ԱԹՈՌԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Աթոռասիրութիւն…

Մէկը կրնայ արտայայտուիլ.

-Ամէն ինչ սիրելու մասին լսած էինք, բայց սա աթոռասիրութեան մասին չէինք լսած, աթոռ սիրել կ՚ըլլա՞յ:

Պարզ ու բնական հարցադրում:

Մեր կեանքին ընթացքին մեր սիրտը շատ բաներու կը կապուի, շատ բաներու նկատմամբ կրնանք որոշակի տկարութիւն ունենալ, շա՜տ բաներ կրնանք սիրել, որոնց կորուստին դիմաց երբ յայտնուինք յանկարծ, կը տխրինք, կը տրտմինք, եւ երբեմն երկար ժամանակի կը կարօտինք, որպէսզի վարժ դառնանք մեր ունեցած այդ կորուստին (խօսքը բնականաբար մարդկային կորուստներու մասին չէ): Այս բոլորը շատ բնական երեւոյթ եւ վերաբերմունք է մարդկայնօրէն: Մարդկայնօրէն կ՚ըսեմ, որովհետեւ այդ պարագային կարելի է կորուստի այդ զգացումը յաղթահարել, բայց երբ մարդկայնօրէն չէ՝ բնազդային է, այդ պարագային արդէն այդ սէրն ու կապուածութիւնը բնական չեն, քանի որ արդէն գերութեան, ստրկութեան հոտ է, որ կու գայ այդ սէրէն ու կապուածութենէն:

Աթոռասիրութեան տեսակը որուն կ՚ակնարկեմ, քիչ մը տարբեր է մեր ունեցած միւս սէրերէն ու կապուածութիւններէն: Կ՚ապրինք տարբեր-տարբեր երկիրներու մէջ, կ՚անդամակցինք տարբեր կուսակցութիւններու, միութիւններու, ընկերութիւններու եւ կառոյցներու, մեզմէ շատեր չէզոք են՝ պարզապէս հայ են…, եւ վերջ: Մեր ապրած երկիրներուն մէջ յաճախ կը մասնակցինք տարբեր եւ բազմաբնոյթ ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւննեու, կրօնական, ազգային, մշակութային, եւ այլն: Մեզմէ շատերուն, նայած ո՛ր «խաւ»ի մարդ ենք, յատուկ հրաւիրատոմսեր կու գան, որպէս պատուոյ հիւր կամ հիւրեր, եւ կամ պարզապէս որպէս «ազնուական» հիւրեր: Իսկ «ստոր»ներս պարզապէս յայտարարութիւններու միջոցով կ՚իմանանք եւ կամեցողութեան պարագային մասնակից կը դառնանք…:

Այսքանին մէջ ո՛չ մէկ սխալ կայ: Մարդը ընկերային արարած է, եւ ընկերութեան կեանքին մասնակից ըլլալը ո՛չ յանցանք է եւ ո՛չ ալ մեղք: «Ստոր»ներու պարագային, մանաւանդ, շատ պարզ է նման ձեռնարկներու մասնակցիլը, զիրենք ո՛ւր որ առաջնորդեն՝ նստելու համար, սուսիկ-բուսիկ կ՚ենթարկուին, եւ ինչ աթոռ ալ ըլլայ, որ շարքին վրայ ալ ըլլայ այդ աթոռը, կամաց մը կը տեղաւորուին ու կը սպասեն մեկնարկին: Բայց վերին խաւերու պարագային այդքան ալ դիւրին չէ նոյն այս գործընթացը…, չըսելու համար ահաւոր դժուար է: Վերին խաւերուն ներկայացուցիչները կամ պատկանողները ամէն տեղ չէ, որ կը բարեհաճին նստիլ, կամ իրենք զիրենք արժանի կը համարեն նստելու, արժանապատուութեան հարց է այդ իրենց համար. տակաւին աթոռին տեսակը, գոյնը, բազկաթոռ ըլլալը, եւ այլ հազար ու մէկ մանրուքներ, որոնք մահկանացուներուս՝ ստորիններուս միտքէն իսկ չ՚անցնիր… Շարքի մասին հապա՞, ի՜նչ-ինչ նրբութիւններ կան: Առաջին, երկրորդ, երրորդ… ութերորդ…, որու կամ որոնց ետեւ նստած ըլլալը… Եւ այս բոլորը անշուշտ նախքան ձեռնարկին սկսիլը պէտք է հարթուած ըլլան, որպէսզի ազդարարուած ժամին ձեռնարկը սկսի, այլապէս յանուն այդ աթոռին կը պատահի, որ ձեռնարկը ուշանայ եւ ուշանայ սկսելու…

