«ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲՔ ՍՈՐԻՆ»

Մարդկութիւնը կ՚ապրի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ամէն բան սկսած է ծայրայեղութեան երթալ: Միջին ճանապարհ կամ միջին ընտրութիւն կարծես չէ մնացած մարդոց առջեւ՝ բացի ծայրայեղութիւններու երթալէ: Ծայրայեղութիւն ամէն ինչի մէջ՝ ապրուստի, հանգիստի, հաւատալիքներու, ըմբռնումներու, համոզումներու, մշակոյթի, ազատութեան, բարոյականութեան, հաւատքի, եւ այլն, եւ այլն: Մէկ խօսքով, այսօրուան մեր ընկերութեան մեծամասնութիւնը չափի ու կշիռի զգացումը կորսնցուցած է եւ կ՚առաջնորդուի զուտ ծայրայեղութիւններով:

Ճիշդ հասկնալու համար ծայրայեղութիւն բառին իմաստը, դիմենք բառարաններուն եւ փորձենք լուսաբանուիլ: Այսպէս,

Հայր Անդրանիկ Կռանեան իր՝ «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանին մէջ, ծայրայեղութիւնը կը բացատրէ որպէս «չափազանցութիւն»:

Եդուարդ Բագրատի Աղայեան իր «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»ին մէջ այսպէս կը բացատրէ. «1. Որեւէ մէկ բանի դրսեւորման՝ արտայայտման ծայրայեղ աստիճանը: 2. Արտառոցութիւն, արտասովորութիւն»:

«Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան»ին մէջ այսպէս կը բացատրուի. «1. Հոգեկան որեւէ վիճակի հետեւանքով ծայրայեղ արարք: 2. Հոգեկան այնպիսի վիճակ կամ յատկանիշ, որ չափազանցութեան կը հասնի: 3. Որեւէ սկզբունքի, մեթոտի, եղանակի, սովորոյթի եւ այլնի չափազանցուած կիրառումը՝ գործադրումը: 4. Արտառոցութիւն, տարօրինակութիւն»:

Ընթերցողը հարց պիտի տայ, թէ ի՞նչ առընչութիւն ունի ծայրայեղութիւնը յօդուածի վերնագիրին հետ: Պատասխանը պարզ ու դիւրըմբռնելի է: Անտարբերութիւնը ծայրայեղութեան ամենէն ծայրայեղ վիճակն է, չըսելու համար անտարբերութիւնը ծայրայեղութիւններու գագաթնակէտն է: Արդարեւ, այսօրուան մարդը սկսած է ահաւոր կերպով անտարբեր դառնալ զինք շրջապատող երեւոյթներուն: Աւելի՛ն, մարդը սկսած է անտարբեր դառնալ իր ապրած ընկերութեան, իր մօտիկ շրջանակին, ընկերներուն, հարազատներուն եւ նոյնիսկ ընտանիքին հանդէպ: Անտարբերութիւն, որ շատ յաճախ չի բացատրուիր, որովհետեւ անհասկնալի է: Մարդը, որ փոքր տարիքէն բնական կերպով դաստիարակուած ու աճած է, լաւ կրթութիւն ստացած ու բարձրագոյն վկայականներու տիրացած է, յանկած կը տեսնես, որ անտարբերութեան գերի դարձած, տարիներու կառուցածը կամաց-կամաց սկսած է քանդել իր իսկ ձեռքով:

Անտարբերութիւնը արդարեւ որպէս յատկութիւն հակաքրիստոնէական է եւ միաժամանակ թերութիւն է: Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, զինք «տէր եւ իշխան» կարգեց ամբողջ աշխարհին վրայ: Այս մէկը մարդէն կը պահանջէ գիտակցութիւն եւ պարտաւորութեան զգացում. յատկութիւններ, որոնք կը շոգիանան երբ մարդը սկսի անտարբերութեան ճանապարհը բռնել: Մարդ, որպէսզի կարողանայ ինքզինք արտայայտել եւ ինքզինք փաստել, որպէս այս աշխարհի տէր եւ իշխան, առաջին հերթին պէտք է աշխատասէր ըլլայ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունենայ, որովհետեւ միայն այդպէս մարդը կը յաջողի Աստուծմէ իրեն տրուած այդ պատուէրը լաւագոյնս կատարել, մինչ երբ անտարբերութեամբ վերաբերի ամէն ինչի նկատմամբ, իւրաքանչիւր քայլափոխի աւերներ կը սկսի գործել իր իսկ անտարբերութեամբ:

Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, անտարբերութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Այսօրուան մեր կեանքին մէջ ես ամենէն մեծ մեղքը, տեսակ մը ութերորդ «Մահացու մեղք» կը համարեմ անտարբերութիւնը, որու միւս անուններն են անհոգութիւնը, անշարժութիւնը եւ... դատարկախօսութիւնը: Վերջ տանք այդ մեղքին եւ դառնանք «Ի լոյս աստուածգիտութեան», որ նաեւ կը նշանակէ ի լոյս ինքնաճանաչման, ինքնայարգումի, ինքնարժանապատուութեան, որոնք մեզ բնական մղումով կ՚առաջնորդեն ի գործ եւ կ՚ուղղեն յառաջ»։ Արդարեւ, հաւաքական խոստովանանքի ընթացքին հատուած մը կայ, ուր յիշատակուած են եօթ մահացու մեղքերը, որոնք են՝ հպարտութիւն, նախանձ, բարկութիւն, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ բղջախոհութիւն: Ահաւասիկ այս շարքին եւս մահացու մեղք մը կ՚աւելցնէ երջանկայիշատակ հայրապետը՝ անտարբերութիւնը, եւ կը բացատրէ զայն որպէս անհոգութիւն եւ անշարժութիւն եւ դատարկախօսութիւն: Այսօրուան ընկերութիւնը ինչքա՜ն հարուստ է նման յատկութիւններ ունեցող մարդոցմով: Մանաւանդ երրորդ յատկութիւնը՝ դատարկախօսութիւնը: Այսօր ինչքա՜ն շատ են դատարկախօսները, մարդիկ, որոնք իրենց առօրեայի ընթացքին ո՛չ մէկ դրական գործ ունին կատարած, ո՛չ մէկ բարիք ունին գործած, յանկարծ կը սկսին իրենց «հեղինակաւոր» կարծիքները յայտնել, թելադրութիւններ կատարելով թէ՝ «այսպէս պէտք է ընել», «այնպէս պէտք է ընել», «այսպէս եթէ ընէին աւելի լաւ կ՚ըլլար», «այնպէս եթէ ընէին ա՛լ աւելի լաւ կ՚ըլլար», եւ այլն, եւ այլն: Սակայն, երբ ուշադրութեամբ լսենք անոնց ըսածը կամ անոնց գրածը կարդանք, պիտի համոզուինք այն ճշմարտութեան, որ անոնց ըրածը պարզապէս դատարկախօսութիւն է եւ ոչ աւելին: Երջանկայիշատակ հայրապետը չի բաւարարուիր միայն ժխտական երեւոյթները նշելով, այլ ատոնց դիմաց նաեւ կու տայ դրական երեւոյթները, որոնց շնորհիւ մարդ կրնայ դուրս գալ իր անտարբերութենէն: Այդ երեւոյթներն են ինքնաճանաչում, ինքնայարգում, ինքնարժանապատուութիւն, «որոնք մեզ բնական մղումով կ՚առաջնորդեն ի գործ եւ կ՚ուղղեն յառաջ»:

Արդարեւ, երբ մարդ ինքզինք լաւապէս ճանչնայ, ինքզինք յարգէ, իր արժանապատուութեան տէրը ըլլայ, առաջին հերթին հեռու կը մնայ մեղքէն ու սխալէն, աւելի՛ն, հեռու կը մնայ անտարբերութենէն:  

Եզրակացնելով, այսօրուան մեր ընկերութիւնը կ՚ապրի ահաւոր անտարբերութեան եւ անհոգութեան շրջան մը: Այսպէս՝

Անտարբերութիւն՝ Աստուծոյ նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ հաւատքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ փրկութեան նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ Եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ հոգեւոր կեանքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ բարոյական կեանքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ընտանիքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ շրջանակի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ընկերութեան նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ազգի ու Հայրենիքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ազգային արժէքներու նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ազգային բարքերու ու սովորութիւններու նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ մեր անձերուն իսկ նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ աշխարհի նկատմամբ:

Մէկ խօսքով՝ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ եւ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ:

Իսկ եթէ փորձենք այս «անտարբերութեամբ եւ մասամբք սորին»ի դրդապատճառները  իմանալ, հերթականութեամբ հետեւեալ պատասխանները կ՚ունենանք.-

Աստուծմէ զատ ուրիշ աստուածներ փնտռելու մեր սին փափաքը:

Աստուածաշունչ չկարդալը:

Այն համոզումը, որ յաւիտենականութիւն չկայ:

Միշտ դատելու պատրաստ մեր բնաւորութիւնը:

Նիւթն ու նիւթականը աւելի նախընտրելը:

Աշխարհիկ հաճոյքը գերադասելը:

Եսասիրութիւնը:

Մենասիրութիւնը:

Անձնապաշտութիւնը:

Շահ չունենալը անոնցմէ:

Ոսկիին ու մամոնային սէրը:

Համացանցը, դիմատետրը, սելֆին, եւ այլն, եւ այլն:

Մեր անձին աստուածացումը:

Ես չեմ ստեղծած՝ ինչ ուզէ ըլլայ:

Ահաւասիկ ամփոփ նկարագրական մը անտարբերութեան առարկաներուն եւ անոնց դրդապատճառներուն: Միւս կողմէ, որպէսզի մարդ անտարբերութեան մէջ չիյնայ, պէտք է միշտ աշխատի, միշտ կարդայ, միշտ բարիք գործէ, որովհետեւ աշխատանքը կ՚ազնուացնէ, կարդալը՝ կ՚իմաստացնէ, իսկ բարեգործութիւնը՝ հոգին կը գեղեցկացնէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018