ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները. վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

ՄԱՍ ԵՐԿՐՈՐԴ

բ. Հիւանդի սենեակին կահ-կարասիքի ախտահանումը.

Մենք ըսինք, որ սենեակին մէջի անկողինը, աթոռները եւ ամէն կարասիքը պէտք է ուղղակի սենեակին մէջ թաց կտորով կամ սպունգով սրբել եւ դուրս տանիլ բակը, կամ պատշգամը:

Այնտեղ արդէն պէտք է դարձեալ որեւէ ախտահանիչ խառնուրդով (կարպոլեան թթւուտ, կամ սուլեմայ) լաւ մաքրել: Իսյ յետոյ նորէն ներկել:

գ. Հիւանդին անկողինին եւ սպիտակեղէնին ախտահանումը.

Հիւանդին փոխած բոլոր սպիտակեղէնները, ինչպէս ըսած ենք, պէտք է անմիջապէս նետել առանձին ամանի մէջ, ուր կարպոլեան թթւուտի կամ սուլեմայի խառնուրդ կայ:

Աղքատ կամ գիւղական հասարակութիւնները, որոնք այս դեղերէն չունին, պէտք է շպաջուրի մէջ դնեն եւ լաւ մը եռացնեն այդ սպիտակեղէնները:

Հիւանդութենէն ետք անոր անկողինն ու սպիտակեղէնները լաւ է, որ այրուին, եթէ հիւանդութիւնը խոլերիա, ժանտախտ, քութէշ (սկարլատինտ), տիֆթերիտ եւ կամ տիֆ եղած է: Իսկ կարմրուկէն, ջրծաղիկէն, կապոյտ հազէն, թոքախտէն, ինֆլուենզայէն յետոյ, բաւարար է ախտահանել զանոնք եւ մի քանի ժամ արեւին տակ պահել:

Մեր մէջ սարսափելի սովորութիւն մը կայ, այդ այն է, որ մեռածին հագուստները, անոր անկողինը, խաղալիքները աղքատներուն կը բաժնեն, ի՜բր թէ բարերարութիւն կ՚ընեն: Տանողը, անշուշտ որ ցաւն ալ հետը կը տանի եւ իր տունը կը նետէ:

Թոնիրն ալ լաւ ախտահանող միջոց է: Խորհուրդ կու տամ հիւանդին հագուստները թրջել եւ կախել թոնիրին մէջ, մինչեւ որ լաւ մը չորնան:

Ի.

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՆԱՄԵԼ ՀԻՒԱՆԴԸ

Հիւանդը լաւ խնամելը մեծ նշանակութիւն ունի. առաջին, որ հիւանդը շուտ կը լաւնայ եւ շատ չի տկարանար ու թուլնար: Երկրորդ. անոր շուտ առողջանալովը կարելի է նաեւ շուտ ոչնչացնել հիւանդաբեր պաքթերիաները եւ փրկել ուրիշները:

Ինչպէ՞ս խնամել վարակուած հիւանդը:

Անշուշտ այստեղ անկարելի է բոլոր հիւանդութիւններուն մասին մէկ առ մէկ խօսիլ (մենք իւրաքանչիւր վարակիչ հիւանդութեան մասին առանձին գրքոյկ կը հրատարակենք), այլ՝ պէտք է այնպիսի խնամքի մասին խօսիլ, որուն միշտ պէտք ունի հիւանդը, ի՛նչ տեսակ ալ որ ըլլայ հիւանդութիւնը։

Ամենէն առաջ հիւանդին մաքուր օդ, լաւ սնունդ եւ մաքրութիւն պէտք է։

ա․ Մաքուր օդ.

Հիւանդը պէտք է ամենէն մեծ եւ ամենէն լուսաւոր սենեակին մէջ պառկեցնել, ուրկէ աւելորդ կարասիք եւ զանազան իրեղէններ պէտք է դուրս տարուին: Սենեակին մէջ պէտք է միայն ձգել հիւանդին անկողինը, սեղան մը, երկու աթոռ եւ զինք խնամողին անկողինը, ուրիշ ոչինչ: Երբեք պէտք չէ գորգեր, կարպետներ եւ վարագոյրներ ձգել այնտեղ:

Սենեակը պէտք է տաք ըլլայ, բայց օրական քանի մը անգամ պէտք է պատուհանը բանալ, որպէսզի օդը մաքրուի: Եթէ դուրսը ցուրտ է, պէտք է կողքի սենեակի պատուհանը բանալ, մինչեւ որ այնտեղի օդը նորոգուի, յետոյ մէջտեղի դուռն ալ բանալ, որպէսզի երկու սենեակներուն օդը իրարու խառնուին: Անշուշտ, այդ երրորդ սենեակին մէջ ալ ոչ ոք պիտի ապրի:

