայ նոյն մարմնով եւ Հօր փառքով, ողջերն ու մեռածները դատելու, Ան՝ որուն թագաւորութիւնը անվախճան է։

Կը հաւատանք անեղ եւ կատարեալ Սուրբ Հոգիին, որ խօսեցաւ Օրէնքին, մարգարէներուն եւ Աւետարաններուն ընդմէջէն, որ Յորդանան գետին վրայ իջաւ, առաքեալներուն ուսուցանեց եւ սուրբերուն մէջ բնակեցաւ։

Կը հաւատանք նաեւ մէկ, Ընդհանրական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին, մէկ մկրտութեան, ապաշխարութեան, մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան, մեռելներու յարութեան, հոգիներու եւ մարմիններու յաւիտենական դատաստանին, երկնքի արքայութեան հաստատումին եւ յաւիտենական կեանքին։

- «Հաւատամք»էն ետք պատարագիչին կողմէ արտասանուող «Իսկ որ ասենն էր» աղօթքը որո՞ւ կը վերագրուի։

- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ ի՛նք գրած է սոյն աղօթքը՝ իբրեւ «Հաւատամք»ի վերջաբան։

- Ինչո՞ւ համար Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագի ընթացքին «Հաւատամքը»ը հաւաքաբար կ՚արտասանուի, մինչդեռ կարգ մը եկեղեցիներու մէջ առանձին։

- Ժամանակ մը եկեղեցիներու մէջ սովորութիւն եղած էր (եւ կարգ մը տեղեր տակաւին կը յամենայ) «Հաւատամք»ը արտասանելը վերապահել Աւետարանը ընթերցող սարկաւագին, եւ հետեւաբար կ՚երգուէր առանձին։ Ասիկա երբեք ճիշդ չէ Արեւելեան Եկեղեցիներու հասկացողութեամբ։ «Հաւատամք»ը իր յոգնակի ձեւովն իսկ՝ «կը հաւատանք», կը յուշէ թէ ամբողջ Եկեղեցւոյ հաւատքի խոստովանութիւնն է, եւ իբր այդպիսին՝ զայն պէտք է արտասանեն բոլո՛ր հաւատացեալները անխտիր, ինչ որ իր կարգին կը նշանակէ՝ թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ անպայման պէտք է գոց գիտնայ զայն։

- Նախքան Բուն Պատարագը (կամ՝ Հաւատացելոց Պատարագ) սկսիլը քահանան ի՞նչ կը կատարէ եւ սարկաւագը ի՞նչ կը թելադրէ ներկայ ժողովուրդին։

- Նախքան Բուն Պատարագը սկսիլը, քահանան կը հանէ իր սաղաւարտը եւ հողաթափը, իսկ եթէ եպիսկոպոս է՝ նաեւ պանակէն, եմիփորոնը եւ մատանին։ Այլ խօսքով, մէկդի կը դնէ ամէն շքեղանք, որոնք յատուկ են իր պաշտօնին եւ անոր բարձրութեան ու կը պատրաստուի Սուրբ Ընծաներուն ընդմէջէն Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը դիմաւորելու համեստ ծառայի մը պէս։

Այս միջոցին սարկաւագը իր խօսքը ուղղելով բոլոր «անկնունք, անհաւատ, անապաշխար կամ անմաքուր» մարդոց, կը հրահանգէ, որ Եկեղեցիէն դուրս ելլեն, չմօտենա՛ն աստուածային այս խորհուրդին՝ «Մի՛ ոք յերախայից, մի՛ ոք ի թերահաւատից, եւ մի՛ ոք յապաշխարողաց եւ յանմաքրից մերձեսցի յաստուածային խորհուրդս»։ Ցաւ ի սիրտ այս հրահանգը իր իմաստն ու նշանակութիւնը ամբողջապէս կորսնցուցած է։ Այսօր երբ կը հրահանգուի սարկաւագին կողմէ որ «անկնունք, անհաւատ, անապաշխար կամ անմաքուր» մարդիկը Եկեղեցիէն դուրս ելլեն, ոչ ոք կ՚ընդառաջէ սարկաւագի կոչին։ Մինչդեռ անցեալին այս հրահանգը հնչելուն պէս՝ անհաւատները, չմկրտուած անձերը եւ ուստի իրենց մեղքերէն չսրբուած անձերը, որոնք մինչեւ այս հանգրուանը կրնային ներկայ ըլլալ Պատարագին, Եկեղեցւոյ գաւիթը կ՚երթային, որովհետեւ իրենց արտօնուած չէր մասնակցիլ բուն հաւատացեալներուն սահմանուած Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին։

- Ի՞նչ է Հաւատացելոց Պատարագը։

- Հաւատացելոց Պատարագը Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի մատակարարումն է։

- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կը սկսի Հաւատացելոց Պատարագը։

- Երախայից Պատարագի լրումին դպիրները կը սկսին երգել «Մարմին Տէրունական» երգը։ Այս երգին կապակցութեամբ անմիջապէս պէտք է ըսենք, որ մեր ներկայ Պատարագին մէջ անիկա իր ճիշդ տեղը չէ։ Կարգի խախտում մը կայ, որ դժբախտաբար նուիրականացած է արդէն։ Այս երգը խորքին մէջ պէտք է Սրբասացութենէն ետք գայ, եւ ոչ թէ անկէ առաջ։ Ներկայիս կիրարկուած այս կարգավիճակը, առաջին անգամ դրութենականացուեցաւ Ներսէս Լամբրոնացիի կողմէ, մինչդեռ հնագոյն Պատարագամատոյցին մէջ անիկա Սրբասացութենէն ետքն էր։

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Դուք դատեցէք: Երբ տակաւին վերաբերումը չէ կատարուած. այսինքն՝ Հացն ու Գինին Սուրբ Սեղան չեն բերուած. տակաւին ժողովուրդին ի տես չեն պարզուած. մենք կ՚երգենք՝ «Տիրոջ Մարմինն է. Փրկչին Արիւնն է ահա դրուած մեր դիմաց: Երկնային զօրքերը անդադար կ՚երգեն՝ ըսելով, «Սո՜ւրբ. Սո՜ւրբ. Սո՜ւրբ ես. Տէր Զօրութեանց»: Պարզ չէ՞ որ սխալ բան մը կայ այստեղ: Մինչդեռ վերաբերումէն ետք, երբ Ընծաները Սեղան կը դրուին, շատ բնական կու գան վերոյիշեալ բառերը»:

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018