Իսկ երբ տուեալ վերին խաւի ներկայացուցիչներն ու պատկանողները մի քանի ղրուշ նուիրած են այդ ձեռնարկին համար, ու յանկարծ իրենց ո՛չ յարմար կամ արժանի տեղ մը նստեցուցած ըլլան…, այլեւս ի՜նչ ձեռնարկ, ի՜նչ ազգութիւն, ի՜նչ մշակոյթ, ի՜նչ հաւատք, ի՜նչ պատկանելիութիւն: Աթո՛ռն է կարեւոր, շա՛րքն է կարեւոր, մնացածը երկրորդական են, եթէ ոչ տասներորդական…, աթո՛ռը, աթո՛ռը…:

Ընթերցողներէն ոմանք կրնան ըսել, թէ այսքանն ալ չափազանցութիւն է: Կրնայ ըլլալ չափազանցութիւն ըլլայ՝ եթէ նպատակ կամ որոշակի արդիւնք կը հետապնդէ այս գրութիւնը: Սակայն այս գրութիւնը ապրած փորձառութիւններու ծաղկեփունջ մըն է, Սուրիա, Լիբանան, Հայաստան, որոնց գիրի առնուելուն պատճառը Վահրամ Մավեանի հետեւեալ տողերը դարձան.

Մելգոնեան Հաստատութեան տարեկան համերգին պատրաստութիւնները առաջ կը տարուին մեծ թափով:

Այս առաւօտ, Օժանդակ Յանձնախումբի տիկիններէն երկուքը տոմսակ ծախելու համար հանդիպած են նաեւ գաղութի ազգայիններէն մէկուն՝ որ հակառակ տարիներու իր բարի սովորութեան, վճռականապէս մերժած է այս անգամ որեւէ տոմսակ գնել.

-Բայց ինչո՞ւ այս տարի այս կեցուածքը, Պրն. Սերոբ:

-Ա՛յսպէս, շատ շնորհակալ եմ. քանի տարի է կը քաջալերենք կոր, չի՞ բաւեր:

-Ճիշդ էք Պրն. Սերոբ, մեծապէս կը գնահատենք ձեր ազնուութիւնը, բայց միեւնոյն ատեն կը փափաքինք, որ այս տարի՛ ալ ներկայ ըլլաք եւ վայելէք համերգը:

-Եթէ շատ կը պնդէք, հատ մը կ՚առնեմ պարզապէս ձեր խաթերը համար, գիտցէք սակայն թէ ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ կինս կու գանք գոնսէռին:

-Ի՞նչ պատահած է արդեօք Պրն. Սերոբ, սխալ հասկացողութիւն մը պէտք է եղած ըլլայ անպայման. ինչո՞ւ չէք ըսեր:

-Տահա ի՞նչ պիտի ըլլար: Անցեալ տարի երկու հատ առաջին կարգի տոմսակ առինք ելանք եկանք: Քիչ մը ուշ մնացինք. աթոռներն ալ նիւմէրօթէ չեն եղեր եւ մինչեւ ութերորդ շարք ինկանք: Ուսուցիչները եօթներորդ շարքին վրայ էին: Կ՚երեւակայէ՞ք կոր, ուսուցիչներէ՛ն ալ ետեւ: Ասիկա քաշուելի՞ք բան է, դո՛ւք ըսէք: Ի վերջոյ ամէն մարդ իր արժանապատուութիւնը ունի:

Իրաւունք ունի անշուշտ Պրն. Սերոբ, համեստութիւնը կը թելադրէ որ նստի քահանային ետեւ, վաճառականին ետեւ, կուսակցական գործիչին՝ նոյնիսկ իր դրացի խանութպանի՛ն ետեւ. բայց ուսուցիչներէ՜ն ալ վար… անշուշտ թէ քաշուելիք բան չէ:

Եւ ի՜նչքան շատ է թիւը արժանապատիւ «Պրն. Սերոբ»ներուն: Ըլլալի՞ք բան է, հերիք չէ ութերորդ շարք, մէյ մըն ալ ուսուցիչներուն ետեւ… յետոյ կը հարցնենք, թէ ինչո՞ւ մատղաշ, պատանի եւ երիտասարդ սերունդներուն յարգանքը օր օրի կը նուազի ուսուցիչներուն հանդէպ: Ըլլալի՞ք բան է ուսուցիչի ետեւ նստիլը, ուսուցի՞չ…