Մենք ուղղակի հարուստներու մասին կը խօսինք: Բայց ինչ ըրած, եթէ ամբողջ տունը մէկ սենեակէ կամ մէկ հացատունէ բաղկացած է: Այս պարագային, ինչպէս վերը ըսած ենք, անպայման հիւանդը կամ հիւանդանոց պէտք է տանիլ, կամ ալ առողջները հեռացնել, առանձնացնել:

Պատուհանը բացած ատեն հիւանդը պէտք է անպայման լաւ մը ծածկել:

Մահճակալը պէտք է պարզ ըլլայ՝ երկաթէ կամ փայտէ: Անկողինը նոյնպէս՝ պարզ: Ամենէն լաւ ներքնակը (տօշակը) դարմանէ ներքնակն է. երբ թացնայ կամ աղտոտի, մէջի դարմանը պէտք է այրել եւ նորը լեցնել: Ներքնակին վրայ պէտք է մաքուր սաւան մը փռել եւ շուտ-շուտ փոխել: Ունեւորները թող կլիոնկա (մուշամպա-մոմլաթ) դնեն ներքնակին վրայ: Վերմակը պէտք է բարակ ըլլայ, տակէն սաւան քաշած, որպէսզի միայն սաւանը աղտոտի, անմիջապէս փոխուի:

Երբեք պէտք չէ հիւանդը շատ ծածկել: Ընդհանրապէս պառաւ կիներ կ՚աշխատին անպայմանօրէն քրտնեցնել հիւանդը, կարծելով, թէ միայն քրտնի՝ կ՚առողջանայ: Ատիկա վնաս է. երբ ժամանակը հասնի, քրտինքը ինքն իրեն կու գայ: Ընդհակառակը, հիւանդը թեթեւ պէտք է ծածկել, առանց այն ալ անոր մարմինը կ՚այրի, սիրտը կը նեղանայ: Հիւանդին վրայ միայն շապիկ մը պէտք է ձգել, հագուստներով պառկեցնելը շատ վնաս է, քանի որ հագուստը քրտինքէն թրջուելով, կը հոտի. իսկ շապիկը պէտք է շուտ-շուտ փոխել:

բ. Լաւ սնունդ.

Ուտելիքէն ու խմելիքէն շատ բան կախում ունի. վարակիչ հիւանդութիւնները ահագին տաքութիւն կը բերեն հիւանդին, ու զարմանալի կերպով կը թուլցնեն եւ ուժասպառ կ՚ընեն զինք: Այս պատճառով, հիւանդին կերածն ու խմածը պէտք է սննդարար ըլլայ: Միեւնոյն ժամանակ պէտք չէ մոռնալ, որ այս հիւանդներուն մարսողութիւնը անկանոն է, թոյլ է. հետեւաբար, տրուած ուտելիքները պէտք է դիւրամարս ըլլան:

Ամենէն լաւ ուտելիքը կաթն է, մսաջուրը եւ զանազան ապուրներ: Ապա կու գան՝ թերխաշը, հաւկիթը, ճուտի, հորթի եւ այլ միսեր, միայն թէ առանց ճարպի (ճրագուի): Խիզիլալա, գեղարքունի եւ մանր՝ ո՛չ գեր ձկներ կարելի է տալ: Խոզի, սագի, հնդկահաւի եւ բադի միսը դժուարամարս է: Հացը պէտք է խմոր չըլլայ, այլ՝ լաւ թխուած: Կարելի է կերակրել նաեւ խաշիլներով (փափարաներ): Միրգ կարելի է տալ միայն ջուրի մէջ եփած (քոմփոթ): Խմելու համար պաղ ջուր՝ գինիով կամ քիչ մը օղիով (քոնեակ, ռոմ), յետոյ թէյ, լեմոնով շարպաթ, հանքային ջուրեր. օրինակ՝ բորժոմի ջուրեր, թթու ջուրեր, եւ այլն:

Պէտք է շուտ-շուտ կերակրել եւ քիչ-քիչ (շատ կերակուրը մէկ անգամէն կը վնասէ):

գ. Մաքրութիւն.

Մենք մի քանի անգամ կրկնած ենք, թէ պաքթերիան կեղտի մէջ կ՚ապրի ու կ՚աճի: Մենք գիտենք, որ հիւանդին վրայէն վարակը սենեակի փոշիին ու կեղտերուն մէջ կ՚իյնայ ու կը զարգանայ:

Հետեւաբար, հիւանդին սենեակը միշտ մաքուր պէտք է ըլլայ: Յատակը միշտ թաց լաթով պիտի սրբուի, ոչինչ պէտք է այնտեղ թափ տրուի, եւ այլն:

Արտաթորթութիւններուն վրայ պէտք է անմիջապէս կիր լեցնել եւ դուրս տանիլ:

Սպիտակեղէնին մասին մենք արդէն խօսած ենք:

Մեր միւս գրքոյկներուն մէջ բժշկութեան մասին մի քանի խորհուրդներ կու տանք, երբ առանձին-առանձին կը խօսինք իւրաքանչիւր վարակիչ հիւանդութեան մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 9 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2022