Պահ մը մտածենք, թէ այսօր Հայրենիքին ու սփիւռքի մեր գաղութներուն մէջ կան քանի՜-քանի «Պրն. Սերոբ»ներ, որոնց տուած մի քանի ղրուշին համար մեր կուսակցութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւններն ու կառոյցները պատրաստ են նոյնիսկ անոնց կօշիկները լզելու, միայն թէ «Պրն. Սերոբները չնեղուին», միայն թէ անոնց «աթոռ»ները դատարկ չմնան: Այս վերաբերմունքին՝ կօշիկներ լզելուն պատճառը միայն մեր կուսակցութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւնները, եւ այլնը չեն, այլ ի՛րենք իսկ, «արժանապատուութեան» ախտով տառապող «Պրն. Սերոբ»ները, որոնք մէկ անգամ կօշիկները լզելուն համը առնելով ու վայելելով այդ «պատիւ»ը՝ յանուն իրենց ա՜յնքան սիրած աթոռներուն վրայ բազմելու, արդէն այդ մէկը մասնագիտութեան վերածած են, եւ երբ ուզեն ի՛նչ լարի վրայ ուզես՝ կը նուագեն…

Եթէ յանկարծ այդ «Պրն. Սերոբ»ներուն ուշադրութեան յանձնէք, թէ իրենց այդ վերաբերմունքը իրենց ունեցած համբաւին ու վարկին արժանի չէ, կը ջղայնանան, կը բորբոքին ու մէկ անգամէն կը հակադարձեն բնական եւ անբնական արդարացումներով ու պատճառաբանութիւններով, որոնց մէկ վառ ապացոյցը ուսուցիչներուն ետեւ նստելու հանգամանքն է:

Արդարեւ, աթոռասիրութիւնը այդ մարդոց մէջ անզգայացուցած է մարդկայնութեան որեւէ զգացում, հակառակ այն պարագային, որ անոնք իրենց այդ վերաբերմունքը կը վերագրեն իրենց արժանապատուութեան, հանգամանքին, վարկին, պաշտօնին, եւ այլն, բայց իրականութեան մէջ իրենց վերաբերմունքին առաջին ու վերջին պատճառը ա՛թոռն է… «Պրն. Սերոբ»ները իրենց արժէքն ու արժանիքը, արժանապատուութիւնն ու պատիւը, մեծութիւնն ու հանգամանքը կը տեսնեն այդ աթոռներուն՝ բազկաթոռներուն, գոյնզգոյն աթոռներուն, առաջին շարքերուն դրուած աթոռներուն, ուսուցիչներուն առջեւը դրուած աթոռներուն մէջ: Չէ՞ որ իրենք այդ ուսուցիչներէն եւ միւս «ստոր»ներէն շատ աւելին կ՚արժեն. տակաւին, չէ՞ որ իրենք միւսներէն աւելի տուած, նուիրաբերած են, չէ՞ որ իրենք իրենց քսակներէն ղրուշներ յատկացուցած են ամէն անգամ, եւ եթէ իրենց պիտի զլացուի այդ աթոռը, եթէ զիրենք ուսուցիչներուն ետեւ պիտի նստեցնեն, այլեւս ի՞նչ իմաստ ունի համերգը, ձեռնարկը, ծրագիրը, դասախօսութիւնը, եւ այլն, եւ այլն:

«Պրն. Սերոբ»ները (բնակաբար Պրն. գրելով ընթերցողը չկարծէ թէ միայն արական սեռի ներկայացուցիչները այս հիւանդութեամբ կը տառապին, որովհետեւ նոյն հիւանդութիւնը առկայ է նաեւ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն մօտ, որով «Տիկին…»ներուն [անունը ընթերցողը թող դնէ] մօտ այդ մասնագիտութիւնը շատ աւելի խօսուն կերպերով կ՚արտայայտուի) կը մոռնան սակայն, որ այդ աթոռները այսօր կան, վաղը կրնան չըլլալ, աւելին այդ աթոռները չեն, որ զիրենք Պրն. Սերոբ կը դարձնեն, այլ՝ իրենց համեստութիւնը, պարզութիւնը, ի վերջոյ մարդ տեսակը: Այդ աթոռները զիրենք պարզապէս «Պրն. Սերոբ»ներ կ՚ընեն ու այդպէս ալ կը ձգեն՝ կեանքին ու իրենց ապրած միջավայրին զբաղումն ու այպանքի առարկան դարձնելով, հակառակ իրենց կօշիկները լիզուելուն…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2021